Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

$
0
0

2018 տարին կը զուգադիպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100ամեակին։ 19էն 29 Յուլիս 2018ի երկարող 10 օրերը նուիրուած էին միութեան 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն եւ տօնախմբութիւններուն, ինչպէս նաեւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11րդ բանակումին, որոնց համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը, իր հիմնադրութեան օրերէն` միշտ երազած էր իրականացնել հայրենի հողին վրայ:
Այսպէս`
 Հինգշաբթի, 19 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան Համա- Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11րդ բանակումի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնն ու 110 մասնաճիւղերու անուններով յուշաքանդակի բացումը, Բիւրականի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի բանակավայրին մէջ:

 Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.-
Դրօշակի բացման արարողութիւն Ծիծեռնակաբերդի շրջաբակէն ներս։
Ջահավառութիւն եւ ծառատնկում Ծիծեռնակաբերդի մէջ։
Ցուցահանդէս Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին, որուն ընթացքին հրապարակուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանի ալպոմը:

 Շաբաթ, 21 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.-
Հիմնադիրներու դիմաքանդակներու բացում, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի կեդրոնի մուտքին։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11րդ բանակումի մասնակիցներու կողմէ տողանցք՝ Երեւանի ,Հանրապետութեանե հրապարակի վրայ: Սոյն տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շրջաններէն Երեւան ժամանած նախկին խմբապետ-խմբապետուհիներու խումբն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտները:

 Կիրակի, 22 Յուլիս 2018-ին Եռաբլուրի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նահատակներու եւ հանգուցեալներու հոգւոյն նուիրուած հոգեհանգիստ, որուն աւարտին ծաղիկներ զետեղուեցան Եռաբլուր թաղուած բոլոր հերոսներուն եւ նահատակներուն շիրիմներուն:

 Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.-
Վահան Չերազի արձանի բացում, Կիւմրիի Վարդանանց Հրապարակի Վահան Չերազ փողոցի սկիզբը:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներու կողմէ տողանցք, Կիւմրիի Վարդանանց Հրապարակին վրայ:

 Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.-
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100ամեակի հանրային պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի Ա. Սպենդիարեան անուան դահլիճին մէջ բարձր նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանի, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց ու Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու եւ հոծ բազմութեան:
Պաշտօնական ընթրիք՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի, պետական այրերու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի 10 կնքահայրներուն, նուիրատուներուն, հիւրերուն եւ շրջաններու ներկայացուցիչներուն։

 Հինգշաբթի, 26 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.-
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի նամականիշի մեկնարկ
Գիտաժողով նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան, կազմաւորման, տարածման եւ դերակատարութեան։

 Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2018-ին Օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգի գերագոյն զոհաբերութեան յիշատակում եւ Յեղափոխական երգերու ելոյթ կատարողութեամբ Գառնիկ Սարգիսեանին։

 Շաբաթ, 28 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.-
Դրօշակի փակման արարողութիւն եւ դրօշակներու փոխանակում Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան միջեւ, Ծիծեռնակաբերդի շրջաբակէն ներս։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ Բանակումի պաշտօնական փակում, Բիւրականի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի բանակավայրէն ներս։

 Կիրակի, 29 Յուլիս 2018-ին տեղի ունեցաւ 100-ամեակի փակման Յաղթանակի պարահանդէս ,Փարաւոնե ճաշարանին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 2000 Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ իր աւարտին հասցուց միութեան 100ամեակի կեդրոնական հանդիսութիւնները, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, զոյգ վեհափառ հայրապետներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, Սփիւռքի նախարարութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին, պետական բոլոր կառոյցներուն, 100-ամեակի 10 նախագահներուն, նուիրատուներուն, մամուլին, քարոզչական միջոցներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային ու Մեկուսի բոլոր վարչութիւններուն:
Վարձքը կատար բոլորին:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը իր 100ամեայ պանծալի պատմութիւնը յիշեց եւ յիշեցուց աշխարհին: Յաջորդ հանգրուանը՝ աշխարհասփիւռ կառոյցի շրջաններուն մէջ պաշտօնական ձեռնարկներով 100-ամեակի տօնակատարութիւններու իրագործումն է։ Ապա, դէպի նոր 100-ամեակներ, նորանոր նուաճումներ եւ նորանոր յաղթանակներ արձանագրելու վճռակամութիւնը, որպէսզի իրականանայ ՝՝Պատուաբեր Անցեալէն՝ Յաղթական Ապագան՝՝։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles