Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԱՂՄԿՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

$
0
0

Մակար, սեպտեմբեր 2017, Երեւան

Օգոստոսի շոգ օրերուն, Էլպիսի հետ Հայաստան եկեր էր: Իմացած էր որ պիտի գային Պոլսոյ Վարդանանց երգչախումբը եւ Կեդրոնականցիները: Ըսաւ, որ մէկ քարով երկու թռչուն պիտի զարնէր:

Կարապի լիճին եզերքը կը զրուցէինք: Երեքշաբթի էր: Ծիածանի գոյներով կիներ եւ սլացիկ հասակներով աղջիկներ իրենց ձեռքի հեռաձայնները գրկած կը թրվռային կամ իրենց ականջին կպցուցած կը կչկչային:

– Մակա՛ր, երգչախումբի ելոյթը տպաւորիչ էր: Իսկ կիրակի օր, աւելի: Պոլսէն եկած վարդապետը պատարագեց եւ Էջմիածինի կամարներուն տակ երգչախումբը Պոլիսը բերաւ, հոն հնչեց վարդապետի արեւմտահայերէնով քարոզը: Մտածեցի. միացումը այդպէս կ’ըլլայ, ոչ ճառով:

– Իմացայ: Ըսին, որ երբեւիցէ նոյն քաղաքէն այդքան մեծ խումբ չէր եկած:

– Ճիշդ է: Բայց տաք ապուրին վրայ միշտ պաղ ջուր լեցնող պիտի ըլլայ: Երէկ, Նալպանդեան պողոտայի սրճարանը նստած էինք: Խումբ մը երիտասարդներ, տղայ աղջիկ, քսան հոգի ըլլալու էին, անգլերէն կը պոռչտային, ոմանք մայրենի լեզուի պէս, ուրիշներ պճրտելով: Անկարելի էր զիրար լսել:

Երեւակայեցի, որ Արմենակ գայթակղած ըլլալու էր: Սպասեցի:

– Իրենց մօտեցայ: Լռեցին: Ըսի, որ հոս հայրենիք է, հայերէնը հայրենիք է, հաւատարմութիւն է: Գիտէ՞ք, թէ ինչեր ըսած են մեր բանաստեղծները: Եւ հատիկ հատիկ արտասանեցի քանի մը տող:

– Ի՞նչ արատասանեցիր, Արմենակ:

– Ըսի, լսեցէ՛ք թէ ինչ կ’ըսէ Շիրազ մեր մայրենիին համար.

Ու Մեսրոպի սուրբ հանճարով 

Դարձել է գիր ու մագաղաթ

Դարձել է յո՜յս, դարձել դրօ՜շ

Պահել երթը մեր անաղարտ… 

Ըսի, որ իրենք տէր պէտք է ըլլան այդ յոյսին եւ շարունակեցի Մուշեղ Իշխանով.

Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին

Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,

Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթին ապագան

Ծափահարեցին:

– Էհ, լաւ է, ուրիշ տեղեր ճառ լսելու կ’երթան եւ իրենց չեմ գիտեր ինչ ֆոները կը բանան, կը նկարեն, կողքի նստողին կը ղրկեն:

– Ազնուաշուք տիկին մը մօտեցաւ եւ դժգոհութեամբ ըսաւ, որ այս տղաքը հոս կը բերենք, հոգ չէ թէ անգլերէն խօսին եւ երգեն, կը վերադառնան եւ յիշատակներով հայ կը մնան: Լռեցի, բայց ինքզինքս չկրցայ զսպել եւ ըսի. «Տիկին, այս ձեւով ծագումով հայերը կը բազմացնէք, եթէ հայերէն սորվեցնէիք եւ հայերէն երգէին, հայ կ’ըլլային: Դուք ներկայ եղա՞ք թրքական Պոլիսէն եկած երգչախումբի ելոյթներուն: Թուրքիոյ մէջ հայերէն կը խօսէին, հայերէն կ’երգէին եւ հայ կը մնային»:

Տիկինը երեսը թթուեցուց եւ ըսաւ.

– Թող անգլերէն խօսին եւ երգեն, բայց զգացումով հայ ըլլան:

Ես ալ ըսի.

– Ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու:

Տիկինը, գործնապաշտ եւ «բիզնես»ական, ըսաւ.

– Ասոնք Հայաստան «տուրիստ» կու գան ապագային եւ Հայաստանին օգնած կ’ըլլան:

Կռնակը դարձուց ու գնաց:

– Արմենակ, վաղը թերթերու մէջ յաջողութիւն շեփորող պատկերներ կը տպուին: Այդ տիկինը շատերէն աւելի լաւ հասկցած է, թէ ո՞ւր կը տանին եւ ո՞ւր կ’երթայ տեւաբար աճող սփիւռքը: Ինչո՞ւ չես լուսանկարեր խորհրդաժողովները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles