Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ. – Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ Օրղ. Վերժինի Թուլումեանի նշանակումը Հ.Օ.Մ.-ի Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնին։ Թուլումեան, Լոս Անճելըսի հայ գաղութէն ներս իր երկարամեայ ադիւնաւէտ գործունէութենէն ետք, փոխադրուած է Պոսթըն՝ Հոկտեմբերին սկսելու իր նոր պաշտօնավարումը:
«Ես շատ ոգեւորուած եմ ստանձնելու իմ աշխատանքս Հ.Օ.Մ.-ին հետ: Ահաւասի՛կ, դարէ մը աւելի այս հրաշագործ կանանց կազմակերպութիւնը կը ծառայէ, կ՚օժանդակէ եւ կը գուրգուրայ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ ժողովուրդի՛ն հետ, ժողովուրդի՝ն համար, շնորհիւ իր անձնուէր կամաւորներու բանակին։ Ես պատրաստ եմ ընկերուհիներուն հետ նորանո՚ր նուաճումներ կատարելու», ըսաւ Թուլումեան:
Իր այլազան պարտականութիւններու շարքին, նոր վարիչ տնօրէնը պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ, Կեդրոնական Վարչութեան հետ, ղեկավարելու եւ համադրելու Հ.Օ.Մ.-ի 26 երկիրներու մէջ ի գործ դրուող ռազմավարական ծրագիրներու ընդլայնման, կազմակերպութեան հզօրացման եւ շինի՚չ աշխատանքի հորիզոններու ընդարձակման: «Կեդրոնական վարչութիւնս, իր լրիւ կազմով, միաձայնօրէն կը բաժնէ իմ խանդավառ զգացումներս` ի տես այս արժանաւոր յաւելումին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին վրայ: Վերժինին իր երիտասարդի լաւատես խանդով ու գաղափարներով, պիտի թարմացնէ Կեդրոնական Գրասենեակի արդիւնաբեր ու յառաջընթաց գործունէութիւնը», ըսաւ ատենապետուհի Գարոլին Շմավոնեան։
«Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգային Վարժարանը աւարտելէ ետք, Վերժինին ստացած է իր գործարար կառավարման (Business Management) Պսակաւոր Արուեստից Վկայականը Ուուտպըրի համալսարանէն, եւ ապա Լոյոլա Մարիմաունթ Համալսարանէն՝ Մարդկային Տեսչութեան վկայագիրը: Իսկ Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Տեսչութեան եւ Ղեկավարման՝ Փեփըրտայն Համալսարանէն: Երբ ան Փեփըրտայն կը յաճախէր, մասնակցած է ամրան ծրագիրի մը՝ Անգլիոյ Օքսֆորտ Համալսարանէն ներս եւ խորհրդատու նշանակուած էր Լոս Անճելըսի Ան Տակլաս Կանանց հաստատութեան մէջ: Ան վերջերս կը պաշտօնավարէր «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգային Վարժարանին մէջ ուր նաեւ Հայ Դատի ուսուցչուհի էր:
Վերժինի Թուլումեան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի գործօն անդամ եղած է, ուր վարած է Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղարի եւ փոխ-ատենապետի պաշտօնները եւ Կլէնտէյլի «Ռուբէն» ուխտի քարտուղարութիւնն ու ատենապետութիւնը: Ան նաեւ ատենապետութեան պաշտօն վարած է «Մեր Զինուորներու Կողքին» ծրագրին, Մարդկային Իրաւունքներու Միացեալ Յանձնախումբին, եւ Դաստիարակչական բաժնին: Օրդ. Վերժինին իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Ե.Դ.-ի եւ Ջաւախքի ճամբարներուն, Մ.Ա.Կ.-ի մէջ հետեւած է վարժողական ծրագրին: Ան այս ամառ մասնակցեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կատարած խոհրդաժողովին: Վերժինին նաեւ խմբագրած է Հ.Ե.Դ.-ի «Հայդուկ» Պարբերաթերթը եւ գործօն անդամ է Հ.Յ.Դ.-ի «Շանթ» Ուսանողական Միութեան:
Հիմնուած 1910 թուականին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) 26 երկիրներուն մէջ գործող մասնաճիւղերով ոչ-հարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակութեան, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:
↧
Վերժինի Թուլումեան Կը Ստանձնէ Հ.Օ.Մ.-ի Վարիչ Տնօրէնի Պաշտօնը
↧