Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՀԻՄԱ ՄԱՐԴԻԿ ԵՐԻԶ ՉՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՉՔԵՐՈՒՆ, ԱՉՔԿԱՊՈՒԿ ԿԸ ԽԱՂԱՆ ԲԱՑ ԱՉՔԵՐՈՎ…», ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

$
0
0

Սոյն տարուան Օգոստոսին, հեղինակութեամբ՝ իսթանպուլահայ գրող Լեռնա Գարագիւթիւքի, լոյս տեսաւ համացանցային կայքէջ «Հայերէն Պլօկ»ի առաջին Մատենաշար՝ «Երթաս Բարով» բանաստեղծական հատորը:
Լեռնա Գարագիւթիւք աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի դասական բանասիրութեան լատին գրականութեան ճիւղը: Ստացած է մագիստրոսական կոչում Եըլտըզ Թեքնիք համալսարանի կրթական ծրագիրներ եւ ուսուցում բաժանմունքէն: Իր եւ նշեալ գիրքին մասին աւելի մանրամասն տեղեկանալու համար հարցազրոյց մը կատարեց «Հայրենիք»ի աշխատակից Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանը (Երեւան): Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք այս հարցազրոյցը.-

Հ.- Սիրելի՛ Լեռնա, պատմէ յուշերէդ, մանկութենէդ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկսար գրել:
Պ.- Երբ խելքս ըմբռնելու սկսաւ կեանքի զանազան դէպքերը, առաջին անգամ նկատեցի, թէ մեծ մօրս տունը հայերէն թերթ ու հանդէս կը մտնէր: Օր մըն ալ սկսայ հետաքրքրուիլ թերթերուն մէջ հրատարակուած բանաստեղծութիւններով: Կը սիրէի զանոնք կարդալ, հակառակ որ դեռ բանաստեղծութեան խորքը հասկնալու տարիքը չունէի: Կը կարդայի ու կ՚արտասանէի, յետոյ տետրակ մը ունեցայ: Ոչ ոք ըսաւ, թէ թերթերէն կտրած բանաստեղծութիւններս փակցնեմ այդ տետրակին մէջ, որոնց վրայ, հետագային, աւելցան զանազան գրողներէ արձակ գրութիւններ: Այսպէս եղած էր ծանօթացումս հայ գիրի ու գրականութեան հետ: Հետզհետէ սկսած էի կազմել հաւաքածոներ:
Աշակերտական տարիներուս, դպրոցի նստարաններուն վրայ, զգացի որ շատ կը սիրէի հայերէնի դասերը: Երբ ուսուցչուհիս նիւթը պատմելու պարտականութիւն կու տար, ես ոչ միայն էականը կը պատմէի, այլ գոց կ՚ընէի, երկա՜ր, այնքան երկար հատուածներ՝ գրագէտներ Հրանտ եւ Զապէլ Ասատուրի կողմէ պատրաստուած «Թանգարան» դասագիրքէն: Մատս միշտ բարձր էր լուծելու համար քերականութեան վարժութիւնները, արտասանելու բանաստեղծութիւններ եւ կարդալու օրուան դասանիւթը: Ահա՛, այսպէս կը սիրահարէի հայերէնի դասերուն, աշակերտական օրերուս, եւ արդէն դասապահուն անունն ալ ինծի համար ոչ թէ միայն «հայերէն» էր, այլ՝ «մայրենի»: Այդ շրջանին է, որ սկսայ գրել ու գրել…:

Հ.- Վերադառնանք հատորիդ: Ինչո՞ւ «Երթաս Բարով» խորագիրը: Հետաքրքրական երկիմաստութիւն մը ունի կարծես ժողովրդական այս արտայայտութիւնը: Դուն ո՞ր իմաստը նկատի ունիս:
Պ.- Օր մը Իսթանպուլի փողոցներէն մէկուն մէջ տեսայ որ մաշած, հինցած թիկնաթոռ մը անձրեւուն տակ նետուած էր փողոց: Յաճախ նետուած կարասիներ տեսնել կարելի չէ, քանի որ սուղ կ՚արժեն անոնք, սակայն այս մէկը լքուած էր իր ճակատագիրին: Ուրեմն «Երթաս Բարով» էր ամէն ինչ այս կամ այն ձեւով եւ ամէն անգամ կը բացուէին քերթուածի նոր էջեր, նոր դռներ ո՛չ միայն անշունչ էակներու առջեւ, այլ մասնաւորաբար՝ մարդոց համար: Կ՚երթայի բարի:

Հ.- Լեռնա Գարագիւթիւք անունը մեզի ծանօթ դարձաւ, առաւելաբար, «Հայերէն պլօկ» համացանցային կայքէջին շնորհիւ, գիտենք նաեւ որ պլօկի առաջին մատենաշարը կը համարուի «Երթաս Բարով» բանաստեղծական հատորդ: Ինչպէ՞ս եղաւ ծանօթութիւնդ եւ կապդ սոյն պլօկին հետ:
Պ.- «Հայերէն Պլօկ»ը երբ մէջտեղ ելաւ համացանցի աշխարհին մէջ, Պրն. Իշխան Չիֆթճեանը առաջարկեց որ գրեմ: Նախ եւ առաջ գրած ու մէկ կողմ պահած անտիպ գրութիւններս ղրկեցի: Անմիջապէս հրատարակուեցան. ասիկա խթան եղաւ եւ ոգեւորութիւն ստեղծեց անձիս մէջ, որպէսզի նորերը արտադրեմ: Գրեցի ու գրեցի եւ կատարուած երկխօսութիւններով, զանազան հանդիպումներու ու ճամբորդութիւններու շնորհիւ գաղափարներս հասունցան, լրջացան: Արագ կ՚արտադրէի. կուտակում մը կար ներսիդիս, որ կը սպասէր լոյսի գալուն: Այսօր երախտապարտ եմ «Հայերէն Պլօկ»ի վարչութեան, որովհետեւ ձեզի կը վստահեցնեմ, որ Իսթանպուլի մէջ նման բան մը մէջտեղ պիտի չելլէր: Համայնքը թմբուկ կը նուագէ, (ատ ալ երբեմն), թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած է, սակայն որեւիցէ քայլ նետող չկայ, կամ եթէ կայ նոյնիսկ՝ շատ դանդաղ: Մէկ խօսքով՝ կրնամ ըսել, որ նոր գարուն մըն էր ասիկա ինծի համար: Նոյն գարունէն կը փափաքիմ, որ օգտուին նաեւ աշակերտներս եւ կը փոխանցեմ այս ճաշակն ու սէրը անոնց ալ:

Հ.- Բանաստեղծութիւններուդ մէջ երեւակայութեան կողքին, իրական առօրեայի շունչը կայ, մենք ներկայ ենք մեր առօրեայով, մեր գործածած իրերով, մեր առարկաներով, որոնք մարմնաւորում ստացած են քու գրիչիդ շնորհիւ: Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան բնորոշ յատկանի՞շ է այս, թէ բոլորովին զուգադիպութիւն է: Ինչպէ՞ս կը բնորոշես այս պարագան:
Պ.- Բանաստեղծութիւններուս մէջ կը խօսին իրեր, առարկաներ, շնչաւոր կամ անշունչ էակներ: Կեանքն են անոնք եւ կեանքին համն ու հոտը, աղն ու պղպեղը: Կը դիտեմ շուրջս, ու կը տեսնեմ որ մարդիկ անոնցմով երջանիկ են կամ ապերջանիկ: Մանաւանդ նիւթական այս ժամանակը, որ որքան կ՚ազդէ ամէն բանի վրայ, ապրելակերպէն զատ նաեւ բնաւորութիւններն ալ ձեւ կը գտնեն այս ուղղութեամբ: Իրական են:
Բնութեան մէջ լաւն ու գէշը ընդելուզուած են իրարու: Կարեւորը այս ձեւերը տեսնել եւ անոնց մէջէն քաղելն է մարդուս համար անհրաժեշտը, մնացեալը աւելորդ է, պէտք է թափել աղբ: Այս իմաստով կը բաղդատեմ դրականը բացասականին հետ:
Անձը երբ որ կարդայ՝ պէտք է հոնկէ բաժին մը գտնէ իրեն համար եւ ըսէ որ ահաւասիկ ինծի համար ըսուած է սա: Անշուշտ երեւակայուած երեսներ ալ կան. երեւակայուածը յոյսն է, որ մարդ անպայման պէտք է ունենայ: Երեւակայութիւն է նկարը, աւելի ճիշդ՝ պատկերը, ձեւը, որ կեանքին մէկ մասն է արդէն:

Հ.- Իսթանպուլի նկարագրութիւններուդ մէջ նկատելի ցաւ մը կայ, տեսակ մը յուսահատութիւն՝ «Քաղաքին կեդրոնը պատմութիւն մը ունի մոռցուած, լուռ կայարաններու»: Արդ, Պոլիսը ինչո՞վ կը ներշնչէ քեզ, այսօր:
Պ.- Յուսադրիչ չէ երեւոյթը: Նոր սերունդը չ՚ապրիր իր մշակոյթով: Իրեն օրինակ հանդիսանալու, միտքը զարգացնելու առիթները կը վայելէ տեղական մշակոյթին ազդեցութեան տակ կամ օտար մարզերու մէջ: Ափսո՜ս, ազգային արուեստն է, որ տկարացած է մեր առօրեայ կեանքին մէջ, մեր ապրած երկրին մէջ: Խելքը գլուխը սեպած մարդիկդ յանձնուած են նահանջին եւ միայն ազատելու կ՚աշխատին այսօրը: Գիտէք, չէ՞, որ փոքր ժամանակ երիզով աչքկապուկ կը խաղայինք: Հիմա մարդիկ երիզ չունին իրենց աչքերուն, աչքկապուկ կը խաղան բաց աչքերով: Չեն տեսներ իրողութիւնը. կամ տեսնեն նոյնիսկ՝ խարխափելով կը քալեն: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս յուսադրուիլ եւ ինչպէ՞ս պայքարիլ այս տեսակներուն յետամնացութեան դէմ, երբ մայրենի լեզուին եւ ազգային հարստութիւններուն կայծերը չեն շրջիր իրենց երակներուն մէջ:

Հ.- Այսօր մենք կը գտնուինք երկու աշխարհներու մէջ. համացանցային եւ իրական: «Վայր» հասկացողութիւնը ի՞նչ է քեզի համար: Որքանո՞վ կարեւոր է այսօր վայրը՝ գրողը ճանաչելի դարձնելու համար:
Պ.- «Երթաս Բարով»ին եւ նաեւ հայ գրականութեան առնչուող բոլոր գործերուն բախտաւոր մէկ կացութիւնն ալ այն է, որ հասած ենք համացանցային շրջանի մը: Մենք կրնանք այլեւս մեր լեզուն փոխադրել աշխարհի ամենահեռու ափերը, համացանցին շնորհիւ: Այս առաւելութեամբ հանդերձ երբ կ՚ըսենք, թէ արեւմտահայերէնը կը նահանջէ, ուրեմն ասոր պատասխանատուն հայն է, որ օտարացած է իր մշակոյթին, լեզուին, գիր ու գրականութեան: Ստեղծագործութիւնները պէտք է մէջտեղ հանել, գտնել, ոչ թէ կապկել, ինչ որ նկատելի է այսօրուան մամուլին մէջ, որ գործին ամենադիւրին ձեւն է, սակայն՝ աղաւաղուածը: Այս գետնի վրայ պէտք է աշխատանք տանին լրագիրները, պարբերաթերթերը, հանդէսները… եւ այլն:
Համացանցի միջոցով կը հասնինք ամէն տեսակ լուրի, նոյնիսկ գործի առիթներ կրնան բացուիլ մեր դիմաց համացանցի ճամբով: Ուստի, այս առաւելութենէն օգտուելով պէտք է ի գործ դենք մեր ջանքերը, որպէսզի նոր սերունդը լատինատառ հայերէնով չարտայայտուի, այլ հայերէնը գրէ ու կարդայ միմիայն հայերէնով:

Հ.- Սիրելի՛ Լեռնա, թող «Երթաս Բարով»ը ուղի բանայ նորանոր ստեղծագործական երթերու եւ դուն մի՛շտ ու մի՛շտ բարով ընթանաս:
Պ.- Շատ շնորհակալ եմ:

Ծանօթ.- «Երթաս Բարով» հատորը կարդալու համար՝ կրնաք այցելել «Հայերէն պլօկ» համացանցային հետեւեալ կայքէջը.
https://hayerenblog.wordpress.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles