ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ի յետմիջօրէին Ա․Մ․Ն․ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոնիտէներու ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ՝ Խաչիկ Մուրատեանի տեսակցութիւն մը ունեցան Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտիէն կը ներկայացնէին Ճորճ Աղճայեան, Հայկ Օշական, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ժանօ Աւետիսեան։ Իսկ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտիէի ներկայացուցիչներն էին՝ Քարմէն Օհանեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակէն Արամ Համբարեան։
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպումին, արծարծուեցան Սփիւռք-Հայաստան կապերը յուզող հարցեր։ Աւարտին, վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց։