Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՇՆՉԱԾ ՅՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

$
0
0

 

 Յ. Պալեան

            Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան նուիրուած քննարկումներու հանդիպումներու վաղորդայնին, ինչպէս կ’ըսեն brain storming-է ետք, անմիջական ներկային եւ անմիջական վաղուան մասին մտածել մեղանչում պէտք չէ համարել:

            Ժիւլ Վերն երազեց հէքեաթի «Նոթիլիւս»ը, ժամանակակից գիտութիւնը եւ ճարատարագիտութիւնը ծով իջեցուցին հիւլէական ուժով բանող իրաւ «Նոթիլիւս»ը:

            Հաւանօրէն շատեր, մեկնելով նաեւ այլ ժողովուրդներու օրինակէն, կրնան ունենալ այն մտավախութիւնը, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ նաեւ մեր պարագային… Այդպէս մտածողներ անպայման չարիքի գուշակներ չեն: Պատմութեան մէջ օրինակներ չեն պակսիր, երբ յոյսեր ներշնչած նոր իշխանաւորը կ’ըլլայ նախորդի հարազատ որդին: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, երբ հաւաքականութիւնները կը կուրանան եւ կը խլանան զանազան պատճառներով, նիւթական, զգացական, կամ կողմնապաշտական, թոյլ տալով, որ ամբոխավարներ իրենց քիթէն բռնած տանին այս կամ այն կողմ:

            Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն, ժողովրդական պահանջի ալիքի վրայ: Փոխանցման շրջան մը կ’ապրի Հայաստանի պետութիւնը: Նոր կառավարութիւնը պիտի փորձէ բաւարարել ժողովրդական ակնկալութիւնները յաւելեալ արդարութեան ենթահողի վրայ: Միաժամանակ կառավարութիւնը ազգային-պետական զոյգ քաղաքականութիւն պիտի մշակէ, պիտի առաջնորդէ, որ անհատներու սպասումներուն պատասխան պիտի չըլլայ, այլ ազգի: Ազգը՝ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի, եւ այս պարագային գերիշխող պէտք է ըլլայ քաղաքական միտքը, ազգային հեռանկարներու, ինքնութեան եւ իմաստութեան լուսաւորումով:

            Այդ իմաստութիւնը, առաջին հերթին, հանրային կարծիքը եւ իշխանութիւնը զերծ պէտք է մնան, պէտք է պահուին յաղթողի եւ պարտուածի տեսակ մը հոգեխոցէ (trama): Եթէ երկիրը ինքզինք յանկարծ գտնէ նման կացութեան մէջ, կը մտնենք տեւաբար իշխանութիւն փոխելու խաղին մէջ, հողմապտոյտը մեզ կառնէ իր յորձանքին մէջ, եւ երազուած «վերականգնում»ները կը դրուին սպասման սենեակներու մէջ: Ոմանք պիտի դժգոհին եւ նախաձեռնութիւնները պիտի համարեն կիսամիջոցներ, ուրիշներ պիտի գտնեն, որ ձեռքբերումները կը դատապարտուին կորստեան:

            Հոս կը սկսի մտաւորականութեան աշխատանքը, որ պարտի բացատրել, այն ինչ որ կը կորսնցնենք հաւաքական կորուստ կ’ըլլայ, իսկ յաջողութիւնները կ’ըլլան երաշխիք վաղուան վերականգնումի: Այս տարրական ողջախոհութեամբ եթէ առաջնորդուին ղեկավարութիւնները, ոչ միայն կառավարութիւնը, ժողովրդային շարժումը հասած կ’ըլլայ իր նպատակին, փոխան անձերու փոփոխութեամբ կրկներեւոյթներու (mirages) խաբկանքով գոհունակութիւն պատճառելու եւ անմիջապէս վերջ ծնունդ տալու դժգոհութիւններու ալիքի:

            Իշխանափոխութիւնները ազգային անվտանգութեան հիմնական խնդրով հատուածական եւ կոմնապաշտական վերաբերում ունենալ չեն կրնար թոյլատրել իրենք իրենց: Մազաչափ անգամ պէտք չէ հեռանալ ազգային անվտանգութեան հիմնական սկզբունքներէն, որ կը նշանակէ թէ առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, անհրաժեշտ է յառաջացնել առանց «թուքով կպցրած» ճապկումներու համախոհութիւն: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ բանակը որեւէ պարագայի քաղաքական ազդակ պէտք չէ ըլլայ, պէտք չէ թոյլ որ ըլլայ: Թող ներուի ըսել, որ Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի կողքին, սփիւռք(ներ)ը այդ անվտանգութեան նեցուկը պէտք է ըլլայ՝ առանց խուսանաւումներու, ինչ որ ըրած է ցարդ, առաւել կամ նուազ մարդկային եւ նիւթական ներդրումով:

            Ազգային անվտանգութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ միջոցներու ճիշդ եւ նպատակասլաց օգտագործումը, այդ միջոցները ըլլան զուտ դրամական-տնտեսական, թէ «գորշ նիւթի» (ուղեղի), այսինքն՝ մարդկային կարողութիւններու: Նափոլէոն կ’ըսէր, որ կը սիրէր բոլոր տեսակի լաւ մարդիկը, ամերիկացիները կ’ըսեն ճիշդ մարդի ճիշդ դիրքին վրայ (the right man in the right place): Ես ինծի երազային այն իրաւունքը կու տամ ըսելու, որ այդ մարդը եթէ այդ ճիշդ մարդը կը գտնուի Հայաստանի յետին գիւղը, առանց ըլլալու այս կամ այն կուսակցութեան անդամը, նոյնիսկ սփիւռք(ներ)ի այս այն ծանօթ-անծանօթ քաղաքը, անվարան պէտք է զայն հրաւիրել, ոչ թէ յաւելեալ փառքի համար, այլ յաւելեալ ծառայութեան: Ոմանք ցնորք (utopie, ուտոպիա) կրնան համարել նման միտք: Այն ատեն թոյլ թող տան ըսելու, ինչո՞ւ կը կրկնենք միասնութիւն, մէկութիւն եւ այլ հնչեղ ճառային բառեր: Ծով չունինք, բայց եթէ ունենայինք, ինչո՞ւ պաշտօնի պիտի չկոչէինք Չիլէի ծովուժի հայ ծովակալը… Միասնութիւն եւ մէկութիւն կ’ենթադրեն նաեւ ուժերու եւ կարողութիւններու մէկտեղում:

            Այդ կարողութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունի հայկական դրամագլուխը, որ միասնական ուժի վերածուելու համար կարիք ունի վստահութեան, որ խախտած է անցեալ աւելի քան քառորդ դարու բացասական փորձով: Պիտի կարենանք հաստատել բոլոր մարզերու մէջ, մանաւանդ տնտեսական-դրական, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի, հողամշակութեան եւ փոխանակումներու, պարկեշտութեան, ազնուութեան եւ թափանցիկութեան մշակոյթ: Զարմանալի թող չթուի, այս մշակոյթը ստեղծելու պարտքը պէտք է ստանձնեն մամուլը եւ մտաւորականութիւնը, խստաբիբ հսկողութեամբ, դատական իշխանութիւններու կողքին:

            Երբեմն արգիլուած պէտք չէ ըլլայ երազել, մանաւանդ երբ պատմութիւնը կ’ըսէ թէ աշխարհի բոլոր մեծ իրականացումները եղած են երազ: Ինչո՞ւ չստեղծել բարոյական հեղինակութեամբ գործող վերահսկող «ակումբներ», որոնք իրենց դիտարկումները կը յղեն համապատասխան հասցէներու եւ ապա կը հրապարակեն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ազգին վերաբերող բոլոր կառոյցներու եւ նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ:

            Այս վերհսկող բարոյականացումը եւ այդ վերահսկողութիւնը ընդունող կառոյցները ազգին յառաջդիմութեան եւ հզօրացման ազդակները կ’ըլլան: Վստահութիւնը կը վերականգնի: Այն ատեն կրնանք հաւատալ արտագաղթը կը կասի, տեղի կ’ունենայ հայրենադարձութիւն եւ միշտ ակնկալուող ազգի զաւակներու նիւթական եւ իմացական կարողութիւններու լայնածաւալ ներդրում:

            Յոյս ներշնչող իշխանափոխութեան այս օրերուն լաւ պիտի չըլլա՞յ լայն բանալ մեր միտքի հորիզոնը, նաեւ հորիզոնները մէկութեան, միասնութեան եւ բոլոր լաւ բաներու, որոնց մասին կը սիրենք խօսիլ, եւ կանգ առնել:

            Ինչո՞ւ չհրաւիրել «իմաստուններու խորհուրդ» մը, ոչ էսթէպլիշմընթի եւ ոչ ափարաչիքներու:

            Այս ընել խուսափելով, ինչպէս ընդունուած է ըսել «փայտեայ լեզուէ», (langue de bois), ստեղծելով միտքերու ազատ արտայայտութեան եւ բախման դաշտ: Այդպէս կը ծնին յղկուած եւ ճիշդ միտքերը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles