Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանը  յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց  Մայիս 2018-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովին մասին: Գիտաժողովը պիտի գումարուի Մայիս 11-12-ին Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանին մէջ:

«Ուրախ ենք յայտարարելու մանրամասնութիւնները այս կարեւոր նախաձեռնութեան» ըսաւ գիտաժողովին ատենապետ Անդրանիկ Գասպարեանը:  «Գիտաժողովը պիտի սկսի Ուրբաթ, Մայիս 11-ի երեկոյեան լիակազմ ժողովով մը, նիւթ ունենալով  «Առաջին Հանրապետութիւնը՝ հարիւր տարի ետք»: Իսկ յաջորդ օրը, Շաբաթ Մայիս 12-ին, խմբային դրութեամբ տեղի պիտի ունենան զանազան նիստեր հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով», աւելցուց  ան:

Գիտաժողովին պիտի քննարկուին հետեւեալ թեմաները.-

          -Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը՝ բաղդատական ակնոցով դիտուած

          -Մարտական բախումներ՝  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան

          -Դէպքեր, դէմքեր եւ ապրումներ

          -Հայաստանն ու Հզօր Պետութիւններու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնները

          -Պայքար՝ Հայաստանի սահմանները ապահովելու համար

          -Հաշուեկշիո

Գիտաժողովը պիտի հովանաւորեն  Գոլոմպիա Համալսարանի Հայկական Ամպիոնը (Armenian Center at Columbia University), Հայկական Նիւթերու Ուսումնասիրութեան եւ Հետազօտութեան Ազգային Հիմնարկը (NAASR) եւ Armenian Review պարբերաթերթը:

«Կը յուսանք այս գիտաժողովը գործօնի մը վերածել մեր համայնքը դաստիարակելու, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան  դերը ցայտուն դարձնելու հայկական գերիշխնութեան յառաջացման գործին մէջ եւ արժանաւոր դասեր քաղելու յօգուտ մեր այսօրուան պետականութեան: Մենք պիտի մօտենանք մեր արծարծած հարցերուն քննադատական գնահատումով, մատնանշելու մեր յաջողութիւններն ու թերութիւնները», նշեց Գասպարեանը:

 

Հրաւէրներ ուղղուած են տարբեր մասնագիտութիւն ունեցող պատմաբաններու, գիտնականներու եւ մտաւորականներու: Այս գիտաժողովէն անկախ, տեղի պիտի ունենան նաեւ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ որոնց մանրամասնութիւնները շուտով պիտի յայտարարուին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles