Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԵՐԸ ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ալ-Գամիշլի (արաբերէն՝ القامشلي) կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, Դամասկոսէն 680 քմ հեռաւորութեան վրայ: Մօտ է Թուրքիոյ սահմանին, ինչպէս նաեւ մօտ է Իրաքին:
Գամիշլի, կը գտնուի Հասաքէ նահանգին մէջ, բարձրութիւնը ծովի մակերեսէն կը կազմէ 508 մեթր:
Համաշխարհային Առաջին պատերազմին, Գամիշլին կամ Գամըշլուն աննկատելի վայր եղած է: Դաշտագետին մը, ուր կ’ապրէին քանի մը վրանաբնակ քիւրտ եւ արաբ աշիրէթներ եւ կը նշմարուէր քանի մը ցած խրճիթներ. ուրիշ ոչինչ:
Պատերազմէն յետոյ, դաշնակիցներու նահանջէն ետք թրքական հողերէն, ֆրանսացիները Էյն Տիուար շրջանին մէջ հաստատած են իրենց զօրանոցները ու կազմած բանակ:
Հետեւաբար, քաղաքի հիմնումէն առաջ՝ 1920ական թուականէն սկսեալ, յատկապէս Տէր Զօրէն, Րագգայէն, Հալէպէն, Րաս ուլ-Էյնէն եւ Հասիչէէն հայ արհեստաւորներ իրենց ընտանիքներուն հետ միասին հոս ներկայութիւն եղած են:
Թուրքիոյ սահմանակից այս քաղաքը հիմնուած է Մեծ եղեռնէն ետք՝ 1926 թուականին, ֆրանսացիներուն կողմէ. սասունցի, պշերէկցի, տարօնցի, տիգրանակերտցի, սեւերէկցի, մարտինցի, սղերդցի, ուրֆացի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հարաւային տարբեր գաւառներէ վերապրած հայեր, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն բռնագաղթուած ասորիներ եւ քիւրտեր կեդրոնացած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ: Անոնք, Թուրքիոյ սահմանին վրայ, Ճաղճաղ գետի ափերուն, 6-7 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ թրքական կողմը մնացած պատմական Մծբին (յունարէն Նիսիպին) քաղաքին դիմացը, որ Նուսէյպին անունով ներկայիս կ’իյնայ Թուրքիոյ մէջ, եղէգնուտներով շրջապատուած եւ քանի մը խրճիթներով բաղկացած ասորական Պէթ Զալին գիւղի դաշտերուն մէջ, նոյն ժամանակ կառուցուող երկաթուղային կայանին մօտ քաղաքի մը կառուցումը ձեռնարկած են եւ զայն կոչած Գամիշլի (եղէգնուտ. քրտերէն եւ ասորերէն` Գամիշլօ. ասորիներ քաղաքը հին գիւղին անունով կը կոչեն նաեւ Պէթ Զալին): Արդարեւ, Գամիշլի անունը ծնունդ առած է թրքերէն գամիշ (ղամիշ) եղեգն բառէն:
Գամիշլիի պատկանող հողերը, անցեալին կը պատկանէին Մծբնայ ժողովուրդին: Կարելի է հոն հանդիպիլ պատմական Մծբինէն պահպանուած պարիսպներու մնացորդներուն, ինչպէս նաեւ քանի մը եկեղեցիներու քանդուած ու փլատակ կառոյցներու:

Գաղթական հայերուն, ասորիներուն եւ քիւրտերուն կողքին, հոն բնակութիւն հաստատած են նաեւ արաբներ, չերքէզներ եւ հրեաներ: Շրջակայ դաշտերուն մէջ թափառող վրանաբնակ արաբական եւ քրտական աշիրէթներէն հատուածներ եւս կեդրոնացած են քաղաքին մէջ:
Գամիշլի, Ճեզիրէի ամենամեծ քաղաքն է, ոչ միայն բնակչութեան հոծ զանգուածներուն համար, այլ` իր ընդարձակութեան եւ առեւտրական կեդրոն հանդիսանալուն հետեւանքով:
Գամիշլի խառն բնակչութիւն ունի, զուրկ միատարր զանգուածներէ. հոն կան սուրիան-եագուպիթներ, սուրիանի կաթողիկէներ, քաղդէացիներ, աշուրիներ եւ արաբ եւ քիւրտ մահմետականներ: Ֆրանսացիներու ժամանակ ասորիներ ալ Իրաքէն գաղթած եւ Խապուրի եզերքը հաստատուած են, հոն հիմնելով քանի մը գիւղեր: Գամիշլիի շրջակայքը գտնուող անապատին մէջ կը գտնուին նաեւ Թայ, Ճիպուրի եւ Շամմար արաբ ցեղախումբերը: Քաղաքի գերակշիռ մասը ներկայիս քիւրտ են:
Գամիշլի կը գտնուի երկրագործական գօտիի մէջ. կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն եւ բամպակ. դաշտերը կ’ոռոգուին Ճաղճաղի ջուրերուն շնորհիւ: Անցեալին անջրդի կերպով կը մշակուէր ձմեռուկ, դդու սեխ, աճուռ եւ այլն:
1930ական թուականներուն Արեւմտեան Հայաստանէն հետզհետէ դէպի հիւսիսային Սուրիա, յատկապէս Գամիշլի արտագաղթող հայերուն թիւը կը բազմանայ եւ Գամիշլիի շրջակայքը համախմբուած հայեր, որոնք ընդհանրապէս քրտախօս են. կը հիմնեն աւելի քան 20 փոքր հայկական գիւղեր` Հելքօ, Տըպպանա, Ճուխա, Ճինետիէ, Զընտա, Ապու Ճելալ, Միւլլիւքսարայ, Սաֆիա եւ այլն: Իւրաքանչիւր աւան կամ գիւղ 10-15 հայ բազմանդամ ընտանիքներով: Այս շրջանի բնակչութիւնը դաշտային եւ բանուորական աշխատանքներով կեանքը շարունակած է: Տըպպանայի մէջ գոյութիւն ունէր Ազգային վարժարան մը, 24 աշակերտներով եւ ուսուցիչ մը:
Տեղին է նշել, որ Հելքօ եւ Տըպպանա գիւղերուն մէջ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (Հ.Ե.Ը.) վարչութիւնը ակումբներ հիմնած է, որպէսզի հեռաւոր այս անապատին մէջ գտնուող հայ երիտասարդներ քով-քովի գալով կարելիութիւնը ունենան առողջ շրջանակ կազմել ու զարկ տալ մանաւանդ մարզական, թէ մշակութային ձեռնարկներու: Ակումբներու գործունէութիւնը կը տեւէ մինչեւ 1965, երբ տուն-տեղ լուծարքի ենթարկելով, հայրենիք կը ներգաղթէն Պշերիկցի 385 ընտանիք:
Ֆրանսական իշխանութեան կողմէ Գամիշլի ապաստանած գաղթականներուն բնակութեան եւ տեղաւորման համար թրքական սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը տրամադրուի ընդարձակ եւ բարեբեր հողեր: Իսկ Հալէպի Գաղթականաց Ենթայանձնախումբին կողմէ Գամիշլի կը ղրկուի Վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեան` նորեկ գաղթականներուն կեցութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով:

Բնակութեան համար կը նշանակուին գիւղեր եւ աւաններ` բնակչութիւնը այնտեղ տեղաւորելու եւ զայն ինքնաբաւ դարձնելու համար: Կ’որոշեն բնակութեան վայր դարձնել Չգըր Պազարը, Թէլ Պրագը եւ Ղարատունը:
Թէլ Պրագի սահմանին շուրջ, Ճաղճաղ գետին մօտ, իրարմէ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու բլուրներու վրայ կը կառուցուին Սահակաշէն եւ Մեսրոպաշէն գիւղերը: Այստեղ ապաստան կը գտնեն 1929 թուականի Դեկտեմբերին Արեւմտեան Հայաստանէն Ճեզիրէի շրջանը գաղթած 600 տուն, քրտախօս հայերէն 130 ընտանիք:
Նորահաստատ երկու գիւղերը կառուցուած են Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախաձեռնութեամբ բացուած համազգային հանգանակութեամբ: 1931 թուականին Սահակաշէնի մէջ 75 միայարկ բնակարաններ կը կառուցուին եւ մասնաւոր շէնք մըն ալ կ’օգտագործուի, իբրեւ դպրոց ու եկեղեցի: Այստեղ հայերու թիւը կը հաշուէր շուրջ 350 հոգի: Իսկ Մեսրոպաշէնի մէջ կառուցուած է 62 միայարկ բնակարաններ, 5 ամբարանոց եւ 10 մասնաբաժիններով գոմ: Հայութեան թիւը կը հաշուէր շուրջ 230 հոգի, մօտաւորապէս 150 ընտանիք:
Ըստ 1934 թուականի տուեալներուն, Սուրիոյ շրջանին մէջ մօտ 5000-ի հասնող քրտախօս հայեր գոյութիւն ունեցած են, որոնք կեդրոնացած են ընդհանրապէս Գամիշիի մէջ:
Վերոնշեալ տարիներուն ու յատկապէս 1940ական թուականներուն Թուրքիայէն Գամիշլի գաղթած հայերը, ըլլալով տարբեր իրենց ազգամշակութային նկարագրով (մեծաւ մասամբ գաղթած էին Թուրքիոյ քրտաբնակ վայրերէն՝ Ճիզրէ, Պոթան, Պշէրիէի հարաւային դաշտերէն) եւ իրենց մեծ տոկոսը քրտախօս հայեր ըլլալով, հեռու մնացած էին հայ մշակոյթէն, դպրոցէն եւ եկեղեցիէն:
Պատմական կարեւորութեան համար լուսարձակի տակ կ’առնենք այն իրողութիւնը, թէ Մեծ եղեռնի յաջորդող քանի մը տասնամեակներուն Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանը ընդհանրապէս, իսկ Գամիշլիի մէջ յատկապէս ներկայութիւն եղած են քրտացած հայերը կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել ծագումով հայ քիւրտերը, որոնք պատկաՌելի թիւ կազմած են: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ հայկական մականուններով բազմաթիւ ընտանիքներ, սակայն ապրած կեանքերնին, կենցաղն ու արտաքին հագուածքն ու տեսքը քրտական եղած է, հայերէնի գիտակ չեն եղած, բայց իրենց բնակարաններուն մէջ պահած են հայութիւն բիւրող հայկական զանազան տեսակի իրեր: Ինչպէս նաեւ իրենց նախնիներէն մնացած կարգ մը աւանդութիւններ: Քանի մը տասնեակ հազար հաշուող քրտացած հայերը ունեցած են նաեւ իրենց հայոց ցեղախումբը եւ իրենց ինքնութիւնը պահելու համար ներքին կարգով ամուսնութիւններ կնքած են:

Անոնք, ամէն մէկը իր կարգին ունեցած է զատ պատմութիւն, հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւրին ծնողքը ձեւով մը զինք յանձնած է քիւրտերուն մահէն փրկելու համար: Անոնք հոգիով ու սրտով եղած են հայ, անոնցմէ շատեր քաջ տեղեակ էին, որ ունին հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, արդ առանց արգելքներու գրկած են զանոնք:
Թէկուզ տասնեակ տարիներ ետք, վերոնշեալ շրջաններուն մէջ տարիներ երկարող մեր հետազօտական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք հանդիպած ենք բազմաթիւ քրտացած եւ ինչու չէ նաեւ արաբացած հայերու: Թէեւ հակասական, բայց զարմանքով պէտք է արձանագրել, որ այդ ընտանիքներուն մէջ շատերուն անունները հայկական եղած են:
Քաղաքի հիմնադրութենէն յետոյ՝ առաջին քանի մը տասնեակ տարիներու ժամանակաշրջանին մէջ ըլլա՛յ Գամիշլիի, ըլլա՛յ շրջակայքի գիւղերու մէջ հաստատուած քրտախօս հայ ազգի զաւակներ, ո՛չ հայերէն եւ ո՛չ ալ իրենց հայկական անունը գիտէին, բայց գիտէին, որ իրենք հայ են՝ ոչ մէկ նշոյլ անցեալի յիշողութենէն. բայց իրենց տէրերու բարկութեան պահուն արտասանած մէկ բառը` «էրմէն», երբեմն անարգանքի իմաստով նոյնիսկ, բաւական եղած է, որ անոնց մէջ արթնցնէ ցեղային խորհուրդի անբացատրելի սոսկումները: Միւս կողմէ, անոնցմէ շատեր ինքնաճանաչումի գիտակցութեամբ կ’ըսէին, «Պաւէ մըն կօ, էմ Ֆըլլէնէ էրմէնինէ»` (Մեր հայրերը ըսին, թէ մենք քրիստոնեայ հայ ենք):
Այս ուղղութեամբ վիճակը շատ դժուար եղած է, յատկապէս հայ առաքելական եկեղեցւոյ շնորհիւ, կառուցուած են դպրոցներ, եկեղեցիներ:
Արդարեւ, այս քրտախօս հայերէն շատեր Գամիշլիի տեղւոյն պատասխանատուներու ժրաջան աշխատանքով, հայերէն սորված են եւ տէր եղած իրենց ինքնութեան, քանի որ Ազգ. Իշխանութեան մօտ խիստ կարեւոր մտահոգութիւն եղած էր անոնց մօտ զարգացնել ազգային գիտակցութիւնը, բնականաբար այս մէկը եթէ ոչ ամբողջովին, սակայն պատկառելի բաժին մը յաջողութիւն գտած է, յատկապէս հայ հոգեւոր մշակոյթի, երիտասարդական եւ մարզական կեանքի միջոցաւ:
Գամիշլիի հայութեան մէկ կարեւոր մասը նկատի առնելով, որ սասունցիներն էին հետեւաբար, անոնք պահած էին իրենց բարբառը. կային նաեւ թրքախօս ընտանիքներ՝ անոնք ալ Կիլիկիոյ շրջանէն եկած: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանէն հայերու գաղթը կը շարունակուէր, անոնցմէ շատեր Գամիշլիի մէջ բնակութիւն հաստատած է:
Հայերը քաղաքի տարբեր թաղերուն մէջ կը ցրուին, ոմանք ալ շրջակայ գիւղերուն մէջ բնակութիւն կը հաստատեն: Կարգ մը թաղեր աւելի քրիստոնեայ դիմագիծ կը ստանան, ուր հայերու կողքին կը կեդրոնանան նաեւ ասորիները:
Մեծ եղեռնի յաջորդող տարիներուն Գամիշլիի մէջ գոյութիւն եղած են ֆետայիներու սերունդ նկատուող աւանդապահ ընտանիքներ, մանաւանդ` սասունցիներուն մէջ, հպարտ` իրենց պապերուն հերոսական անցեալով եւ սխրագործութիւններով, որոնց մէջ յեղափոխական ոգին միշտ վառ մնացած է: Անոնք իրենց նահապետական վարքն ու բարքը անաղարտ պահած են: Բնակարանները կահաւորած են աւանդական ձեւով եւ գորգերով ծածկուած: Շատեր պահած են նաեւ իրենց գաւառական տարազը: Մէկ խօսքով Հայրենիքը պահած իրենց սրտին եւ յիշողութեան մէջ, հոն հիմնած են փոքր Հայաստան մը: Շրջան մը հոն ապրած է ֆետայի քեռի Թադոն (Յարութիւն Սարգիսեան):
Օրին, Գամիշլիի մէջ հայ ընտանիք չկար, որ թուրքի եաթաղանէ փրթած չլլար: Կոտորածէն հրաշքով փրկուած գերդաստաններու դժբախտ խլեակներն էին Սասունէն հասած Գամիշլի:
Գամիշլիի ժողովուրդը իր շահով միշտ բաւարարուած է, որքան ալ քիչ ըլլայ անիկա: Առ հասարակ ժողովուրդը հողագործութեամբ զբաղած է:
Հայերը ընդհանրապէս արհեստաւորներ եւ հողագործներ էին. սասունցիներուն մէջ կային հացագործներ եւ ջաղացպաններ:
Գամիշլիի մէջ օրին կառուցուած է ջաղացք մը, որ իր տեսակին մէջ միակը եղած է ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Մինչեւ օրս այդ վայրը կը կոչուի ջաղացքի տիրոջ Մանուկ Խաչատուրեանի անունով՝ «Թահունէթ Մանուկ» (Մանուկի ջաղացքը):
Գամիշլիի առաջին ճաշարանատէրը եղած է` Արամ Քէշիշեան: Իսկ Գրիգոր Գրիգորեան (Գօգօ, ծնած՝ 1939 թուականին) քաղաքի ամենահին լուսանկարիչն է: Ան հռչակաւոր մարդոց նկարած է, ինչպէս՝ նախագահ Շուքրի ալ-Քութալին երբ 1955 թուականին այցելած է Գամիշլի:
Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ Մամիկոն զբօսայգին, որուն տէրը` Մամիկոն Պրամեանը եղած էր: Կարեւորութեամբ պէտք է նշել նաեւ Սինեմա Կարպիսը:
Քաղաքի կազմաւորումէն ի վեր բազմաթիւ հայ առաջնակարգ զանազան արհեստներու վարպետներ իրենց դրոշմը ձգած են, ոչ թէ Գամիշլիի մէջ, այլ ամբողջ Ճեզիրէի շրջանը, որոնք համբաւ շահած են իրենց արհեստի մարզին մէջ: Միւս կողմէ, Հայ համայնքի արհեստաւոր զաւակները տեղացի եւ օտար լրագրողներու կողմէ լուսարձակի տակ առնուած են, մեծ գովասանքով խօսուած է անոնց մասին գործատեղիներու նկարներով զարդարուած են անոնց թերթերուն առաջին էջերը:
Մինչեւ օրս գործող եւ համբաւ առած վարպետներուն անունները կարգ մը նկատարումով այստեղ չենք նշէր: Միայն կրնանք ըսել, որ քաղաքին մէջ օրստօրէ թրաքթէօրներու, բաթէօզներու ապա արդիական ինքնաշարժներու հետզհետէ բազմանալուն պատճառով թիւը աւելցած է լաւագոյն մեքնենագէտներուն: Ուստի, 1939 թուականի յաջորդող տարիներուն է, որ Գամիշլիի մեքենական գործը յառաջդիմած է:

Մեքենական աշխատանքի մեծ վարպետներու կողքին անհրաժեշտ է նշել ձուլագործ, երկաթագործ, խարատ (թուրնէօր) վարպետները: Կարեւորութեամբ պէտք է նշել նաեւ ամբողջ Ճեզիրէի կազային ըմպելիներու արտադրիչը, որ հայ էր: Ասոնց կողքին բնականաբար կային փոքր առեւտրականներ, բժիշկներ, դեղագործներ եւ այլ արհեստաւորներ:
Սուրիոյ Ճեզիրէի այսպէս կոչուած մայրաքաղաքը եթէ Հասաքէն է, ապա հայութեան համար ալ՝ Գամիշլին է:
Պատմական կարեւորութեան համար, հարկ է նշել, թէ 1930ական թուականներէն առաջ հայ Առաքելական համայնքին մէջ կազմակերպուած Ազգ. Իշխանութիւն գոյութիւն չունէր, մարդիկ իրարու կապուած էին համաքաղաքացիական կապերով:
1941 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ժողովը ընթացք տալով Բերիոյ Թեմի առաջարկին՝ շրջանի կարեւորութիւնը նկատի առնելով, որոշած է հաստատել Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդութիւնը, որ իրականացած է 1942 թուականին, նստավայր ունենալով Գամիշլին. բոլոր ազգային գործերը կեդրոնացած են հոն, առաջնորդարանի չափ գործեր վարելով: Բերիոյ Թեմին ենթակայ են.- Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւն` որ կ’ընդգրկէ Գամիշլի, ալ-Մէլքիէ (Տերիք), Րաս ուլ-Էյն եւ Հասաքէ կամ Հասիչէ (նախապէս Ճեզիրէի տարածքին գտնուող ամբողջ վայրերը, որ հայ կը գտնուէր, ինչպէս՝ Ամուտա, Տերպեսիէ, Թել Պրագ եւ այլն):
Վարչական, կրօնական, ազգային, դատական եւ յարաբերական բոլոր գործերը կեդրոնացած են Գամիշլիի փոխանորդարանը եւ անկէ` Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարան:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիպակաց կողմը կը գտնուի Ճեզիրէի Հայոց Փոխանորդարանը, որուն շրջափակին մէջ 1982 թուականին կանգնած է Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած Յուշակոթողը (արդեամբ` Տիկ. Ժորժէթ Գասպարեանի, նախագիծ եւ իրագործում` Յովսէփ Պչագճեանի):
1997-1998 թուականին, Փոխանորդարանը նորոգուած է:
Փոխանորդարանի յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եղած են ոչ միայն կառավարութեան պաշտօնեաներուն հետ, այլ նաեւ` օտար համայնքներու հետ:
Բերիոյ Թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօն վարած են յաջորդաբար.-
Տ. Խորէն վարդապետ Բարոյեան (հետագային Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), 2 փետրուար 1942 թուականէն մինչեւ 16 Հոկտեմբեր 1947 թուական:

Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Ուրֆալեան (1947-1963)
Տ. Կորիւն Վրդ. Պապեան (1964-1966)
Տ. Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան (1967-1971)
Տ. Խաժակ Վրդ. Յակոբեան (1971-1978)
Տ. Նորայր Ծ. Վրդ. Աշըքեան (1979-1991): 1997-2000, դարձեալ ստանձնած է նոյն պաշտօնը
Տ. Կոմիտաս Եպս. Օհանեան, (1992-1996)
Տ. Բաբգէն Ծ. Վրդ. Չարեան (2002-2004 Սեպտեմբեր),
Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան (2004-2009)
Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան (2008-2014)
Տ. Փառէն Ծ. Վրդ.Վարդանեան (2014-2016)

Հոգեշնորհ Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան (15 Յունիս 2017 թուականէն սկսեալ):
Բերիոյ Թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սուրբերը եւ Ազգային մարմինները տեւական ներդաշնակ աշխատանքով կոչուած են վերանորոգ թափով եւ նուիրուածութեամբ հարստացնելու ազգային եկեղեցական ծառայութեան անդաստանը՝ պայծառացնելով Ս. եկեղեցին եւ բարօրութեամբ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին:
Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի 1932 թուականի տուեալներուն հիման վրայ, Գամիշլիի Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն թիւը կը հաշուէր շուրջ 3000 անձ:
Բերիոյ Թեմի 1949-1950 թուականի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն Գամիշլի հայ առաքելականներու թիւն էր 9107 հոգի: Իսկ յաջորդ տարիներուն՝ 12.000-ի կը հասնի: 1950ական թուականներուն առաքելականները ունեցած են երեք քահանաներ, կրօնական գործերը կանոնաւոր ընթացած, տօնական օրերու բոլոր հանդիսութիւնները մեծ շուքով կը կատարուին, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզները կը կատարէ շրջանի Սրբազանը:
Հայկական համայնքը լաւագոյն պարագային հաշուած է 18-էն 20 հազար անձ: 1945-1946 եւ 1965-1967 թուականներուն, զգալի թիւ մը ներգաղթի օրերուն նուազած է: Իսկ 1962-1963 թուականին ալ քաղաքական կարգ մը պատճառներով շատեր գաղթած են քաղաքէն:
Սակայն, շատ մը ընտանիքներ եւ անհատ արհեստաւորներ, նկատի ունենալով քաղաքի փայլուն ապագան, փութացած են հոս եւ գործի ձեռնարկած, այդ ձեւով բազմապատկելով տեղւոյն բնակչութեան թիւը:
Քաղաքի հայ բնակչութիւնը հիմնականին մէջ հայախօս է: Կան նաեւ քրտախօս ու արաբախօս հայեր որոնց թիւը կը հասնի շուրջ 2000-ի, հիմնականին մէջ կաթողիկէներ:

1932 թուականին, հոն կը հիմնուի եկեղեցի սուրիական Ճեզիրէ ապաստանած հայերու կողմէ եւ ի յիշատակ Մծբնայ հայրապետին` կ’անուանուի Սուրբ Յակոբ: Կը յիշուի թէ`«կաւակեր» եկեղեցին օծուած է այդ օրերու Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի ձերամբ` 4 Նոյեմբեր 1934 թուականին: 1940 թուականին կառուցուած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ վերանորոգուած` 1952 թուականին. ունի մէկ Սուրբ Սեղան, մկրտութեան աւազան եւ զանգակատուն: Եկեղեցւոյ կից կը գործեն Մանկապարտէզը, Ազգային Միացեալ միջնակարգը եւ Սուրբ Յակոբ կիրակնօրեայ դպրոցը:
Կը գործէ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանը: Վարժարանը ունի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի երեք բաժանումներ, այլեւ երկրորդականի եւ համալսարանականներու համար յատուկ բաժին` Քրիստոնէական Դաստիարակութեան լսարան:
Վարժարանը կը ջանայ նոր միջոցներով աշակերտներուն սէրը ծաղկեցնել հանդէպ Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ, այս նպատակով որդեգրած է Ս. Աւետարանի սերտողութիւն:
Միւս կողմէ, Գամիշլիի Կիրակնօրեայ վարժարանը ունի կրօնաբարոյական, ծիսական եւ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնները եւ պատմութիւնը ներկայացնող յատուկ ամսաթերթ «Լուսառատ» անունով: Ամսաթերթը լոյս կը տեսնէ ուսուցչական կազմի ջանքերով, խմբագրութեամբ՝ օրուան գերապատիւ հայր սուրբին:
Համայնքէն ներս քահանայագործած են Արժանապատիւ Տ. Աշոտ քահանայ Փափազեան, Արժ. Տ. Ղազար քահանայ Տիքիճեան, Արժ. Տ. Երուանդ քահանայ Երէցեան, Արժ. Տ. Մինաս քահանայ Մինասեան, Արժ. Տ. Յակոբ Քահանայ Մելքոնեան եւ ուրիշներ: Այժմ շրջանի հոգեւոր հովիւի պաշտօն կը վարէ Արժանապատիւ Տ. Պսակ քահանայ Պէրպէրեանը:
Գամիշլիի հայերը սկզբնական տարիներուն եկեղեցի եւ դպրոց չունէին: Հետագային կառուցուեցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ անոր կից 1932 թուականին բացուեցաւ Ազգային Եփրեմեան վարժարանը: Հակառակ այն իրողութեան, որ շատեր հայերէն չէին գիտեր եւ անուս ու անգրագէտ էին, բայց ազգային եւ քրիստոնէական զգացումը զօրաւոր էր:
1933 թուականի դպրոցական շրջանին հիմը կը դնեն Ազգ. վարժարանի մը: Բայց անոր կեանքը կ’ըլլայ կարճատեւ: Շնորհիւ օրուայ ուսուցիչներու անուղղամտութեան դպրոցը կը փակուի չորս ամիս յետոյ:
Աըարտող տարուան ուսումնական տարեշրջանի սկիզբին, դարձեալ կը բացուի դպրոցը: Երկու ուսուցիչներ կը հրաւիրուին Հալէպէն, որոնցմէ մէկը տնօրէնի պաշտօն կը վարէ, երկու պաշտօնեայ եւս տեղւոյն վրայ ճարելով կը սկսին գործի: Սոյն պաշտօնեաները խղճմտօրէն փարած ըլլալով գործին, կը դարձնեն արդիւնաւոր ամբողջ շրջանը:

Պատմութեան կարեւորութեան համար կ’արձանագրենք, որ օրին եղած են մարդիկ, որ վարժարանի գոյութիւնը ուզած են խափանել ամէն ձեւի սադրանքներով: Սակայն ապարդիւն եղած են անոնց աշխատանքը:
Ըստ 1934 թուականի տուեալներուն, վարժարանը ունեցած է 230 երկսեռ աշակերտներ: Իսկ 1950ական թուականներուն՝ 700 երկսեռ աշակերտութիւն մը, 22 պաշտօնեայով: Պետութիւնը տրամադրած է արաբերէնի համար 2 ուսուցիչներ:
Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ վարժարանը ունեցած է երկսեռ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան բաժիններ: 1961-1962 ուսումնական տարեշրջանին նախակրթարանին տրուած է միջնակարգի կարգավիճակ (եռամեայ բաժիններով): 1971 թուականին տեղափոխուած է նորակառոյց շէնք եւ անուանուած է Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ վարժարան:
1965 թուականին դպրոցը տեղափոխուած է նորակառոյց շէնք եւ անուանուած է Ազգային Եփրատ Միջնակարգ վարժարան: 1997 թուականին մանկապարտէզը տեղափոխուած է նորակառոյց շէնք: Վարժարանին մէջ կը գործեն մանկապարտէզ, նախակրթարան, «Միացեալ» եռամեայ միջնակարգ բաժիններ, «Արցախեան» սրահ (1998):
Վարժարանի երեք բաժինները ունին մէկ հոգաբարձական կազմ, երեք տնօրէններով:
1948-1949 ուսումնական տարեշրջանին մանկապարտէզ եւ նախակրթարանի բաժիններով վարժարանը ունէր 482 երկսեռ աշակերտ, իբրեւ կրթական մշակ ունենալով չորս ուսուցչուհիներ, տնօրէն մը եւ 7 ուսուցիչներ: Ասկէ զատ, կրթական նախարարութիւնը ամէն տարի տրամադրած է ուսուցիչ մը արաբերէնի ուսուցման համար: Տրուած ըլլալով, որ արաբերէն լեզուն անհրաժեշտութիւն է: Տեղւոյն ազգային մարմինը արաբագէտ հայ ուսուցիչ մը եւս ապահոված է, որպէսզի հայ ուսանողներ կարենան այդ լեզուն սորվիլ:
Ըստ 1992 թուականի տուեալներուն Ազգային Եփրատ Միջնակարգ վարժարանի աշակերտութեան թիւը կը կազմէր 1200 հոգի, որուն 250-ը մանկապարտէզ, 600-ը՝ նախակրթարան, իսկ 350-ը՝ միջնակարգ:
Ազգային Եփրատ Միջնակարգ վարժարանի աշակերտներու թիւը 2000 թուականին արձանագրած է շուրջ 900 աշակերտ: Իսկ վերջին տարիներուն մօտաւորապէս` 800: Աշակերտութեան թիւը ուռճանալով շրջան մը կը դառնայ Սուրիոյ ամենահոծ թիւով դպրոցը, շուրջ 1350 երկսեռ աշակերտութեամբ:
Մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարաններուն (Ազգային Եփրատ Վարժարան) մէջ դպրոցական կեանքը կ’ընթանայ բնականոն հունով, նախկինին պէս կը ջամբուի ազգային դաստիարակութիւն եւ կը մատուցուի հայերէն նիւթեր: Թէեւ աշակերտութեան ընդհանուր թիւի 10-15 տոկոսը օտար ազգի աշակերտներ են:
Շրջանին մէջ հայ երեք յարանուանութիւններէն ամենէն մեծը առաքելականներն են, ապա կու գան կաթողիկէները, իսկ աւետարանակնները սկիզբէն ի վեր թիւով շատ քիչ եղած են, յատկապէս 1950ական թուականներուն հազիւ քանի մը ընտանիքներէ կը բաղկանային անոնք:
Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Թեմի (կամ Բարձր Ճեզիրէի Թեմ) կազմաւորումը կը սկսի 1915 թուականէն ետք, երբ Մարտինէն, Թելէրմէնէն եւ Տիարպեքիրէն՝ ջարդէն ճողոպրած հայեր կը հասնին: Հայ մայրապետները կը տարածուին Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, որոնց կարգին նաեւ Գամիշլի` հիմնելով դպրոցներ: Թեմը իր իրաւասութեան տակ ունի Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելեան շրջանը՝ Հասաքէ եւ Տէր Զօր նահանգները:
Ճեզիրէի եւ Եփրատի շրջանը Հալէպի թեմին կապուելէ ետք, 1938 թուականին կը դառնայ Պատրիարքական Փոխանորդութիւն եւ կը յանձնուի Կիւրեղ Եպիսկոպոս Զոհրապեանին, որ կը կազմակերպէ Առաքելութիւնը մինչեւ 1952: Անոր կը յաջորդէ Յովսէփ Վարդապետ Ճենանճի: Գամիշլի կը դառնայ 29 Յունիս 1954 թուականին Եպիսկոպոսական Թեմ, որուն առաջին Թեմական Առաջնորդը կը հանդիսանայ Յովսէփ Եպիսկոպոս Ճենանճի: Անոր կը յաջորդէ Գրիգոր Եպիսկոպոս Այվազեան (1972-1988): Անդրէաս Եպիսկոպոս Պետողլեան կ’անուանուի Պատրիարքական Կառավարիչ (1988-1990), ապա Թեմական Եպիսկոպոս կ’ընտրուի Յովսէփ Եպիսկոպոս Առնաութեան (1990-1992):
Նշենք, թէ Ժողովրդապետութեան մէջ քահանայական պաշտօններ վարած են Հալէպէն ղրկուած բազմաթիւ վարդապետներ, ինչպէս` Տ. Գրիգոր Վրդ. Սարգիսեան «ժողովրդապետ» եւ Տ. Նիկողայոս Վրդ. Սապպաղեան:
1992 թուականէն ի վեր Թեմը յանձնուած է Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին Առաջնորդ Հալէպի, որ Սրբազան Պապին կողմէ անուանուեցաւ Առաքելական Կառավարիչ: Երեք ժողովրդապետութիւններ կը գործեն.
– Գամիշլիի մէջ՝ Ս. Յովսէփ եկեղեցին:
– Հասաքէի մէջ Ս. Ընտանիք եկեղեցին:
– Տէր Զօրի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (այժմ հրկիզուած):
Փոքր ժողովրդապետութիւն մը կը գտնուի Ապու-Քամալ, որ կապուած է Տէր Զօրի ժողովրդապետութեան: Ժողովրդապետութիւններ ալ եղած են Րաս ուլ-Էյն ու Տերպէսիէ:
Ս. Գէորգին նուիրուած սրբավայրը Հելքոյի մէջ կապուած է Հասաքէի ժողովրդապետութեան ինչպէս եւ Նասիրա արուարձանին մատուռը: Երկուքը կառուցուած են թելէրմէնցիներու ջանքերով:
Այժմ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդի դերը կը կատարէ Գերյարգելի Տ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեանը:

Բարձր Ճեզիրէի Թեմին պատկանող հոգեւոր հայրերը իրենց ժողովրդապետական պաշտօնը կատարելով հանդերձ, անոնք կը զբաղին նաեւ Թեմին դպրոցներով, բարեպաշտական եղբայրութիւններով եւ հոգեւոր շարժումներով:
Ծաղիկներու Տիրամայր կոչուած ուխտավայրը կը գտնուի Գամիշլիի շրջանին մէջ:
Գամիշլիի կամ Բարձր Ճեզիրէի Թեմին հաւատացեալներուն թիւը 1950ական թուականներուն մօտ 90 տուն եղած են: Աւելի ուշ՝ մօտաւորապէս 5000 հոգի:
1975 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 60ամեակին առիթով, Գամիշլիի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս պարտէզի մուտքին, կանգնած է խորիմաստ յուշարձան մը, որ կը խորհրդանշէ Հայոց տառապանքէն վեր բարձրացող Հայ ժողովուրդին անկաշկանդ սլացքը:
Յուշարձանի հեղինակն է հալէպահայ ճարտարապետ Պարգեւ Եագուպեանը: Իսկ նախաձեռնողը եւ իրագործողը Թեմին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Այվազեանը:
Յուշարձանը կը ներկայանայ չորս մեթր բարձրութեամբ՝ դէպի երկինք միատեղ իրենց վիզերն ու կտուցները ցցող քարեղէն կռունկներ: Կռունկներու ոտքերու ներքեւ կառուցուած է դամբանը, որուն տակ կը հանգչին Տէր Զօրէն, Մարկատէէն, Րաս ուլ-Էյնէն եւ Շետտետէէն բերուած հայ նահատակներու մասունքներ: Դամբանի վրայ կը վառի անմառ կրակը: Կռունկներու առջեւ սեւ խճաքարերու վրայ զետեղուած են խաչքարեր, որոնց քանդակներու զարդանմուշները առնուած են Հայաստանի Հաղբատի վանքին խաչքարերէն: Յուշարձանը կը խորհրդանշէ Հայոց տառապանքէն վեր բարձրացող Հայ ժողովուրդին անկաշկանդ սլացքը:
Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Թեմի հովանաւորութեան տակ այսօր կը գործէ Մեսրոպեան (արաբերէն անուանումը Աս-Սալամ) վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ պրէօվէ:
Ըստ 1948-1949 ուսումնական տարեշրջանին դպրոցը ունէր 250 երկսեռ աշակերտութիւն, այս դպրոցը շրջանին մէջ լաւագոյններէն եղած է: Օրին ունեցած է երեք երկրորդական կարգեր: Պէտք է նշել, որ 1950ական թուականներուն վարժարանը մեծ վարկ ունեցած է գերապայծառ Կիւրեղ Զոհրապեանի թափած անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ:
Հետագային Անաղարտ Յղութեան Քոյրերու «Քերէց» նախակրթարանը, հիմնուած` 1951 թուականին:
Անարատ Յղութեան Միաբանութեան մէջ կը գործեն նաեւ 3 հայ քոյրեր, որոնք Գամիշլիի մէջ կը զբաղին քրիստոնէական վարդապետութեան դասաւանդութեամբ եւ մարեմեան հոգեւոր շարժումով, ինչպէս նաեւ հովուական ծառայութեամբ:
Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեանի ջանքերով հիմնուած է բժշկական-բարեսիրական կեդրոն մը «Զոհրապեան» անունով: Ինչպէս նաեւ ընկերային «Տիրամայր Նարեկի» կեդրոնը Գամիշլիէն 12 քմ. հեռու եւ ապա կազդուրման կայան Քեսապի Էսկիւրան գիւղին մէջ:
Գամիշլիի կամ Բարձր Ճեզիրէի թեմի հաւատացեալներուն թիւը այժմ մօտաւորապէս քանի մը հազար հոգի կը հաշուէ:
Գամիշլիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին սկզբնական շրջանին «թրքախօս» իր համայնքը կը միացնէ ասորիներուն (սըրիան): Առաջին քարոզիչը կը հանդիսանայ Միհրան Գասարճեան, որուն կը յաջորդեն Պաղտասար Աճէմեանն ու Յարութիւն Յակոբեանը: Աւելի ուշ, աւետարանական համայնքէն շատեր կը միանան Առաքելական եկեղեցւոյ:
Շնորհիւ Վեր. Ն. Խաչատուրեանի, 1953 թուականին, Գամիշլիի աւետարանական համայնքը կ’օժտուի կեդրոնով մը: Անդրանիկ աւետարանիչը կ’ըլլայ Վեր. Յովհաննէս Գարճեան 1953-1956: Անոր կը յաջորդէ Պատ. Վահան Պետիկեան, իսկ 1957 թուականէն ետք գործը կը ստանձնէ Պարգեւ Օրջանեան մինչեւ 1971:
Գամիշլիի հայ համայնքը կը յատկանշուի իր եկեղեցասիրութեամբ ու բարեպաշտութեամբ: Յատկապէս առաջին սերունդի մամիկներն ու պապիկները ոտաբոպիկ ներկայ կ’ըլլային ժամերգութիւններուն: Մինչեւ օրս համայնքի բարեպաշտ ժողովուրդին հաւատքի ջերմեռանդութիւնը հիացում կ’առթէ շատերուն:
Քաղաքին մէջ աշխոյժ գործունէութիւններ կը ծաւալեն հայկական մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւնները:

Ազգային-մշակութային կեանքի վերելքին սատարող կարեւոր գործօններէն են «Կիւլպէնկեան», «Խորէնեան», Ազգ. Եփրատ մանկապարտէզի «Արցախեան» եւ այլ մեծ ու փոքր հանդիսասրահներն ու սրահները, ուր տեղի կ’ունենան զանազան տեսակի ձեռնարկներ, խրախճանքներ, հանդիսութիւններ եւ այլն:
Քաղաքի կազմաւորման ժամանակաշրջանին, յատկապէս Տարօն-Տուրուբերանի շրջանէն բռնագաղթուած հայերը այստեղ հիմնած են Հայրենակցական Միութիւն մը: Իսկ ուրֆացիներն ու կարմուճցիները միասնաբար հայրենակցական միութիւն մը կազմած են. թէպէտ նախապէս գոյութիւն ունեցած է, բայց ժամանակ մը անկազմակերպ վիճակի մէջ մնալուն, վերակազմուած է:
Հետեւաբար, Գամիշլիի հայութեան ազգային հասարակական եւ մշակութային կեանքը կը կազմակերպեն հետեւեալ միութիւնները.-
– Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.) Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղը հիմնուած է 1929 թուականին: Ան հիմնադրութենէն ի վեր քաղաքի ամենալաւ կազմակերպուած` կուռ միութիւնն է:

ՍՕԽ-ի շարքերուն մէջ նախապէս անդամուհիներուն կողքին եղած են նաեւ անդամներ (այր մարդիկ):
Նախապէս գոյութիւն ունեցած է արծուիկներու յատուկ խորհուրդ մը նուիրուած հազարաւոր արծուիկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին (հետագային արծուիկները մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի շարքերուն): Ասոնք ամէն տարի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ գայլիկներու կողքին, կը մասնակցին կատարուող բոլոր տողանցքներուն: Կը կազմակերպեն պտոյտներ, շրջանի գեղեցիկ վայրերուն մէջ բնութեան ազատ ու մաքուր օդը շնչելով կազդուրուելու համար:
Ս. Օ. Խաչը ինչպէս միշտ, Ճեզիրէի կազմաւորման սկզբնական շրջանին միակ մարմինը եղած է, որ հետաքրքրուած է շրջանի հայերով ընդհանրապէս եւ Գամշլիի շրջանով մասնաւորապէս:
Իրերայաջորդ վարչութիւնները Ազգային վարժարանին մէջ պահած են չքաւոր սան-սանուհիներ, ոչ միայն անոնց կրթաթոշակները, այլ նաեւ գրենական պիտոյքներն ալ հոգացած են: Ըստ մասնաճիւղի տուեալներուն՝ 1953-1954 թուականին ուսումնական տարեշրջանին տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ պահած է 73 սան-սանուհիներ:
ՍՕԽ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղը իր պիւտճէի մեծ բաժինը վերապահած է առողջապահական յատկացումներու, միանգամայն օգնութեան հասնելով չքաւոր ընտանիքներու այլազան կարիքներուն:
Տեղին է նշել, որ Ս.Օ.Խ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղը Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի մէջ ունեցած է սաներ:
Այս բոլորը ժրաջան տիկիններու զոհողութեան արդիւնքն է, որոնք լքելով իրենց առտնին գործերը, որպէս գերագոյն իտէալ ընտրած են ազգին ծառայելը եւ ատոր մէջ գտնելու սրտի եւ հոգիի անհուն գոհունակութիւն պատճառող բոլոր հետապնդուած բաղձանքները:
Օգնութեան խաչը յաճախ կազմակերպած է դասախօսական ժողովներ, վիճակահանութիւն եւ հասութաբեր այլ ձեռնարկներ:
Կազմակերպութեան եկամուտներն են անդամներու ցենզերը, կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներու երեկոները եւ բարերարներու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւնները:
Միութիւններուն, բարերարներուն, եւ ազգայիններուն կը յղէ շնորհաւորական քարթեր:
Անցեալին հերթաբար տարին անգամ մը ծոմապահութեան աւանդական հանգանակութիւնը կատարելէ ետք, ձեռնարկած է նաեւ ցորենահաւաքութեան օրինակելի գործը: Պատմական կարեւորութեան համար այստեղ կը յիշատակենք, որ ցորենահաւաքութեան ընթացքին տարիներ եղած են, որ աւելի քան 100 պարկ ցորեն հաւաքուած եւ Հալէպի պատսպարանին ղրկուած է իբր պարէն հոն ճաշող աղքատ սաներու:
– Սուրիահայ պատանեկան միութեան (Ս.Պ.Մ.) ,Սիմոն Զաւարեանե Մասնաճիւղը: Հոյլ մը գաղափարական պատանիներ, որոնք իրենց պատասխանատուներու շունչին տակ կը ստանան ազգային դաստիարակութիւն, բարձր պահելով իրենց կոչումին վեհութիւնը: Մասնաճիւղը կը հետեւի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ Մարմինի (ԸՎՄ) Ծրագրին: Շաբաթական հերթականութեամբ ժողով կը գումարեն, որու ընթացքին հայոց պատմութենէն եւ ազատագրական շարժումներէն լաւագոյն դրուագներ կ’ոգեկոչուին, կը ծանօթանան ազգային, յեղափոխական եւ կուսակցական դէմքերու, տեղի կ’ունենան Հարց պատասխաններ եւ երգի ուսուցումներ: Կը կատարեն արշաւներ:
Պատանեկան միութեան կազմակերպած տարեկան բանակումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեծ թիւով, ուր տարբեր երանդ ու գոյն կու տան:
– Հայ Մարմնամկրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Գամիշլիի մասնաճիւղը ընթացք կ’առնէ 1933 թուականին, որուն շուրջ կը բոլորուի քաղաքի մարզասէր հայ երիտասարդութիւնը:
Այնուհետեւ կը ձեռնարկուի ֆութպոլի խումբի մը կազմութեան: 1934 թուականին, տեղական խումբերու միջեւ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խումբը յաղթական դուրս կու գայ եւ կը տիրանայ Banque de Syrie-ի տրամադրած բաժակին:
Այսպիսով, Գամիշլիի խումբը կը նկատուի իր նահանգի ախոյեանը եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ իր շուրջ, ընդհանուր քաջալերանքի արժանանալով: Մասնաճիւղը կը կազմակերպէ նաեւ սկաուտական շարժումը, իր շուրջ հաւաքելով հայազգի զաւակները անխտիր:
1935 թուականին, Շրջանային Վարչութիւնը ընդունելով Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութեան դիմումը, այսպիսով Գամիշլիի մասնաճիւղը մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցին:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղը ժամանակի ընթացքին սկաուտական խումբերու կողքին ունեցած է նաեւ զանազան մարզական խումբեր, ինչպէս ֆութպոլի, պասքէթպոլի, փինկ-փոնկի եւ այլն: Ֆութպոլի Բ. կարգի խումբը, միջմասնաճիւղային մրցումներուն եղած է ախոյեան: Նշենք, որ անցեալին պասքէթպոլի խումբը քաղաքի առաջնակարգ խումբերէն մէկը դարձած է: Ունեցած է նաեւ շատ փայլուն եւ զօրեղ փողերախումբ մը, զոր կը գործէ մինչեւ օրս:
Միութիւնը այստեղ ունեցած է իր սեփական ակումբը:
1994 թուականի եղանակին մասնաճիւղի ֆութպոլի ,Մասիսե խումբը եւ պասքէթպոլի աղջկանց կազմը կը տիրանան Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանի միջակմբային ախոյեանութիւններուն:
1996 թուականին ֆութպոլի ,Մասիսե խումբը կը տիրանայ ,Նահատակ Պասէլե մրցաշարքի բաժակին: Խումբը կը հանդիսանայ մրցաշարքի տիպար կազմ: Բերդապահ Ատուր Ադամեան՝ լաւագոյն բերդապահի եւ յառաջապահ Խաչիկ Պետոյեան՝ լաւագոյն
սքորըրի դիրքերուն կ’արժանանան: Խումբի մարզիչն ու պատասխանատուն մինչեւ օրս Մհեր Արթինեանն է:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերուն մէջ տեղի կ’ունենայ դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիր՝ դասախօսութիւններ, երգի ուսուցում, մարզանք, դաշտային խաղեր եւ ձեռային աշխատանք։
– Տարօն Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւնը, հիմնուած 1948 թուականին: Ունեցած են ակումբ:
– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Գամիշլիի մասնաճիւղը հիմնուած է 1932 թուականին: Մասնաճիւղը 1958 թուականին վարչութեան կից, կ’որոշէ ստեղծել երիտասարդաց հարցերով զբաղող յանձնախումբ եւ 1961 թուականին ծնունդ կ’առնէ Գամիշլիի Հայ երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը (ՀԵԸ): 22 ապրիլ 2001 թուականին, միութիւնը կ’օժտուի նորակառոյց ,Գառնիկ Եագուպեանե կեդրոնատեղիով: Կեդրոնը օժտուած է արդիական յարմարութիւններով, սարքաւորումներով, շարք մը սենեակներով:
Պէտք է նշել, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղը 1980 թուականին Ազգ. Եփրատ վարժարանէն ներս պահած է 73 սան:
– Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը (Հ.Ե.Ը.) հիմնուած է 1961 թուականին: Միութեան ակումբը կը գտնուի Ազգ. Եփրատ վարժարանի կից, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի շէնքին մէջ:
1940ական թուականներուն ՀԵԸնկերակցութիւնը կ’ունենայ թատրոնի խումբ, երգչախումբ, ֆութպոլի՝ զանազան տարիքներու խումբեր, թեթեւ աթլեթի, փինկ-փոնկի եւ ձեռային աշխատանքի խումբեր: Տեղի կ’ունենան ընդհանուր զարգացման դասընթացքներ, առողջապահական (մօր եւ մանկան) դասընթացքներ: 1965-1967 թուականին Ընկերակցութիւնը դժուար շրջան մը կ’ունենայ, երբ հազարաւոր հայեր կը ներգաղթեն, այս պատճառով ալ միութեան թիւը կը նօսրանայ: Այնուհետեւ, վարչութիւնը նոր արշաւ մը կազմակերպելով իր շուրջ կը վերահաւաքէ 200 նոր անդամներ: Յետագային կ’ունենայ իր սեփական ակումբը, 500 աթոռ առնող սրահով:
Միութիւնը կ’ունենայ նաեւ ,Արարատե անունով ֆութպոլի Ա. եւ Բ. խումբերը:
Հ.Ե.Ը.-ը մշակութային, արուեստի, կրթական, դաստիարակչական, երիտասարդական նշանակալի գործունէութիւն կը ծաւալէ համայնքին մէջ, կազմակերպելով զանազան ցուցահանդէսներ, համերգներ, արուեստի երեկոներ, դասախօսութիւններ:
Կազմակերպուած են ընտանեկան, երիտասարդական հաւաքոյթներ, պարահանդէսներ, ճաշկերոյթներ, դաշտագնացութիւններ, ընդհանուր զարգացման մրցոյթներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւն, ցուցահանդէսներ եւ այլն:
Սկաուտական շարժումը նաեւ իր լայն իմաստով առաւել լայն թափ ստացած է Հ.Ե.Ը.-ի գուրծունէութեան մէջ:
– Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի (ՃՅՁ) Գամիշլիի մասնաճիւղը հիմնուած է 1978 թուականին: Ձեռնարկը Գամիշլիի մէջ ունեցած է անձնուէր եւ եռուն գործունէութիւն յատուկ ծրագիրներով: Առողջապահական, խնամատարական, դաստիարակչական, փոխատուութեան, շտապ օգնութեան, նիւթական օժանդակութեան, բարգաւաճման, եւ ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:
,Բարգաւաճման Ծրագիրներե գլխուն տակ իրականացուցած է կարատունի ծրագիրը:
Իսկ ներկայի ծրագիրներու ,Մնայուն շարունակական ծրագիրներե ենթագլուխի տակ կարելի է տեսնել հետեւեալ իրագործումները: ա) Առողջապահական ընկերային ծառայութիւն: Տարիներ շարունակ ՃՅՁեռնարկի գործունէութեան գլխաւոր ծիրը եղած է
ամէն տեսակի բժշկական օգնութիւն ինչպէս դեղագիրներու, հիւանդանոցէն ներս դարմանումի, վիրահատման, ախտաճանաչումի եւ այլ անհրաժեշտ բուժումներու ծախսերու համար: բ) Ընտանեկան օժանդակութիւն: Ճ.Յ.Ձեռնարկը մշտապէս նեցուկ կանգնած է հայ կարօտեալ ընտանիքներուն, առաւել եւս ներկայ պայմաններուն մեր կարելին ըրած թեթեւցնելու օրէ օր ծանրացող մեր հայրենակիցներուն բեռը: գ) ,Ընտանեկան օգնութիւնե անուան տակ ունի բազմաճիւղ եւ այլաբնոյթ նիւթական օգնութիւններ: ,Տան վարձքիե, ,դրամատնային մասնավճարներուե, ,ընթացիկ անհրաժեշտ ծախսերուե, ,անգործութենէ եւ հիւանդութենէ ծագած պարտքերու մարմանե եւ այլն:
Երկրի տագնապալից պայմաններէն տնազուրկ դարձած ընտանիքներուն բեռը մասամբ մը թեթեւցնելու համար յատկացուեցան նիւթական օժանդակութիւններ:
Մէկ խօսքով ընտանեկան օգնութեան ծրագիրը կ՛ընդգրկէ այլազան օգնութիւններ ըստ դիմորդի վիճակին ու կարիքին: գ) Ծերերու օժանդակութիւն: Անտէր կարիքաւոր ծերերու ամիջական նիւթական նպաստ եւ դեղօրայքի յատկացումներ:
Վերոյիշեալ ծրագիրներէ առկախ Գամիշլիի անձնակազմը 2015 թուականին նկատի առնելով Հասաքէի եւ Տէրիքի հայութեան դժուար պայմանները, նիւթական օժանդակութիւններ բաժնեց հոն բնակող հայ ընտանիքներուն:
– Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան (Համազգային) Գամիշլիի ,Աւետիս Ահարոնեանե մասնաճիւղը հիմնուած է 1978 թուականին:
Մասնաճիւղը իր գործունէութեան ընթացքին զարկ տուած է Գրադարանի աշխուժացման, կազմակերպած է անգլերէն լեզուի եւ գծագրութեան դասընթացքներ. նաեւ՝ արուեստի գործերու, լուսանկարներու եւ գիրքերու ցուցահանդէսներ:
Համազգայինի ,Աւետիս Ահարոնեանե մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ գործած են ՛՛Վանայ՛՛ մանկապատանեկան երգչախումբը, ՛՛Ծովասար՛՛ ազգագրական խումբը (1990), մանկական գրադարանը (1994):
Կազմակերպած է գրական երեկոներ, նուիրուած հայ թէ օտար բանաստեղծներու: Յատուկ ձեռնարկներով մասնակցութիւն բերած է ազգային, թէ պետական տօներու նուիրուած հանդիսութեանց:
– Սուրիահայ երիտասարդական միութեան (Ս.Ե.Մ.) ,Նիկոլ Դումանե մասնաճիւղը:
Ամէն տեսակի ջանքերն ու միջոցները գործի կը դրուին, հայեցի կրթութեան, անոնց զարգացման նպաստող ծրագիրներուն համար, զանոնք ժամանակի պահանջներուն համապատասխան գիտելիքներով եւ փորձարութեամբ զինելու ի խնդիր:
Ս.Ե.Մ.-ականներ կը հետեւին դաստիարակչական յատուկ ծրագրի՝ դասախօսութիւններ, զրոյցներ, կլօր սեղան, սեմինար եւ այլն։
Մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած տարեկան բանակումներուն, սեմինարներուն եւ այլ աշխատանքներուն:
՛՛Նիկոլ Դուման՛՛ մասնաճիւղը իր ծնունդէն ի վեր կը կազմակերպէ բոլոր ազգային-յեղափոխական դէմքերու, դէպքերու եւ այլ այժմէական անհրաժեշտ իրադարձութիւնները հրապարակային հանդիսութիւնները, զոր կը հետաքրքրէ հայ համայնքը:
– ՛՛Հաուըրտ Գարակէօզեան՛՛ Հիմնարկի Գամիշլիի մասնաճիւղը կը գտնուի Ազգ. Առաջնորդարանի շրջաբակը:
Մարդասիրական ինքնատիպ, ազգօգուտ այս հաստատութեան հիմնական նպատակը եղած է հայ մանուկներու հոգածութիւնը նորածինէն մինչեւ 14 տարեկան հասակը, որոնց համար սահմանած է ամէն տեսակի խնամք, զանոնք ենթարկելով բժշկական քննութիւններու, ակնաբուժական, ատամնաբուժական եւ վիրաբուժական բոլոր տեսակի գործողութիւններուն:
Հաստատութիւնը ընդհանրապէս կը հետապնդէ եւ կը գործադրէ համայնքի պահանջքին համաձայն ծրագիրներ՝ առողջապահական, դպրոցական օժանդակութիւններ, ,Անանուն բարերարե (տկար եւ կարօտեալ ընտանիքներու որդեգրում), վերաբնակեցման եւ ընկերային զանազան գործունէութիւններ: Հաստատութիւնը տասնամեակներ շարունակ հետեւողականօրէն յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է դպրոցական աշակերտներու առողջութեան, կանխարգիլելու համար փոխանցիկ հիւանդութիւնները: Այսօր նոյն մտահոգութեամբ եւ առաջադրանքով է, որ հաստատութիւնը ձեռնարկած է դպրոցական առողջապահութեան, նպաստելու մեր մատղաշ սերունդի առողջ դաստիարակութեան:
՛՛Հաուըրտ Գարակէօզեան՛՛ հիմնարկը Սուրիոյ տագնապի ժամանակաշրջանին, կրկնապատկած է իր բարեսիրական օժանդակութիւնը ըստ պահանջքի:
– Ճեզիրէի Հայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմին: Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Դեկտեմբեր 2012 թուականին ծնունդ կ’առնէ վերոնշեալ մարմինը, իր առաքելութիւնը կը տանի Ճեզիրէի տարածքին հայ ժողովուրդի զաւակներուն անխտիր:
Նշենք, որ այս մարմինի անդամներուն մեծամասնութիւնը Գամիշլիէն է:
– Գամիշլիի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը ծնունդ առած է յունուար 2013 թուականին: Ինչպէս վերը նշեցինք մարմինի կազմութեան նպատակը, հետեւաբար այս մարմինն ալ յար եւ նման է Սուրիոյ տարածքին ծնունդ առած բոլոր Շտապ օգնութեան մարմիններուն, որոնց նպատակն է օժանդակել պատերազմէն տուժող բոլոր հայորդիներուն անխտիր:
Գամիշլիի Հայ համայնքը Սուրիոյ միւս շրջաններէն կը զատորոշուի իր ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան զգացումներով, եւ յատկապէս հիւրասիրութեամբ:
Այստեղ, Գամիշլիի հայ համայնքի վիճակագրութեան մասին կարելի ըսել, որ ինչպէս Սուրիա ապրող զանազան շրջաններու հայութեան թիւի վիճակագրութիւններու ճշգրիտ տուեալները կը պակսին, հոս եւ կը հանդիպինք նոյն դժուրութիւններուն: Մեր հետազօտական աշխատանքներու տուեալներու իբրեւ արդիւնք, առաջին հերթին հոն կը տեսնենք, թէ գամիշլիահայ ընտանիքները բազմանդամ եղած են, սակայն անոնցմէ շատեր քաղաքէն գաղթած են: Առ այդ, ըստ 1934 թուականի տուեալներուն, Գամիշլիի մէջ կը գտնուէր շուրջ 700 հայ ընտանիքներ, հայախօս ու քրտախօս: 2007 թուականի մարդահամարի մը ստոյգ տուեալով՝ 985 հայ առաքելական ընտանիք: Անմիջապէս ընդգծենք, թէ Սուրիոյ պատերազմի նախօրէին հայութեան թիւի վիճակագրութեան մասին շրջանի պատասխանատուներու կողմէ նշուած է 8000 հոգի, իսկ այսօրուան մասին անոնք կը յայտարարեն, թէ 4000 հայ մնացած է Գամիշլիի մէջ:
2011 թուականին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմը երկրի չորս կողմը անապահով վիճակ մը ստեղծեց, սակայն Գամիշլին համեմատաբար առաւել ապահով եղաւ քան Սուրիոյ այլ քաղաքներ, թէեւ հոն մերթ ընդ մերթ պայթումներ տեղի կ’ունենան:
Միւս կողմէ, Հասաքէ, երբ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռք անցաւ, այդ տեղի հայութեան մեծամասնութիւնը հեռացաւ քաղաքէն եւ Գամիշլի ապաստան գտաւ: Գամիշլիի հայկական մարմիններ ամէն ջանք թափեցին Հասաքէի հայ բնակչութեան օժանդակութեան համար: Մեծ է թիւը նաեւ Հալէպէն եւ Թել Ապիատէն եւ
այլ շրջաններէն Գամիշլի տեղափոխուած հայութեան. անոնց յատկացուած են բնակարաններ՝ ազգային կալուածներու մէջ, իսկ տեղի երիտասարդութիւնը կը հոգայ անոնց կարիքները:
Տեղի հայ համայնքը գրկաբաց ընդունեց բոլոր հայորդիները եւ օժանդակեց անոնց հարցերու լուծման:
Պէտք է ըսել, որ յատկապէս վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տիրած պատերազմի պատճառով, ինչպէս այլ շրջաններ, Գամիշլին եւս Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային իշխանութեան օրակարգի վրայ եղած է իր ամէն տեսակի խնդիրներով: Մանաւանդ հաղորդակցական միջոցներու բացակայութեան օրերուն: Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան, ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութիւններով յաճախակի հովուական այցելութիւններ տուած է Ճեզիրէի հայութեան, մասնաւորապէս Գամիշլի:
Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան իր այցելութիւններու ընթացքին տեսակցած է շրջանի բոլոր մարմիններուն, խորհուրդներու եւ միութիւններու հետ, մասնաւորաբար թաղականութեանց, հոգաբարձութեան եւ Շտապի գործադիր Մարմնին հետ:
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան, յատկապէս վերջին շրջանին՝ 5 սեպտեմբեր 2017 թուկանին Ճէզիրէի նորանշանակ Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանին, Գամիշլիի քահանայ հօր եւ ազգայիններու հետ այցելած է Հասաքէ, ուր Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին իր պատգամը փոխանցած է եւ տեսակցած է համայնքի զաւակներուն հետ: Դպրոցին ու եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, պաշտօնական այցելութիւն եւ հանդիպում ունեցած է Հասաքէի նահանգապետին ու պետական ներկայացուցիչներուն հետ:
Վերոնշեալ հանդիպումը յատուկ նշանակութիւն կու տայ եւ կը վերահաստատէ Ազգ․ մարմիններուն կապը, միաժամանակ կը յուսադրէ մեր ժողովուրդին զաւակները՝ շարունակելու իրենց ազգային առաքելութիւնը:
Միւս կողմէ, պէտք է նշել, որ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Գերյարգելի Տ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեան Գամիշլիի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է, Ան մեծ աշխատանք ցուցաբերած է եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ տրամադրուած օժանդակութիւնները ամէնան բծախնդրութեամբ, առանց խտրութեան բաժին հանած է բոլոր հայորդիներուն:
Գամիշլի կը վերահսկուի Սուրիոյ բանակին եւ քրտական ջոկատներուն միջոցաւ, սակայն քրտական ջոկատներու ներկայութիւնը աւելի գերակշիռ է: Գամիշլիի մէջ եղող քրտական ջոկատները կը համարուին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան շարունակութիւնը, որուն հովանաւորն է ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի:
Գամիշլիի հայութիւնը մէկտեղուած է ,Հարէթ ալ-Արմանե թաղամասին մէջ, ուր շրջանի հայութեան ապահովութիւնը եւ հայկական կեդրոններու ապահովութիւնը ստանձնած է Հ.Յ.Դ.-ի հովանաւորութիւնը վայելող շրջանի հայ երիտասարդութիւնը, որոնք կամաւոր կերպով հերթաբար կը կատարեն իրենց սուրբ պարտականութիւնը: Բացառելով քիւրտ ջոկատներուն հետ բախումներու հնարաւորութիւնը:
Շրջանին մէջ նաեւ կան Ասորի զինեալ խմբաւորումներ, որոնք նոյնպէս ապահովական աշխատանք կը կատարեն եւ կը վայելեն պետական հովանաւորութիւն: Ասորիներու զինեալ ջոկատները կը գործեն Ճեզիրէի պաշտպանութեան ուժեր (Սօթօրօ, Sootoro) անուան տակ:
Կարգաւորելու համար շրջանի հայութեան յարաբերութիւնները կը գործէ տեղական մշտական մարմին մը, որուն աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՛իյնայ թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին հարցերը կարգաւորելու պարտականութիւնները:

Ազգ.այինԱռաջնորդարանի շէնքը

Հայութեան համար շատ կարեւոր է պահպանել դրական կապերը քիւրտերուն հետ:
Տեղի հայկական համայնքի ղեկավարութեան եւ քրտական ջոկատներուն միջեւ առկայ է համագործակցութիւն եւ քիւրտերը իրենց բոլոր գործողութիւններուն եւ քայլերուն առընթեր նկատի կ՛առնեն հայութեան կեցուածքները:
21 Փետրուար 2015 թուականին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին պաշտօնական բացումը՝ հոգեհանգիստեան արարողութեամբ եւ այդ տարին ընդհանրապէս համայնքի պատասխանատուները դժուարին պայմաններուն տակ նոյնիսկ կրցած են յաջողութեամբ նախաձեռնել եւ կազմակերպել պահանջատիրական զանազան ձեռնարկներ:
Այսօր, Գամիշլիի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ այլ շրջաններուն համեմատ մնալ ապահով եւ կայուն: Սակայն անմիջապէս ըսենք, որ չի նշանակէր, թէ անոնց պարագան լուսաւոր է, թէեւ լուրջ վտանգ չեն ապրիր, եւ յուսանք, որ չապրին: Հոն երբեմն ՏԱՀԷՇ (Իսլամական Պետութեան) ահաբեկչական խմբաւորումը անձնասպանական գռոհներ կը կատարէ յատկապէս քրտական ջոկատներու կեդրոններուն դէմ: Զանազան ռազմական եւ այլ դէպքերու հետեւանքով մեծ թիւով հայեր հեռացած են շրջանէն:
Վերոնշեալի լոյսին տակ պարզ օրինակ մը տանք, առիթով մը երբ տեղի Ազգային Եփրատ վարժարանի արտաքին պատերուն վրայ գրուած էր ՝՝Ձեզի հանգիստ չենք ձգեր՝՝ բառերը, այդ իսկ պատճառով, ծնողները քանի մը օր արդէն մտահոգուած իրենց զաւակները դպրոց չէին ուղարկած:
Քաղաքէն արտագաղթը զգալի է, իսկ հայութեան թիւը՝ նուազած. ուղղութիւնը յատկապէս Եւրոպան է եւ Հայաստանը: Հայութեան մեծ տոկոսը այսօր կը զբաղի արհեստագործութեամբ:
Մեզի հասած այսօրուան տուեալներէն ի յայտ կու գայ, որ Գամիշլիի մէջ կը գոյատեւէ շուրջ 600 հայ ընտանիք, որուն շուրջ 450-ը հայ առաքելական են, այստեղ անմիջապէս կարեւոր է ընդգծել, որ Գամիշլիի հայութիւնը թէեւ երբեմն դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, սակայն նիւթական իմաստով եղած է ինքնաբաւ: Սակայն, ունին տարբեր տեսակի դժուարութիւններ:
Գամիշլիի հայ համայնքը իր բոլոր շերտերով կազմութենէն մինչեւ օրս տեւական սերտ յարաբերութիւններ մշակած է նախ տեղւոյն բազմազան բնակչութեան հետ, օտար կրօնական պետերուն եւ կառավարական շրջանակներուն հետ:
Շրջանի ազգային եւ միութենական բոլոր կառոյցներն ալ մինչեւ օրս կանգուն են եւ աշխուժօրէն եւ լայնախոհութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles