ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Երեւանի փոխադրամիջոցները, թաքսիէն ու ստորգետնեայ գնացքէն անդին, շատ առատ են ու տեսակաւոր: Ամենափոքրը՝ տեղացիներուն կողմէ մարշուտնի կը կոչուի (ռուսերէնէն փոխառեալ): Հակառակ անոր որ շատ չեմ սիրած այս փոխադրամիջոցը, ոչ թէ փոքր ըլլալուն համար, այլ կարելի եղածէն աւելի թխմելնուն համար, սակայն յաճախ կ’օգտագործեմ զայն: Պատահի որ ազատ նստարան չըլլայ, վե՛րջ՝ դատապարտուած ես կա՛մ մէջքի կզութեան, կամ սաստիկ ցաւի, կամ ալ քսքռտուքի ու հրմշտուքի:
Ու ահա հերթական քսքռտուքի մէջ ենք: Շարժելիք տեղ չկայ: Պատուհանէն դուրս է հայեացքս, շունչ կ’ուզեմ առնել այս հեղձուցիչ տուփիկին մէջ: Յանկարծ կին մը, որ ճիշդ ետեւս կանգնած է «հըլէ մի րոպէ» ըսելով ուսս կողմ կը հրէ ու բարձրաձայն կը պոռայ՝ քիչ անդին կեցած երիտասարդին:
-Էդ ձեռդ ինչի ես մխրճում աղջկան պայուսակին, որ գողանաս հա՜:
Բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ այդ երիտասարդին վրայ ու ամօթանքի խօսքեր կը տեղան անոր հասցէին:
-Վարո՛րդ ջան կանգնէք, թող իջնի է՛ս սրիկան: Ու մարշուտնին հազիւ կանգնած՝ ձեռքեր կը տեսնեմ, որոնք ամբողջ ուժով վար կը հրեն ամօթահար գողը:
Հիմա մարշուտնիին օդը մաքրուա՞ծ է… ձեռքս ամուր պայուսակիս կը դնեմ եւ հայեացքս արդէն դուրս ուղղելու փոխարէն՝ ներսը կը պահեմ:
***
Թէեւ Երեւան գալուս չորս տարի կ’ընէ, սակայն քանի մը թիւ միայն սորված եմ, գիտեմ համալսարան տանող մարշուտնիին թիւը եւ կարգ մը այլ թիւեր, մնացած պարագաներուն անոնց վրայի արձանագրուած տեղանունները կը կարդամ եւ այդպէս կը բարձրանամ:
Ահա այսօր, Բաղրամեան անունը կարդալս ու ելլելս մէկ կ’ըլլայ, կ’ուրախանամ մանաւանդ որ բախտ վիճակուեցաւ ինծի պարապ տեղ գտնելու: Սակայն վայրկենական կը լեցուի փոխադրամիջոցը ու երիտասարդ աղջիկ մը տարեց մարդուն իր տեղը կ’ուզէ զիջիլ.
- Էդ ինչ բան ա, ո՜վ է տեսել տղամարդը նստի եւ կին արմատը ոտի վրայ կանգի: Տենց բան չի կարող լինել,- կը մերժէ տարեցը կտրականապէս:
Ծառին արմատը, բոյսերուն արմատը, բառին արմատը գիտէի, նոյնիսկ՝ չարիքին արմատը, սակայն կնոջ արմատ ըլլալը չկրցայ ըմբռնել: Կ’երեւի Աստուած Ադամի կողէն ստեղծեց կինը, որ արմատ դարձաւ ընտանեկան ծառին: Ո՜վ գիտէ:
***
Ինծի ծանօթ հալէպցի կիներ, որոնք Հալէպի պազարին մէջ չաթ-փաթ արաբերէն բառեր կը ջարդէին ու իրենց միտքը հազիւ հասկնալի դարձնել ջանալով՝ վաճառողին հետ սակարկութիւն կ’ընէին, հիմա մարշուտնիին մէջ ետեւս նստած՝ միմիայն արաբերէնով կը զրուցեն, որ չորս կողմիններուն համար անհասկնալի ըլլան: Չէ՜, չմեղադրեմ զիրենք. անոնք գուցէ իրենց արաբերէն լեզուն չմոռալու համար այդպէս վարժանք կ’ընեն:
***
Պատուհանէն դուրս կը նայիմ եւ կը զգամ, որ մարշուտնիին մտած թաղերը անծանօթ են ինծի:
«Նորէն սխալ նստեր եմ», կը մտածեմ ու ժամացոյցիս նայելով կը տագնապիմ, որովհետեւ տղուս Թումոյի դասին հասցնելու պիտի ուշանամ:
- Բաղրամեան կը հասնի՞ք,- կը հարցնեմ վարորդին ձայնս լսելի դարձնելու չափ բարձրացնելով:
- ՉԷ՜, պա շուտ ասէիք: Պիտի էտ միւս կողմից նստէիք:
Անմիջապէս կը գուշակեմ արդէն, որ Բաղրամեան գրուած այս մարշուտնին, ոչ թէ հոն գացողն է, այլ հոնկէ եկողը:
- Հեսա հասնում ենք վերջին կանգառը, իջի դէմի մարշուտքան նստի: (Մարշուտնին Մարշուտքա ալ կ’ըլլայ, երբեմն):
Անմիջապէս կ’իջնեմ ու կը բարձրանամ տակաւին նոր շարժ առնող հանրակառքը: Դեռ խճողում չէ, նոյնիսկ կրնամ ընտրութիւն ընել իմ նախասիրած տեղս նստելու:
***
Ձայնասփիւռը բաց է ու լուրերու հաղորդումը պատճառ կը հանդիսանայ, որ մարշուտնիին ամէնէն ետեւը, քովս նստած զոյգս բանավէճի բռնուի: Մէկը կ’ըսէ. «Հաղորդավարը «կորումպացուած» բառը սխալ ասաց, պէտք է «կորուպացուած» ըսել», միւսը՝ կորումպացուածը ճիշդ կը գտնէ ու հիմնաւոր պատճառներ կը փորձէ գտնել իրը պնդելու համար, ոչ ոք կ’ըսէ, կամ նոյնիսկ կը զգայ, որ corruptionը օտար բառ է ու վէճը կ’երկարի մինչեւ տեղ հասնիլս…