ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հալէպի մէջ կը գործեն հետեւեալ միութենական վարժարանները.-
Կիլիկեան Ճեմարան (Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւն)
Հիմնուած է 1921 թուականին, որպէս Կիլիկեան Գաղթականց Վարժարան՝ Կիլիկիանի Նպաստից Միութեան կողմէ:
1930 թուականին վերանուանուած է Կիլիկեան Երկսեռ Վարժարան:
Զոյգ նախակրթարանները եւ մանկապարտէզը կը շարունակեն իրինց բարեյաջող ընթացքը:
1960-1961 ուսումնական տարեշրջանի նախօրեակին, Կիլիկեան շրջանակի Խնամակալութիւնը կ’առնէ նախակրթարանները երկսեռ Ճեմարանի մակարդակին բարձրացնելու պատմական որոշումը: Համապատասխան պետական արտօնագրի ձեռք ձգելէն ետք 1960 թուականի հոկտեմբերին, յատուկ հանդիսութեամբ կը կատարուի Կիլիկեան ճեմարանի Ա. դասարանի բացումը:
Իսկ զոյգ նախակրթարանները կը դառնան երկսեռ ու կ’ամփոփուին Աղջկանց բաժնի ընդարձակ շէնքին մէջ: 1962-1963 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին կու տայ միջնակարգ բաժնի առաջին շրջանաւարտները (պրովէ), իսկ 1965-1966 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին՝ երկրորդական բաժնի երկսեռ շրջանաւարտները, օժտուած սուրիական երկրորդական ուսման համապատասխան վկայականով (պաքալորիա):
Ունեցած է շատ հարուստ սարքաւորումներով «Պերճուհի Չէմպերճեան» գիտաշխատանոց-տարրալուծարանը:
1986-ին, Մանկապարտէզի երկսեռ աշակերտներն ալ կը փոխադրուին նոյն թաղին մէջ գտնուող երկրորդ շէնք մը, որ ամերկաբնակ հանգուցեալ տիար Մայք Նազարէթեանի կտակով գնուած ըլլալուն համար կը կոչուի «Մայք Նազարէթեան Տիպար մանկապարտէզ»:
Կիլիկեան Ճեմարանը՝ երկրորդականի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով, տեղադրուած է երեք անջատ շէնքերու մէջ, որ կը գտնուի Հալէպի Ժիտէյտիէ շրջանի «Հարթ ալ-Սիսի» (Սսեցիին թաղը) կոչուող նեղլիկ փողոցին մէջ: Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, դէպի հիւսիս: Նախապէս շրջանը քրիսունէաբնակ եղած է:
Կիլիկեան Ճեմարանի շէնքը միջակ մեծութեամբ արաբական բակ մը ըլլալով ունի սահմանաբակ թիւով սենեակներ, որոնք հազիւ կ’ընդգրկեն Միջնակարգ եւ Երկրորդական բաժիններու վեց դասարանները, վարչական սենեակներով ու գիտաշխատանոցովը:
Կիլիկեան Ճեմարանը կը հովանաւորուի Կիլիկեան Մշակութային Միութեան կողմէ, որ անառարկելի տէրն է Կիլիկեան Կրթ. Հաստատութեան, անոր շարժուն եւ անշարժ բոլոր ստացուածքներուն:
1930-1937 թուականներուն, Կիլիկեան Ուսանողական Միութեան կողմէ հրատարակուած է «Կիլիկեան» շաբաթաթերթը: 1931-1937 թուականերուն լոյս տեսած է «Յոյս» պարբերաթերթը (խմբագիր՝ Երուանդ Պապայեան): 1948-1960 թուականներուն՝ «Հայրենասէր պատանի» պարբերաթերթը (Խմբագիր՝ Ռուբէն Տիրարեան) Կիլիկեան Վարժարաններու (Մանչերու եւ Աղջկանց բաժիներ) աշակերտական հրատարակութիւն է, տարեկան մէկ թիւ: 1965-1975 թուականին՝ «Կայծեր» պարբերաթերթ, սկզբնական շրջանին հայերէն, յետագային կանուանափոխուի եւ կը կոչուի «Sparks» (արաբ.՝ Էլ-Շարար), որ հարազատ թարգմանութիւնն է «Կայծեր» բառին: Պարբերաթերթը կը դառնայ եռալեզու (խմբագիր՝ Գէորգ Աթոգեան): «Sparks»ի առաջին թիւը լոյս տեսած է 1968 թուականին: «Լուսաթեւիկ» պարբերաթերթը Կիլիկեան Ճեմարանի ուսանողութեան հայերէն օրկանը եղած է, լոյս տեսած է Ա. թիւը միայն, 1994-1995 ուսումնական տարեշրջանին:
Միւս կողմէ, Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւնը ունեցած է իր «Պատի օրացոյց»ը, օրաթերթի կամ ամսաթերթի դրութեամբ:
1984 թուականին, Կիլիկեան ճեմարանը իր Պրովէի եւ Պաքալորիայի պետական քնութեանց մէջ ձեռ բերած գերազանց արդիւնքներուն համար Սուրիոյ մասշտապով, արժանացաւ Սուրիոյ Կրթական նախարարութեան գնահատանքին՝ ստանալով պետական բարձր Պատւոյ գիր:
28 Նոյեմբեր 1997 թուականին, հանդիսաւորապէս նշուած է Կիլիկեան Ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակը: Այս առիթով լոյս տեսած է Վարժարանի Յուշամատեանը (գլխաւոր խմբագիր՝ Ռուբէն Տիրարեան):
Կիլիկեան Ճեմարանը ունեցած է զանազան լեզուներէ բաղկացած «Աւետիս Իսահակեան» գրադարանը:
Սուրիոյ պատերազմի պատճառով, Կիլիկեան Ճեմարանի երեք շէնքերն ալ տուժած են բախումներէն, եւ ռմբակոծումներու պատճառով ծանրօրէն վնասուած:
Հետեւաբար, Կիլիկեան վարժարանի երկու բաժիններու՝ նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, կը յաճախեն Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան շէնքը՝ Ազիզիէ թաղամաս: Իսկ Մայք Նազարէթեան Մանկապարտէզը 2012-2013 եւ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանին կը տեղափոխուին նախ Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակությին Միութեան կեդրոնը՝ Սիւլէյմանիէ, ապա՝ Ազգային Մշակութային Միութեան կեդրոնը՝ Վիլլաներ, ուր դասաւանդութիւնները հոն տեղի կ’ունենան:
Մեծ է այն մաղթանքը, որ դպրոցի երեք շէնքերն ալ շուտով վերակառուցուի եւ գտնէ երբեմնի փառքի օրերը:
Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարան
Հիմնուած է 1924-ին, Այնթապի Կրթասիրաց Միութեան կողմէ՝ իբրեւ Այնթապի Կրթասրաց Երկսեռ Նախալրթարան Վարժարան:
1974 թուականին, Վարժարանը օժտուած է արդիական նոր շէնքով, միաժամանակ իրագործուած է Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզը՝ նորակերտ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից:
Վարժարանը՝ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններով կը հովանաւորուի Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան կողմէ,:
1927-1932 թուականին լոյս տեսած է «Լոյս» ամսաթերթը:
Վարժարանը ունեցած է Շրջանաւարտից Միութիւն, 1929-1936 թուականին հրատարակած է «Կեանք» խմորատիպ ամսագիրը: 1933 թուականին Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ, պրն. Գրիգոր Պողարեանի շրջանին հիմնուած է գրադարան: Գրադարանը յետագային կոչուած է «Գրիգոր Պողարեան», որ կը պարունակէ շուրջ 800 գիրք:
1994 թուականին՝ Վարժարանին հիմնադրութեան 65-ամեակին առիթով լոյս տեսած է Յուշամատեանը (պատրաստութիւն՝ Բժիշկ Թորոս Թորանեանի):
10 դեկտեմբեր 1999 թուականին, հանդիսաւորապէս նշուած է Վարժարանի հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Երկսեռ Վարժարան
Կրթական այս օճախը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի սեփականութիւնն է: Կը հովանաւորուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին կողմէ, կը գործէ երկրորդականի եւ մանկապարտէզի բաժիններով՝ տեղադրուած երկու շէնքերու մէջ:
Հիմնուած է 1954-ին, արդեամբ՝ ամերիկաբնակ Լազար Նաճարեանի, մինչեւ 1959 կոչուած է բարերարին անունով, եւ ունեցած է երկսեռ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններ:
1956-1957 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենայ իր Միջնակարգ բաժինը, իսկ 1959-1960 ուսումնական տարեշրջանին` Երկրորդական բաժինը:
1955-ին կը հիմնուի նաեւ Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի գրադարանը: Ունի շուրջ 6000 գիրք՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն: Գրադարանը կը գտնուի Վարժարանէն ներս:
1957-ին կը հաստատուի վարժարանի գիտաշխատանոցը: 1975 թուականին կ’ընդլայնի գիտաշխատանոցը:
20 Դեկտեմբեր 1959 թուականին, հիմնուած է երկրորդականի բաժինը եւ նուիրատու բարերարներուն անունով վերանուանուած է՝ Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարան:
1958-1966 թուականներուն լոյս տեսած է ուսանողական «Բարձունք» պարբերաթերթը:
31 Օգոստոս 2003 թուականին, Միքայէլ Եսայեան մանկապարտէզը տեղադրուածէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նորակառոյց Գ.Կիւլպենկեան կեդրոնէն ներս:
Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանը ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ կրթական յանձնախումբի անմիջական հովանաւորութեան եւ ուշադրութեան կեդրոնն է:
Միութենական վարժարաններու կողքին կը գործեն նաեւ յարանուանութիւններու պատկանող Վարժարաններ, որ կ’անդրադառնանք, յարանուանութիւններու գլխուն տակ:
Արդարեւ, Սուրիոյ ապրած իրավիճակին առընթեր Հալէպի հայկական բոլոր վարժարանները իրենց անձնակազմով եւ հոգաբարձութեան օժանդակութեամբ, նոյնպէս կանոնաւոր ձեւով կը շարունակեն օրական գոյապայքարը հայեցի կրթութիւն ապահովելու հալէպահայ աշակերտին:
Պէտք է ըսել, որ բոլոր վարժարանէն ներս սկիզբէն ի վեր անխտիր կը կազմակերպուին աշակերտական ձեռնարկներ, տօնակատարութիւններ, ասմունքի, շարադրութեան, ուղղագրութեան, ընդհանուր զարգացման մրցումներ, հիւրերու ընդունելութիւն, միջ-դպրոցական ձեռնարկներու եւ մրցոյթներու մասնակցութիւն եւ այլն: Իսկ Ազգային տօներէն՝ Սրբոց Թարգմանչացը, Վարդանանցը, Մեծ եղեռնը, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը:
Վարժարանէն ներս կը նշուին նաեւ աւանդական տօները, ինչպէս՝ Կաղանդը, Սուրբ Ծնունդը, Բարեկենդանը, Մայրերու օրը եւ Յարութեան տօնը: Միւս կողմէ Վարժարաններու՝ մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական բաժիններու վերջին կարգերը ուսումնական շրջանին տարեվերջը հանդէսներ կը կազմակերպէն եւ այդ հանդիսի միջոցաւ աշակերտութեան կը կատարուի վկայականաբաշխում:
Հալէպահայ ազգային կեանքը կազմակերպած են Ռուբինեան միութիւնը (1846), Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը (1880), Դպրոցասէր տիկնանց միութիւնը (1898), ինչպէս նաեւ 1920ական թուականներէն գործած մեծ թիւով բարեգործական, մշակութային, հայրենակցական, մարմնամարզական եւ այլ միութիւններ, որոնց շարքին են ստորեւ տրուած միութիւնները.-
– Եկեղեցասէր Մշակութային Միութիւն, հիմնուած է 1920 թուականին:
– Հայ Երիտասարդաց Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1920 թուականին:
– Ուսումնասիրաց Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1922 թուականին:
– Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութիւն, հիմնուած՝ 1924 թուականին:
– Լիկա-Չափահաս Որբերու Ընկերութիւն, հիմնուած՝ 1924 թուականին:
– Հնչակեան Ուսանողական Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Քրիստափոր Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Համախարբերդցիական Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Արաբկերցիներու Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Տիգրանակերտցիներու Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Անջրդեցիներու-Չմշկածակցիներու Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Տէօրթ Եօլի Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1925 թուականին:
– Եփրատ Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1930 թուականին:
– Հալէպի Գրական Շրջանակ, 1930ական թուականներուն հիմնուած:
– «Արեգ» Մշակութային Միութիւն, հիմնուած՝ 1932 թուականին:
– Փրոֆ. Գաբրիէլ Միքայէլեանի Պատմագիտ. Միութիւն, հիմնուած՝ 1933 թուականին:
– ՀՕԿ-ի երիտասարդական «Զուարթ» Շրջանակ, հիմնուած՝ 1934 թուականին:
– Սովետական Հայաստանի Հետ Մշակութային Կապի Ընկերացութիւն, հիմնուած՝ 1946 թուականին:
– Սովետական Հայաստանի Բարեկամներու Միութիւն, հիմնուած՝ 1948 թուականին:
– Քիլիսցիներու Սարգիս Տխրունի Միութիւն, հիմնուած՝ 1968 թուականին:
Վերոնշեալ միութիւնները ընդհանրապէս դադրած են գործելէ:
Միւս կողմէ, յաջորդաբար կը ներկայացնենք Հալէպի մէջ գործող միութիւնները՝ անոնք պաշտօնապէս արտօնուած են գործել եւ արձանագրուած են Սուրիոյ Ընկերային Ծարայութեան եւ աշխատանքի նախարարութեան մէջ, ունին իրենց ներքին կանոնադրութիւնը եւ կը հետեւին տուեալ նախարարութեան հաստատած կարգին:
Իսկ Մարազական ակումբները ենթակայ են Սուրիոյ մարզական դաշնակցութեան (ֆետերասիոն):
1920-ական թուականներուն սկիզբը Կիլիկիոյ եւ Հայկական Միջագետքի հայութեան իր պապենական հողերէն վերջնական պարպումէն ետք, այդ շրջաններու հայերը հաստատուեցան գլխաւորաբար Սուրիոյ մէջ: Տարագրութեան այս դառն ճակատագիրէն խոյս տուող հայերը, որոնք հազիւ հաստատուեցան Սուրիոյ մէջ, անմիջապէս սկսան մտածել ինքնակազմակերպման եւ դիւցազնական իրենց ծննդավայրերու ժառանգութիւնը պահպանելու մասին:
Արդարեւ, Հալէպի մէջ գոյութիւն ունեցած են հայրենակցական միութիւններ: Այս միութիւնները կը ծաւալեն բարեսիրական աշխատանքներ՝ սկզբնական շրջանին նպատակը եղած է օգնելու միայն կարիքաւոր հայրենակիցներուն եւ հեռու հայկական կուսակցական այս կամ այն կողմին ենթարկուելէ, աւելի ուշ սակայն ներգրաւուած են:
Հայրենակցական միութիւններու գործունէութիւնները յար եւ նման է գրեթէ: Ժամանակի ընթացքին, յատկապէս վերջին շրջանին սկսած են կազմակերպել հասութաբեր ձեռնարկներ՝ պարահանդէսներ, նախաճաշներ, պտոյտներ, վիճակահանութիւններ եւ այլն: Տասնեակ տարիներէ ի վեր անոնք կը շարունակեն իրենց կրթանպաստ, աղքատախնամ եւ այլ հայրենասիրական գործունէութիւնը: Ամանորի առիթով կը հրապարակեն պատի օրացոյցներ: Այս բոլորը կը կազմակերպուի, որպէսզի ամէն մէկ միութիւն իր կարգին, առաջին հերթին իր հայրենակիցի զանազան կարիքները օժանդակէ: Անոնք միեւնոյն ժամանակ իրենց ծրագրին մէջ է ներառած են օժանդակել Հայ Ծերանոցին, Ազգ. Պատսպարանին եւ այլ հաստատութիւններուն:
Կարգ մը հայրենակցական միութիւններ ժամանակի ընթացքին զանազան պատճառներուվ դադրած են գործելէ, օրինակ՝ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւնը, որ հիմնուած էր 1993 թուականին, այսօր ան արդէն դադրած է:
Այսօրուան դրուածքով հայրենակցական միութիւնները կը վայելեն Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հալէպի մէջ գործող, միութենական աշխատանք տանող թիւով տասը հայրենակցական միութիւնները, ընդհանուր տեղեկութիւններով: Անոնց շարքին յիշատակած ենք նաեւ Հալէպի Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւնն ալ, թէեւ միւս հայրենակցական միութիւններուն ճակատագրէն մեկնած չէ հիմնուած:
1.- Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութիւն
Հիմնուած 1918 թուականին եւ 1922 թուականին, Հալէպի մէջ ունեցած է սեփական որբանոց: Միութեան նպատակն է օժանդակել իր չքաւոր եւ կարօտեալ ընտանիքներուն ամէն բնագաւառներուն մէջ ըստ հնարաւորին: Միութեան բարձր մարմինը Վարչութիւնն է: Վարչութեան հովանիի տակ կը գործէ Ընկերային յանձնախումբը:
Յիշարժան է միութեան «Տիգրիս» հանրային գրադարանը, հիմնուած 1929 թուականին: Ունի սեփական կեդրոնատեղի: Նախ Սիւլէյմանիէ փողոցի հանդիպակած թաղերէն մէկուն մէջ յարկաբաժին էր: Ապա՝ Միութիւնը Նոր Գիւղի մէջ մեծ հողատարածքի մը վրայ շէնք բարձրացուց եւ իր կեդրոնատեղին, «Տիգրիս» գրադարանով հոն փոխադրեց: Նոր Գիւղ շրջանին մէջ ունի երկու կալուած, մէկը կառուցուած է շէնք «Շուշի» անունով, իսկ երկրորդը կը մնայ իբրեւ հողատարածք:
1946 թուականին, միութիւնը հալէպի մէջ լոյս ընծայած է «Տիգրիս» հանդէսը:
Ամէն տարի կը կազմակերպուի աւանդական պարահանդէս, պարահանդէսին նշանաւոր է Տիգրանակերտի աւանդական ճաշը՝ Ղաւուրմայի մատուցումը: Վերջին պարահանդէսը տեղի ունեցած է 2011 թուականին:
Տիգրանակերտի հայր. միութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ: Ամէն տարի կը հրապարակուի միութեան Ամանորի օրացոյցը, վերջինը 2012 թուականին հրապարակուած է, որմէ ետք պատերազմի պատճառով կանգ առած է:
Հալէպի պատերազմական վիճակը պարտադրեց, որ միութեան աշխատելաձեւը փոքր փոփոխութիւն կրէ: Նախ պէտք է ըսել, որ միութեան կեդրոնատեղին մեծ վնասներ կրեց: Ապա, միութիւնը իր հայրենակիցներուն ցուցաբերած ընթացիկ օժանդակութիւններուն կողքին սկսաւ տարբեր տեսակի նպաստներ յանձնել, նիւթական, սննդեղէնի կողովներ եւ այլնալ տալ:
2013-2014 ուսումնական տարեշրջանին, միութիւնը յանձն առաւ Ազգ. Վարժարաններ (մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական) յաճախող կարօտեալ հայրենակիցներու ուսումնական արձանագրութեան կրթաթոշակը հոգալ: Իսկ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանին հայրենակիցներու կրթաթոշակը հոգալու փոխարէն, որոշեց վերոնշեալ վարժարաններու բոլոր աշակերտութեան նուէր յանձնել:
2.- Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն
Հիմնուած է 15 Յունուար 1921 թուականին: Վերակազմուած է 1934 թուականին:
1926-ին հիմնուած է թատերախումբ եւ ֆութպոլի խումբ մը, անոնք մկրտուած են «Գերմանիկ Վասպուրական» անունով:
1934-ին միութիւնը իր անունին առաջ կը կրէ «վերաշինաց» բառը եւ հիմնական զբաղումը կ’ըլլայ կարօտեալ ուսանողներուն օժանդակութեան հարցը:
1948-էն սկսեալ միութեան անունը կը կոչուի Մարաշի Հայրենակցական միութիւն եւ ունեցաւ թաղային յանձնախումբեր ինչպէս Պոսթան փաշա, Աճուրլուք, Շէյխ Մաքսուտ, Նոր Գիւղ Ա. եւ Բ. շրջաններով, Գերմանիկ եւ շուտով միութեան անդամագրուողներուն թիւը կը հասնի 800-ի:
1950ական թուականներու սկիզբը միութիւնը ունեցած է ներկայիս Նոր Գիւղ գտնուող կեդրոնը, որ վերակառուցուած եւ բացումը կատարուած է 1997 թուականի նոյեմբեր 2-ին: Գերմանիկեան Տունի նախագիծը կը պատկանի հալէպահայ ճարտարագէտ Յակոբ Փիլաւճեանի, իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Յարութիւն Քէշիշեանի:
Սոյն շէնքին առաջին յարկաբաժինէն ներս կը գործէ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային միութիւնը, հոն կը գտնուին միութեան ազգագրական թանգարանը, իսկ հինգերորդ յարկաբաժինին մէջ կը գործէ «Անտոնեան» մշակութային սրահը, տանիքը՝ «Մալաքեան» ընտանեկան պարտէզը: Պէտք է նշել, որ մնացեալ յարկերու վրայ կը գտնուին գրասենեակներ, իսկ շէնքի գետնայարկը երկու կողմէն՝ խանութներ, որ շահարկման իբրեւ աղբիւր վարձքի տրուած է:
Միութիւնը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է հրատարակչական բազմաթիւ գործունէութիւն: Հրատարակուած են պարբերագիրքեր, գիրքեր, գրքոյկներ եւ այլն:
– «Նոր Մարաշ» պարբերագիրքը հրատարակուած է 1946-1961 թուականներուն, խմբագիր՝ Նուպար Փարթամեան:
– 1976 թուականին, լոյս տեսած է Միութեան Ոսկեմատեանը (խմբագիր՝ Տիգրան Կիւլիւզեան), որուն որպէս լրացուցիչ՝ 1982 թուականին լոյս տեսած է Յուշամատեանը (խմբագիր՝ Տիգրան Կիւլիւզեան): Հոն, ամփոփուած է միութեան եւ Գ. Վասպուրական մարզական միութեան պատմութիւնը:
– 2008 թուականէն վերստին լոյս կը տեսնէ «Նոր Մարաշ» պարբերագիրքը:
– 2010 թուականին Հրազդան Թոքմաճեանի խմբագրութեամբ հրատարակուած է «Մարաշի ասեղնագործութիւն» գիրքը, որ յաւերժացած է Մարաշի ասեղնագործութեան ձեռարուեստի պատմութիւնը:
2012 թուականին Հալէպի մէջ սկիզբ առած պատերազմի հետեւանքով միութեան կեդրոնը կրեց շատ մեծ վնասներ, աւերի եւ քանդումի ենթարկուեցաւ:
Այժմ վերակառուցման աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:
Կ’արժէ նշել, որ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը կը հադիսանայ Հալէպի Գերմանիկեան Տան Գերագոյն Մարմինը:
3.- Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւն
1918 թուականին Հալէպի մէջ բնակութիւն հաստատած ուրֆացիները իրենց հայրենակիցներուն կարիքներուն հասնելու ու յատկապէս անոց համախմբելու նպատակով կը հիմնեն հայրենակցական միութիւն մը, որ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ 1921 թուական: Միութիւնը կարճ դադարէ մը ետք 1923 թուականին վերակազմուած է եւ գործած մինչեւ 1933 թուական, ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:
1935 թուականին Միութիւնը դադրած է գործելէ:
1936 թուականին հիմնուած է Ուրֆայի Տիկնանց միութիւնը:
Պարբերաբար դադրած է աշխատանքէ եւ վերակազմուած՝ 1970 թուականին եւ Ուրֆայի Հայ Երիտասարդաց Միութիւն անունով վերանուանուած է 1971 թուականին: Վերոնշեալ երկու միութիւններու ծառայողական օգտաշատ գործունէութիւնը շարունակուած է մինչեւ իրենց միացումը:
Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով 2011 թուականէն մինչեւ 2015 թուական Ուրֆայի Տիկնանց Միութիւնն եւ ընկերային միութեան գործունէութիւնը չէ դադրած, անոնք կարելիութեան սահմանին մէջ շարունակած են ամէն տեսակի նպաստի մատուցում իրենց հայրենակիցներուն:
2016 թուականին Սուրիոյ պատերազմին եւ հայրենակիցներու գաղթի հետեւանքով Ուրֆայի Տիկնանց եւ Ուրֆայի Հայ Երիտասարդաց վարչութիւնները միանալով կը կազմեն Ուրֆայի Հայրենակցական միութիւնը:
Միութիւնը ունեցած է բաւական լուրջ նախաձեռնութուններ, կազմակերպած է ճաշկերոյթներ, ընթրիքներ, հրատարակած տարեկան պատի օրացոյցներ, այս բոլորը բնականաբար նիւթական ապահովելով օգտակար դառցած է կարօտեալ հայրենակիցներուն ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսանողներուն: Պատերազմի ընթացքին նոր տարուան առթիւ նուէրներ բաշխած է Ազգ. Միացեալ մանկապարտէզի եւ Միացեալ նախակրթարանի աշակերտներուն:
Տեշին է նշել, որ Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը ունի իր սեփական կեդրոնը, որ կը գտնուի Նոր Գիւղի շրջանի ազգապատկան «Կիլիկիա» շէնքին մէջ:
Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը իր ստեղծման առաջին տարիներէն ի վեր ունեցած է հայրենակցական գործունէութիւն, օգնելով իր կարիքաւոր հայրենակիցներու կրթաթոշակին, որբերուն, այրիներուն եւ այլ կարգի օժանդակութիւն տուած է անոնց, մէկ խօսքով բարոյական ու ծառայողական առաքինի աշխատանք:
4.- Զէյթունի Հայրենակցական Միութիւն
Հիմնուած է 1921 թուականին Հալէպ:
1946-1948 թուականերուն մաս մը զէյթունցիներ գաղթեցին Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատեցին Երեւանի մէջ հոն հիմնելով Նոր Զէյթուն աւանը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Միութիւնը վերակազմաւորուած է եւ յառաջացած է Օրիորդաց եւ Տիկնանց յանձնախումբեր:
Ունեցած է ֆութպոլի խումբ եւ կատարած թատերական գործունէութիւն:
1955 թուականին ժողովրդային տան տարածքի մէկ մասը վերածուած է սրահի, որ կոչուած է Զէյթունցիներու ակումբ, մշակութային եւ ժողովրդային հեռանկարով:
Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան նիւթական հսկայ ներդրումով 2003 թուականին կը կառուցուի Զէյթուն շէնքը, ուր բնակութիւն հաստատած են հայ ընտանիքներ: Նոյն շէնքին մէջ Միութիւնը ունեցած է իր կեդրոնատեղին օժտուած նաեւ գեղեցիկ «Իշխանաց» սրահով:
Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս միութեան նախաձեռնութեամբ իրագործուած է Զէյթուն աշխարհի եւ նահատակներու նուիրուած յուշարձան-որմնաքանդակը:
Զէյթունի Հայրենակցական Միութիւնը անսակարկ աշխատանքով եւ յարատեւօրէն օժանդակած է հալէպահայ հայրենակիցներուն:
Նոյնպէս սատառ կը հանդիսանայ Ազգային, մշակութային եւ բարոյական հաստատութիւններուն, ինչպէս՝ Հայ Ծերանոց, Ազգ. Պատսպարան եւ այլն:
Ըստ հայրենակցական միութեան տուեալներուն Սուրիոյ պատերազմի նախօրէին Հալէպի մէջ Զէյթունի հայրենակիցներուն թիւը կը կազմէր 165 ընտանիք: Սակայն ներկայ տուեալներով անոնց թիւը կը հաշուէ 65 ընտանիք:
Միութիւնը տագնապի տարիներուն նիւթական եւ սննդակողովներով օժանդակած է իր հայրենակիցներուն: Միւս կողմէ, դպրոցական սաներ պահած է, ինչպէս նաեւ 1929 թուականէն աւանդութիւն եղած Զէյթունի պատի օրացոյցի հրատարակութիւնն ու բոլոր հայրենակիցներուն անվճար բաշխումը:
Սուրիոյ պատերազմին Միութեան կեդրոնատեղին եւ յուշարձան-որմնաքանդակը ենթարկուեցան հրթիռակոծումներու եւ կրեցին մեծ վնասներ: Այսօրուան տուեալներով կը ծրագրուի շէնքի վերանորոգութիւնը:
5.- Բալուի Հայրենակցական Միութիւն
Հիմնուած է 1923-ին: Միութիւնը սկզբնական շրջանին տէր կը կանգնի բալուցի գաղթականներու կարիքներուն: Երկար տարիներու աշխատանքէ ետք կը դադրի միութեան գործունէութիւնը: 1986 թուականին կը վերակազմուի Բալուի հայրենակցական միութիւնը երէց բալուցիներու նախաձեռնութեամբ:
Միութիւնը կը գլխաւորէ վարչական կազմը, անոր հովանիին տակ կը գործեն օժանդակող երիտասարդաց եւ Տիկնանց յանձնախումբերը:
Միութեան գործունէութեան նպատակն է նիւթական օժանդակութիւն ընել իր բալուցի ուսանողներուն եւ չքաւոր ընտանիքներուն: Կը կազմակերպէ տարեկան աւանդական պարահանդէս: Ամէն տարի կը հրապարակէ միութեան Ամանորի պատի օրացոյցը, ինչպէս նաեւ տարին օր մը ճաշ կը պատրաստէ եւ կը մատուցէ Հայ Ծերանոցէն ներս ըստ պատշաճի: Միութիւնը ունեցած է պարախումբ եւ թատերախումբ: Բալուն ծանօթացնելու նպատակով կազմակերպած է ձեռնարկներ:
Բալուի հայրենակցական միութիւնը նիւթապէս օժանդակած է Սպիտակ քաղաքի երկրաշարժի աղետեալներուն: Իսկ 10 դեկտեմբեր 1989 թուականին, միութեան նախաձեռնութեամբ, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կանգնած է Հայաստանի աղէտաբեր երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշակոթող-աղբիւրը:
Միութիւնը Սուրիոյ տագնապի օրերուն իր կարելիութեան սահմաններու մէջ օժանդակած է տարեց հայրենակիցներու, իսկ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ալ նաեւ բալուցի բոլոր ընտանիքներուն:
Յայտնենք, թէ Միութեան համար աւանդութիւն դարձած կարգ մը ձեռնարկներ Սուրիոյ տագնապի պատճառով առ այժմ կանգ առած է:
6.- Քիլիսի Հայրենակցական Միութիւն
Հիմնուած է 1926 թուականին: Հիմնադրութեան օրերուն միութիւնը տէր կանգնած է քիլիսցի գաղթականներու կարիքներուն:
Միութեան գլուխը Վարչութիւնն է, անոր հովանիին տակ կը գործէ Տիկնանցը:
Միութիւնը ըստ հնարաւորին ամէն տարի կը կազմակերպէ աւանդական պարահանդէս: Եղած է, որ կազմակերպած է Տօհմիկ օր:
Ամէն տարի Ամանորի առթիւ կը հրապարակէ միութեան պատի օրացոյցը: Նիւթապէս կ’օժանդակէ հայրենակիցներու ուսանող զաւակներուն եւ կարիքաւորներուն:
Միութեան Հալէպի եւ Պէյրութի մասնաճիւղերու միացեալ ճիգերով 1969 թուականին լոյս տեսած է «Քիլիսի Հայոց յուշամատեան»ը (խմբագիրներ՝ Խորէն քահանայ Ներսէսեան եւ իրաւաբան Համբարձում Պէրպէրեան):
Սիւլէյմանիէ փողոցի հանդիպակած թաղերէն մէկուն մէջ ունի սեփական կալուած մը, որ ազգապատկան «Պալեան» շէնքն է հինգ յարկաբաժիններով եւ խանութներով:
Շէնքին առաջին յարկը միութեան կեդրոնատեղին է: Իսկ բնակարաններն ու խանութները վարձքի տրուած է, իբրեւ շահութաբեր աղբիւր:
1995-ին միութիւնը բաժնուած է երկուքի՝ Քիլիսի Հայ Երիտասարդաց Միութիւն եւ Քիլիսի Հայրենակցական Միութիւն:
Երկուքն ալ ունին մէկ նպատակ. պահել յիշատակը հայրենի երբեմնի Քիլիս քաղաքին եւ օժանդակել քիլիսցի կարիքաւորներուն:
Քիլիսի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն յար եւ նման միւս հայրենակցական միութիւններուն մնաց անդամալուծ վիճակի մէջ: Սակայն անոր կեդրոնը շատ անգամ օգտուեցաւ զանազան միութիւններու նախաձեռնութիւններուն:
7.- Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Կը նկատուի 1937-1938 տարիներուն հիմնուած Տարօնի Հայրենակցական Միութեան շարունակութիւնը, վերակազմուած է 1948 թուականին: Միութիւնը 1920-ական թուականներէն սկսեալ Հալէպի ու Գամիշլիի մէջ գործող Սասունի, Խանուսի… եւ այլ Հայրենակցական Միութիւններու միաւորումն է:
Պատմական կարեւորութեան համար նախ պէտք է ըսել, որ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան գաղափարը եւ հիմնադրութիւնը եղած է 1917 թուականին, Միացեալ Նահանգներու Իլինոյ նահանգի Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ: Սկզբունքով ան իր հովանիին տակ կ’առնէ սփիւռքի տարածքին ցրուած այն բոլոր հայերը, որոնց արմատները կու գան Սասունէն, Մուշէն, Բաղէշէն, Խնուսէն, Մանազկերտէն, Ախլաթէն ու Սղերդէն ու կը բնակին Միացեալ նահանգներու մէջ: Յետագային՝ 1937-1938 թուականներուն կազմաւորուելով կ’ունենայ Կեդրոնական Վարչութիւն եւ գաղթավայրի զանազան երկիրներու մէջ գտնուող մնացեալ միութիւններն ալ իրեն կապուած մասնաճիւղեր:
Հետեւաբար, Հալէպի մէջ գործող Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութիւնը սկզբնական շրջանին իբրեւ մասնաճիւղ կապուած կ’ըլլայ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող Կեդրոնական Վարչութեան:
Միութեան նպատակը եղած է Հալէպի մէջ գտնուող Տարօն-Տուրուբերանցիները (Մուշ իր գիւղերով, Սասուն, Պուլանուխներ, Վարդօ, Խնուս, Կենճ, Կոյնուկ, Ճապաղջուր, Ախլաթ եւ Մալազկերտ) համախմբել: Նիւթական եւ բարոյական ուժերը համախմբել եւ զանոնք գործի դնել հետեւեալ հիմնական նպատակներու իրագործման. զարկ տալ Տարօն-Տուրուբերանցիներու կրթական, մշակութային եւ տնտեսական վերելքին: Ապա օգնել կարիքաւոր Տարօն-Տուրուբերանցիներուն:
«Տարօնի Արծիւ» պարբերականը վերջին մէկ թիւը տպուած է Հալէպ, 1952-թուականին, Մկրտիչ Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ, հոն տեղ տրուած է պատմական եւ ազգագրական նիւթերու:
Հալէպի մէջ 1948 թուականին հրատարակուեցաւ «Սասուն», իսկ 1949 թուականին «Տարօն» տարեգիրքեր (մէկական թիւեր):
1951-1963 թուականներուն, Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայր. Միութեան հովանաւորութեամբ գործած է «Տարօնի Արծիւ» մարզական միութիւնը, իսկ 1949 թուականին Հալէպի մէջ լոյս տեսած է «Տարօն տարեգիրք»ը:
Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայր. Միութեան հովանիին տակ կը գործէ Հալէպի Տարօն-Տուրուբերանի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը, որուն կանոնագրէն կը հաստատենք, թէ հիմնուած է 1934 թուականին: Երիտասարդական Միութեան կրնան անդամակցիլ 18-45 տարեկան բոլոր Տարօն-Տուրուբերանցիները: Միութեան նպատակը եղած է.- ա) «Մէկտեղ հաւաքել Մամիկոնեանց տան երիտասարդութիւնը»: բ) «Զօրացնել անոնց Ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը»: գ) «Ամրապնդել եւ տեւական դարձնել եղբայրական կապը անոնց մէջ»: դ) «Բարձրացնել անոնց Ազգային բարոյական մտաւոր եւ ֆիզիքական արժէքները»:
6 Հոկտեմբեր 1996-ին, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս միութեան նախաձեռնութեամբ իրագործուած է Տարօն-Տուրուբերան աշխարհի եւ նահատակներու նուիրուած յուշարձան-որմնաքանդակը:
Միութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպէ աւանդական պարահանդէս, դասախօսութիւններ, զանազան ձեռնարկներ եւ այլն: Ամէն տարի կը հրապարակուի միութեան Ամանորի պատի օրացոյցը, որ բծախնդիր եւ ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է: Գեղատիպ ու բազմաէջ օրացոյցի խմբագիրը Տարօն-Տուրուբերան Հայր. Միութեան հայրենակիցներէն Լեւոն Շառոյեանն է, որ այս ծանր աշխատանքը ստանձնած է 2003 թուականէն ի վեր որդեգրելով յստակ ու նպատակային ուղեգիծ մը: Պատի օրացոյց հրատարակելու տասնամեակներու բարի աւանդութիւնը պատերազմի տարիներուն նույնիսկ չխախտեցաւ:
Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայր. Միութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Նոր Գիւղի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան շէնքին մէջ: Ունեցած է հարուստ գրադարան մը: Յայտնենք, թէ կեդրոնատեղին ըլլալով պատերազմական բուռն բախումբերու գիծի վրայ հետեւաբար շատ մեծ վնասներ կրած էր:
2012 թուականին Հալէպի պատերազմի պատճառով միութեան կարգ մը աշխատանքները կանգ կ’առնէն, անոնց կը փոխարինէ կարօտեալ հայրենակիցներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումի աշխատանքը:
8.- Կարմուճի Հայրենակցական Միութիւն
Կը նկատուի 1934 թուականին Հալէպի մէջ հիմնուած Կարմուճի Աղքատախնամ Միութեան շարունակութիւնը:
Նկատի առած Կարմուճի եւ Ուրֆայի աշխարհագրական վայրերու մօտ ըլլալը, եւ այդտեղեն ալ այդ շրջանի հայ բնակչութեան սերտ յարաբերութիւններու շարունակութիւն բնօրրաններէն դուրս, հետեւաբար Հալէպի մէջ երկու շրջաններու հայրենակիցներու ջանքերով 1936 թուականին կը կազմուի Ուրֆա-Կարմուճ Տիկնանց խառն միութիւնը, սակայն քանի մը տարի ետք կը բաժնուին:
Արդարեւ, Կարմուճի Հայրենակցական Միութիւնը կը վերակազմուի 1946 թուականին, որուն նպատակն էր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն ապահովել կարիքաւոր հայրենակիցներուն:
Կարմուճի Տիկնանց իրերայաջորդ վարչութիւններ կը հետապնդեն նոյն նպատակը՝ կարօտեալ հայրենակիցներու ուսանող զաւակներուն կրթաթօշակ ապահովել, կարիքաւոր հիւանդներուն նիւթական օժանդակութիւն կատարել, Հայ Ծերանոցէն ներս օր մը ճաշ պատրաստել եւ մատուցել, Ազգ. Պատսպարանի սաներուն պտոյտ նախաձեռնել:
Միւս կողմէ, միութիւնը իր մասնակցութիւնը բերած է Տէր Զօրի եւ Թել Ապատի հայ առաքելական եկեղեցիներու կառուցման, ինչպէս նաեւ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նստարաններու կահաւորման եւ 1988-ին Հայաստանի երկրաշարժի աղետեալներու հանգանակութեան:
Միութիւնը, Զէյթունի Հայրենակցական միութեան ազգապատկան Զէյթուն շէնքին մէջ ունի իր կեդրոնը:
Միութիւնը իր նիւթական մուտքը կ’ապահովէ կրօնական եւ ազգային տօներու ընթացքին կազմակերպած հասութաբեր ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ պտոյտներէ եւ ուխտագնացութիւններէ:
Վարչութիւնը իր կողքին ունի երիտասարդ ուժերէ կազմուած ընկերային յանձնախումբ մը, որ իր յատուկ ներդրումով օժանդակութիւն կը բերէ վարչութեան: Այս յանձնախումբը յար եւ նման վարչութեան կը կազմակերպէ հասութաբեր ձեռնարկներ ապահովելով նիւթական մուտք:
2011 թուականին Հալէպի ահաւոր պատերազմին միութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը, թէեւ շատ դժուար պայմաններու մէջ, սակայն կրցած է նոյն նպատակը իրականացնել, այս ժամանակահատուածին մէջ միութիւնը ուտեստեղենով հիւրասիրած է հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը ստանցնած հայկական կեդրոններու տղոց:
Տեղին է նշել, որ միութեան կեդրոնը, որ կը գտնուի հայաբնակ Նուր Գիւղ շրջանին մէջ, պատերազմի ընթացքին դժբախտաբար մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ:
9.- Պէրէճիքի Հայրենակցական Միութիւն
Կը նկատուի Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքին մէջ 1931 թուականին հիմնուած Պէրէճիքի Երիտասարդաց Միութեան շարունակութիւնը, որ 1934 թուականին վերանուանուած է Պէրէճիքի Հայրենակցական Միութիւն: 1993-ին վերակազմուած է եւ կը գործէ Հալէպի մէջ:
Միութիւնը իր ստեղծման առաջին տարիներէն ի վեր ունեցած է հայրենակցական գործունէութիւն, օգնելով իր կարիքաւոր հայրենակիցներու կրթաթոշակին եւ այլ կարգի օժանդակութիւն տուած է անոնց:
Միութիւնը վերոնշեալ օժանդակութիւններուն համար նախաձեռնած է շատ մը հասութաբեր ձեռնարկներ, ինչպէս՝ պարահանդէսներ, զանազան տօներու առիթով ճաշկերոյթներ, նախաճաշներ, պտոյտներ վիճակահանութիւններ եւ այլն:
Միութիւնը կը պահէ իր ներկայութիւնը համայնքին մէջ, կարելիութեան սահմանին մէջ օգտակար ըլլալով իր հայրենակիցներուն:
Միութիւնը ունի սեփական կեդրոն մը, որ կը գտնուի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան մէկ կալուածաշէնքին մէջ:
10.- Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւն
Հալէպ հաստատուած խումբ մը եագուպիէցի հայ երիտասարդներ մտահոգ ծննդավայրի վիճակով ու յատկապէս հայապաշտ ազգասիրութեամբ, եւ որպէսզի պահպանեն ազգային ինքնութիւնը եւ զայն փոխանձեն յաջորդ սերունդներուն, առ այդ Հալէպի մէջ հիմը դրին Եագուպիէի հայրենակցական միութեան:
Միութեան նպատակը եղած է. ա) Եագուպիէ եւ անկէ դուրս ապրող եագուպիէցիները համախմբել եւ մօտէն ծանօթանալ անոնց նիւթական եւ բարոյական պայմաններուն եւ ըստ կարելիին աջակցիլ անոնց դժուարութիւնները հարթելու համար: բ) Ազգապահպանման երկու սիւները՝ դպրոցն ու եկեղեցին պահել պահպանել: Միութեան տնտեսական եւ բարոյական հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ:
Միութիւնը տարեկան երկու պարանցիկ ճաշկերոյթներ կ’իրականացնէ, մէկը Հալէպի ճաշասրահներէն մէկուն մէջ, իսկ միւսը Եագուպիէի: Ասոր կողքին նաեւ այլ առիթներուն նաեւ տեղի կ’ունենան զանազան ձեռնարկներ:
Միութիւնը նաեւ նիւթական ներդրումը ունեցած է Եագուպիէի Ազգ. Վերածնունդ վարժարանին: Ինչպէս նաեւ Եագուպիէի թաղականութեան հետ խորհրդակցաբար իրականացուցած է շատ մը ծրագիրներ, ինչպէս՝ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 1974-ին կառուցած է շքեղ սրահ մը, Ս. Աննայի Ելեկտրածինի մը ապահովումը եւ ուրիշ շատ մը նախաձեռնութիւններ:
Միութեան ջանքերով 1976-ին հրատարակուած է Հայկազ Պետրոսեանի «Հունձք եւ յոյս» բանաստեղծական գործը:
Բերիոյ Թեմի տարածքին ազգային-մշակութային կեանքը կը կազմակերպեն մշակութային միութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը դրսեւորեն թատերական, գրական, երաժշտական, նկարչական, ազգագրական, պարարուեստի եւ ընկերային գործունէութիւններ, յոբելենական հանդիսութիւններ ու հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու եւ հայ-արաբ բարեկամութեան ամրապնդման աշխատանքներ: Միութիւնները ունին կեդրոնատեղի-ակումբներ, որոնք օժտուած են գրադարաններով, ընթերցարաններով եւ սրահներով, եւ յաճախ վարչութիւններու կ’օժանդակեն Տիկնանց յանձնախումբեր: Անմիջապէս պէտք է ընդգծել Կանանց յանձնախումբերու կամ Միութիւններու գոյութիւնն ու գործունէութիւնը, որ հայ երեք յարանուանութիւններու հովանիին տակ գործող եկեղեցիներէն սկսեալ, մինչեւ ամէն տեսակի միութիւններն ու նոյնիսկ վարժարանները ունին իրենց Տիկնանց յանձնախումբերը, կամ ինչպէս իրենք երբեմն կ’ուզեն անուանել միութիւնները: Անշուշտ Ս.Օ.Խաչի պարագան իւրայատուկ է իբրեւ իգական սեռի պատկանող եւ անկախ գործող մեծ կազմակերպութիւն: Իսկ վերը նշուած կանանց յանձնախումբերը իրենց միութիւններուն կամ եկեղեցիներուն հովանիին տակ գործող յանձնախումբեր են, որ այլ յանձնախումբերու կողքին կը գործեն:
Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն (Կ.Մ.Մ.)
1924-ին, Հալէպի մէջ, հիմնուած է Կրթասիրաց Միութիւնը, որ հովանաւորած է նոյն տարին հիմնուած համանուն վարժարանը՝ այնթապցի հայրենակիցներու կողմէ:
Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը նախանձախնդիր ըլլալով հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման եւ նոր սերունդներուն հայկական եւ տարբեր մշակոյթներու ծաւալած է լուրջ աշխատանք: Սկզբնական շրջաններուն ունեցած է թատերական գործունէութիւն: 1929-1936 տարիներուն, լոյս տեսած է Միութեան պաշտօնաթերթը՝ «Կեանք» խմորատիպ ամսագիրը: 1935-1950 թուականներուն զարկ տուած է վարժարանէն ներս ծաւալած մարզական կեանքին:
1967-ին, կազմուած է պարախումբը: 1971-ին, իբրեւ պաշտօնական միութիւն վերանուանուած է Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն:
1973-ին, իրագործուած է Միութեան «Զօհրապ Գաբրիէլեան» շքեղ հանդիսասրահը: 1979-1980 թուականներուն գործած է «Վարդան Աճէմեան» թատերախումբը:
1985-էն ի վեր կը գործէ Միութեան «Կոմիտաս» երաժշտանոցը:
Կրթասիրաց մշակութային միութեան բարձրագոյն մարմինը, Գործադիր Մարմինն է, անոր հովանիին տակ Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարանի կողքին կը գործեն, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, «Շող» Պարի դպրոցը, Մարզական, Տիկնանց, Կրտսերաց եւ այլ յանձնախումբեր:
Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան հովանի տակ 2011 թուականին լոյս տեսած է «Ձայն Այնթապահայոց» պարբերականը, խմբագիր՝ Աւօ Գաթրճեան:
«Գերմանիկ-Վասպուրական» Մշակութային Միութիւն («Գ. Վասպուրական»)
1926-ին խումբ մը մարաշցիներ հիմը կը դնեն Վասպուրական թատերախումբին: Շատ չանչցած կը հիմնուի մարաշցիներու ֆութպոլի խումբը:
1928-ին, խումբ մը ուսանող մարաշցի երիտասարդներ կը հիմնեն Հայ Զարգասիրաց Միութիւնը, որ նախատիպարը կը դառնայ Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան:
1931-ին միութեան մարզական բաժինը կ’ունենայ պետական արտօնագիր՝ Սուրիոյ Հայ Երիտասարդաց միութիւն (Ս.Հ.Ե.Մ.) անուան տակ եւ կ’ունենայ սեփական իր մարզադաշտը:
Վերոնշեալ թուականէն սկսեալ ֆութպոլի խումբը արդէն կ’ունենայ փայլուն պատմութիւն՝ գագաթնակէտին հասնելով 1946-1956 տարիներուն: Տարիներ շարունակ միութեան խումբը եղած է Սուրիոյ Ախոյեան:
1973-ին պետական մարզական միութիւններու ցուլման որոշումով մաս կազմած է Հ.Ե.Ը.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի հետ միատեղ «Նատի ալ- Ուրուպէ» («Արարատ») մարզական միութեան, ներկայացնելով անոր ֆութպոլի բաժինը: Անմիջապէս յայտնենք թէ միութեան արաբերէն անունին թարգմանութիւնը չէ Արարատը:
Միութեան մարզական բաժինը Սուրիոյ պատմութեան նուիրած է բազմաթիւ անուանի մարզիկներ, ոչ միայն ֆութպոլի այլ ծանրաբարձութեան, շախմատի, փինկ-փոնկի բնագաւառներէն ներս նաեւ:
1934-ին կը հիմնուի միութեան սկաուտական շարժումը, որ պետական արտօնագրով 1946 թուականին 9-րդ վաշտ անուան տակ կը գործէ, նշանաբան ունենալով, «Դէպի ապագայ»:
1940ական թուականներուն կազմած է միութեան Տիկնանց Վարչութիւնը, իսկ 1945 թուականին՝ փողերախումբը, որ վերակազմուած է 1985 թուականին:
1992-ին, վերակազմուած է Թատերական յանձնախումբը: Նշենք, որ Վասպուրական թատերախումբը 1926 թուականէն ի վեր 50 տարի շարունակ համայնքին ներկայացուցած է բազմաթիւ թատերգութիւններ:
Ներկայիս Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութիւնը կը գործէ Գերմանիկեան տան առաջին յարկաբաժինէն ներս Մարաշի Հայրենակցական միութեան հովանիի տակ: Միութեան գերագոյն մարմինն է Գործադիր Մարմինը, իսկ անոր ենթավարչութիւններն են. Տիկնանց, սկաուտական եւ մշակութային վարչութիւնները եւ անոնց ենթայանձնախումբերը:
Սուրիոյ պատերազմի պատճառով դժբախտաբար միութեան ակումբը մեծ վնաս կրեց, կարգ մը թանկարժէք իրեր կողոպտուեցան, իսկ միւս կողմէ շատ մը գործունէութիւններ դադրեցան: Հալէպի ազատագրումէն ետք միութեան պատասխանատու մարմիններ վերակազմակերպուելով կը ջանան վերականգնել միութիւնը: