Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ 22-ԱՄ­ԵԱԿ

$
0
0

artsakh1

ՍՏԵ­ՓԱ­ՆԱ­ԿԵՐՏ.- Սեպ­տեմ­բեր 2-ին, մեծ շու­քով նշուե­ցաւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 22-րդ տա­րե­դար­ձը: Այս առ­թիւ, նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան այ­ցե­լեց Ստե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր, ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ու ազա­տու­թեան հա­մար զոհ­ուած ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի առա­ջին նա­խա­գահ Ար­թուր Մկրտչեա­նի շի­րիմ­նե­րուն:

Այս այ­ցե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եա­նը, Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ Ար­ցա­խի թե­մի առաջ­նորդ Պար­գեւ արք. Մար­տի­րոս­եա­նը, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի խօս­նակ Աշոտ Ղուլ­եա­նը, վար­չա­պետ Արա Յա­րու­թիւն­եա­նը, Ար­ցա­խի եւ Հ.Հ.-ի բարձ­րաս­տի­ճան այլ պաշ­տօն­եա­ներ, Սփիւռ­քէն հիւ­րեր եւ ժո­ղո­վուրդ:

Հ.Յ.Դ.-ի հա­մար աւան­դու­թիւն դար­ձած է Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան օրը նշել “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կին վրայ: Այս առթիւ խօսք առին Վահան Յովհաննիսեան եւ Արմէն Ռուստամեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles