Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԹԱԼԻՇ…ՕՃԱԽ ԵՒ ՊԱՏՆԷՇ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Շինարարութեան յատուկ ձայներ, որոնց մերթ ընդ մերթ կը միանայ թռչնազգիներու ճռուողիւնը:
Այսպէս՝ ծիծեռնակը վերստին կը շինէ իր բոյնը:
Տարեվերջէն առաջ իսկ, Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղին բնակիչը պիտի վերադառնայ «տուն, քաղցր տուն», վերստին մշակելու եւ հերկելու իր հողը, վերստին արածելու իր հօտն ու երամակը: Այսպէս, ծխնելոյզէն պիտի ճախրի մուխը, յաւելեալ փայլք մը տալով Մռաւ լերան արեւելեան շրջանի հարաւային լանջին, Թարթառ գետի ձախ կողմին, անտառապատ սարալանջի վրայ գտնուող այս գիւղին, որ հիւսիսային Արցախի ամենամեծն է:
Պատմական Յոռեկ գիւղի աւերակներուն մօտ կառուցուած այս գիւղը, բազմիցս քանդուած, թալանուած ու աւերուած է, եւ միշտ ալ՝ վերակառուցուած:
Դեռ թարմ է պատմութիւնը: 1992-էն ի վեր Թալիշը երկու անգամ աւերուած է եւ երկու անգամ ալ թալիշցին տեղահանուած է:
1992-ին ազերի զինեալներ՝ լայնածաւալ յարձակում մը կատարելով, գրաւեցին Թալիշն ու շրջակայքը, ու աւելի քան քառասուն հազար հայեր ստիպողաբար հեռացան տարածաշրջանէն: Այս վիճակը տեւեց գրեթէ երկու տարի, մինչեւ Ապրիլ 1994, երբ հայրենի ուժերուն զօրաւոր յարձակողականը ստիպեց թշնամին, որ նահանջէ: Ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնուած էր Թալիշի տարածաշրջանը:
Բոլորովին աւերուած էր այս գիւղը: Ո՜չ մէկ կանգուն տուն մնացած էր: Առանց յուսահատութեան ու յուսալքման, թալիշցին վերադարձաւ իր հայրենի հողը եւ վերականգնեց, վերաշինեց ու վերաբնակեցուց:
Ճակատագիրը կրկին անխնայ եղաւ այս գիւղին հանդէպ: Արդարեւ, Ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, Ատրպէյճանի բանակի ռմբակոծումները մեծ վնասներ հասցուցին Թալիշին եւ թալիշցիին, յատկապէս գիւղի ծայրամասին մէջ, ուր ծերունիներ մերժած էին հեռանալ իրենց բնակարաններէն: Ազերիներ մուտք գործած էին այս շրջանները եւ չարչարած ու սպաննած՝ անմեղ ծերունիները:
Շարունակելով իրենց յառաջխաղացքը, նախայարձակ ազերիները գրաւած էին ռազմական դիրքեր, որոնք յետագայ քանի մը օրերու ընթացքին, բուռն ճակատամարտէ ետք, մեծամասնութեամբ վերստին մնացին հայոց բանակի տիրապետութեան տակ:
Բնակարաններու կողքին, նաեւ նոյնքան թափով աշխատանք կը տարուի, վերակառուցելու համայնքային կեդրոնը, իր կողքին ունենալով շտապ օգնութեան կեդրոն, երիտասարդներու ժամանցի համար սրահներ եւ անշուշտ դպրոց ու մանկապարտէզ:
Արցախի դարպասն ու կաղնին է Թալիշը, որ միշտ ալ պիտի վերաշինուի եւ կանգուն  մնայ:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles