Տիթրոյթ – Միշիկըն
Իբր հայ՝ կը ցանկա՞ս հպարտ ու խրոխտ կեցուածք ունենալ միջազգային պատմութեան դիմաց: Նախ դուն կարդա՛: Ուսումնասիրէ՛:Խորացի՛ր պատմութեանդ մէջ:
Երբ լաւապէս ճանչնաս եւ ըմբռնես արժէքը անոր իւրաքանչիւր էջին, դրուագին, հերոսներուն եւ մարտիկերուն, մտքի մշակներուն, տաղանդներուն եւ հանճարներուն, աստուածարեալ հայրապետներուն եւ սուրբերուն՝ այն ատեն հրապարակ իջի՛ր:
Հարազատ հայու պարծանքով ՝ պատմէ՛ շրջապատիդ ազգիդ ծագումը, հնութիւնը եւ մեծութիւնը: Թանկարժէք գոյութիւնը: Անոր կատարած մշակութային , գիտական, ճարտարարուեստական եւ շինարարական անգնահատելի ներդրումը ՝ ի սպաս հանուր մարդկութեան բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան: Պատմէ՛ անոր արժէք ները եւ արժանիքները: Անոր փառքերը: Մղած դիւցազնական գոյամարտները վասն անկորնչելի վսեմ գաղափարականներուն: Եղի՛ր թարգմանը անոր քաղաքակրթութեան եւ բարձր մշակոյթին: Հանճարներուն՝որոնք իրենց մտքին լոյսը սփռեցին ապրած շրջանի ժողովուրդներուն եւ իրարայաջորդ սերունդներուն վրայ:
Փառաբանէ՛ իրենց կենցաղով եւ կրօնական մշակոյթով ՝ հոգիի վեհագոյն ոլորտները սաւառնող սրբազգեաց հայրապետները եւմենակեաց ճգնաւորները, որոնք եղան մեր պատմութեան հոգեսլաց առաջապահները եւ գոյատեւման դրօշակիրները:
Քո՛յր եւ եղբայր, այս հերոսները, մտքի մշակները եւ սուրբերն են որոնք գծեցին եւ օրհնեցին մեր ապագան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է շարունակելու անոնց ուղեգիծը եւ արշաւը, հաստատուն հիմերու վրայ պահելով մեր ազգին գոյատեւումը:
Լա՛ւ իմացիր թէ ազգին բարօրութեան եւ վերելքին նուիրեալները մարմարաշէն պալատներու զեղխ կեանք վարող բնակիչները չեն: Ո՛չ ալ աթոռապաշտ եւ փառամոլ դրամատէրերը: Այլ՝ այն անձնուրացները, որոնք կը զոհեն իրենք զիրենք բարձր պահելու համար ազգին անկորնչելի արժէքները եւ վեհագոյն շահերը:
Մեր հերոսները եւ սուրբերը կը կազմեն ազգին աւանդը, սիրտն ու հոգին: Անոնք յաւերժական յուշարձաններն են, ընդհանրապէս՝ ժողովուրդի խոնարհ ու համեստ խաւերու հրաշալի ծնունդներ: Անոնք լման նուիրում եւ ողջակիզում: Կ՛ապրին չար քաշ, ժլատ, դաժան կեանք: Անոնց սրբազան դրամագլուխը ազգն է: Մտասեւեռումը՝ անոր գոյատեւումը:
Փա՛ռք եւ պատիւ, հայոց պատմութեան ազատատենչ հերոսներուն եւ սուրբերուն: