Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (13) –ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան


Գիշեր է. տան շարժումը՝ դադրած: Անշշուկ ու անշշունջ մթնոլորտին տակ Microsoft word-ի նոր ճերմակ թուղթ մը կը բացուի դէմս: Youtube-ի կոճակը կը սեղմեմ, գտնելու համար Giovanni Marradi-ի «romantic waves» երաժշտութիւնը, որ որքա՜ն համահունչ է տանս այս պահու խաղաղութեան հետ ու գրելու ունակութիւններս կ’աշխուժանան: Մինչեւ անցեալ տարի կը սիրէի տետրակիս մէջ գրել, յետոյ շարել, հիմա ուղղակի պաստառիս թուղթին կը դիմեմ, կ’երեւի այն պատճառով որ սրբագրելը, մշակելը շատ աւելի դիւրին է այսպէս ու ժամանակի առումով՝ աւելի արագ: Անկապ ու ցրիւ միտքեր գրի կ’առնուին, հիացման պահեր, հիասթափութիւններ, ու տեսակ մը ներհայեցողութեան վիճակ մը կ’առնեմ, դէպի ինծի կը վերադառնամ ու ստեղնաշարի կոճակներուս հետ միտքերս մարմին կը ստանան, մթութենէն դէպի լոյս անցում մը կը կատարուի: «Չ’արժեր մտածելը», ներքին ձայն մը կը միջամտէ, «ունայնութիւն է ամէն բան»: Սակայն Giovanni թովիչ մեղեդայնութիւնը կը դիւթէ զիս, կը տանի՜, «գրէ, գրէ», կ’ըսէ. «լռութեանդ ձայն տուր, կեանքիդ՝ ռիթմ ու աշխուժութիւն»: Լռութիւնս միշտ ալ աղմկալից էր,- կ’ըսեմ միտքէս ու կը սկսիմ գրել, ու ծովուն փրփրալի մակերեսէն ու ճայերու խելայեղ պարերէն կ’իջնեմ վար, մինչեւ խորունկը, ուր ալիքներու խենթութիւնը չկայ այլեւս, երփներանգ է ամէն բան, լուսաւոր անորոշութիւն կայ այդ աշխարհին մէջ…:
– Չե՞ս տեսներ, ո՜վ ռոմանթիք, ի՜նչ հրապուրուեր ես նորէն, ամէն բանէ շուտ խանդավառուող ու յետոյ անոր հիասթափութիւնը ապրող, տե՛ս մէյ մը, թէ ինչպէ՛ս մեծը պզտիկը կ’ուտէ հոս ալ. կ’ընդունի՞ս, չե՞ս ընդունիր, որո՞ւն հոգը. իբր թէ չորս կողմդ զննելով դա՞ս կ’առնես, որպէսզի կուլ չտա՞ն քեզի ալ…պարապ բան: Չէ՜, ի՜նչ կուլ տան, չեմ ձգեր արդէն, ու լսուող դաշնամուրային հարուածաբեկ ռիթմին տակ ինքնապաշտպանութեամբ կը զինուի էութիւնս համբուն, այս անգամ կէտ ձուկը ես եմ. չէ՞ որ «երազկոտ ես», կ’ըսեն ինծի: Կէտ ձուկ ըլլալով մէկիկ-մէկին կուլ կու տամ դժբախտութիւններս ու դժուարութիւններս: Օ՜հ, համ ալ կ’առնեմ տակաւին, ու անոնք կը հատնին: Ըղձատենչ հուրով կը բռնկիմ ծովուն յատակը ու կը սկսիմ սիրել ամէն բան, չորս կողմս շարժուն ռիթմով գեղեցիկ աշխարհ, ուր անդամալուծութեան դատապարտուած բոյսերն անգամ ջուրի հոսանքին ներքոյ ուրախ-զուարթ կ’օրօրուին, ու ազատօրէն կը լողամ՝ բարեւներ փոխանակելով իւրաքանչիւր շնչաւոր էակին հետ:
– Ի՛նչ է, կը կարծես դուն տարբեր բա՞ն մըն ես իրենցմէ, հոգ մի՛ ըներ, քու ճակատագիրդ ալ գծուած վերջացած է առաջին իսկ օրէն, այդ ճակատագրով ծնած ես արդէն սկիզբէն իսկ, կրնաս շատ-շատ մտածել անոր մասին ու հաշտ ապրիլ՝ փորձելով թերեւս քար մը աւելցնել…
Օ՜հ ահագին քար կայ չորս կողմս, հինգ քար կը հաւաքեմ, որ խաղամ՝ երբ դուրս գամ. մէկը պահեմ ափիս մէջ, միւսը՝ ձեռքիս վրայ ու հոփ՝ նետեմ ու բռնեմ: Բայց չըլլայ որ իյնայ անիկա, պէտք է կարենամ բռնել ու կրկին նետել… պիտի յաղթեմ: Ուրեմն՝ օ՛ն:
Ուշ գիշեր է, ֆէյսպուքի ընկերներէս կ’ամչնամ, որովհետեւ մէսէնճըրի կանաչ կէտը կը մատնէ իմ արթուն ըլլալու հանգամանքս, ու «դեռ արթո՞ւն ես» մը կը սկսին գրուիլ հոսկէ հոնկէ:
Կը ծածկեմ ամուսինիս վրայ՝ կամաց մը համբոյր դրոշմելով յոգնաբեկ դէմքին, բայց քունը շատ թեթեւ է, իսկոյն կ’արթննայ ու «դեռ արթո՞ւն ես» մըն ալ ինք կը շշնջայ եւ ուժգնապինդ կը գրկէ զիս…

Արդէն իսկ խաղաղած, կ’որոշեմ քնանալ: Գիշերը անուշ է, երազանքներու տօն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles