Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Արցախ

$
0
0


Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հրաւէրով Սեպտեմբեր 29-էն Հոկտեմբեր 1, ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու երկու տասնեակէ աւելի ներկայացուցիչներ ժամանեցին Հայաստան եւ Սեպտեմբեր 30-ին այցելեցին Արցախի Հանրապետութիւն:
«Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ կազմակերպած ենք այս ճանաչողական այցելութիւնը: Այցելութիւնը իրագործելու համար մէկ տարիէ աւելի աշխատանք կը կատարենք, եւ այսօր Արցախ կը գտնուին 18 երկիրներու 25 ներկայացուցիչներ: Նպատակը տագնապին մօտէն ծանօթանալն է, առարկայական պատկերացում ձեռք բերելը», յայտնեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ շեշտեց, որ Արցախ գտնուող երիտասարդները աշխուժօրէն ներգրաւուած են քաղաքական գործունէութեան մէջ եւ անոնք հետագային պիտի դառնան իրենց կուսակցութիւններու կամ երկիրներու պատասխանատու ղեկավարները:
Պատուիրակները ժամանած էին Եւրոպայէն (Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Փորթուգալ, Աւստրիա, Հոլանտա, Ալպանիա, Իտալիա, Պիելոռուսիա, Պուլկարիա, Մոլտովա, Կիպրոս, Ուքրանիա), Միջին Արեւելքէն (Լիբանան, Իսրայէլ, Պաղեստին), Միացեալ Նահանգներէն եւ Նոր Զելանտայէն:
Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամները Սեպտեմբեր 29-ին հանդիպում ունեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի հետ, ապա Սեպտեմբեր 30-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ:
Նախարարը ողջունեց երիտասարդներուն Արցախ այցելութիւնը, գոհունակութիւն յայտնեց, որ երիտասարդները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներով եւ յոյս յայտնեց, որ այցելութեան ընթացքին անոնք կը ստանան օգտակար տեղեկութիւններ: Նախարարը ներկայացուցած է Արցախի տագնապին էութիւնը, կարեւոր նկատելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: «Մենք այսօր ունինք կայացած պետական հաստատութիւններ, որոնք ի վիճակի են ապահովելու ժողովուրդին զարգացումը անվտանգութեան պայմաններուն մէջ», ըսաւ Մասիս Մայիլեան եւ աւելցուցած, որ Արցախը կողմնակից է, որ բոլոր վէճերը լուծուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, խաղաղ ճամբով:
Նախարարը պատասխանեց երիտասարդ քաղաքական գործիչները յուզող հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի տնտեսական, քաղաքական, կրթական զարգացումներուն:
Նոյն օրը երիտասարդները Արցախի պետական համալսարանի սրահին մէջ հանդիպում ունեցան արցախեան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:
Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը Արցախի մէջ, պատասխանած են երիտասարդներու հարցումներուն:

Այնուհետեւ անոնք խորհրդարանի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամներուն հետ:
Ողջունելով երիտասարդները` խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ «Դաշնակցութեան» ներկայացուած ընկերվարական խմբակցութեան` պետականաշինութեան, խորհրդարանական գործունէութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին: Արմէն Սարգսեան ներկայացուցած է արցախեան տագնապը` շեշտելով, որ ոչ թէ տարածքները կը որոշեն ժողովուրդին ճակատագիրը, այլ ինքնորոշումէն կը բխի տարածքային հարցը:
Արմէն Սարգսեան եւ խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան, պատասխանելով երիտասարդներուն առաջադրած հարցումներուն, անդրադարձան Արցախի խորհրդարանի կառուցուածքին, կին եւ տղամարդ պատգամաւորներու համամասնութեան, խորհրդարանին մէջ երիտասարդներու ընդգրկուածութեան, քննարկուող օրէնսդրական նախագիծերուն, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն ներկայացնող խմբակցութիւններու համագործակցութեան:
Երիտասարդները հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Գայեանէ Գրիգորեանի հետ: Գայեանէ Գրիգորեան ներկայացուցած է երիտասարդական մարզին մէջ տարուող պետական քաղաքականութեան ուղղութիւնները, Արցախի մէջ ապրող երիտասարդներու հիմնական խնդիրները, որոնք, ըստ փոխնախարարին, էականօրէն չեն տարբերիր այլ շրջաններու երիտասարդներու խնդիրներէն:
Ընկերվար քաղաքական գործիչները հետաքրքրուած են Արցախի երիտասարդութեան ներկայ իրավիճակին, մարզի ֆինանսաւորման, զինուորական ծառայութեան, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու ուսման իրաւունքներուն վերաբերող հարցերով:
Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդները այցելեցին նաեւ «Հալօ Թրասթ» ականազերծման միջազգային կազմակերպութեան արցախեան գրասենեակ, եւ Ստեփանակերտի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:
Դէպի Արցախ այցելութիւնը եզրափակուեցաւ տեսարժան վայրեր այցելութեամբ:
Կիպրոսի «Էտեքս» ընկերվարական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղար Կիորկոս Իրոտոթու նշած է, որ մինչեւ Արցախ այցելելը քիչ մը կասկածամտօրէն կը վերաբերէր այստեղի իրավիճակին, բայց տեսնելէ ետք հասկցաւ, որ ծաղկման ժամանակաշրջանի մէջ կը գտնուի Արցախը եւ բաւական զարգացած է:
Լիբանանի Յառաջդիմական երիտասարդութիւն կազմակերպութեան ընդհանուր համակարգող Լամա Արիտին Արցախի խնդիրը կը նմանցնէ միջինարեւելեան շատ խնդիրներու, ուր մեծ պետութիւններուն կողմէ փոքրերուն իշխելու եւ իրենց ենթարկելու ընդհանուր միտումը կայ: «Խնդիրը նաեւ այս շրջանի ջրային պաշարներուն հետ կապուած է, եւ ատոր համար Ատրպէյճան Արցախը կը ցանկայ իր կազմին մէջ տեսնել», կը կարծէ Լամա Արիտի, որ մինչեւ իր այցելութիւնը կը մտածէր, որ վտանգաւոր պատերազմական մթնոլորտ պիտի ըլլայ, բայց այստեղ ամէն ինչ խաղաղ է ու հանգիստ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles