Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՏՕՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՅԱՅՏԻՑ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԻՑ, ԾԱՆՕԹԻՑ ԵՒ ԱՆԾԱՆՕԹԻՑ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

 

 

ԴՈԿՏ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 Նիս – Ֆրանսա

«Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են որոնք Աստուծոյ

խօսքը մտիկ կ’ընեն եւ կը կատարեն»։

Ղուկաս 8.21

Յիսուսի աշակերտներն ու զինք լսելու եկած բազմութիւնը յափշտակուած իր իմաստուն պատգամներէն կը դժուարանային անոնց իմաստը ճիշդ ընկալելու, հասկնալու։ Ան թելադրեց ուշադիր ըլլալ ճիշդ լսելու եւ գործադրելու Աստուծոյ պատուէրները։

Աստուած կ՛ուզէ որ մեր գործերն ու պարտականութիւնները կատարենք առանց դժգոհելու, եւ իրարու համար բարին կամենալով:

Յիսուս ցորենի եւ որոմի առակը պատմած էր որ հողատիրոջ մը մասին էր. ան իր արտին մէջ ցորեն ցանել տուած էր, բայց իր մշակները օր մը որոմ տեսած էին արտին մէջ, եւ Տիրոջը իմացուցած թոյլտուութիւն խնդրելով զանոնք փճացնելու. հողատէրը հասկցեր էր որ իր թշնամին ըրած էր այդ գիշերով իր քնացած ատենը։ Տէրը պատուիրեր էր որ ձգէին որ միասին աճին ցորենն ու որոմը, եւ քաղի ատեն ցորենը պահեն եւ իսկ որոմը այրեն։

Յիսուս բացատրեց առակը յայտնելով որ Աստուած է բարի հունտեր ցանող հողատէրը, եւ Ան է իր ստեղծած արարածները սնուցանողը, բայց իր թշնամին սատանան է որ պատրաստ է վնասելու իր հաւատարիմ զաւակներուն։ Ղուկասու աւետարանին մէջ Յիսուս կը հաստատէ՝ «Չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի, եւ գաղտնիք մը որ չիմացուի»։

Մեր բնական հետաքրքրասիրութեամբ կ՛ուզենք տեղեկանալ մեր շուրջի անց ու դարձերուն եւ իմանալ ճշմարտութիւնը շրջագայող խօսակցութեանց մասին: Մարդիկ կը փորձեն իրենց համար աննպաստ եղելութիւնները ծածկել գաղտնի պահելու համար զիրենք անհանգստացնող իրականութիւնները, բայց անոնք որոնք կը ջանան վերահասու ըլլալ ճշմարտութեան, ճիգ ի գործ կը դնեն զայն երեւան հանելու եւ գաղտնիքը երեւան հանելու համար, եւ երբեմն կը յուսահատին երբ իրենց ջանքերը կը մնան ապարդիւն, բայց չակնկալուած պահու մը իրականութիւնը մէջտեղ կ՛ելլէ եւ ճշմարտութիւնը կը յաղթանակէ։

Այսօր, Յիսուս քեզի կ՛ըսէ՝ ,Ասկէ վերջ զգոյշ եղէք թէ ինչպէս կը լսէք»։

Զգոյշ եղէք թէ ինչպէս կը լսէ՞ք։ Քրիստոս կ՛ուզէ որ մենք քաղաքավար, յարգալից, պարկեշտ եւ ուղղամիտ ըլլանք մեր խօսակիցներուն նկատմամբ:

Կ՛ուզէ որ ճիշդ լսենք մեր զրուցակիցներուն խօսքերը խօսողին մտքին մէջ եղածին պէս, եւ չփորձուինք խօսքը ընկալել եւ մեկնաբանել ըստ կամս, մանաւանդ երբ անձամբ չենք լսած կատարուած խօսակցութիւնը, իրաւունք չունինք մեզ մտիկ ընողներուն մտքերուն մէջ թիւրիմացութիւն եւ սխալ կարծիք ստեղծելու։ Բոլորիս համար պարզ է որ կեղծուած խօսք մը չի կրնար ճշմարտութիւն եւ իրականութիւն ըլլալ, սուտը կը մնայ կեղծիք։

Մարդկային առողջ փոխ յարաբերութեան համար քրիստոնեան պարտի զգուշանալ իրականութիւնները ծածկելէ, եւ գիտակցի այն իրողութեան որ հակառակ մեր ճշմարտութիւն պահելու փորձերուն, ժամանակը եւ օրը կու գայ երբ մեզմէ անկախ եւ անսպասելի պայմաններու բերմամբ, մեր կամքէն անկախ իրականութիւնը մէջտեղ կ՛ելլէ, եւ կու գայ այն պահը երբ ակամայ ինքնաբերաբար կը մղուինք ճշմարտութիւնը խոստովանելու մեր հոգեկան խաղաղութիւնը վերագտնելու համար եւ ազատելու համար սուտին վտանգաւոր ծանրութենէն։ Ղուկասու Աւետարանը մեզի կ՛ապացուցէ Յիսուս Քրիստոսի այն պատգամը որ ճշմարտութիւնը ծածկելը կարելի չէ։ Գաղտնի պահուած իրողութիւնները երեւան կ՛ելլեն, եւ նիւթուած չարաբանութիւններն ու բամբասանքները որոմներ են բարեկամներու միջեւ քէն ու թշնամանք սերմանելու համար:

Ամէն անգամ որ տհաճ կացութեան մը մէջ գտնուինք, չբորբոքինք անմիջապէս, այլ փորձենք պահպանել մեր հոգեկան անդորրը եւ աղօթել Աստուծմէ խնդրելով որ մեզ հեռու պահէ փորձութիւններէն, մանաւանդ երբ մենք ինքներս մեզի դէմ կը հանենք մեզ կործանման տանող փորձութիւններ։ Աստուծմէ կը խնդրենք որ մեզ հեռու պահէ փորձութիւններէն եւ չարերէն։ «Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն» բայց Աստուած մեզ փորձութեան չի տանիր այլ մենք զմեզ եւ մեր բարեկամները չենք պաշտպաներ չարին որոգայթներէն։

Յիսուս իր մեզի համար դժուար թելադրութիւն մը կ՛ընէ որքան ալ մենք անտեսենք կամ փորձենք մեր ուզածին պէս հասկնալ Քրիստոսի խօսքը՝ «Այն որ ունի աւելի պիտի տրուի իրեն, եւ այն որ չունի ունեցածն ալ պիտի առնուի իրմէ»։ Նման բան կարելի՞ է, պէ՞տք է ըլլայ, արդա՞ր է։ Այո, եթէ ընդունինք որ հողատէրին արտին մէջ որոմ ցանողը իր ունեցածը կորսնցուց։ Մեզի համար դժուար հասկնալի այս հաստատումը ըրած ատեն կու գան Յիսուսին ըսելու թէ իր մայրն ու եղբայրները եկեր են եւ կ՛ուզեն զինքը տեսնել, բայց, բազմութեան պատճառով չեն կրնար մօտենալ։

Յիսուս կը պատասխանէ «Իմ մայրս եւ եղբայրներս անոնք են որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը կատարեն» ըսել է թէ երջանկութեան կը տիրանան անոնք որոնք իրենց ուրախութիւնը ուրիշներուն երջանկութեան մէջ կը գտնեն նուիրումով, հաւատքով եւ սիրով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles