Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին.- Վերջին Հեռաձայնը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Երէկ էր կարծես, երբ դպրոցական նստարաններու վրայ պատանիներ ու պարմանուհիներ էինք:Այսօր, դարձած ենք ծնողներ ու մեծ ծնողներ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ցիր ու ցան ըրաւ բոլորս, սակայն այդ մէկը զիրար մոռնալու պատճառ չդարձաւ: Շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն` տարիներ ետք վերագտանք զիրար: Վերակենդանացուցինք մեր դպրոցական օրերը: Կազմեցինք «խմբակ» մը` ե-նամակի խմբակ, որուն միջոցով իրարու հետ կապի մէջ ենք գրեթէ ամէն օր:

Երկար տարիներ` իրարմէ ոչ մէկ լուր, եւ ապա կամաց կամաց կծիկը քակուեցաւ: Մեծցաւ «խմբակ»-ը: Սովորութենէ աւելի` կարծես պարտականութիւն դարձաւ օրական իրարու հետ կապուիլը:

Ունեցանք «վիճաբանական ասուլիսներ», թեր ու դէմ կարծիքներ, դպրոցական օրերէն յուշեր:

Ուրախացանք իրարմով: Մէկուն ուրախութիւնը դարձաւ բոլորիս ուրախութիւնը:

Ուրախութիւններու կողքին, ունեցանք կորուստներ:

Մէկուն վիշտը դարձաւ բոլորիս ցաւը:

Քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցինք մեր «խմբակ»-ի պարագլուխ-անդամներէն Հուրիկը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն տասնամեակ մը  առաջ ընտանիքով հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ:

Տիպար աշակերտուհի էր Հուրիկը: Գիտական դասերու կողքին, համահաւասար սէր ունէր ֆրանսական եւ հայկական գրականութիւններուն: Իրեն համար բոլոր նիւթերը առաջնահերթ էին: «Անկարեւոր», կամ նուազ կարեւոր նիւթ գոյութիւն չունէր իրեն  համար:

Հիանալի մարզիկ էր: Մաս կազմած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պասքեթպոլի խումբերուն:

Լիբանանի Միացեալ աղջկանց պասքեթպոլի խումբին հետ մեկնեցաւ Հունգարիա, Պուտափեշտ` մասնակցելու համալսարանականներու ողիմպիականին:

Հաւաքականին մեծամասնութիւնը ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն էին, որոնցմէ  չորսը` Ճեմարանէն. Հուրիկը, Յասմիկը, Սելլան եւ Սրբուկը:

Հուրիկին բազմաթիւ առաւելութիւններուն վրայ աւելցնենք իր անբացատրելի ազնիւ հոգին: Բնական երեւոյթ է դպրոցական տարիներուն դասընկերներու միջեւ երբեմն «սեւ կատու» մը անցնիլը, քանի մը օր իրարու հետ չխօսիլ ու ապա հաշտուիլը, սակայն Հուրիկին պարագային ՉԷ ՊԱՏԱՀԱԾ, որ ան ոեւէ դասընկերոջ կամ դասընկերուհիի հետ անհամաձայնութեան մը պատճառով նեղուի: Զիջողը ՄԻՇՏ եղած էր ինք:

1965-ին բացառիկ յաջողութեամբ աւարտեց Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը եւ տարի մը հազիւ անց` ընտանիքով փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ, Տիթրոյիթ քաղաքը, ուր շարունակեց իր բարձրագոյն ուսումը Ուէյն սթէյթ համալսարանին մէջ ստանալով արդէն իսկ իրեն ծանօթ ֆրանսերէն լեզուին մագիստրոսի տիտղոս, նաեւ որոշ չափով տիրապետեց սպաներէնին, որ երկրորդ լեզու մը կը համարուի Ամերիկայի մէջ:

Համալսարանական տարիներուն ծանօթացաւ միեւնոյն համալսարանին մէջ ուսանող Ռապըրթ Ճէյքըպսի, եւ կարճ ժամանակ ետք բարեկամութիւնը փոխարինուեցաւ փոխադարձ սիրով, եւ 1977-ին ընտանիք կազմեցին: Հուրիկ Թուխանեանը դարձաւ Հուրիկ Ճէյքըպս, սակայն իր օտար մականունին անբաժան մասնիկը մնաց իր հայկական մականունը: Յաւերժ կոչուեցաւ Հուրիկ Թուխանեան-Ճէյքըպս:

Ունեցան 4 սիրասուն զաւակներ` Քարլ, Քեթի, Սեդա եւ Ճենի, որոնք հետագային իրենց ծնողներուն շնորհեցին 7 թոռներ:

Նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ` օտար լեզուներ դասաւանդելով Մամֆորտ հայ սքուլի մէջ, նաեւ` շրջանի հայկական վարժարաններու մէջ անձնական հայերէն լեզուն դասաւանդելով հայերու, որոնք կը փափաքէին ծանօթանալ իրենց մայրենիին:

Հասկցող ամուսին մը ունէր: 4 զաւակները ստացան հայկական ուսում, իսկ ինք երկար տարիներ շաբաթավերջերուն իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ  Տիթրոյիթի հայկական համայնքին, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական վարժարաներու մէջ հայերէն դասաւանդելով:

2010 թուականին իր կարեւորագոյն երազներէն մէկը իրականացաւ,երբ իր աղջկան ու փեսային հետ այցելեց Արեւմտեան Հայաստան, Հուրիկի մօր ծննդավայրը` Խարբերդ, ու ապա հօր ծննդավայրը` Վան:

Վերադարձին, իրենց շրջապտոյտը մանրամասնօրէն եւ պատկերազարդ, մաս առ մաս ուղարկեց մեզի` դասընկերներուն. զանոնք մինչեւ օրս պահած եմ արխիւներուս մէջ: Հիանալիօրէն նկարագրած էր ամբողջ շրջանը, ի մասնաւորի իր ծնողներու ծննդավայրերը` Վանն ու Խարբերդը:

Գրութիւնը անգլերէնով է: Մտադրած էր գրքոյքի վերածելով` օտարներուն ծանօթացնել մեր բռնագրաւուած հայրենիքը, եւ արդէն իսկ սկսած էր աշխատանքի, իսկ աւելի ուշ որոշած էր հայերէնի թարգմանելով` ուղարկել հայկական թերթերու, երբ անսպասելիօրէն անհանգստացաւ:

Ախտաճանաչուած էր քաղցկեղ հիւանդութիւն:

Անհաւատալիօրէն քաջ էր, նաեւ` աստուածավախ: Ախտաճանաչման յաջորդ օրն իսկ ե-նամակով մեզի`դասընկերներուն տեղեկացուց իր անհանգստութիւնը, յայտնելով. «Մտահոգուելիք ոչինչ կայ: Աստուծոյ կամքով պիտի բուժուիմ»:

Աւելի քան 4 տարի պայքարեցաւ իր հիւանդութեան դէմ: Յաճախ հեռաձայնային զրոյց կ’ունենայի իրեն հետ: Ամէն անգամ նոյն կենսուրախ Հուրիկն էր, ինչպէս ճանչցած էինք զինք դպրոցական օրերուն:

2014-ի օգոստոս ամիսն էր: Ընտանիքովս արձակուրդի գացած էինք հիւսիսարեւելեան Ամերիկայի կեդրոնական շրջանը: Ամէն օր տարբեր քաղաք մը կ՛այցելէինք: Յաջորդ օր պիտի հասնէինք Տիթրոյիթ, ուր հաստատուած էր Հուրիկ: Անհամբեր էի հանդիպելու երկու դասընկերուհիներուս` Հուրիկին եւ Անի Ղարիպեանին: Հեռաձայնեցի Հուրիկին` տեղեկացնելով, որ յաջորդ օրը կը հասնինք իր քաղաքը:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ Հուրիկ ընտանիքով պատրաստուած էր մեկնելու տարբեր նահանգ մը, արձակուրդի:

– Կարելի՞ բան է, որ մինչեւ հոս գաս եւ զիրար չտեսնենք,- ըսաւ:

Առաւ մեր պանդոկին հասցէն եւ քանի մը ժամ հեռու գտնուող մեր քաղաքը ժամանեցին Հուրիկն ու Անին` ընկերակցութեամբ Հուրիկին երկու եղբայրներուն եւ ամուսնոյն:

Ապրեցանք անմոռանալի երեկոյ մը, որուն մասին տարիներ առաջ անդրադարձած եմ «Հանդիպում» խորագիրով յօդուածով մը:

Ինքզինքս բախտաւոր կը նկատեմ, որ հազուագիւտ դասընկերներէն եմ, որ յիսուն տարի ետք բախտը ունեցայ  հանդիպելու երկու ազնիւ դասընկերուհիներուս:

* * *

«Այնքա՜ն մօտ ենք: բայց կարօտ ենք Մասիսին»: (Ժող. երգ)

Այո՛, մօտ ենք Մասիսին, սակայն կրնանք միայն հեռուէն դիտել ու սքանչանալ, իսկ մենք` դասընկերներս, իրարմէ հեռու ըլլալով հանդերձ, այնքա՜ն մօտ ենք ու հարազատ, եւ մեր բոլորին ամենամօտը` Հուրիկը, մահաքունի մէջ էր եւ կեանքի ու մահուան ճակատամարտ մըն էր, որ կը մղէր:

Դժբախտաբար կորսնցուց ճակատամարտը ու մեկնեցաւ անվերադարձ:

Երկնային արքայութիւն մուտք գործելու համար տարբեր ճակատամարտի մը կարիքը չունի Հուրիկը: Իր ամբողջ կեանքը նուիրումով անցընող, աստուածավախ անձ մը, վստահաբար արդէն իսկ մուտք գործած է, ո՛չ մէկ կասկած: Վերէն կը դիտէ մեզ իր բարի ժպիտը դէմքին:

Մեզմէ ամէնէն պարտաճանաչն էր: Որեւէ նամակ անպատասխան չէր ձգեր:

Ե-նամակի մեր խմբային ցանկին մէջ պիտի պահեմ իր հասցէն` քաջ գիտնալով, որ մեր նամակները պիտի մնան անպատասխան, սակայն ցանկէն դուրս հանելու յանդգնութիւնը չունիմ:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ վերէն կարենայ կարդալ, սակայն պատասխանելու կարելիութիւնը չունենայ:

Հուրիկին յոգնած եւ հիւծած մարմինը յաւերժական հանգիստը գտաւ Տիթրոյիթի մէջ, հեռու` իր ծննդավայրէն, նաեւ` հեռու իր դասընկերներէն:

Հազարաւոր մղոններ հեռուէն մասնակից ենք իր ընտանեկան պարագաներուն խոր սուգին:

Հուրիկին ընտանեկան պարագաներուն կորուստը նաեւ մե՛րն է:

* * *

Հուրիկին նախընտրած երգերէն մէկն էր «Վերջին զանգը»: Այդ երգով կը յիշէր Ճեմարանի վերջին օրը եւ տիկին Գոհարին վերջին զանգը:

«Ու հնչեց զանգը հնչեց, ու հնչեց վերջին անգամ
Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով
Կարօտելու եմ ես դպրոցն ու բոլորին
Բայց ինչ արած, մնաք բարով»:

Իսկ այժմ ես, իմ կարգիս, կը յիշեմ Հուրիկին վերջին հեռաձայնս:

Իր աղջիկը` Քեթին էր պատասխանողը: Մօտեցուց ընկալուջը Հուրիկի ականջին եւ կարճ ժամանակ ետք.

-Լսեց քեզ, փորձեց խօսիլ, սակայն ձայն չելաւ: Անխօս շարժեց շրթներն ու դարձեալ փակեց աչքերը:

Հուրիկին հետ խօսելու վերջին փորձս էր:

Վերջին հեռաձայնս:

Հուրիկին կեանքի «վերջին զանգը»:
«Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով
Կարօտելու ենք  Հուրիկին
Բայց ինչ արած…

Մնա՛ս բարով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles