ՇԱՂԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
1832 եւ 1848 թուականներու ֆրանսական ժողովրդային շարժումները 19-րդ դարու ֆրանսացի երկու մեծ գրողներու վէպերուն մէջ որպէս նիւթ ու դիպաշար ներառուած են: Առաջինը` վիպապաշտ Հիւկոյի «Թշուառները»-ին մէջ, Ժան Վալժանի եւ Կավռօշի դրական ու հմայիչ տիպարներով, երկրորդը` իրապաշտ Ֆլոպերի «Զգացական դաստիարակութիւնը» վէպի հակահերոս` Ֆրետերիք Մորոյի դուրսէն դիտողի անպատրանք նայուածքով: Երեւանի կեդրոնական հրապարակը լեցուցած երիտասարդական շարժումն ալ վստահօրէն նիւթը պիտի դառնայ ապագայ հայ գրագէտին, ան ալ պիտի պատկերուի իր այլազան երեսակներով:
Մենք սակայն, որ կ՛ապրինք մեր սփիւռքեան ներկան Հայաստանէն դուրս եւ մասնակից չենք Երեւանի բնակիչին տենդոտ, թէժ, բախտորոշ եւ նշանակալի փոփոխութիւններու թոհուբոհին, ի՞նչ մտածումներ, զգացումներ, մտահոգութիւն եւ յոյսեր կը դրսեւորենք: Կը փափաքիմ փորձ մը ընել յստակացնելու իմ կեցուածքս` իմ իսկ աչքիս:
***
Զմայլելի է տեսարանը:
2800-ամեայ Երեւանի կեդրոնական հրապարակը օրեր շարունակ ծածկուած` խրոխտ, վճռական, տոկուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներով: Քաղաքամայր Երեւանի քաղաքացի ուսանողնե՛ր` անոնք, ո՛չ ամբոխ-«ժողովուրդ». բարեբախտաբա՛ր:
Ջերմ խանդաղատանքը կը լեցնէ հոգիդ: Ո՛չ միայն որովհետեւ անոնք «պոռթկում» կ՛արտայայտեն, ո՛չ միայն որովհետեւ դրամատիրական, ընչաքաղց եւ անհոգի ընկերութեան զոհեր` արդարութեան եւ հաւասարութեան կը ձգտին: Այլ մանաւա՛նդ անոր համար, որ նորաբոյս կեանքի ժայթք են, դրական, պայծառ. իրենց թեւերը արեւուն երկարող կենսալի էակներ, վկաները` բնութեան մե՜ծ սրտի բաբախումին:
«Ի՜նչ աղուոր է կեանքը», կը մրմնջես: Որքա՜ն համբուրելի են այս ժպտուն,
թարմ աւիշի տրոփ արձակող դէմքերը: Թէ ի՛նչ կ՛ուզեն, ի՛սկապէս` այնքան կարեւոր չէ, թէ որքա՛ն գիտակից են իրենց շարժումի տարողութեան եւ հետեւանքներուն` ի՜նչ փոյթ: Անխորտակելի կեանքին, մեր ծե՜ր մոլորակին ընդերքէն յառնող` բնական ուժի խուրձեր են անոնք, անդիմադրելի, հրաշալի՛:
Եւ այս տղաքն ու աղջիկները հա՛յ են, եւ անոնք կ՛ուզեն արժանապատուութեա՛մբ կարենալ աշխատիլ ու գործել, վերջապէ՛ս իրենք զիրենք տէրը զգալ իրենց երկրին եւ ո՛չ ենթակայ` շահամոլ իշխանաւորներու մէկ խաւի: Եւ դե՛ռ` զուսպ են ու իրենց ընդդիմութեան արարքը զօրեղ է, բայց` խաղաղ:
Եւ հիմա գլուխդ կը դարձնես այս լաւայի տաք ալիքը թիավարողին:
Պրն. Փաշինեանին կը պատկանի արժանիքը այս երիտասարդ հոգիներուն մէջ ծուարած, տուայտող անհանգստութեան ձայն ու դէմք տուած ըլլալու, արժանիքը` իրենց համաքաղաքացիներու ստուա՜ր հատուածի մը անտեսումին, ոտնակոխումին դիմաց անոնց զգացած ըմբոստութեան ձեւ ու մարմին տուած ըլլալու, անդէմ բազմութենէ մը քաղաքական գործօն ուժ ձեւաւորած ըլլալու:
Կը շեփորուի այս ամբողջը գրեթէ ամէնուրեք: Անկապտելի է ուրեմն պրն. Փաշինեանի այս իրագործումը: Մարդ մը, որ գործնապէս հաւատաց իր նպատակի արդարութեան եւ գիւղէ գիւղ քալելով ու խօսելով` կրցաւ կոտրել մարդոց յուսահատութեան եւ անկէ բխող անտարբերութեան պատնէշը:
Բայց… Ինչո՞ւ անխառն չէ՛ գնահատանքդ. ճիգ կը թափես դարձեալ ու դարձեալ մտովի կրկնելու վերոնշեալ այնքա՛ն դրական ձեռքբերումները: Բազմիցս կը կարդաս Երեւանէն ղրկուած ջերմ ու հիացիկ նկարագրականները ցոյցերուն, ոգեշնչող ներբողները շաբաթներով, տուն ու հանգիստը մոռցած յանձնառու հայ երիտասարդին . կը խայտայ հոգիդ:
Բայց երբ կրկին գլուխդ կը դարձնես դէպի այս շարժումը ոտքի հանող մարդը, ստիպուած կ՛ըլլաս արձանագրելու նեղացնող ապրումդ…
Սխալ բան մը կայ: Կը փորձես ագուցել երիտասարդներուն պարզած զմայլելի տեսարանը` հարթակին վրայ բարձրախօսով կոչեր արձակող իրենց ղեկավարին եւ չե՛ս յաջողիր: Բան մը կը նեղէ ներսիդիդ, նոյնքա՛ն իրական, զգալի, որքան ինքզինք պարտադրող բուռն համակրանքը` տղոց ու աղջիկներուն հանդէպ:
Ընկերային, քաղաքական երեւոյթները բացատրելու հմտութիւն չունիմ: Կը հաւատամ բնազդիս: Որքա՛ն անխառն հիացում կ՛առթեն ինծի Երեւանի կեդրոնական հրապարակի երիտասարդները, նոյնքան վերապահութիւն կը ծնի մէջս` ի տես զիրենք ոտքի հանած մարդուն, հակառակ որ կը հաւատամ իր անկեղծութեան:
Կը փորձեմ ես ինծի բացատրել զգացածս:
Շատ վա՛տ տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս «յեղափոխական» արտաքինի կառուցումը` քասքեթ, (փոխուող նկարներով, նախ… Ատիտաս, ետքը` հանրապետութեան զինանշան, ետքը` յուզական բառ), զինուորական անհարկի տարազ, ինք բանակային չէ. ակնբախ է ուրեմն արտաքին երեւոյթի յարդարումը, շուկայական-սպառողական հիմքով սարքուած` ազդելու մտածուած միջոց է ան, մանաւանդ որ այս զգեստաւորումը մտքերուն մէջ կը գծագրէ Ղարաբաղի հերոս, Հայաստանի ժողովուրդին այնքան սիրած Մոնթէ Մելքոնեանը:
Ուշադիր կը հետեւիմ դէպքերու հոլովոյթին, զանոնք ընդգծող , գրուած կամ վանկարկուող խօսքերուն: Նախ` «Մերժի՛ր Սերժիկը», որ եսամոլ իշխանական խաւին գլուխը գտնուողին տրամաբանական հատուցումն է: Երբ թէժացող մթնոլորտին մէջ պրն. վարչապետը արագօրէն իր հրաժարականը կը յանձնէ, ընդհանուր գոհունակութեան մթնոլորտը հազիւ թեւ առած`«պատասխանատուութենէ չեմ քաշուիր, եթէ զիս առաջարկեն վարչապետի պաշտօնին» կը յայտարարուի եւ անմիջապէ՛ս, պատրաստ «Նիկոլ վարչապետ» նշանախօսքով ուղղանկիւն-քառանկիւն խաւաքարտերը կ՛ողողեն հրապարակը: Այս փուլին կը յայտնուի գերազանցապէս ամբոխավարական սահմանում մը`«ժողովուրդի թեկնածու»: Եւ միապետական, անհանդուրժող հաստատումը` «Կա՛մ ես, կա՛մ ոչ մէկ վարչապետ», չէ՞ որ ժողովուրդին վարչապետն է ինք: Այս փուլին արդէն մէջտեղ կը նետուի նո՛ր պահանջ-հրահանգ մը` ՀՀԿ-ն դուրս պէտք է գայ երկիրը կառավարելու կոչուած որեւէ կառոյցէ եւ աւելի ուշ` դարձեալ ամբոխավարական` ՀՀԿ արդէն գոյութիւն չունի»…
Ահաւասիկ, կը մտածես, ո՛չ ad hoc, այլ` խնամքով պատրաստուած կորագիծ մը պահանջներու, որոնք կը բացայայտեն բացառապէս քաղաքական ծրագիր, շատ ճշգրիտ թիրախով. իշխանափոխութիւն, առաջուց յստակօրէն ճշդուած վարչապետով` յանձինս շարժումի ղեկավարին, այսինքն` ինք իրեն… Եւ մէկ-մէկ կ՛իյնան գեղագիտական յարդարումի գեղեցիկ կարգախօսները. կ՛ուրուագծուի աչքիդ` այնքա՜ն հին ու ծանօթ քաղաքական նպատակը այս բոլորին. յեղաշրջում` ի նպաստ իրեն: Այս մէկը չի՛ հակասեր պրն. Փաշինեանի հաւատաւոր ըլլալուն, երկրին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու անկեղծ փափաքին. որքա՜ն փառամոլ ղեկավարներ գործած են իսկապէ՛ս հաւատալով իրենց նպատակներուն ազնուութեան: Փաստօրէն յստակ կը դառնայ, որ Ս.Սարգսեանի հրաժարականի պահանջը կը յանգի իր անձին առաջադրութեան: Քաղաքական նոյն բեմագրութիւնը` ուրեմն, փոխուած են դերասանները: Որքան ալ որ ընչաքաղց ու կարճատես իշխանութեան սրբուիլը դրական մեծ ձեռքբերում նկատես, նոյնքան հարցական դարձած է քեզի համար այս իրողապէս ամբոխավար ու ի՛ր ձեւով մարդոց զգացումները շահագործող իշխանափոխութիւնը. եւ հարց կու տաս դուն քեզի` «Ո՞ւր կ՛առաջնորդէ պրն. Փաշինեան երկիրը»:
Բայց մեր ազգային, արմատացած , անբուժելի ախտը` զգացական վիպապաշտութիւնը գինովցուցած է բոլոր հոգիները:
Իրաւա՛մբ. մի՞թէ կարելի է չոգեւորուիլ հարիւրհազարաւոր երիտասարդներու անշահախնդիր, երկրի ապագան իրենց ազնի՛ւ ձեռքերուն մէջ առնելու հրաշալի վճռակամութեամբ: Շաբաթներով ոտքի, գիտակից` այն նոր ճամբուն գեղեցկութեան, որուն հետեւելու որոշումը տուած է ան. այո՛, այդ երիտասարդութիւնը մեր պատմութեան մէջ երբեմն յայտնուող թէժ ու բորբոք հուրն է արտաւազդեան կերպարին եւ մարմնացումը նախ բարոյական, երբեմն ալ` իրողական սքանչելի յաղթանակներուն: Բայց ինչպէս յաճախ կը պատահի մեզի, մեր անկեղծ խանդավառութեան մէջ մոլեգնութեամբ կ՛ուզենք հաւատալ մեր երազներուն եւ բոլորովի՛ն մէկ կողմ կը դնենք քննական նայուածքը:
Այսպէս, ամէ՛ն մարդու բերանն են մեր այնքան փայփայած բառերը`«ժողովրդային շարժում», «ժողովուրդի թեկնածու». եւ անշուշտ` միահեծան, դրամատիրութեամբ աշխարհը գրպանած Արեւմուտքին սրբութիւն սրբոցը, անկէ օժանդակութիւն ստանալու նախապայմանը` «ժողովրդավարութի՜ւն»: «Երիտասարդական շարժում» տարազումը աւելի հեռանկարային պիտի ըլլար, եթէ իսկապէս խորքային փոփոխութիւններու միտուէր, շեշտադրուէր մտքերո՛ւ յեղափոխութիւնը, որ կը հակադրուի «իշխանափոխութեան», ուժի ցուցադրութեամբ կատարուած մէկ մարդու ինքնա-«թեկնածուութեան». այս գծով ամբոխավայել կը գտնես «ժողովուրդի թեկնածու» յորջորջումը: Իսկ «ժողովրդավարութի՞ւնը»… Այս ամբողջին մէջ միայն բազմահարիւրհազարանոց մարդոց , երիտասարդներու մասնակցութիւնն է, որ կը համապատասխանէ որոշ չափով «ժողովրդավարութիւն» յղացքին: Ինչո՞ւ այս երիտասարդական համբուրելի հրայրքին հագցուցին վարչաձեւային, արեւմտեան այս սեղմիրանը ու այդպիսով օտարեցին զայն. ան այնքան անբնական կը թուի քեզի իր «խորհրդարանական», «սահմանադրական» արեւմտեան ձեւագիտութեան հագուստով: Ընտրութի՞ւն էր կատարուածը: Գիտակից եւ անկախ ընտրութեան պայմաննե՞ր կը տիրէին, երբ ապագայ (հիմա արդէն ներկայ) վարչապետը ցունամիի սպառնալիքով կ՛առաջնորդէ մարդիկ ի՛ր անձի ընտրութեան: Այս «ժողովրդավարութիւն»-ը նոյնքան կեղծ եւ սնամէջ բառ է, որքան ա՛յն, որուն հիմամբ կազմուած է մեր խորհրդարանը: Կը մտածե՞նք արդեօք թէ ո՛ւր, ո՛ր հասարակական պայմաններուն մէջ պիտի կիրարկուի Արեւմուտքին շեփորած, գովաբանած այս վարչաձեւը` ժողովրդավարութիւնը: Կայացած երկիր ու հասարակութիւն ունի՞նք. այդ վարչաձեւին իրաւութեան հաւաստիքը եղող, բարքերու պատրաստութիւնը, մտքերու հասունացումը եւ, մանաւանդ, անկախ ընտրութեան հիմը եղող տնտեսական անկախութիւնը ձեռք բերա՞ծ ենք…
Բայց, կը մտածես, ասո՛նք են արդիական, Արեւմուտքի տիրապետութեան տակ գտնուող աշխարհին «արժէք»-ները: Իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն «ժողովուրդ» բառը կը խոնարհեն. սին է այդ իմաստազուրկ բառերու ծիծաղաշարժ կողմը ցուցահանելդ: Թերեւս երիտասարդները ոտքի հանած այս մարդը ատակ է առնուազն արդար ու բարի համակարգ մը յառաջ բերելու:
Դարձեալ գլուխդ կը դարձնես պրն. Փաշինեանին կողմը: Եւ այժմ դուն քեզի կ՛ուղղես այն երկու հարցումները, որոնք քաղաքական հաւաքի խօսք ուղղողին արժեւորումը կ՛ընեն`«ուրկէ՞ կը խօսի», «Ի՞նչ կ՛ըսէ»:
Պրն. Փաշինեանին գրաւած ներկայ դիրքը ակնբախ է: Հիմա ան կը գրաւէ արդարօրէն շահուած, արդարութիւն պահանջող երիտասարդական հսկայ զանգուածին յենած ուժեղ դիրք:
Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէ ան: Իր «խօսք»-ը կը յենի հռետորութեան վրայ, որ մարդիկ ոտքի հանելու սքանչելի գործիք է: Այդ հռետորութիւնը կ՛ընդգրկէ գործընթացի, շարժում-ձեւերու մարտավարական ոլորտն ալ: Գիւղերու, հիւսիսի քաղաքներու (ո՛չ հարաւի) բնակչութենէն մեկնելով` հետզհետէ մօտենալ մայրաքաղաքին, գտնել բարոյա-գործողական բանալի բառեր`«Բաց ձեռք», «Իմ քայլը»: Ամբոխներու, եւ ընդհանրապէս, խօսակից-թիրախիդ վրայ ազդելու ձեւերը ուսումնասիրուած են ու մատչելի` բոլոր տաղանդաւոր հրահրող-ղեկավարներուն: Անշուշտ այս ազդեցիկ միջոցներու գործածութիւնը, մարտավարական գիւտերը ոչինչո՛վ կը նսեմացնեն պրն. Փաշինեանին գործը: Ընդհակառա՛կը, իր տաղանդի ճշգրիտ գործածութիւնը արդիւնաւէտ եղաւ եւ սատարեց բազմահազար երիտասարդներու մասնակցութեան, ինչ որ մեծ ձեռքբերում է:
Ուրեմն, պահուա՛ն մարդը եղաւ պրն. Փաշինեան, բայց մեր երկիրը, այդ փոքրիկ հողին վրայ ապրող ժողովուրդը, որ կը պատրաստուի տօնելու հայոց պատմութեան այլապէ՛ս լուսաշող իրագործումի մը հարիւրամեակը, չի՛ կրնար բաւարարուիլ պահո՛ւ մը դրական ձեռքբերումով: Ստիպուած ես ուրեմն հարց տալ, թէ ի՛նչ պատկերացում ունի ապագայ (հիմա ներկայ) վարչապետը մեր երկրին տնտեսական, ընկերային համակարգին դրած խնդիրներուն, քաղաքական- ապահովական, ներքին-արտաքին բարդ կացութեան վերաբերեալ: Ու հո՛ն ալ մեծ կ՛ըլլայ յուսախաբութիւնդ. չե՛ս տեսներ առարկայական, իրակա՛ն, շօշափելի փոփոխութեան տանող գործընթացի մը նախագիծը, այլ կրկնութիւնը` նախապէս ալ շեփորուած գաղափարներու: Ու տակաւին քեզ կը մտահոգեն անոր փոփոխական, անկայուն դիրքորոշումները, որոնք տուրք կու տան քաղաքական կացութեան հոլովոյթին եւ չեն գծեր քաղաքական իսկակա՛ն առաջնորդի մը տիպարը:
Բայց հիմա կրկին դարձո՛ւր գլուխդ դէպի այս եռուն, կենսալի, պահանջատէր երիտասարդները, ուսանողները: Ի՞նչ պէտք է ընէ արդ ան… Անկեղծօրէն ըմբոստացաւ անարդարութեան դէմ, մեծ ու անկոտրում վճռակամութեամբ հետեւեցաւ զինք հմայած ղեկավարին, հասաւ իր կարծիքով չարեաց միակ արմատը եղող քաղաքական իշխանաւորի մը տապալումին, անոր տեղ դրաւ ուրիշ մարդ մը, որուն խօսքերը իր կարծիքով կը գծեն փրկութեան ճամբայ… Ինչո՞ւ կ՛ուզես ջլատել այս նոր, երիտասարդ ուժը , ինչո՞ւ կասկած կ՛արթնցնես անոնց լոյսին ձգտող ուղեղներուն մէջ…
Որովհետեւ իսկական, ո՛չ խաբուսիկ զարթօնքը հիւթեղ պտուղն է զարգացման խոր գործընթացի: Տեղին, արդար ըմբոստացումներու հրեղէն ժայթքը գիտակցական պահ մըն է, որ կրնայ ապահովել հետագայ զարթնումի հոլովոյթ մը, եթէ հեռու մնայ ամբոխավարական մակերեսայնացումէ ու շահագործումէ: Այլապէ՛ս տարերային, աշխարհընկալման նոր հորիզոններ բացող մեծ յեղափոխութեան մը թէժ թոհուբոհին մէջ Լեւոն Շանթի պայծառ միտքը կ՛ուրուագծէ դժուարին, երկար ճամբան խորքային յեղափոխութեան` «Ամրացուցէ՛ք ձեր ոտքերուն կապիչները, պնդեցէ՛ք ձեր գօտին ու ձեր սրտերը: Դեռ երկար, դեռ շատ է երկար այն ճամբան, որ քալէք պիտի: Արիւն-քրտինքի, արիւն-արցունքի այդ ոլոր ճամբան, գազանութեան ու բռնութեան այդ մոլոր ճամբան դեռ քալէք պիտի, դեռ շատ է երկար» (Լ. Շանթ, «Շղթայուածը», երրորդ արար):
Բայց որպէսզի չմարի Պրոմեթեոսի հուրը, չայլակերպուին ու չխեղճանան արդար ըմբոստութիւնները վերը յիշուած այդ երկար ճամբուն վրայ, մեր հրաշալի երիտասարդներուն կ՛ուղղէ այս անգամ իր խօսքը Վահան Թէքէեան «Հայերգութիւն» հատորի «Ըմբոստութիւն սրբազան»-ի վերջին տունով`
Բայց մեզի պէ՛տք ես դուն դեռ
Դուն մընացի՛ր, բընակէ՛
Մեր մտքերուն մէջ հիմա,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան.
Զանոնք տաքցո՛ւր, բորբոքէ՛,
Ըրէ՛ հընոց մ՛որուն մէջ
Մեր հին ժանգերը հալին,
Մեր մասնիկները բոլոր
Իրար ձուլուին, ամրանան,
Մետաղն ըլլայ կարծր ու ջինջ,
Եւ փայլփըլումն իր երգէ փա՛ռքդ յաւիտեան
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան…: