ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Կրկին պրիսմակի տակ են Հոկտեմբեր 10, 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Այդ ալ շնորհիւ Հ.Հ. նախագահ Սարգսեանի, որ մինչ օրին ամենայն ինքնավստահութեամբ կը պաշտպանէր նմանօրինակ ստորագրութիւն մը, այսօր՝ ութ տարի ետք, համոզուած ու լաւապէս քաջատեղեակ է, թէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ կատարուած են – դեռ ալ կը կատարուին – շրջանին մէջ, իսկ եթէ այդ օրերուն, այդ իսկ պատճառով հետեւողական ու ժրաջան աշխատանք տարուած է՝ ձեռնարկելու այս ճանապարհային քարտէսին, այսօր ժամանակն է նոյնքան հետեւողութեամբ չեղեալ նկատելու եւ ջնջելու արդէն իսկ փոշիներու մէջ մոռցուած այդ թղթածրարը:
Անշուշտ, այս արձանագրութիւններուն պարզած ներկայ պատկերը կը ներկայացնէ զանոնք հրահրող եւ պարտադրող մեծ պետութիւններուն ներկայ իրավիճակը, բաղդատած այդ օրերուն երբ շարունակ ճնշում բանեցնելով այս արձանագրութիւնները — թերի թէ անթերի, կատարեալ թէ անկատար, ամբողջական թէ ոչ ամբողջական – կը նկատուէին վերջնական եւ ո՛չ մէկ բարեփոխութեան ենթակայ։
Այսօր, յստակ է, թէ արտաքին քաղաքականութիւնը շեղած էր ազգային-պետական ուղեգիծէն, հայկական կողմնորոշումէն, եւ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններն ու ընթացող զարգացումները անդառնալի հետեւանքներ կրնային ստեղծել:
Նախապէս, փրոթոքոլներու ստորագրութեան օրէն ի վեր, ոչ մէկ քաղաքական եւ դիւանագիտական շօշափելի աշխատանք տարուած էր: Մերթ հակասական յայտարարութիւններ, պաշտօնական թէ ոչ-պաշտօնական մեկնաբանութիւններ եւ հակազդեղցութիւններ ստեղծած էին լուսանցքային գոյավիճակ մը:
Այդ տխրահռչակ ստորագրութեան նախօրեակին, թրքական եւ հայկական պատուիրակութեանց միջեւ յայտարարութիւններու շուրջ ծագած բանավէճերը, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններու ստորագրութենէն օր մը ետք, Թուրքիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները եկած էին փաստելու եւ ցոյց տալու, որ Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհային քարտէսէն ծնունդ առած արձանագրութիւնները կը մնային մշուշապատ, իսկ ստորագրութիւնն ալ՝ սին եւ սնոտի:
Առնուելիք քայլերը յստակ են Երեւանի համար, որ պէտք է անվերապահօրէն սեղանի վրայ դնէ հայկական բոլոր իրաւունքներուն թղթածրարը, Ցեղասպանութենէն մինչեւ փոխհատուցման անսակարկելի իրաւունքները, որոնք կը հասնին մինչեւ Ուիլսընեան քարտէս:
Ժամանակն է, որ ազգային-պետական շահերը ամէն բանէ վեր դասող եւ անձեռնմխելի նկատող ղեկավարութիւնը կիրարկէ ճկուն եւ հաստատակամ քաղաքականութիւն մը, քաղաքական բեմահարթակ բարձրացնելով եւ վերազարթնումի ենթարկելով հայկական կողմնորոշումը: