Յուլիս 19-ին, Բիւրականի (Հայաստան) մէջ, ընթացք առին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները՝ միութեան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակի բացումով եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի մեկնարկով։
ՅՈՒՇԱՔԱՆԴԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակին բացումը տեղի ունեցաւ, միութեան Բիւրականի բանակավայրի մուտքին, ներկայութեամբ՝ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին, փոխ նախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանին, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան անդամներու, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի խմբապետական կազմի ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն 100-ամեակի տօնակատութիւններուն համար Հայաստան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու եւ համակիրներու։
Յուշաքանդակի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի կատարողութեամբ եւ դրօշակի արարողութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի երեքական արիներ եւ արենոյշներ բարձրացուցին Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշները։
Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի արենոյշներէն Անահիտ Անդրէասեան։ Ան ծանօթացուց յուշաքանդակը եւ հրաւիրեց Սփիւռքի նախարարը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկ. Րաֆֆի Գրաճեաններու ներկայացուցիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Անդրանիկ Պահարեանը՝ քողազերծելու յուշաքանդակը պատող կտորը։
Յաջորդեց յարգանքի ծաղկեմատոյցը։ Սփիւռքի նախարարն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ծաղիկներ զետեղեցին նորաբաց յուշաքանդակին դիմաց՝ առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն միութեան 110 մասնաճիւղերուն ծառայած ու ծառայող նուիրեալներուն։
Խօսք առաւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ նշեց, որ մեծապէս տպաւորուած է բանակող սկաուտներու չափազանց դրական տրամադրութիւններով։ Այս բանակումը եւ յուշաքանդակը մեզ կը լեցնեն արդար հպարտութեամբ, յայտնեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ չորս տարի ետք, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական յաջորդ բանակումը կը կատարուի մասնակիցներու կրկնուած թիւով։
Հայրապետեան հաստատեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը իրենց վճռակամ տրամադրութիւնը կը յայտնեն միշտ ըլլալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողքին։
Խօսքին աւարտին, նախարար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ բանակումի պատասխանատուներուն եւ դիտել տուաւ, որ միասնաբար մենք մեծ ազգ ենք, հպարտ հայերով ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներով։
Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ըսաւ, որ Բիւրականի բանակավայրի մուտքին կանգնեցուած յուշաքանդակը կրկնօրինակն է միութեան 90-ամեակին առիթով, 2005-ին, Տէր Զօրի Նահատակաց յուշամահամալիրին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որ Սուրիոյ պատերազմին սեւ օրերուն քար ու քանդ եղաւ հաւատադրժողական ուժերու կողմէ։ Յուշաքանդակին կրկնօրինակը, մետաղեայ յուշանուէրի ձեւով, պահուած կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թանգարանին մէջ, Պէյրութ։ Օրին, յուշաքանդակը կը ներկայացնէր միութեան 90 մասնաճիւղերը իրենց հիմնադրութեան թուականներով։ Նոր կանգնեցուած յուշաքանդակը, Հայաստանի հողին վրայ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, կը ներկայացնէ միութեան 110 մասնաճիւղերը՝ Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»-էն (հիմնուած՝ 1912-ին) մինչեւ նորագոյն միաւորը՝ Վանքուվըրը (հիմնուած՝ 2018-ին)
Յուշաքանդակին պատրաստութեան մասին խօսելով, Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար տէր եւ տիկ. Րաֆֆի Գրաճեաններուն, քանդակագործ Հայկ Մարկոսեանին եւ իր հօր Աշոտ Մարկոսեանին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան անոր իրագործման։
ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԲԱՑՈՒՄ
Յուշաքանդակի բացումէն ետք, ներկայ հիւրերը, պատասխանատուներն ու ժողովուրդը ուղղուեցան բանակավայրին գլխաւոր դաշտը, ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի բանակումին բացումը՝ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» նշանաբանով։ Այնտեղ, դրօշակի 26 կայմերուն դիմաց խրոխտ ու կարգապահ շարքեր կազմած էին 26 երկիրներէ ժամանած 1200 սկաուտներ, որոնց միացնողը Հ.Մ.Ը.Մ.-ն էր եւ հայութիւնը, Հայաստանը եւ ազգային մեր մեծ տեսլականը՝ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական, հզօր եւ բարգաւաճ հայրենիքի մը կերտումը։
Հոն, Բիւրականի դրօշակի արարողութեան, կողք-կողքի կանգնած էին հպարտ հայութեան այսօրուան ներկայացուցիչները՝ Շուէտէն, Հոլանտայէն, Մոսկուայէն, Վիեննայէն, Միւնիխէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն, Աւստրալիայէն ու տակաւին՝ Եգիպտոսէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն եւ, անշուշտ, ազատ ու անկախ Հայաստանէն։
Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով։
Խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան եւ ըսաւ, որ պատիւ եւ ուրախութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի բանակումին մասնակցութիւնը։ 100-ամեայ ալեհեր, բայց միշտ երիտասարդ այս միութիւնը իր առաջին քայլը առաւ դէպի երկրորդ 100-ամեակ եւ մենք բոլորս ականատեսներն ենք այդ իրադարձութեան, նշեց ան։
Շարունակելով, Օրտողլեան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիր տիտաններուն սիրտերը հպարտութեամբ պիտի ուռէին ու բաբախէին տեսնելով ձեր կարգապահ շարքերը եւ լսելով ձեր ուրախ կանչերը։ Որքա՜ն մեծ պիտի ըլլար Չերազներու, Քրիսեաններու, Հինդլեաններու ու Յակոբեաններու ուրախութիւնը՝ ի տես հայրենի հողին վրայ ձեր ներկայութեան. երազ մը, որ իրենցն էր, իսկ զայն իրականացնողները դուք եղաք։
Ապա, իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով, Օրտողլեան ըսաւ. եկէ՛ք այս պահուն ուխտենք, որ մենք իսկապէս պիտի դառնանք արժանի ժառանգորդները Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր հսկաներուն եւ իրենց կերտած պատուաբեր անցեալէն հաստատ քայլերով պիտի ուղղուինք դէպի յաղթական ապագայ։
Յաջորդ խօսքը արտասանեց Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան։ Ան ըսաւ, որ իրեն համար հպարտութիւն է ըլլալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն հետ։ Ինք, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ բանակումի խմբապետական կազմի անդամ էր, իսկ 10-րդ բանակումին փոխ ընդհանուր խմբապետ էր, ափսոսանքով, բայց նաեւ հպարտութեամբ կը յիշէ սկաուտական իր օրերը Հ.Մ.Ը.Մ.-ին մէջ։
Պետրոսեան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը եւ շեշտեց անոր անուրանալի դերակատարութիւնը հայրենիքէն հեռու ապրող սերունդները հայրենիքին կապելու աշխատանքին մէջ։ Ան կոչ ուղղեց ներկայ սկաուտներուն միշտ այցելելու Հայաստան, ապրելու եւ ապրեցնելու հայրենիքը։ Այսօր մենք ունինք նոր որակի Հայաստան,- շարունակեց ան,- նոր որակի երկիր եւ հասարակութիւն։ Հարկ է, որ ուխտէք այս գեղեցիկ ու չքնաղ երկրին մէջ ըլլալ։ Եթէ ոչ դուք, գէթ ձեր զաւակները հասակ առնեն Հայաստանի մէջ։
Յանուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան, խօսք առաւ Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան։ Ան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը իր 100-ամեակին եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումին համար եւ նշեց, որ այս տարի յոբելենական տարի է համայն հայութեան համար։ Այս տարի 100-ամեակն է Հայաստանի Հանրապետութեան։ Վեց դարերու արհաւիրքներէ ետք, մեր ժողովուրդը յաղթեց իր ճակատագիրին եւ հիմը դրաւ իր պետականութեան։ Մայիսեան հերոսամարտերը պատուանդանը դարձան մեր պետականութեան կերտման։
Սիմոնեան հաստատեց, որ իր հիմնադրութենէն 100 տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ ազգային իր դերակատարութիւնն ու գործունէութիւնը՝ պատրաստելով առողջ մարմինով առողջ միտքի տէր հայեր, իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին յանձնառու հայեր։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր արժանի հետքը կը ձգէ հայրենիքէն հեռու ապրող պատանիները հայրենիքին կապող իր նախաձեռնութիւններով, վաղուան հզօր Հայաստանի կերտման իր առաջադրանքներով։
Բանակումին բացման Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց սկաուտականի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։ Ան ըսաւ, որ բանակումին նշանաբանը՝ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» լաւագոյնս կը ներկայացնէ ո՛չ միայն միութեան նուաճումներն ու գաղափարական երթը, այլ նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կամաւոր բանակին՝ սկաուտութեան յառաջընթացը դէպի փայլուն ապագայ, շեշտելով ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ցոյց տալով իր աննկուն կամքը՝ նուաճելու իր գերագոյն նպատակը։
Նաճարեան ընդգծեց, որ 1200 սկաուտներ քով-քովի եկած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական ոգիով գործելու, դաստիարակուելու, զուարճանալու եւ հարստանալու նորանոր գիտելիքներով, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը պիտի ըլլան զիրենք խրախուսող յիշատակներ։ Սկաուտները համախմբուած են նաեւ ապրելու մեր ազգին եւ հայրենիքին հզօրութիւնը եւ ամրապնդելու պայքարի մեր կամքը՝ մեր արդար դատի լուծման, կառչած մնալով մեր նահատակներու սրբազան կտակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներու գծած ուղիին։
Խօսքերու աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 100-ամեակի յուշանուէրներով պատուեց Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանն ու Աշոտ Սիմոնեանը։
Հուսկ, բացման հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պատուի առ»ով եւ ոգեւորիչ տրամադրութիւններով, Արագածի փէշերուն յիշատակելի 10 օրեր անցընելու խանդավառ պատրաստութիւններով։
Նշենք, որ յուշաքանդակի բացումն ու բանակումին բացման արարողութիւնը ուղղակիօրէն սփռուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով։ Յառաջիկայ օրերու ձեռնարկներուն եւս կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ նոյն էջով։