Հոկտեմբեր 19-ին, Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ Թուրքիոյ հայկական եւ այլ փոքրամասնութիւններու պաշտպան Օսման Քաւալան: «Անատոլու Քուլթիւր» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, յառաջդիմական «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան, «Պիրիկիր» ամսագիրի սեփականատէր Քաւալան, 2010-էն ի վեր իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնական կազմակերպիչը եղած է:
Նշենք, որ ենթական ազգամիջեան գործարարական, մշակութային, ընկերային, մարդասիրական, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու նախագահութեան կողքին՝ նախագահն է նաեւ Թուրքիոյ պատմական յուշարձաններու —բնականաբար նաե՛ւ հայկականներուն— պաշտպանութեան ընկերակցութեան: Ինք է նաեւ որ նախաձեռնած էր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երիտասարդներու փոխադարձ այցելութիւններու ծրագրին: Օսման Քաւալա վերջերս երկու անգամ Հայաստան այցելած է:
Օսման Քաւալա ձերբակալուած է Կազիանթէպ քաղաքէն վերադարձին՝ Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ: