Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Կոմսոմոլը Եւ Տիկ. Նարինէ Թուխիկեանը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Քաղաքականութեան մէջ աժան եւ անհիմն պիտակաւորումը պարզապէս քաղաքական տհասութիւն կ՚ենթադրէ։ Իբրեւ այդպիսին, պիտակաւորող կողմը ոչ միայն ինքզինք կը նուաստացնէ, այլ նաեւ ան կը կորսնցնէ իր հաւատալիութեան հանգամանքը հանրութեան առջեւ։ Միաժամանակ, նման անլուրջ որակումներով ան խնդրական կը դարձնէ իր պաշտպանած հարցին անկեղծութիւնը։

Ցաւալիօրէն այս յոռի կեցուածքին ականատես դարձանք մի քանի օր առաջ, երբ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Տիկին Նարինէ Թուխիկեան Հոկտեմբեր 3ին Թերթ.am-ի շնորհած իր մէկ հարցազրոյցին (Խմբ.- կցուած հարցազրոյցին կայքէջը՝ http://www.tert.am/am/news/2017/10/03/Narine-tukhikyan/2500806), ի միջի այլոց, կատարեց հետեւեալ ծիծաղաշարժ պիտակաւորումը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին։ Ան հանգամանօրէն եւ ամենայն լրջութեամբ յայտարարեց, թէ «Դաշնակցութեան այսօրուայ պարագլուխներն ուղղակի վերափոխուած կոմսոմոլներ են։»

Կոմսոմոլէն շրջանաւարտներուն թիւը անհամար է հայրենիքի մէջ։ Խորհրդային շրջանին պարտադիր էր կոմերիտականի, այսինքն կոմունիստ կուսակցութեան երիտասարդական միութեան՝ կոմսոմոլին անդամակցութիւնը։ Գոյութիւն ունէր նաեւ պիոներական կառոյցը՝ պատանիներու համար։ Պիոներական շարքերէն անցնելով պատանին կը միանար կոմսոմոլին, եւ ապա կը միանար կոմունիստ կուսակցութեան շարքերը։ Թերեւս Տիկ. Թուխիկեան ինք եւս անցած է այդ գործընթացէն։ Բայց հարցը այդ չէ։

Հարցը այն է, որ Տիկ. Թուխիկեան ի՛նք «կոմսոմոլ»ի անհիմն պիտակաւորումը կ՚արձակէ Դաշնակցութեան հասցէին։

Պէտք է լուրջի առնել Տիկ. Թուխիկեան խօսքերը։ Ան թանգարանի կարող տնօրէն է։ Իմացականութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն է։ Գիտէ լուրջը անլուրջէն զանազանել։ Մայրենի լեզուին հանդէպ նախանձախնդիր մտաւորական է։ Առաքինութիւններ, որոնք միայն յարգանք կրնան պարտադրել։

Հետեւաբար, պէտք է քննել Տիկ. Թուխիկեանի պիտակաւորման պատճառները եւ այն գծով իր դրսեւորած հիմնաւորումները։

Տիկ. Թուխիկեանին համար «Դաշնակցութեան այսօրուայ պարագլուխներն ուղղակի վերափոխուած կոմսոմոլներ են», որովհետեւ, ըստ իրեն, «բոլոր օտար լեզուները օրէնքով պէտք է մէկ սանդղակում լինեն, իսկ հայերէնը պէտք է բացառիկ նշանակութիւն եւ իրաւունքներ ունենայ»։ Դարձեալ ըստ իրեն, Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ռուսերէն լեզուի առնչութեամբ ներկայացուցած հայեցակարգը նախապատուութիւն կու տայ ռուսերէնին՝ ի տարբերութիւն միւս օտար լեզուներու։

Ուրեմն, ըստ Տիկ. Թուխիկեանին, քանի որ Լեւոն Մկրտչեան Դաշնակցութեան անդամ է, հետեւաբար Դաշնակցութիւնը իր կարգին նախընտրութիւն կը տրամադրէ ռուսերէնին։ Ուստի, Դաշնակցութեան «պարագլուխները վերափոխուած կոմսոմոլներ» են։

Օրէնքները կը մշակուին, կ՚որդեգրուին եւ կը գործադրուին երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան համար։ Քաղաքացիին թէ՚ իրաւունքը եւ թէ պարտաւորութիւնն է շահագրգռուիլ առաջադրուած օրինագծով, քննարկել եւ քննադատել զայն, ընդդիմանալ կամ բարեփոխութեան առաջարկներ ներկայացնել։ Ազդեցութիւն բանեցնել օրէնսդիր իշխանութեան վրայ՝ ի նպաստ կամ ընդդէմ օրինագծին։ Ասիկա անբաժան եւ էական մասն է ժողովրդավարութեան գործընթացին։

Ինչպէս որեւէ քաղաքացիի, նաեւ Տիկ. Թուխիկեանի իրաւունքն է նման գործընթացի ճամբով քննարկել, քննադատել, ընդդիմանալ, կամ բարեփոխել օտար լեզուներու վերաբերող առաջադրուած օրինագիծը։ Այս ուղղութեամբ ոչ մէկ տարակարծութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Բայց այս բոլորը կատարելու համար պէտք է քաղաքացին իրազեկ եւ ուսումնասիրած ըլլայ ներկայացուած օրինագիծը։

Առանց իմանալու օտար լեզուներու վերաբերող հայեցակարգի բովանդակութեան, կարելի չէ առարկայական եւ լուրջ պատկերացում ունենալ։ Առանց լիովին հետեւած ըլլալու կրթութեան նախարարի բացատրութեան, կարելի է միայն յանձնապաստան եզրակացութիւններու յանգիլ։ Տիկ. Թուխիկեանի պիտակաւորումը կը բխի ճիշդ այս անտեղեակութենէն։ Թերեւս կ՚արժէր իմանալ Հանրային Խորհուրդի Հոկտեմբեր 2ի նիստին նախարար Մկրտչեանի բացատրութիւնները եւ ապա դիմել անհարկի պիտակաւորումի։ Մկրտչեան իր բառերը չծամծմեց։ Այսպէս,

Առաջին. Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պետական լեզուն հայերէնն է, մնացած բոլոր լեզուները օտար լեզուներ են, եւ բոլոր օտար լեզուներու համար պէտք է մշակել հայեցակարգ:

Երկրորդ, նախապէս մշակուած եւ հանրային քննարկման ներկայացուած է օտար լեզուներու՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի և գերմաներէնի հայեցակարգը։ Դժբախտաբար, այս հայեցակարգը բացարձակապէս հանրային ուշադրութեան չարժանացաւ:

Երրորդ, ապա քննարկման ներկայացուեցաւ ռուսերէնի հայեցակարգը։ Անմիջապէս այս հարցը անհարկիօրէն մտաւ քաղաքական տիրոյթ եւ սկսան անտեղի շահարկումներ:

Նախարար Մկրտչեան բացատրութենէն մէկ օր ետք, Տիկ. Թուխիկեան չուշացաւ միանալու ներկայացուած օտար լեզուներու հայեցակարգի քաղաքականացման արշաւին՝ թէկուզ անգիտակցաբար։

Հայրենիքի մէջ կը բանին հարցերը քաղաքականացնելու եւ առճակատման մթնոլորտ ստեղծելու մշակոյթի մասնագիտացած շրջանակներ, որոնք նոյնիսկ կրթական ոլորտէն ներս ամենէն օգտաւէտ կերպով օտար լեզուներու դասաւանդումը վերածեցին քաղաքական խնդրի։

Ճօճուեցաւ ռուսականացումի վտանգը, երկրի մը մէջ ուր ժողովուրդը ամէն գնով ձախողութեան մատնած էր լենինեան թէ ստալինեան ռուսականացման փորձերը։ Այդ պայքարին մէջ առաջին դիրքերու վրայ եղաւ եւ կը մնայ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ Հայաստանի կոմկուսը ռուսականացման ծրագիրներու խափանման գերակշիռ աղբիւր կը նկատէր Դաշնակցութիւնը եւ Դաշնակցութեան ազգայնամէտ վարքագիծը հայութեան ու Հայաստանի վերաբերող բոլոր բնագաւառներէն ներս։

Նաեւ այսօր, հայրենիքի մէջ որոշ շրջանակներու հակադաշնակցական հիսթերիան կը բխի ճիշդ այն փաստէն եւ փորձառութենէն, որ Դաշնակցութիւնը կ՚ապացուցէ ազգային արժէքներն ու շահերը ամէն բանէ վեր պահելու յանձնառութեամբ։ Առ այդ, զարմանալի չէ որ որոշ շրջանակներ աջ ու ահեակ կը փորձեն հակադաշնակցականութեան խռպոտ մունետիկները դառնալ։

Կրթական հարցի մը անտեղի քաղաքականացման եւ Դաշնակցութեան հասցէին անճիշդ պիտակաւորման հարթակին վրայ պէտք է ընկալել Տիկ. Թուխիկեանի անհիմն որակումը Դաշնակցութեան մասին։ Այլապէս, վերոնշեալ հարցազրոյցի ընթացքին իր առողջ դիրքորոշումները հայեցի լեզուի ամրապնդման եւ հայրենաճանաչողութեան մասին միայն կրնան ողջունելի ու քաջալերելի ըլլալ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը տարբեր բան չէ ըսած եւ պիտի չըսէ, տարբեր չէ գործած եւ պիտի չգործէ։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles