Մեծնալու եւ ազնուական դառնալու համար նիւթականէն անդին գտնուող արժէքները հարկ է բերել մեր կեանքին մէջ: Ցուցադրուող պերճ բնակարանը, դրամատան մէջ քնացող գումարները, աչք շլացնող ոսկին եւ հագուստը, արտաքին շպար են: Այնքան փորձութիւններէ անցած մեր ժողովուրդը հաւաքական ծառայութեան եւ յաջողութեան մէջ պէտք է վերագտնէ իր ներքին միութիւնը եւ ամրութիւնը, որպէսզի տոկայ, տեւէ եւ մնայ որպէս ինքնուրոյն ազգ:
Յոբելեան պիտի տօնենք: Անցեալի գեղեցիկ կամ ցաւագին յուշերը մեզի պէտք է թելադրեն դիտել մեր ներկան, որպէսզի ապագայի սերունդները մեզ չդատապարտեն մեր սխալներուն եւ ապիկարութիւններուն համար: Այսօ՛ր կը պատրաստենք անոնց վաղուան օրը, պատասխանատու ենք անոնց պաշտպանութեան եւ բարօրութեան: Սերունդի եւ ոչ միայն անհատականի: Մեր իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւնը գրաւականն է ապագային, լաւը եւ վատը, յաջողը եւ ձախողը:
Դուրսէն եւ հեռուէն դիտողի դատումը կտրատուած կ’ըլլայ, ենթակայական: Երկիր մը եւ անոր ժողովուրդը ապրող իրականութիւններ են, լոյս եւ ստուեր, որոնց մասին կրնան վկայել անոնք որոնք ներկայ են, երջանիկ կամ տառապող դերակատար: Բեմերէ ըսուած խօսքերը, դրական կամ բացասական, ընդհանրապէս կը վարագուրեն ճշմարտութիւնը: Այս ձեւով կը նենգափոխուին հին եւ նոր իրականութիւնները, պատճառ կ’ըլլան հանրային կարծիքի խարխափումներուն: Ոչ միայն հանրային կարծիքի, այլ նաեւ վերնախաւի, էսթէպլիշմընթի:
Ազնիւ, անշահախնդիր, աղմուկէ խորշող մտաւորական է հայրենի գրող Ալիս Յովհաննիսեանը: 2017ին Երեւան լոյս տեսած իր «Լենինական Կումայրի Գիւմրի» գիրքին մէջ, մարդակային կացութիւններու,- ճակատագիրներ, բարութիւններու եւ տգեղութիւններու,- նկարագրութիւններ կան, ժողովուրդի մը առօրեային եւ հոգեկան աշխարհին պատկերները: Բայց նաեւ այդ բոլորը ամփոփող նշդրակով արձանագրուած դատումներ, որոնք կը խօսին այսօրուան եւ վաղուան մեզ սպասող կեանքին մասին:
Այսօր կը խօսինք հարիւրամեակի մասին, բայց ինչո՞ւ չտեսնել յաջորդ հարիւրամեակը, որ մեր առջեւն է: Ալիս Յովհաննիսեանի էջերը ինչո՞ւ մեզ պիտի չմղեն մտածելու մեզմով սկսող յաջորդ հարիւրամեակի մասին: Հրավառութիւն, արուեստական լոյսեր, յորդող սեղաններ եւ բաժակաճառեր ինքնախաբէութիւն են, բիրտ իրականութեան վրայ շղարշ կը նետեն: Ալիս Յովաննիսեան կը պատռէ շղարշը, որմէ վերջ պէտք է սկսի պատասխանատուութեան եւ վերականգնումի ժամանակը:
«Մի՞թէ չգիտեմ, որ Գիւմրին Հայաստան մարմնի հաշմուած մի անդամն է, չգիտեմ, որ ոչ թէ վերածննդի, այլ վերակենդանացման մէջ է գտնւում, ինչպէս ամբողջ Հայաստանն ու Արցախը, չգիտեմ, որ Գիւմրին գործազուրկների քաղաք է, ինչպէս ամբողջ Հայաստանն է գործազուրկների երկիր» (էջ 59):
Գործազուրկներու երկրին մէջ ո՞վ եւ ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրուի հարիրամեակով մը, որուն մէջ ինք չկայ: Պատահած է որ լսէք, անկախութեան տօնին, երբ շքերթ կայ քաղաքին կեդրոնը, բայց քիչ անդին բաց կրպակին մէջ նստած մարդը, որ չէ հետաքրքրուած, քանի որ չի յաջողիր իր ընտանիքը պահել, մինչ ուրիշներ ճոխութեան մէջ կ’ապրին… կողոպտելով: Անկախութիւնը կը պաշտպանուի ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ արդարութեամբ, օրէնքով, մարդկային յարաբերութիւններով, որակով եւ արժէքներով: Կողոպուտը, կաշառակերութիւնը, անաշխատ հարստացումը, գողութիւնը, հակա-արժէքներ են եւ կը փտեցնեն գաղափարը, ազնուութիւնը: Ալիս Յովհաննիսեան իր գիրքին մէջ, կը նկարագրէ այն՝ որ պէտք չէ ըլլար եւ պէտք չէ ըլլայ, որպէսզի գաղափարները ապրին, անկախութեան գաղափարը ապրի, եւ ժողովուրդը անոր տէր ըլլայ: Կը գրէ.
«Մէկին անծայր վշտից դուրս բերելու հնարներ միշտ էլ կարող է գտնել, եթէ փորձի: Իւրաքանչիւրին պէտք է զբաղեցնել ըստ իր հակումների, նախասիրութիւնների, աշխատասէրին աշխատանք տալ, բնածին լիդերին՝ (առաջնորդին, Յ.Պ.) աշխատանք կազմակերպելու հնարաւորութիւն» (էջ 105):
Եթէ բնակչութեան չնչին տոկոսը կրնայ արագօրէն հարստանալ, ապարանքներու եւ դրամի տէր դառնալ, կը նշանակէ որ սպառող կայ եւ երկրին մէջ դրամ կայ: Ինչո՞ւ ապահովուած շահերը չեն ներդրուիր երկրին արտադրական կարողութիւնը աւելցնելու համար, որպէսզի Հայաստանի համար չըսուի գործազուրկներու երկիր: Եւ գաղտնիք չէ, գործազրկութիւնը կ’առաջնորդէ աղքատացման, թշուառութեան:
Գործազուրկը կամ երկիրը կը ձգէ եւ կը մեկնի կամ խռովութիւն կը հանէ: Պէտք է կրկնել տեւաբար, որ առաջին հանրապետութենէն ստացուած անկախութեան գաղափարը մնայ եւ գործէ, եւ մարդկային այլ իրաւունքներէ զրկուած մարդոցմով այդ չի պահուիր: Գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու միտքերը եւ նախատեսութիւնները պէտք է որ վերաբերին նաեւ այսօրուան եւ վաղուան: Պարկեշտութեամբ պէտք է ըսել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըրած, չենք ըներ, այսինքն՝ ախտաճանաչում կատարել: Ըստ երեւոյթին, այս ախտաճանաչումը դժուար է:
Ալիս Յովհաննիսեանի տխուր հաստատումը կարեւոր ախտաճանաչում է: Կը գրէ.
«Թւում է՝ ամենադժուարը բնածին անբանի համար զբաղմունք գտնելն է, բայց Հայաստանում մարդու այս տեսակը հեշտութեամբ է տեղ գտնում, տեղաւորւում է այն բոլոր աթոռներին, որոնց վրայ նստելու համար խելացի, բանիմաց մարդիկ դեռ տատանւում են, լրացուցիչ, հիմնաւոր գիտելիքներ ձեռք բերած չլինելով՝ դեռ սպասում են: Եւ ժամանակը աշխատում է յօգուտ մակերեսում լողացողների: Շատախօսում են: Շատախօսելը եւ բուն գործից մշտապէս ուշանալը հայերին անցել է իրենց ռուս եղբօրից: Ինչքա՜ն խելօք են նրանց մեկնաբանները, ինչքա՜ն բան են հասկանում նրանց քաղաքական գործիչները, ժուռնալիստները, բայց ամենակարեւոր պահին միշտ ուշանում են, եւ հսկայ երկիրը շարունակում է ճօճուել անդունդի վրայ» (105):
Երեւոյթը թէեւ ընդհանուր բնոյթ ունի առաւել կամ նուազ չափերով, բայց մեր ազգի պարագային կարծէք աւելի շեշտուած է եւ տեսանելի, տարբեր ձեւերով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), տեղ մը շահախնդրութեամբ, ուրիշ տեղ մանր փառքի համար: Յաճախ ըսուած է, որ մեր հաւաքական կեանքը զոհն է ընտանեպաշտութեան (népotisme), յամեցող աւատապետութեան (féodalisme) եւ այն տարրական իմաստութեան բացակայութեան, որ գործին ատակ անձը պէտք է գտնուի իր ճիշդ տեղը (the right man in the right place), ընկերային եւ քաղաքական բոլոր մարզերուն մէջ, այս՝ առանց հաճոյակատարութեան:
Ամեակները պատէն կախուած պատկերնե՞ր են, թէ ներկան եւ գալիքը լուսաւորելու ճամբացոյցներ: Անցեալը միշտ գեղեցիկ չէ, բայց իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ անցեալի գեղեցիկը, լաւը, օրինակելին տեսնենք: Հայրենիք ազատագրողները, կերտողները, անկախութեան համար պայքարողները ճոխութեան, պերճանքին եւ եսին գիտցած էին հակադրել հաւաքական շահը եւ ազգի լինելութեան հեռանկարը:
Ի դէպ, մէջբերեցի հատուածներ Ալիս Յովհաննէսեանի գիրքէն: Բայց գիրքի ընթերցումը աւարտելէ ետք, վերջին էջին վրայ կարդացի. տպաքանակ՝ 200: Հայու խիղճի եւ հպարտութեան ո՞ր յոբելեանը պիտի տօնենք, երբ հայ գրողի գիրքը լոյս կը տեսնէ միայն 200 օրինակով: Այդքանով մեր ինքնութիւնը, հոգեկան եւ ոգեկան աշխարհը կ’անկախանա՞ն: Ի միջի այլոց ձեռնարկի մը համար քանի մը հարիւրով պրակներ լոյս կը տեսնեն, անմիջապէս աղբաման դրուելու համար:
Թշուառութեան խորքի պաստառին վրայ գծագրուող ապարանքներ եւ ամեակներու լոյսը պէտք չէ ծածկեն մնայուն ցաւերու ստուերը: Բարձրախօսներու աղմուկը պէտք չէ խեղդէ հոգիներու մրմունջը՝ որ գիր է եւ գրականութիւն: