Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն-300» Միջազգային Գիտաժողով  

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ («Հայերն Այսօր ր»).- Հոկտեմբեր 24-ին Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան, Հ.Հ. հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեան:  Ան նշեց, որ գիտաժողովը, կազմակերպուելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կարեւոր հայագիտական կառոյցներուն կողմէ, ունի գիտական մեծ կարեւորութիւն: «Մխիթարեան միաբանութիւնը գիտական, մշակութային այն կառոյց է, որ ոչ միայն սերունդներին է փոխանցել հայ ժողովրդի պատմութիւնն ու արժէքները, այլեւ հարստացրել ու զարգացրել է դրանք: Գիտաժողովը հիանալի առիթ է Մխիթարեանների ժառանգութիւնն ու ներկայ գործունէութիւնը ներկայացնելու, հանրայնացնելու, ուսումնասիրելու համար»:  Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն Արք. Զէքիյեանին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հետ աշխոյժ համագործակցելու համար:

Ողջունելով ներկաները` Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այս տարուայ Սեպտեմբերի 8-ին մեկնարկեցին Սուրբ Ղազար կղզում Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած մի շարք ձեռնարկները եւ ամբողջ տարուայ ընթացքում ոչ միայն Հայաստանում եւ Վենետիկում, այլեւ Սփիւռքի հարիւրաւոր համայնքներում նշւում է այս փառաւոր յոբելեանը, աշխարհին, համայն մարդկութեանն է ներկայացւում Մխիթարեանների խոշոր ձեռքբերումները: Ամէն անգամ, երբ ոտք եմ դնում Սուրբ Ղազար կղզի, համակւում եմ երախտագիտութեան զգացումով, անսպառ հիացմունքով, քանզի 300 տարի առաջ հայերը կարողացան անմարդաբնակ այդ փոքրիկ կղզեակը դարձնել հոգեւոր, կրթամշակութային հզօր կենտրոն, որն այսօր ամբողջական ուսումնասիրութիւնների կարիք ունի: Միաբանները` Մխիթար աբբահօր գլխաւորութեամբ, ստեղծեցին հոգեւոր կեդրոն` պահպանելով եւ սերունդներին փոխանցելով նախեւառաջ քրիստոնէական արժէքները: Միւս ուղղութիւնը, որով փայլեցին Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, հայագիտական կենտրոնի ստեղծումն էր, որտեղ զարգացում ապրեցին թարգմանական գրականութիւնն ու բառարանագիտութիւնը, քարտէզագրութիւնն ու ազգագրութիւնը, ուսումնասիրուեց արեւմտահայերէնը: Այսպիսով`  մխիթարեանները կրթութիւնը դիտեցին որպէս բոլոր կենսական բարիքների աղբիւր», նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ շատ օտարազգի մտաւորականներ, հանճարներ հաստատուած են Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, գրած են լրջագոյն աշխատութիւններ, արտայայտած են իրենց հիացմունքը հայ մշակոյթին հանդէպ:

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն Արք. Զէքիյեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս գիտաժողովը ոչ միայն յարգանքի նշան է, այլեւ խոր բարեկամութեան, որ տարիներ ի վեր գոյութիւն ունի Մխիթարեան միաբանութեան եւ հայաստանեան գիտական կառոյցներուն միջեւ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններիու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան: Արժեւորելով Մխիթարեաններու գործունէութիւնը` ան նշեց, որ միաբանները, զարգացնելով հայագիտութեան բոլոր ուղղութիւնները, նախ եւ առաջ  ունեցած են հայապահպանութեան սրբազան առաքելութիւն:

Այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Լեւոն արք. Զէքիյեան («Մխիթար` խորհուրդ եւ մարտահրաւէր. Հայ հոգեւորութեան եւ մշակոյթի ռահվիրա մը, համաքրիստո­նէ­ա­կան, համամարդկային տարածքով»), ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան («Ղուկաս Ինճիճեանի աւանդը Հայաստանի պատ­մաաշխարհագրական հարցերու ուսումնասիրութեան բնա­գա­­ւառին մէջ»), Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան («Մխի­թարեանները Միքայէլ Նալպանտեանի գնահատմամբ»), ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան («Հայ միջնադարեան գրականութեան պատ­­­մութեան պարբերացման Մխիթարեաններու սկզբունքները»):

Գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները «Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ», «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ», «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» թեմատիկ ուղղութիւններով:

«Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ» նիստի ընթացքին «Մխիթարեան միա­բա­­նութեան հայատառ թրքերէն հրատարակու­թիւն­ները» զեկոյցով հանդէս եկաւ Յասմիկ Ստեփանեան, «Վենետիկի Մխի­թարեաններու գաղափարական հայրենիք ստեղծելու ձեւի տեղայնացումն Ալեքսանտրափոլի մէջ զեկոյցով` Գէորգ Այվազեան, «Հայր Միքայէլ Չամչեան եւ իր գործունէութիւնը Պասրայի մէջ 1769-1774 թթ. (համառօտ ակնարկ)» զեկոյցով` Սեդա Օհանեան, «Ներսէս Ակինեանի գոր­ծունէութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ նորայայտ փաստաթուղթերու լոյսի ներքոյ»` զեկոյցով` Համօ Սուքիասեան, «Սուրբ Ղազարի ձեռագրա­գէտ հայրերը եւ անոնց կազմած ձեռագրացուցակները» զեկոյցով` Քնար Յարութիւնեան, «Մխիթարեաններու աւանդը հայ քննական պատմագրութեան ձեւաւորման մէջ» զեկոյցով` Արման Մալոյեան, «Մխիթարեան միաբանութեան դպրոցաշինութեան պատմութիւնն ի սփիւռս աշխարհի» զեկոյցով` Աւետիս Ափոշեան:

«Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» նիստին «Մխիթա­րեան­ները  Լէոյի գրապատմական ուսումնասիրութիւն­նե­րու ծիրէն ներս» զեկոյցով հանդէս եկաւ Սուսաննա Յովհաննիսեան, «Հայկական դասա­կա­նապաշտութեան (classicism) տեսական եւ գե­ղարուես­տական առանձնայատկութիւնները Մխիթար­եան­ներու տե­սական, գեղարուեստական գրականութեան մէջ» զեկոյցով` Դաւիթ Գասպարեան, «Դասագիրքերու Մխի­թա­րեաններու 18-րդ դարու հրատարակութիւնները» զեկոյցով` Քրիստինէ Մելքումեան, «Արսէն Բագրա­տու­նիի «Հայկ դիւցազն» բանաստեղծութիւնը» զեկոյցով` Սիրանոյշ Մարգարեան, «Վենետիկի Մխի­թա­րեան միաբանութիւնը Վիգէն Իսահակեանի յուշերուն մէջ» զեկոյցով` Աւետիք Իսահակեան, «Յովհաննէս Թումանեան Մխիթարեաններու գնահատմամբ» զեկոյցով` Եւա Մնացականեան (ՀՀ ԳԱԱ ԳԻ), «Հայկական վերա­ծնութ­եան հարցը Մխիթարեաններու` հայ գրականու­թեան պարբերաբաժանման համակարգին մէջ» զեկոյցով` Լուսինէ Վարդանեան, «Գաբրիէլ Այվազեան Մխիթա­րեան միաբանութեան անդամ» զեկոյցով` Յասմիկ Իրիցեան, «Մխիթարեանները եւ հայոց լեզուափիլիսոփայութեան տարրեր» զեկոյցով` Լուսինէ Աւետիսեան:

«Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» նիստին «Մխիթարեան թատերագրութիւնը սրբախօսութենէն դասականութիւն» զեկոյցով հանդէս եկաւ Հենրիկ Յովհաննիսեան, «Քրիստափոր Կարամուրզան եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբա­նութ­իւ­նը» զեկոյցով` Լիլիթ Արտէմեան, «Վենետիկի Մխիթարեանները եւ միջազգային գեղարուեստը» զեկոյցով` Արծուի Բախչինեան, «Եւրոպական երաժ­շտատեսական մտքի դրսեւորումները Խաչատուր Էր­զ­րու­­մեցի եւ Մխիթար Սեբաստացիի աշխատութ­իւն­նե­րուն մէջ» զեկոյցով` Անի Մուշեղեան, «Ձեռագիր գիրքերը, որպէս ազգային խոհանոցի ուսումնասիրութեան աղբիւր (Դի­տար­կումները` ըստ Վենետիկի Մխիթարեան միա­բանու­թեան Մատենադարանի ձեռագիրներու)» զեկոյցով` Խորէն Գրիգորեան, «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հ. Ղ. Տայեանի «Շարական Հայաս­տանեայց եկեղեցւոյ» բազմահատոր շարակնոցի անտիպ Ա. Հատորը» զեկոյցով` Արփի Վարդումեան, «Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը հայկազուն սուրբերու հետքերով» զեկոյցով` Մարիաննա Տիգրանեան, «Տայքի եւ Գուգարքի ճար­­տարապետութիւնը` Մխիթարեան միաբաններու աշ­խա­­­տութիւններուն մէջ» զեկոյցով` Դաւիթ Նահատակեան:

Միջազգային գիտաժողովի աւարտին գումարուեցաւ լիագումար նիստ, որ վարեց Գէորգ Ստեփանեան:

«Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ» թեմատիկ նիստերու արդիւնքներն ամփոփեցին Գէորգ Ստեփանեան եւ Արմէն Մարուքեան, «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» նիստը` արվ.դ. Արարատ Աղասեան, «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» նիստը` Հերիքնազ Որսկանեան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ գերապայծառ տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի կազմակերպիչներուն եւ հնչած հինգ տասնեակէ աւելի գիտական զեկոյցներու հեղինակներուն` նշելով. «Մխիթարեան հայրերու գործունէութիւնը համակողմանի ներկայացնելու առումով այս գիտաժողովը, իրաւամբ, խոշոր ներդրում էր: Կը կարծեմ` չ՛արժեր սպասել յոբելեաններու, նման համաժողովներ կազմակերպելու համար: Այս գիտաժողովին Լուսինէ Աւետիսեանն իր զեկոյցը ներկայացուց հրաշալի գրաբարով: Ես կ’ուզէի, որ դպրոցներուն մէջ հայ մանուկներուն դասաւանդուի գրաբար, որպէսզի անոնք տիրապետեն մեր կատարեալ հայերէնին»:

Լեւոն Արք. Զէքիեան աւելցուց, որ Մխիթար Սեբաստացին եւ անոր հաւատարիմ աշակերտները գիտնական եւ արուեստաբան ըլլալէ առաջ կրօնաւորներ էին եւ շատ ուրախալի է, որ գիտաժողովի ընթացքին ստուերի տակ չմնաց այդ հանգամանքը:

Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ ի դէմս Զէքիեանի եւ Մխիթարեաններու հոգեւոր հայրերու, արեւմտահայերէնը կ’ապրի ու կը ծաղկի: «Մխիթարեան միաբանութիւնը եւրոպական քաղաքակրթութեան մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է, եւ մենք հպարտ ենք, որ անոր հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին եւ Միաբանութեան հայրերը մեծ հայեր են: Ուրախալի է յատկապէս այն փաստը, որ զեկուցողներէն շատերը երիտասարդներ էին, եւ անոնք տիրոջ ու իրաւայաջորդի դիրքերէն խօսեցան Միաբանութեան մասին: Իրականութեան մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր հայագիտական կեդրոնները սորվելու շատ բան ունին Մխիթարեան Միաբանութենէն»                                                               , նշեց Մելքոնեան:

Գիտաժողովի աւարտին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային գիտաժողովի կազմակերպիչ կառոյցներուն արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ նշեց. «Մենք ընդունում ենք Մխիթարեանների անունով Երեւանում փողոց անուանակոչելու առաջարկը եւ Հայաստանում Մխիթարեանական ընթերցումներ եւ գիտաժողովներ պարբերաբար կազմակերպելու անհրաժեշտութեան գաղափարը»:

Նախարարի տեղակալը աւելցուց, որ յառաջիկային պիտի տպագրուին գիտաժողովի զեկուցումները «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի բացառիկ համարին մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles