ԼԵՆՍԻՆԿ.- Սեպտեմբեր 28-ին, յատուկ բանաձեւով մը Միշիկըն եղաւ Ա.Մ.Ն.-ի ութերորդ նահանգը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ծերակուտական Տէյվիտ Քնեզէք (Դեմոկրատական), որ այս գծով աշխատանք տարած էր, յայտնեց թէ.- «Այս որոշումը յստակ թելադրանք մըն է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որպէսզի կասեցնէ իր ռազմատենչ քաղաքականութիւնը Արցախի Հանրապետութեան դէմ»:
Ա.Մ.Ն.-ի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ աւելցուց.- «Երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գծով աշխատանք տարին: Կանխայայտ շնորհակալութիւն նաեւ ծերակուտական Քնեզէքի եւ Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբին»:
Նախապէս Մասաչուսէց, Րոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա եւ Հաուայի նահագները իրենց կարգին պաշտօնապէս ճանչցած էին Արցախի Հանրապետութիւնը: