Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Զ. ՄԱՍ)

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հալէպի մէջ այսօր գործող մարզական միութիւնները եւս հիմնուած են Մեծ եղեռնի վաղորդայնին, որոնց գոյութիւնն ու գործունէութիւնները կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.-

 

Հայ Մարմանամարզական Միութիւն (ՀՄՄ: Արարատ Մարզական Միութիւն)

1921-ի Նոյեմբերին, հիմնուած է ՀՄՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը: 1931-ին, Հալէպի մէջ, հիմնուած է ՀՄՄ-ի սկաուտական շարժումը:

Միութիւնը Հալէպի մէջ ծաւալած է մարզական աշխոյժ գործունէութիւն՝ պատրաստելով ախոյեան մարզիկներ:

ՀՄՄ ունեցած է ֆութպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թենիսի, կռբամարտի, ծանրամարտի, լողի եւ այլ մարզախաղեր:

1940-ական թուականներէն սկսեալ Միութիւնը զարկ տուած է յատկապէս Ֆութպոլին եւ պասքէթպոլին: Ֆութպոլի պարագային, ՀՄՄ-ի մարզիկներէն շատեր երկար ժամանակ կրած են Սուրիոյ Ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկները: Միութիւնը նաեւ միշտ մասնակցած է 1930ական թուականներուն սկսած միջ-մասնաճիւղային խաղերուն եւ միջ-շրջանային սկաուտական բանակումներուն:

1953-ին, պետական որոշումով սկաուտական շարժումը դարձած է սուրիական սկաուտութեան 10-րդ վաշտը: Մինչեւ այսօր կը պահէ փողերախումբը:

1956-ին Սուրիոյ 10-րդ տարեդարձի առիթով կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքին շահած է ախոյանութիւնը: 1960 թուականին ՀՄՄ կը դառնայ Սուրիոյ ախոյեան: Արժանի է յիշատակել, որ ՀՄՄ-ի հինգ մարզիկներ տարիներ շարունակ կրած են Սուրիոյ ազգային խումբին շապիկները: ՀՄՄ-ի ֆութպոլի կազմը իր փայլքը պահած է մինչեւ 1965:

1973-ի պետական որոշումով, ՀՄՄ, ՀԵԸ-ի մարզական մասնաճիւղ եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մարզական Միութիւն կազմած են «Արարատ» Մարզական Միութիւնը (Նէտի էլ-Ուրուպա), որ կապուած է Սուրիոյ Մարզական ֆետերասիոնի Հալէպի Գրասենեակին:

Միութիւնը սկզբնական օրերէն ունեցած է ակումբ. սեփական ակումբով օժտուած է 1979 թուականին:

Միութիւնը մինչեւ օրս կը գործէ, սակայն մարզական բաժինը չունի անցեալի հմայքը:

 

Հայ Մարմնամկրթական Ընդհանուր Միութիւն (ՀՄԸՄ)

Նոյեմբեր 1, 1925-ին, հիմնուած է ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը, որուն դրօշին ներքեւ ծնունդ առած մարմնակրթական կեանքը արագօրէն մեծ արձագանգ գտած է: Միութիւնը անմիջապէս մարմնամարզական գործունէութեան միացուած է սկաուտական շարժումը եւս, պատրաստելով ախոյեան մարզիկներ եւ մարզիկուհիներ:

1928-ին, Միութիւնը ունեցած է մարզավայր-պարտէզն ու ակումբը, 1932-ին՝ պասքէթպոլի եւ թէնիսի դաշտերը, ապա ֆութպոլի դաշտը:

Վերջին 70 տարիներուն, ՀՄԸՄ բազմիցս դափնեկիրը եղած է ախոյեանական եւ այլ մրցաշարքերու, մինչ միջ-մասնաճիւղային «Նաւասարդեան» խաղերը Հալէպի Ս. Զատիկը դարձուցած են խիստ յատկանշական:

1953-ին, պետական որոշումով սկաուտական շարժումը դարձած է սուրիական սկաուտութեան 8-րդ վաշտը: Միութիւնը այսօր ունի փողերախումբ եւ գործօն ներկայութիւն է տեղական թէ համահայկական բանակումներուն:

ՀՄԸՄ ունեցած է իր սեփական ակումբը Թիլէլ փողոցին վրայ: Շուրջ կէս դար ծառայած է ՀՄԸՄ-ի Հալէպի կեանքին ու յետոյ անոր գործածութիւնը իբրեւ ժողովատեղի յանձնուած է ՀԵՄ-ի:

1970-էն ի վեր ՀՄԸՄ Քեսապի մէջ ունի սեփական բանակավայր:

1973-ի պետական որոշումով, Միութիւնը կապուած է Սուրիոյ Մարզական ֆետերասիոնի Հալէպի Գրասենեակին եւ վերանուանուած է Նէտի էլ-Եարմուք, ծաւալելով իր գործունէութիւնը: 1940-ին ունեցած է իր սեփական ակումբը Թիլել փողոցի վրայ, որ հետագային յանձնուեցաւ ՀԵՄ-ի, իսկ 1956 թուականէն ի վեր ունի մարզավայր-ընտանեկան պարտէզ:

1985-ին, ՀՄԸՄ ծրագրած է հսկայ մարզաւանի մը կառուցումը Հալէպի Պոսթան փաշա շրջանին մէջ: 1989 թուականին, Հալէպի Քաղաքապետութիւնը ընդառաջելով ՀՄԸՄ-ի առաջարկին կը յատկացնէ 25000 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողամաս վերոնշեալ վայրին մէջ: Պաշտօնական ժողովրդային հիմնարկէքը կատարուած է Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ՝ 19 նոյեմբեր 1991 թուականին, իսկ Հոկտեմբեր 4, 1992 թուականին սկսած են շինարարական նախապատրաստական աշխատանքները (նախագիծ՝ հալէպահայ ճարտարապետներ Նշան Օղիկեանի եւ Գէորգ Սարգիսի): Մարզաւանի մէջ նախատեսուած է, որ ընդգրկէ՝ ֆութպոլի դաշտ, պասքէթպոլի դաշտ, թենիսի զոյգ դաշտեր, վոլէպոլի դաշտ, փակ դաշտ, լողաւազան, հանդերձարաններ, վարչական կեդրոն, փակ կառատուն, իրենց յարակից ու լրացուցիչ յարմարութիւններով ու ժողովասենեակներով, ինչպէս նաեւ խրախճանքի սրահով եւ «Քաֆէ թէրիա»յով եւ այլն: Դժբախտաբար այս հսկայ մարզաւանը վերջերս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի տարածքին տեղի ունեցած պատերազմի պատճառով արդէն քանդուած, կողոպտուած եւ աւերուած վիճակի մէջ է:

ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը մասնակցած է Հայաստանի մէջ կայացած համա-ՀՄԸՄական առաջին՝ 27 Յուլիսէն-7 Օգոստոս 1994 թուականի, այնուհետեւ չորս տարին անգամ մը գումարուող բանակումներուն:

ՀՄԸՄ-ի Պոսթան փաշա շրջանի մարզաւանը երբ մէկ կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ բռնագրաւած կը թալանուէր, միւս կողմէ մարզավայր-ընտանեկան պարտէզն ալ յաճախակի հրթիռակոծումներու թիրախ կը դառնար, պայթումներու պատճառով վայրը ենթարկուեցաւ քանդումի, մեծ հրդեհ յառաջացաւ ամէն կողմ հրոյ ճարակի վերածելով:

 

«Գերմանիկ-Վասպուրական» Մարզական Միութիւն (Արարատ Մարզական Միութիւն)

1931-ին, Հալէպի մէջ հիմնուած է Սուրիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը կամ «Գերմանիկ-Վասպուրական» Մարզական Միութիւնը, որ կը նկատուի անմիջական շարունակութիւնը 1926 թուականին մարաշցի երիտասարդներու կողմէ կազմուած ֆութպոլի խումբին:

Միութիւնը երկար տարիներ դափնեկիրը մնացած է Հալէպի եւ Սուրիոյ Ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն եւ Սուրիոյ Ֆութպոլի ազգային խումբին տուած է որակաւոր մարզիկներ:

1973-ի պետական որոշումով, Միութիւնը, ՀՄՄ եւ ՀԵԸ-ի մարզական մասնաճիւղին հետ կազմած են Արարատ Մարզական Միութիւնը (Նէտի էլ-Ուրուպա):

1985-ին, Միութեան եւ ՀԵԸ-ի մարզական մասնաճիւղի միացեալ ճիգերով կառուցուած է Էլ-Ուրուպա Մարզաւանը (կը յիշատակուին հալէպահայ ճարտարագէտներ՝ Նուպար Շորվողլեան, Հրայր Մուրատեան եւ Հայկ Բիւզանդեան):

Իսկ 1934-ին հիմնուած սկաուտական շարժումը 1956-ին պետական որոշումով դարձած է սուրիական սկաուտութեան 9-րդ վաշտը: Միութիւնը, գոյութիւնը կը պահէ մինչեւ այսօր. ունի փողերախումբ եւ համարատու է «Գերմանիկ Վասպուրական» Մշակութային Միութեան Գործադիր Մարմնին:

Ակումբը Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ըլլալով, հրթիռարձակումներու թիրախ դարձաւ եւ պայթումներէն իր բաժինը ստացաւ:

 

Արարատ Մարզական Միութիւն

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն (ՀԵԸ)

1 Յուլիս 1931 թուականին հիմնուած է ՀԵԸ-ի Հալէպի մասնաճիւղը, որ ծաւալած է մարզական, սկաուտական, մշակութային եւ ընկերային գործունէութիւններ:

1935-ին հիմնուած է ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումը: 1952 թուականին, պետական որոշումով դարձած է սուրիական սկաուտութեան 22-րդ վաշտը: Միութիւնը կը գործէ մինչեւ այսօր. ունի փողերախումբ եւ կը մասնակցի միջ-շրջանային բանակումներուն:

1953 թուականին, ՀԵԸ-ի մարզական բաժինը դարձած է պաշտօնական միութիւն՝ ծաւալելով լայն գործունէութիւն. տուած է ախոյեան մարզիկներ եւ միշտ մասնակցած է միջ- մասնաճիւղային խաղերուն:

1964-ին օժտուած է սեփական ակումբ-ընտանեկան պարտէզով:

1973-ի պետական որոշումով, ՀՄՄ-ի եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մարզական Միութեան հետ կազմած են Արարատ Մարզական Միութիւնը (Նէտի էլ-Ուրուպա):

1985-ին, Գերմանիկ Վասպուրական Մարզական Միութեան հետ իրագործուած է «Էլ-Ուրուպա» Մարզաւանը:

 

Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւն (կամ ակադեմիա: ABBA)

Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ՍՀՍԳՄ) կամ ABBA-ն (Armenian Black Belts Academy International (A.B.B.A.), հիմնուած է 2001-ին, Հալէպի մէջ: Միութեան հիմնադիր կազմի անդամներն են. Մասթըր Ճորճ Տուրնայեանը, Աւօ Գաթրճեանը, Սեպուհ Տէրեանը եւ Յարութ Իշխանեանը:

ՍՀՍԳՄիութիւնը կը հանդիսանայ Ծայրագոյն Արեւելքի մարտարուեստներէն՝ Քունկ-Ֆու Ուու-Շու, Քունկ-Ֆու Ուինկ-Չուն, Էմ. Էմ. Էյ. եւ այլ մարտարուեստներու առաջին կեդրոնը:

Միութիւնը ունի իր սեփական ակումբը:

ABBA-ի նշանաբանն է «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի»: Նպատակն է մէկտեղել հայ պարման-պարմանուհին, երիտասարդն ու երիտասարդուհին եւ դաստիարակել ու կերտել ՀԱՅ մարդը: Պատրաստել Ծայրագոյն Արեւելքի մարտարուեստով, հայկական պատկանելիութեան գիտակցութեամբ ու Սուրիացի քաղաքացիի ամբողջական պատկանելիութեամբ: Այս բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել միութեան վերելքին համար:

Միութեան հովանիի տակ կը գործեն քարոզչական, դաստիարակչական, տիկնաց, ընկերային, մարզական եւ արխիւային յանձնախումբերը:

ՍՀՍԳՄիութիւնը, տարիներու ընթացքին ունեցած է բաւական բեղուն գործունէութիւն:

Միութիւնը հանգրուանային ձեւով բարձրացած է յաջողութեան աստիճանը, հետզհետէ ծաւալելով նոր մարզական բաժաՆմունքները, որուն հետեւանքով անոր սաները թափնեկիր եղած են տեղական, արաբական աշխարհի, արեւմտեան Ասիոյ եւ միջազգային մրցոյթներուն տարբեր մարզերուն մէջ:

Այս արումով Հալէպէն ընթացք առած ՍՀՍԳՄիութիւնը իր պատուաբեր յաղթանակներով՝ Սուրիոյ Հանրապետութեան տարածքին իր ուրոյն տեղը ունի տեղական ինչպէս նաեւ արաբական բարձրաստիճան շրջանակներուն մօտ:

Տարիներու ընթացքին միութիւնը կազմակերպած է բանակումներ, արշաւներ, սեմինարներ, դասախօսական շարքեր եւ այլ նախաձեռնութիւններ: Տարին անգամ մը պաշտօնական հանդիսութեամբ տեղի ունեցած է վկայականաբաշխում, ուր միութեան մարզիկները ներկայացուցած են զանազան մարզաձեւեր եւ վերջաւորութեան ստացած տարուան համապատասխան վկայականներ եւ գօտիներ:

ՍՀՍԳՄիութեան (ABBA) պաշտօնաթերթն է «ԲՌՈՒՆՑՔ»ը՝ պատկերազարդ, գունաւոր եւ ճոխ բովանդակութեամբ: Պարբերաթերթի խմբագիրն է Սուրիոյ ABBA-ի հիմնադիր կազմի անդամ, միութեան ընդհանուր յարաբերութիւններու խորհրդատու ու դաստիարակչական պատասխանատու Աւօ Գաթրճեանը: Նշենք, որ միութիւնը ունի յատուկ իր քայլերգը (խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի, երաժշտ.՝ Րաֆֆի Ապէճեանի)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles