Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Թաւրիզի Մէջ.- Հայագիտական Առաջին Գիտաժողով

$
0
0

ԹԵՀՐԱՆ («Ալիք»).-Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական խորհուրդի:
Տարբեր երկիրներէ ժամանած օտար հայագէտներ մասնակցեցան այս գիտաժողովին, հայագիտութեան բնագաւառը շօշափող այլազան նիւթերով՝ հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն, ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրտական յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Գերմանացիների հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզի եւ Սպահանի մէջ, հայ ժողովրդի յետեղեռնեան վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը, որոնք ներկայացուեցան առաջին օրուայ երեք նիստերում: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն լեզուով:
Գիտաժողովի բացումը կատարեց Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ՝ Իշխան Չիֆթճեան: Ան հայ ազգի քրիստոնէական կեանքի առաջին երկու առաքելութիւնները իրագործած սուրբերու՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալների գործունէութիւնը առընչեց ազգային պատմութեան եւ ճակատագրի հետ, ակնարկելով անոնց յիշատակին կառուցուած տաճարներէն մէկուն՝ Իրանի եւ միւսին՝ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուելու փաստին, ինչպէս նաեւ՝ մէկի վերանորոգուած եւ միւսի աւերակ վիճակի մէջ ըլլալու իրողութեան: Ան յայտնեց թէ Թաւրիզը պատմութեան ընթացքին չէ՛ եղած մշակութային մէկ կեդրոն Սպահանի նման, սակայն Թաւրիզ ժամանած ու այնտեղ հետք թողած եւ Թաւրիզէն անցած են Առաքել Դաւրիժեցիի, Մեսրոոպ Թաղիադեանցի, Ռաֆֆիի եւ Հրաչեայ Աճառեանի նման պատգամագէտներ, հայագէտներ եւ գրագէտներ, որոնց աշխատանքի հետքերուն վրայ կը կատարուի այս գիտաժողովը: Ապա, անցեալից ներկայ կամուրջ նետելով, նա անդրադարձաւ առաջնորդ Սրբազանի հետազօտական աշխատանքին, որը մղիչ ոյժն էր հանդիսացել գիտաժողովին: Բարի գալուստ մաղթելով բոլոր մասնակիցներուն, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Թեմական խորհուրդին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, գիտաժողովի կայացման նախապատրաստական աշխատանքներու կատարման համար:
Առաջին բանախօսութիւնը ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանը «Ատրպատական՝ մեծ վերապրողը պատմութեան» նիւթով: Սրբազան Հայրը Ատրպատականի հայոց թեմի պատմական անցեալի ընդհանուր ներկայացումը կատարեց եւ ապա նիւթը զարգացուց մշակութային հսկայ ժառանգութեան մասին համապարփակ տեղեկութիւններ տալով: Մատենագիրներէն մէջբերելով ակնարկութիւններ թեմի տարածքին գտնուող սրբավայրերու մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն եկեղեցիներուն, ճգնարաններուն եւ մատուռներուն մասին, որոնք պատմութեան ընթացքին ցարդ ուշադրութեան չէին արժանացած հետազօտողներու կողմէ: Թեմի տարածքին հազարաւոր գերեզմանաքարերու փորագրական արուեստին անդրադարձաւ Սրբազանը, որոնք անտաշ սալատապաններու ճակատագրէն ալլ աւելի վատ վախճան ունեցած են անտիրութեան մատնուած ըլլալու պատճառով:
Ազգային-եկեղեցական մշակութային ժառանգութեան անշարժ եւ շարժուն հարստութեան ներկայ իրավիճակը գիտական աշխարհին ներկայացնելու հեռանկարով, Սրբազանը Ատրպատականի ձեռագրերու, կիրառական արուեստի նմոյշներու, մասնատուփերու, աջերու եւ խաչերու, ինչպէս նաեւ ազգագրական արժէք ներկայացնող իրերու մասին ընդհանուր պատկերացում տուաւ, ահազանգելով ձեռագրերու վերանորոգութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս, անցած դարերու եւ իրերայաջորդ տասնամեակներու ընթացքին, քաղաքական եւ այլ բազմապիսի պատճառներով հարուածուած Ատրպատականի թեմը Սրբազանը անուանեց «վերապրող», որու հիմնադրութեան պաշտօնական թուականը կը տանի աւելի քան 750 տարի ետ:
Երկրորդ նիւթը՝ «Նոր պրպտումներ Նոր Ջուղայի հայերէն հին ձեռագրերու», ներկայացուց ներկայիս Սպանիոյ Սան Տամասօ Եկեղեցական Համալսարանի այցելու դասախօս՝ հայագէտ Պեռնար Ուտիէ: Նստավարն էր Վիլֆրիտ Էկըրսը: Ուտիէ տարիներու ընթացքին իր կատարած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու կողքին, քանի մը տարիներ առաջ Նոր Ջուղայի մատենադարանէն ներս հետազօրութիւններ կատարած է, եւ սոյն դասախօսութեամբ ձեռագրերու մասին բնագրագիտական նոր տեղեկութիւններ հաղորդեց: Ան անանուն եւ անհեղինակ համարուած շարք մը ձեռագրերու համար հեղինակներ առաջարկեց եւ նշումներ կատարեց այս ուղղութեամբ: Ան շեշտեց Պօղոս Առաքեալի նամակներու մէկ հին մեկնութեան կարեւորութիւնը, որ նոյնիսկ նկատի չէ առնուած Ե. Պետրոսեանի եւ Ա. Տէր-Պետրոսեանի «Սուրբ Գրքի հայերէն մեկնաբանութեան մատենագիտութիւն» (Երեւան 2002) գիրքին մէջ: Սոյն դասախօսութեամբ, Ուտիէ կարեւոր նշումներ կատարեց նաեւ Նոր Ջուղայի հայկական ձեռագրական հաւաքածոյին մէջ գտնուող վրացերէն պատառիկների մասին:
Առաջին նիստի երրորդ նիւթը՝ «Հայերէն եզրերի ծագումնաբանութիւնը թափանցիկ դարձնելու փորձ մը» ներկայացուց Էրլանկը-Նիւրնպերկի Ֆրիդրիխ-Ալեքսանտր համալսարանի դասախօս Տիրք Նովաք: Ան իր ունկնդիրներուն մէկ կարճ ճամբորդութեան տանելով լեզուաբանական պատմութեան ուղիներէն, հասաւ մինչեւ դասական հայերէնի՝ գրաբարի ձեւաւորմանը, այնպէս ինչպէս այն կը գտնուի Ե. դարի գրաւոր յիշատակարաններուն մէջ: Նոյն ճանապարհի վրայ, ան բացայայտեց յունարէնի եւ ասորերէնի, ինչպէս նաեւ միջին պարսկերէնի մեծ ազդեցութիւնը հայերէնի վրայ, յատկապէս փոխառեալ բառերու մեծաքանակ ներկայութեամբ: Ան յայտնեց, թէ պահլաւերէնէն փոխ առնուած բազմաթիւ բառերու ներկայութիւնը հայերէնի մէջ պատճառ դարձած է, որ Եւրոպայի մէջ երկար ժամանակ հայերէնը համարուի պարսկական լեզուի մէկ ճիւղ: Զեկոյցը ուշադրութեան առարկայ դարձուց հայերէնի բառապաշարը, որ հնդեւրոպական մայր լեզուէն ժառանգուած է:
Երկրորդ նիստը՝ «Հայ-Գերմանական յարաբերութիւններ»ի նստավարն էր Իշխան Չիֆթճեանը: Առաջին նիւթը՝ «Դորպատի համալսարանի տեսուչը՜ Արարատ լեռան վրայ», ներկայացուց Գերմանիոյ Պուքսթըհուտ քաղաքի բարձրագոյնհամալսարանի դասախօս Քաթրին Էնտլըրը, որ յայտնեց թէ երբ գերմանացի ակադեմական Ֆրիտրիխ Պառօտ (1791-1841), 1829-ի Մարտ 30ի երեկոյեան, գիտական հետազօտութեան նպատակով դէպի Կովկաս եւ Հայաստան ճանապարհորդութիւն կը ձեռնարկէր, ռուս-պարսկական պատերազմը արդէն իսկ աւարտած էր եւ Թուրքմենչայի դաշնագիրը, ի նպաստ ռուսական կայսրութեան էր: Էնտլըր բացատրեց, որ դաշնագրի կնքումէն ետք, Արարատ լեռը սահմանակէտ էր Ռուսաստանի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Ռուսական իշխանութիւնը Պառօտին կը վստահի անդրկովկասեան մէկ գիտարշաւ, որուն նպատակներէն էր նաեւ Արարատ լեռ բարձրացումը: Էնտլըր յայտնեց, որ կ՛ենթադրուի թէ այս գիտարշաւը նաեւ քաղաքական եւ գաղութատիրական նպատակներ կը հետապնդէր, յատկապէս այն պատճառով, որ Ռուսիոյ Նիքոլայ Ա. Ցարը մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տար եւ ճիգ չէր խնայեր այս աշխատանքի յաջողութեան համար: Էնտլըր ներկայացուց Պառօտի հանդիպումը Խաչատուր Աբովեան անունով սարկաւագի մը, ինչպէս ան կը կոչէ Աբովեանին, որ կը դառնայ իր անփոխարինելի ուղեկիցը, թարգմանիչը եւ լեռնագնացութեան ընթացքին իրեն օժանդակող անձը: Ամփոփելով իր նիւթը, Էնտլըր յայտնեց, թէ Սեպտեմբեր 27, 1829-ին, Արարատը նուաճուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով: Վերջապէս ան նշեց, որ Պառօտ իր աշխարհագրական եւ բնագիտական ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը ամենայետին մանրամասնութիւններով նկարագրած է իր հրապարակած ընդարձակ տեղեկագրութեան մէջ՝ «Ճամբորդութիւն դէպի Արարատ Դոկտ. Ֆրիտրիխ Պառօտի կողմէ» (Պերլին, 1834):
Գերմանիոյ Կեօթինկըն քաղաքի «Կէօրկ-Աուկուսթ» Համալսարանի դասախօս՝ Քլաուտիա Ռամելտի՝ «Գնա՜նք Արեւելք. (Միջին Արեւելքի մէջ կատարուած մի աշխատանքի պատկերներ՝ բաղդատական հեռանկարով. Եոհան Լուտվիկ Շնելերի եւ Էրնսթ Եաքոպ Քրիստոֆէլի օրինակը)» նիւթով: Բանախօսը ներկայացուց մարդասիրական աշխատանքի երկու նուիրեալներու գործունէութեան սկիզբը: 1850-ական թուականներուն, Եոհան Լուտվիկ Շնելեր աւելի քան երկու ամիս կը ճամբորդէ, Երուսաղէմ հասնելու նպատակով: Ան կը մեկնի Երուսաղէմ, ապրելու եւ գործելու համար Սուրբ Երկրին մէջ: Ան պատասխանատու կը նշանակուի «Եղբայրներու Տան» եւ յետագային կը հիմնէ «Սուրիական Որբանոց»ը:
Ապա բանախօսը ներկայացուց այլ անձնաւորութիւն մը՝ Էրնսթ Եագոպ Քրիստոֆէլ (1876-1955), որ իր կարգին մեկնած է Արեւելք: Մալաթիոյ մէջ երկար ժամանակ գործելէ ետք, ան անցած է Պարսկաստան եւ յատկապէս Թաւրիզ ու Սպահան, ուր աշխատած է հաշմանդամներու եւ կոյրերու համար, հայկական շրջանակներէ ներս:
Երրորդ նիստի խորագիրն էր՝ Համակեցութիւն եւ Ցեղասպանութիւն, եւ նստավարն էր Քլաուտիա Ռամելտը: Առաջին զեկուցաբերը Համպուրկի համալսարանի դասախօս Ժիար Մոհետիէնը, ներկայացուց իր նիւթը՝ «Հայերը Միջին Արեւելքի մէջ.- Հայերու եւ քիւրտերու միջեւ համակեցութեան մէկ օրինակ՝ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»:
Ան խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու եւ Եզիտիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մասին, որ ցայսօր անոնց հաւաքական ինքնութեան վրայ խոր հետք թողած է: Ան անդրադարձաւ հայ Սփիւռքի իրականութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնէն դուրս կը գոյատեւէ: Բանախօսը Հայոց Ցեղասպանութիւնէն վերապրածներու եւ անոնց սերունդներու կեանքին անդրադարձաւ, յատկապէս Սուրիոյ մեծ եւ փոքր քաղաքներուն մէջ, սկսելով Հալէպէն մինչեւ Դամասկոս, Հոմս, ինչպէս նաեւ Իրաք՝ Պաղտատ եւ Մոսուլ, նաեւ Իրանի տարբեր քաղաքներ: Իր զեկոյցին մէջ, Մոհետիեն յայտնեց անոնց ներկայութեան մասին յատկապէս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, շեշտելով որ անոնց գոյութիւնն ու պատմութիւնը Էրպիլի, Տուհոքի, իրաքեան Քիւրտիստանի եւ Գամիշլիիի, Աֆրինի շրջանի եւ սուրիական Քիւրտիստանի մէջ, դեռեւս մանրամասն հետազօտութեան առարկայ չէ՛ դարձած: Ապա ան վերլուծեց զոյգ՝ հայկական եւ քրտական հասարակութիւններու փոխյարաբերութիւնները:
Օրուան վերջին նիւթը ներկայացուց Պոխումի «Ռուհր» Համալսարանի դասախօս Եան Կեմ, «Գերմանիոյ կողմէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն տարի մը անց – Ճանաչման եւ ուրացման միջեւ. Անձնական նշումներ եւ փորձառութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» խորագրով:
Կեմ ըսաւ թէ Գերմանիոյ մէջ ճանաչման գործընթացը իր աւարտին չէ՛ հասած: Պատմական ճանաչումը այնքան ալ հեշտ ընթացք չունի, դիմադրական այն շարժումները ներկայացնելով յատկապէս, որոնք Գերմանիոյ թուրք համայնքի կողմէ իբրեւ կեցուածք կ՛արտայայտուին: Ան իր զեկոյցը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի հետ իր ունեցած անձնական փորձառութիւնները՝ Միջին Արեւելք կատարած իր ճամբորդութիւններու շրջագիծէն ներս, նաեւ ներկայացուց ընդհանուր պատկերը Գերմանիոյ մէջ, զարգացումներու, ծրագրերու եւ խնդիրներու, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կ՛առնչուին:
Առաջին օրուայ նիստի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակիչ խօսքով, վերարժեւորում կատարեց ներկայացուած նիւթերու խիստ շահեկանութեան: Սրբազանը յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի շուրջ արտայայտուելով, շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մարդկային իրաւանց համաշխարհային խնդրի լուծման գործընթացից դուրս բերել աշխարհաքաղաքական շահերը, տեսնելու համար բացայայտ ճշմարտութիւնը հայ ժողովրդի արդար պահանջատիրութեան:
Գիտաժողովը պիտի շարունակուի Դարաշամբի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ:
Հայագիտական Ա․ գիտաժողովին եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16-ին, Դարաշամբի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի հրաշակերտ վանքին մէջ։
«Գրականութիւն եւ Կենսագրութիւն» նիստի առաջին զեկուցաբերն էր գերմանացի Վիլֆրիտ Էկըրզ, որ զեկուցեց «Ինչպէ՞ս գրել անգրելիի մասին․ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Գրականութիւն» նիւթի մասին։ Ան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող չորս վէպեր՝ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» (1933), Էտկար Հիլզենռաթի «Վերջին մտածումին հէքիաթը» (1989), Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրս» (2004) եւ Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի սեւ շունը» (1997) գործերը: Ան շեշտեց, թէ ինք կը հետաքրքրուի այն հարցերով․ թէ սոյն հեղինակները ինչպէ՞ս գրած են անգրելիի մասին․ իսկ իբրեւ ընթերցող ինչո՞ւ կը յափշտակենք այս գգրութիւնները:
«Այս վէպերուն ուղղուած իմ մօտեցումս հայեացքն է մէկ կողմէն գերմանացի գրողի եւ միւս կողմէն՝ նացի գերմանացիներու յետնորդին», ըսաւ Էկըրզ։ Գերմանական հաւաքական ինքնութեան վրայ դիտելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, զեկուցաբերը հաստատեց, որ փորձառութիւնները իրարմէ կ՛օգտուին՝ նպատակադրումներէն անկախ։ «Քաղաքական եւ նոյնիսկ հետազօտական բազում աշխատանքներ յաճախ չեն գործեր այն ազդեցութիւնը, որ կը գործէ պարզ պատմուածք մը, որուն մէջ ներկայ է ժողովուրդներու ծայրագոյն փորձառութիւնը», շեշտեց ան։ Ան պատմեց իր հանդիպումը Չէթինի եւ Պալաքեան հետ Գերմանիոյ մէջ, Պերլինի ճիշտ այն վայրին մէջ, ուր Հիթլէրի Գերմանիան որոշած էր կատարել հրեաներու ողջակիզումը։ Յիշեալ վէպերու ներկայացումէն եւ շարք մը հարցերու վերլուծումէն ետք, ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայի թրքական իշխանութեան ուրացման ամուլ եւ ինքնաքանդիչ քաղաքականութեան։
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Օմանի Նիզուայի համալսարանի գերմանագիտութեան դասախօս, գերմանացի հայագէտ Մաթիաս Ֆրից, որը ներկայացրեց հետեւեալ նիւթը. «Լեւոն Շանթի գերմանական շրջանը. Գերմանական «Դարավերջի» Ակադեմիայի ազդեցութիւնը անոր արձակի ու քերթողութեան վրայ»։ Ֆրից նախ ներկայացուց նշանաւոր հայ թատերագիր Լեւոն Շանթի (1869-1951) կեանքի աշխարհագրական տարբեր փուլերը։ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադիր անդամն ու Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնը, իր ուսման մեծ մասը ստացած է գերմանական համալսարաններէն ներս։ Պոլսոյ Սկիւտարի եւ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի մէջ իր սկզբնական կրթութիւնը աւարտելէն ետք, շուրջ քսան տարեկան իր հասակում, դեռեւս իբրեւ «Լեւոն Սեղբոսեան», ան մեկնած է Գերմանիա եւ 1893-1899 թուականներուն Լայփցիկի, Իենայի եւ Միւնիխի համալսարանները յաճախած է, ուսանելով ոչ միայն փիլիսոփայութիւն, այլեւ մանկավարժութիւն եւ այլ մասնագիտութիւններ։ Ֆրից ցոյց տուաւ յիշեալ համալսարաններու արձանագրութեան տոմարներուն մէջ գտնուող Շանթի վերաբերող վաւերաթուղթերը։ Գերմանական ժամանակաշրջանին, Շանթ արդէն իսկ արձակ ու չափածոյ երկերու հեղինակ էր: Գերմանիոյ մէջ գրի առնուած այս երկերու շարքին են «Երազ Օրեր», «Դուրսեցիները», «Դերասանուհին», «Դարձ» խորագրուած երկերը, եւ որոնց կողքին, քերթուածներու մէկ հաւաքածոյ, «Երգեր» խորագրով։ Ան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս Շանթի վաղ շրջանի ստեղծագործութիւնները ազդեցութիւն կրած են գերմանական ակադեմիական շրջապատի, 19-րդ «դարավերջ»-ի ժամանակաշրջանում։ Ֆրից նաեւ Շանթի «Փիլիսոփաներ» քերթուածի օրինակով լուսաբանեց գերմանական ազդեցութեան ձեւն ու ոլորտը։

Իշխան Չիֆթճեան ներկայացուց «Կենսագրական վերհանումներ Ներսէս Արքեպս. Մելիք-Թանգեանի (1866-1948) վաստակից» նիւթը։ Չիֆթճեան հաստատեց, որ Մելիք-Թանգեան կը պատկանի պատմութեան մէջ այնպիսի անձնաւորութիւնների փաղանգին, որոնց կենսագրութիւնը չբաժանուիր պատմութենէն:

Հայոց պատմութեան ճակատագրական պահերուն՝ ցեղասպանութիւնէն առաջ, ան նուիրուած է գաղթականախնամ հսկայածաւալ աշխատանքի, անձնապէս նիւթական նպաստի միջոցներ որոնելով եւ հայթայթելով։ Առաջին Աշխարհամարտին խուսափող քրիստոնեայ բազմաթիւ զանգուածներու տեղաւորումը Ճուլֆայի մէջ, անոնց խնամքը, ապա վերադարձը դէպի իրենց բնակավայր, ցեղասպանութեան որբերի հոգածութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան աքսորեալ աւագանիի ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը, անոր համար եղած են առաջնահերթութիւններ։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան էջերուն մէջ, կարեւոր եւ ժողովրդավարական օրինակ համարեց Չիֆթճեան սոյն պարագան, որտեղ եկեղեցւոյ պետին չյաջողիր իրեն պարտադրուած կամքի իրականացումը, երբ Մելիք-Թանգեան իր պաշտօնին վևայ կը մնայ եւ Վեհափառի առաջարկներն ու հրահանգները կ՛արժանան համաժողովրդական կրկնուող մերժումներու։
Գիտաժողովի վերջին նիստն ու եզրափակումը սրտառուչ կարեւորութիւն ունէին յատկապէս նաեւ Նախիջեւանի սահմանամերձ, գոհարակերտ Սուրբ Ստեփանոսի մէջ տեղի ունենալու պատճառով: Ընդամէնը մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Հին Ջուղայի կործանուած գերեզմանատանից ցեղասպանութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ մեր մշակոյթի ու պատմութեան մէջ ճակատագրական դերեր ստանձնած Լեւոն Շանթի եւ Մելիք-Թանգեան Սրբազանի նման պայծառ անձնաւորութիւններու աշխատանքին անդրադարձը խորհրդանշականէն աւելի իմաստ ունին, նշելով գիտութեան եւ անոր ներկայացման վայրի կապակցութեան կարեւորութիւնը։
Սրբազանը կատարեց գիտաժողովի եզրափակիչ խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներին, որոնք ընդառաջած էին գիտաժողովի հրաւէրին, Թեմական խորհրդին եւ գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, անոնց յանձնեց յուշանուէրներ՝ Սուրբ Թադէի մանրակերտ օրինակները, եւ վերստին հանդիպելու յոյսով բարի վերադարձ մաղթեց անոնց դէպի իրենց բնակած երկիրները։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles