Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԻՍ­ԼԱ­ՄԱ­ԿԱՆ ԾԱՅ­ՐԱ­ՅԵ­ՂԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԹՐՔԱ­ՏԻՊ ՈՃԸ

$
0
0

ggg   Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

 

Ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հին մէջ, յատ­կա­պէս վեր­ջին երեք տաս­նամ­եակ­նե­րուն, “իս­լա­մա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւն“ը մեծ խո­րա­գիր­նե­րով կը ներ­կա­յաց­ուի քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ, արեւմտ­եան մա­մու­լին կող­մէ հա­մա­զօր կը նկատ­ուի ոճ­րա­յին ահա­բեկ­չու­թեան: Քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­նե­րը ստեղ­ծած են այն­պի­սի մթնո­լորտ, ուր իս­լամ կո­չուո­ղը ինք­նա­բե­րա­բար կը դիտ­ուի իբ­րեւ բա­ցա­սա­կան կեր­պար, ի բնէ` կաս­կա­ծե­լի, զոր պէտք է հա­լա­ծել, անոր դէմ պէտք է ան­հաշտ պայ­քար բա­նալ:erdogan3

Լրա­տու աղ­բիւր­նե­րու մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պինք այս­պի­սի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու. այ­սինչ օդա­կա­յա­նին մէջ իս­լամ կաս­կա­ծե­լի մը հար­ցապնդ­ուած է, այ­նինչ քա­ղա­քին մէջ, իս­լամ­ներ ոս­տի­կա­նա­կան հսկո­ղու­թեան տակ առն­ուած են, եր­րորդ տեղ մը, իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­ներ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու կող­մէ կը հե­տա­խուզ­ուին իբ­րեւ ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ, եւայլն: Ձե­ւով մը, “իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ“ը քա­ղա­քա­կան ու լրատ­ուա­կան աշ­խար­հին մէջ բռնած են այն տե­ղը, որուն տաս­նամ­եակ­ներ առաջ բաժ­նե­կից էին Պա­ա­տէր-Մայն­հոֆ, Ճա­փո­նի Կար­միր Բա­նակ եւ կեդ­րո­նա­կան ու հա­րա­ւա­յին ամե­րիկ­եան եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծող նմա­նօ­րի­նակ ահա­բեկ­չա­կան մի­ա­ւոր­ներ: Ու եթէ աշ­խար­հը այդ տաս­նամ­եակ­նե­րուն պայ­քա­րի կը հրա­ւիր­ուէր բազ­մա­թիւ խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ, այ­սօր, այդ պայ­քա­րը ծա­նուց­ուած է մէկ տոպ­րա­կի մէջ հա­ւաք­ուած` իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան դէմ:

 

ՔԱ­ՆԻ ՄԸ ՆՇՈՒՄ

Եթէ պահ մը մենք զմեզ ձեր­բա­զա­տենք քա­ղա­քա­կան մար­դոց ու քա­րոզ­չա­կան աղ­բիւր­նե­րու ազ­դե­ցու­թե­նէն, մենք մե­զի առիթ տանք անոնց­մէ ան­կա­խա­բար դի­տե­լու իս­լա­մա­կան շար­ժում­ներն ու ահա­բեկ­չու­թեան խո­րա­գի­րին տակ ար­ձանագ­րուող դէպ­քե­րը, դժուար պի­տի չըլ­լայ տես­նել, որ պատ­կե­րը միայն սեւ ու ճեր­մակ չէ, այլ կան բազ­մա­թիւ գոյ­ներ ու նրբե­րանգ­ներ, հե­տե­ւա­բար, ճիշդ չէ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ “իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ“ը դի­տել մի­եւ­նոյն ակ­նո­ցով, բո­լո­րը ներ­կել նոյն վրձի­նով:

Տար­բա­ղադ­րում կա­տա­րե­լէ առաջ, պէտք է ընենք կա­րե­ւոր հաս­տա­տում մը. առանց արհա­մար­հե­լու անոնց նկա­րագ­րա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, պէտք է ըն­դու­նիլ, որ որե­ւէ կրօնք, նե­րառ­եալ Իս­լա­մը, ի բնէ ոճ­րա­յին նկա­րա­գիր չու­նի, չի կրնար ու­նե­նալ: ԿՐՕՆ­ՆԵ­ՐԸ ԱՇ­ԽԱՐՀ ԵԿԱԾ ԵՆ ՄԱՐԴ­ԿԱ­ՅԻՆ ԿԵԱՆ­ՔԸ, ԸՆ­ԿԵ­ՐԱ­ՅԻՆ ՎԻ­ՃԱ­ԿԸ ԲԱ­ՐԵ­ՓՈ­ԽԵ­ԼՈՒ ԵՒ ԿԱՐ­ԳԱ­ՒՈ­ՐԵ­ԼՈՒ, ԱՆԱՐ­ԴԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԱՐ­ԴԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՄԲ ՀԱ­ԿԱԿՇ­ՌԵ­ԼՈՒ ՆՊԱ­ՏԱ­ԿՈՎ: Երբ այս կամ այն կրօ­նի ան­ուան տակ ոճիր­ներ, արիւ­նա­հե­ղու­թիւն եւ ան­մարդ­կայ­նու­թիւն կը կի­րարկ­ուի, յան­ցա­ւո­րը ո՛չ կրօնքն է, ո՛չ զայն հաս­տա­տո­ղը, ո՛չ ալ անոր իս­կա­կան հա­ւա­տա­րիմ­նե­րը: Յան­ցա­ւոր­նե­րը պէտք է փնտռել սխալ կի­րար­կող­նե­րուն, ծուռ հա­յելի­ով մեկ­նա­բա­նող­նե­րու մէջ. նոյ­նը չի՞ պա­տա­հիր ըն­կե­րա­յին-քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փար­նե­րու աղ­ճատ­ման ու այ­լա­փոխ­ման պա­րա­գա­յին:

Եթէ պատ­մա­կան դէպ­քե­րու կար­կի­նը քիչ մը լայնց­նենք, վեր­ջին քա­նի մը տաս­նամ­եակ­նե­րէն ան­դին` քա­նի մը հա­րիւ­րամ­եակ ետ եր­թանք, մեր յի­շո­ղու­թեան ու գի­տե­լիք­նե­րու պաս­տա­ռին վրայ պի­տի ուր­ուագծ­ուին բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­ներ, որոնք կը փաս­տեն, որ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու, տար­բեր վայ­րե­րու մէջ` տար­բեր կրօնք­ներ ԳՈՐ­ԾԻՔ ծա­ռա­յած են կրօ­նա­կա­նէ ու մարդ­կայ­նու­թե­նէ այլ նպա­տակ­նե­րու հե­տապնդ­ման հա­մար: Շուրջ տա­սը դար առաջ, Եւ­րո­պա­յէն ար­ձակ­ուած խա­չակ­րու­թիւն­նե­րը “իս­լա­մա­կան ու­ժե­րու դէմ քրիս­տո­նէ­ա­կան պայ­քար“ի ան­ուա­նա­կան դրօ­շը պար­զած էին, մինչ­դեռ կա­յին յե­տին նպա­տակ­ներ, որոնք առա­ւե­լա­բար նիւ­թա­կան ու ռազ­մա­գի­տա­կան շա­հե­րու կապ­ուած էին, ո՛չ մէկ աղերս ու­նէ­ին քրիս­տո­նէ­ու­թեան ու իս­լա­մու­թեան գա­ղա­փա­րա­կա­նին, վար­դա­պե­տու­թեանց հետ:

Մի­ջին դա­րե­րուն, Եւ­րո­պա­յի մէջ, կայս­րու­թիւն­ներ, մին­չեւ իսկ կայս­րու­թիւն դար­ձած Վա­տի­կա՛­նը ներգ­րա­ւող պա­տե­րազմ­նե­րը, հա­կա­ռակ իրենց կրօ­նա­կան շպա­րում­նե­րուն, խոր­քին մէջ կապ չու­նէ­ին կրօն­քի հետ, ընդ­հա­կա­ռա­կը` ժխտումն էին ամէ­նէն վեհ կրօն­քը նկա­տուող` Քրիս­տո­նէ­ու­թեան սկզբունք­նե­րուն եւ ու­սու­ցում­նե­րուն: “Մէկ երեսդ ապ­տա­կո­ղին` միւս երեսդ դար­ձուր“ը բա­ցար­ձա­կա­պէս մոռց­ուած էր իբ­րեւ քրիս­տոն­եայ ճանչց­ուած կայ­սրե­րու, թա­գա­ւոր­նե­րու, իշ­խան­նե­րու, մին­չեւ ան­գամ “Պետ­րոս Առաք­եա­լի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը“ հան­դի­սա­ցող Պա­պե­րուն կող­մէ. քրիս­տո­նէ­ա­կան տար­բեր հո­սանք­նե­րու հե­տե­ւորդ­ներ զերծ չէ­ին այս մեղ­քէն: Տա­կա­ւին, քրիս­տոն­եայ-իս­լամ աշ­խար­հի սահ­ման­նե­րէն հե­ռու ին­կող աշ­խար­հա­մա­սե­րու մէջ, օրի­նա­կի հա­մար` հնդիկ­նե­րու եւ սի­խե­րու մի­ջեւ հա­կա­մար­տու­թիւն­ներն ու խժդժու­թիւն­նե­րը եւս զգե­ցած են կրօ­նա­կան գու­նա­ւո­րում, մինչ­դեռ հնդիկ­նե­րու կրօն­քը նոյն­քան խա­ղա­ղա­սէր է, որ­քան քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը:

Մէկ խօս­քով, յիշ­եալ ու նմա­նօ­րի­նակ պատ­մա­կան զար­գա­ցում­ներ իս­կու­թեան մէջ կապ չու­նին այս կամ այն կրօն­քի վար­դա­պե­տու­թեան հետ. ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ ու­ղե­ղալ­ուաց­քի են­թար­կուող մար­դոց կրօ­նա­կան զգա­ցում­նե­րը կը շա­հա­գործ­ուին այ­լա­զան նպա­տակ­նե­րու հե­տապնդ­ման հա­մար, մեղ­քը կը փաթթ­ուի կրօն­քին վի­զին, մինչ­դեռ, ինչ­պէս նշե­ցինք, կրօնք­նե­րը մարդ­կու­թեան տրուած են բա­րի­քի հե­տամ­տու­թեան, կեան­քի պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման եւ հա­ւա­սա­րակշռ­ուած ըն­կե­րու­թիւն­ներ զար­գաց­նե­լու, անոնց մի­ջեւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն ու ներ­դաշ­նա­կու­թիւն առա­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով:

 

ԻՍ­ԼԱ­ՄԻ ԱՂ­ՃԱՏ­ՄԱՆ

ԸՆ­ԹԱՑ­ՔԸ

Այ­սօր, Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն մին­չեւ Փա­քիս­տան, Իրա­քէն մին­չեւ Սուր­իա ու Լի­բա­նան, Եգիպ­տո­սէն մին­չեւ Ծո­ցի եւ ափ­րիկ­եան եր­կիր­ներ, առանց ան­տե­սե­լու Թուրք­ի­ան ու անոր ցե­ղա­կից այլ եր­կիր­ներ ու շրջան­ներ, դէպ­քե­րու զար­գաց­ման մէջ մեծ դեր վի­ճակ­ուած է իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու:

Չենք ու­զեր եր­կար մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով ու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով խօ­սիլ “Քա­հի­տա“ի, “Թա­լե­պան“ի, ճի­հա­տա­կան­նե­րու եւ նման ան­ուա­նում­նե­րով աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցող խմբա­ւո­րում­նե­րու կազ­մու­թեան ու ապ­րած այ­լա­փո­խու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Այս ու նմա­նօ­րի­նակ խմբակ­ներ կը նմա­նին հէք­ի­ա­թի այն Հսկա­յին, որ շի­շի մը մէջ բան­տարկ­ուած մնա­լէ ետք, օր մըն ալ ազատ կ՛ար­ձակ­ուի եւ, ի հա­կադ­րու­թիւն հէք­ի­ա­թի հե­րո­սին, բա­րի­քի տեղ չա­րիք կը սփռէ ամէ­նու­րեք: Ազ­գա­յին որոշ շա­հե­րու հե­տամ­տու­թեան առա­քե­լու­թեամբ կազ­մա­ւոր­ուած նման խմբա­ւո­րում­ներ տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին այ­լա­փո­խու­թիւն­ներ ապ­րե­ցան, կրօ­նա­կան վար­դա­պե­տու­թեանց այս կամ այն կէ­տին կառ­չե­լով` էու­թիւնը ան­տե­սե­ցին ու վար­կա­բեկ դար­ձու­ցին ա՛յն կրօն­քը, որուն անու­նով ցայ­սօր կը շա­րու­նա­կեն իրենց յե­լու­զա­կու­թիւն­նե­րը: Ար­տա­քին “ներշն­չում­նե­րու“ պա­րա­գան ալ ան­տե­սե­լի չէ:

Իրա­քը ան­մասն չմնաց նման խմբա­ւո­րում­նե­րու բե­րած “բա­րիք­նե­րէն“: Մին­չեւ այ­սօր ալ, թէ­եւ մա­մու­լի կի­զա­կէ­տէն հե­ռու պահ­ուե­լով` Իրա­քի մէջ ոճ­րա­յին արարք­նե­րը առօր­եայ հեր­թա­կա­նու­թեամբ կը շա­րու­նակ­ուին շիի-սիւն­նի հա­կա­մար­տու­թեան խո­րա­գի­րին տակ:

Սուր­իոյ մէջ, իշ­խա­նու­թեան դէմ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու այ­լա­պէս բա­ցատ­րու­թիւն մը ու­նե­ց­ող շար­ժու­մը կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ապ­րե­ցաւ ի՛ր աղ­ճա­տումն ու այ­լա­փո­խու­թիւնը: Հե­տե­ւանք­նե­րը մենք` հա­յերս ալ կը կրենք ի շարս սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դի այլ խմբա­ւո­րում­նե­րուն, որոնց մէջ իս­լամ­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թիւն են, մե­զի չափ ու աւե­լի՛ են­թա­կայ են խժդժու­թեանց, ոճ­րա­յին արարք­նե­րու (կո­ղո­պու­տի հա­մար առե­ւան­գում, ար­ձա­կա­զի­նու­թիւն, հրթի­ռար­ձակ­ւոմ եւայլն):

Եգիպ­տո­սի մէջ, Մու­պա­րա­քի դէմ շղթա­յա­զերծ­ուած շար­ժու­մը, որ ատեն մը դար­ձաւ “Արա­բա­կան Գա­րուն“ին ամէ­նէն պեր­ճա­խօս ար­տա­յայ­տու­թիւնը, շու­տով ին­կաւ “Իս­լամ Եղ­բայր­ներ“ը որոշ այ­լա­փո­խու­մի տա­նող հո­սանք­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ, իսկ վեր­ջերս, զի­նուո­րա­կան­նե­րուն իշ­խա­նու­թեան վե­րա­դար­ձէն աս­դին, աւե­լի շեշ­տա­կի կեր­պով աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նայ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ, քրիս­տոն­եա­նե­րու դէմ հա­լա­ծան­քի, թշնա­մու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեամբ: Եւ սա այն Եգիպ­տոսն է, որ դա­րեր շա­րու­նակ, իս­լա­մա­կան իր դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նե­լով հան­դերձ, եղած է մշա­կոյ­թի, կրօ­նա­կան հան­դուր­ժո­ղու­թեան ու արա­բա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան օր­րա­նը, հնո­ցը…: Եթէ պահ մը դան­դա­ղինք Եգիպ­տո­սի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու զար­գա­ցում­նե­րուն առ­ջեւ, մեր ու­շադ­րու­թե­նէն չեն վրի­պիր այն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք կը կա­տար­ուին այս զար­գա­ցում­նե­րուն ետին Իս­րա­յէ­լը, արա­բա­կան այս կամ այն եր­կի­րը, ու տա­կա­ւին` արեւմտ­եան այս կամ այն շա­հա­կիցն ու դաշ­նա­կի­ցը տես­նե­լու ճամ­բով: Կա­րե­լի չէ ան­տե­սել նա­եւ այն կէս շին­ծու հա­կադ­րու­թիւնը, որ իրա­րու դէմ կը հա­նէ քա­նի մը տարիէ ի վեր թշնա­մու­թիւն խա­ղա­ցող… Թուրք­ի­ան ու Իս­րա­յէ­լը: Եթէ պահ մը վե­րա­դառ­նանք Մու­պա­րա­քի դէմ ընդ­դի­մադ­րու­թեան խմո­րու­մի եւ զար­գաց­ման տա­րի­նե­րուն, այ­սինքն` “գա­րուն“էն շատ առաջ, մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ կը կանգ­նի“Իս­լամ Եղ­բայր­ներ“ու պատ­կեր մը, որ մեծ տար­բե­րու­թիւն ու­նի ներ­կա­յի ծայ­րա­յե­ղա­կան արարք­նե­րու եւ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւն ար­տա­յայ­տող` բե­մին իշ­խող դե­րա­կա­տար­նե­րէն: (Ճիշդ է, որ ճնշու­մը յա­ճախ մար­դիկ ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կը մղէ ծայ­րա­յե­ղա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու, սա­կայն թա­քուն հրահ­րում­նե­րը, թե­րեւս դե­րա­կա­տար­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան դաշ­տէն ան­դին գոր­ծող մե­քե­նա­նե­րը անար­դա­րա­նա­լի զար­գա­ցում­նե­րու կը տա­նին բե­մին վրայ երեւ­ցող­նե­րը):

 

ԹՐՔԱ­ԿԱՆ ՈՃԸ

Ան­պայ­ման հայ պէտք չէ ըլ­լալ, նկա­տե­լու` թէ Իս­լա­մին աղ­ճատ­ման եւ յե­տին նպա­տակ­նե­րու մէջ չա­րա­շահ­ման վար­պետ­նե­րէն է Թուրք­ի­ան, եթէ ոչ` ռահ­վի­րան: Օս­ման­եան, Իթ­թի­հա­տա­կան թէ հան­րա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այս իմաս­տով պա­հած են ոճ­րա­յին հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն մը, որ այ­սօր թաքն­ուած է “եւր­ոպա­կա­նա­նա­լու“ կամ աշ­խար­հին իբ­րեւ արդ­ի­ա­կան ու քա­ղա­քա­կիրթ ներ­կա­յա­նա­լու փոր­ձե­րուն ետին:

Իս­լա­մին պե­տա­կա­նօ­րէն աղ­ճատ­ման, այ­լա­փոխ­ման ու մին­չեւ ցե­ղաս­պա­նա­կան արարք­նե­րով ար­տա­յայտ­ման դի­պա­շար­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մըն է Թուրք­իոյ պատ­մու­թիւնը, կայս­րու­թեան արար­ման յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ մեր օրե­րը: Ճիշդ է, արա­բա­կան ու պարս­կա­կան կայս­րու­թիւն­նե­րը եւս ար­ձա­նագ­րած են դա­ժա­նու­թեան “նուա­ճում­ներ“, սա­կայն Թուրք­իոյ կի­րար­կում­նե­րը ան­բաղ­դա­տե­լի են եւ կը վկա­յեն ահա­ւոր ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւն մը, որուն նմա­նը չէ տեսն­ուած արա­բա­կան թէ պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեանց դա­րաշր­ջան­նե­րուն:

Այ­սօր­ուան Իրա­նը` պատ­մա­կան Պարս­կաս­տա­նի ուղ­ղա­կի ժա­ռան­գոր­դը, իս­լա­մա­կան իր դի­մա­գի­ծով հան­դերձ (ատի­կա ալ յա­ճախ չա­րա­շա­հու­մի կ՛են­թարկ­ուի քա­րիւ­ղով ու այլ հարս­տու­թիւն­նե­րով ծա­նօթ այս երկ­րին մէջ), չի բաղ­դատ­ուիր երէկ­ուան ու այ­սօր­ուան Թուրք­իոյ հետ: Ու եթէ Լի­բա­նա­նի մէջ “Ամալ“ի ու “Հըզ­պալ­լա“ի պէս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ իբ­րեւ տի­պար օրի­նակ, ներշնչ­ման աղ­բիւր կը դի­տեն Իրա­նը, ատի­կա չեն ըներ միայն յա­րան­ուա­նա­կան` Շիի հա­մայն­քին պատ­կա­նե­լիու­թեան հի­մուն­քով, այլ նա­եւ այն մօ­տե­ցու­մով, որ յետ-Շա­հի Իրա­նին մէջ կը տես­նեն սե­փա­կան երկ­րի, ազ­գա­յին շա­հե­րու պահ­պան­ման հե­տա­մու­տի մը օրի­նա­կը, ինչ­պէս որ կ՛ընէ պա­ղես­տին­եան “Հա­մաս“ը` նմա­նա­պէս ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու ցա­նին մէջ դա­սուող կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը: Թուրք­իոյ յա­րե­լու այս կազ­մա­կեր­պու­թեան ըն­թաց­քին մէջ տի­րա­կա­նը` Իս­րա­յէ­լին անոր հա­կադ­րու­թիւնն է ու իրա­ւա­տի­րու­թիւնը, եւ ո՛չ թէ ան­պայ­ման Թուրք­իոյ իս­լա­մա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ տի­պար օրի­նակ ճանչ­նա­լու մի­տու­մը:

Թուրք­իոյ իբ­րեւ թէ թա­քուն, բայց աղա­ղա­կող ա՛յս նկա­րա­գիրն է որ պէտք է յի­շեց­նել աշ­խար­հին, մա­նա­ւանդ անոր պաշ­տպանն ու հո­վա­նա­ւո­րը ըլ­լալ յա­ւակ­նող ու­ժե­րուն, դաշ­նա­կից­նե­րուն, որոնք կը ճա­ռեն ար­դա­րու­թե­նէ, մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րէ եւ տա­կա­ւին` արդ­ի­ա­կա­նու­թե­նէ եւ այլ ար­ժէք­նե­րէ: Պէտք է լու­սար­ձա­կի տակ բե­րել հիւ­սի­սա­յին Սուր­ի­ան կո­ղոպ­տե­լու, անոր ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը հրահ­րե­լու, ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւն ներշն­չե­լու Թուրք­իոյ վար­քա­գի­ծը, տա­կա­ւին` իր հո­ղե­րուն վրայ իսկ, ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան որջ ըլ­լա­լու անոր էու­թիւնը, հա­կա­ռակ բա­րե­փոխ­ուած ըլ­լա­լու ձե­ւա­կան ու մա­կե­րե­սա­յին դրսեւ­րում­նե­րուն:

Մենք` հա­յերս, ամէ­նէն դա­ժան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցած ենք թրքա­տիպ իս­լա­մու­թեան կի­րար­կում­նե­րուն, սկսե­լով հա­միտ­եան օրե­րէն մին­չեւ իթ­թի­հա­տա­կան թա­լէ­աթ­ներ, Աթա­թուրք, Էվ­րէն, Էօ­զալ, Էճե­ւիտ, Տէ­մի­րէլ, Կիւլ եւ Էր­տո­ղան, առանց մոռ­նա­լու անոնց հո­գե­հա­րա­զատ­նե­րը` Ալի­եւ­ներն ու Էլ­չի­պէյ­նե­րը, ցե­ղաս­պան­նե­րու սե­րուն­դին հա­ւա­տա­րիմ ժա­ռան­գորդ­նե­րը: Միւս կող­մէ, ապ­րած ենք նա­եւ արաբ իս­լամ­նե­րու բար­իա­ցա­կամ, հան­դուր­ժող եւ կա­րե­կից-գոր­ծա­կի­ցի վե­րա­բեր­մուն­քը, այ­սօր ալ այս էու­թե­նէն բան չէ փոխ­ուած, վարձ­կան կամ շա­հա­մոլ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը կրօն­քը կ՛օգ­տա­գոր­ծեն իբ­րեւ դի­մակ…

Ա՛յս լու­սար­ձա­կին տակ է որ պէտք է տես­նել թրքա­ոճ իս­լա­մու­թեան սպառ­նա­լիքն ու վտան­գը, որուն դի­մաց կը կանգ­նի ո՛չ միայն հայն ու Հա­յաս­տա­նը, այլ նա­եւ ամ­բողջ աշ­խարհն ու մարդ­կու­թիւնը,  առանց մոռ­նա­լու, որ այլ կրօն­նե­րու հե­տե­ւորդ­ներ ալ զերծ չեն թրքա­կան այս ոճէն:

Օգոս­տոս 22, 2013


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles