Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երկու Լուր, «Երկուսն Էլ Մի Բոյի…»

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լուր առաջին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ին, Հայաստանի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ յայտնաբերուած են տարի մը առաջ Երեւանի մէջ բջիջային հեռաձայնի նորոգութեան տաղաւար մը կողոպտողները։ Կողոպուտի չափը եղած է 1.5 միլիոն դրամ։ Ոստիկանութեան տեղեկատուութիւնը կ’աւելցնէ. «Նշուած գողութիւնը կատարելու կասկածանքով բերման են ենթարկուել սարիթաղցի անչափահասներ Արմանն ու Աշոտը եւ 23 ֊ ամեայ Սամուէլ Ադամեանը։ Ոստիկանութիւնում նրանք խոստովանական ցուցմունք են տուել»։
Հիմա կրնանք հանգիստ քնանալ, որովհետեւ գողերը ձերբակալուած են եւ հանրութիւնը աւելի ապահով վիճակի մէջ է։
Հայաստանի մամուլին մէջ նման լուրերու կը հանդիպինք գրեթէ ամէն շաբաթ, երբ մարդասպաններ, մեծ ու փոքր չարագործներ, նոյնիսկ ասոր ֊ անոր դրամապանակը գողցած հասարակ գրպանահատներ կը յայտնաբերուին։ Խօսք չկայ. ապահովական մարմինները աչալուրջ կը հետեւին եւ նոյնիսկ բջիջային հեռաձայնի տաղաւարի մը հասարակ գողութեան դէպքը կրնան բացայայտել, նոյնիսկ տարի մը վերջ՝ այդ նպատակով անհրաժեշտ մարդկային ու այլ «ռեսուրսներ» գործի լծելով։ Այսինքն ոստիկանութիւնը տրամադրած է դրամ, ժամանակ եւ մարդուժ՝ ամբողջ մէկ տարի, մինչեւ որ յայտնաբերած է աւազակները։ Մէկ խօսքով, ոստիկանութեան չեն պակսիր միջոցները եւ կամքը։ Մանաւանդ կամքը։
Աւելի քան չորս տարի անցած է Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի անարգ սպանութենէն։ Հրաչ Մուրադեան ազատամարտիկ էր. կռուած էր Արցախի ազատագրութեան համար։ Ան չսպաննուեցաւ ազերիին գնդակով, կռիւներուն ընթացքին, այլ՝ ի՛ր իսկ գիւղին մէջ եւ հայու (կամ հայու անուն կրողի մը) կողմէ։ Սակայն ո՞ւր էր Հայաստանի ապահովական մարմիններուն կամքը Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան հեղինակը (կամ հեղինակները) յայտնաբերելու ուղղութեամբ։ Աւելի քան չորս տարի անց, վէրքը տակաւին կը մնայ բաց։ Այն վէրքը, որ ո՛չ միայն Հրաչ Մուրադեանի հարազատներուն կամ գաղափարակից ընկերներունն է, այլ՝ նոյնինքն Հայաստանի՛ արժանապատուութեան։Հասանք բուն խնդրին. Կամքին (գլխագիր Կամքին)։
Այս ոճիրին չբացայատուիլը իրականութեան մէջ վէրք մըն է Հայաստանի մէջ օրինականութեան, օրէնքի գերիշխանութեան եւ մանաւանդ արդարադատութեան համար։
Բջիջային կրպակ մը կողպտածներուն բացայայտուիլը եւ Հրաչ Մուրադեանի ոճիրին կապակցութեամբ մեր մատնանշած հակասութիւնը հռետորական բնոյթ չունի. երբե՛ք։
Հայաստանի օրինապահ մարմինները պէտք է գիտնան, որ Պռոշեանի գիւղապետին թղթածրարը կրնայ փակուիլ միայն ու միայն յանցագործներուն բացայայտումով եւ արդարութեան կիրարկումով։ Որովհետեւ այդ կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը։ Իսկ օրէնքը կիրարկելու պարտականութիւնը ստանձնած պետական համապատասխան մարմինները ամէնէն առաջ իրե՛նք պիտի հետամուտ ըլլան արդարութեան։
Անցնինք միւս լուրին։

Քանի մը օրէ ի վեր Հայաստանի մամուլը, ինչպէս նաեւ հայկական ընկերային ցանցերը կը զբաղին Երեւանի կարգ մը փողոցներու անունները փոխելու՝ «Ելք»ի առաջարկով։ Այսինքն, խորհրդային օրերուն, հայ կամ օտար բոլշեւիկ գործիչներու անուններով կոչուած են կարգ մը փողոցներ եւ հիմա անհրաժեշտ է փոխել այդ անուանումները։
Նախ ըսենք, որ առանց ըստ էութեան տարակարծիք ըլլալու «Ելք»ի մօտեցումին, ակամայ յիշեցինք ծանօթ անեկդոտ մը (վերջը կ’անցնինք մեր բուն ըսելիքին)։ Ուրեմն, Երեւանի մէջ, անցորդ մը աճապարանքով թաքսի մը կը կեցնէ ու վարորդէն կը պահանջէ արագօրէն զինք հասցնել թրքական սահման։ Ճամբան յաճախորդը վարորդէն կը պահանջէ աւելի ու աւելի արագ քշել։ Վարորդը կը զարմանայ՝ «Ի՞նչ է եղել որ»։ Յաճախորդը կը բացատրէ՝ «Լուր չունե՞ս, թուրքերը հայեր են կոտորել, գնամ ու նրանց…»։ «Լաւ էլի, դա 1915ին էր», կը փորձէ հանդարտեցնել վարորդը. յաճախորդը կը պատասխանէ՝ «Ես նոր եմ իմացել…»
Անցանք։
Խնդրոյ առարկայ փողոցներու անուանափոխութեան մասին, Առաջին կէտ Էյ. Էմ. կայքէջի թղթակիցը հարցազրոյց մը ունեցած է Հանրապետական կուսակցութեան առաջին դէմքերէն Էդուարդ Շարմազանովի հետ (հարցազրոյցը հրապարկուած է Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոսին եւ զայն կարելի է գտնել Եու Թիւպի վրայ)։
Շարմազանով կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ խորհրդային գործիչներուն մէջ եւս եղած են Հայաստանին ու հայութեան նուիրուած անձեր եւ սխալն ու շիտակը, թիւրն ու թերին իրարու խառնելով կու տայ անունները Անաստաս Միկոյեանին, իր բառերով՝ «շատ բարձր մակարդակի գործիչ» Սարգիս Կասեանին (Վ.Բ. ֊ Առաջին Յեղկոմի նախագահը, որուն օրով կատարուեցան դաշնակցական գործիչներու ձերբակալութիւնները, բանակի սպայակազմի աքսորը եւ կացինահարումները Երեւանի մէջ) եւ ուրիշներու, պնդելով, որ «պէտք չի բոլորին նոյն սանրով սանրել», թէ՝ ճիշդ է կարգ մը անձեր սխալներ գործած են, սակայն նոյն խորհրդային օրերուն էր որ հիմնուած է Ակադեմիան եւայլն։ Մէկ խօսքով՝ անցեալին սխալներ եղած են եւ պէտք չէ սեւ ու սպիտակ մօտեցումով մերժել այն բոլորը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին կը վերաբերի, «ի վերջոյ, գիտէ՞ք ինչ կայ, Դաշնակցութիւնն էլ ա տեռոր արել… հիմա ի՞նչ»։
Չէին բաւեր Շարմազանովի շատ վիճելի պնդումները խորհրդային օրերու գործիչներուն նկատմամբ, հիմա… «Դաշնակցութիւնն էլ ա տեռոր արել»։ Իսկական գէորգ ֊ աբովեան մօտեցում («Դուք դաշնակ շներ, մենք չենք մոռացել»), միակ տարբերութեամբ, որ մինչ Աբով «չէր մոռացել», Շարմազանովի ենթաթեքսթը («հիմա ի՞նչ…») ենթադրել կու տայ, որ Աբովի «չմոռացածը» հիմա «մոռացուած» է…
Եւ քանի որ առիթը յարմար էր կարգ մը պատեհապաշտներու համար, անմիջապէս Արա Պապեան իր դիմատետրի էջին վրայ կ’արձագանգէ ըսելով՝ «Ստացւում է, որ հանրապետականը հիմա կոալիցիայի մէջ է տեռորիստների հետ»։
Չէր բաւեր Շարմազանովի անգիտութիւնը (կամ առնուազն՝ թաքթի պակասը), հիմա ալ ասոր վրայ կը բարդուի Պապեանի պատեհապաշտութիւնը, որ մէկ կողմէ իբրեւ թէ կը ձաղկէ Շարմազանովը (որուն կուսակցութիւնը հիմա «կոալիցիայի մէջ է տեռորիստների հետ»), միւս կողմէ սակայն, ըստ էութեան կը կրկնէ անոր միտքը։
Մեր խօսքը կ’ուղղենք բոլոր Շարմազանովներուն, Պապեաններուն եւ իրենց մեծ ու փոքր հետեւորդներուն ու վճռականօրէն կը յայտարարենք՝
Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատժիչ ձեռքը հասած է բոլոր անոնց (հայ կամ ոչ հայ), որոնք սպառնացած են հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան։ Այդ կը վկայեն Խանասորի արշաւանքը եւ բոլոր մատնիչներուն ու դաւաճաններուն վախճանը։ Այդ կը վկայէ մանաւանդ Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով (1919) շղթայազերծուած «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որուն շնորհիւ իրենց արդար պատիժը գտան բազմաթիւ թուրք բարձրաստիճան գործիչներ։
Ու այս բոլորը՝ յանուն արդարութեան։ Այն արդարութեան, որուն կը ձգտի իւրաքանչիւր հայ։ Այն արդարութեան, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը իր հաւաքական իրաւունքներու վերատիրացման համար։ Յանուն նաեւ ա՛յն արդարութեան, որուն համար հանրութիւնը թէ՛ սպասողական ակնկալութիւն ունի եւ թէ՛ պահանջատէր կը մնայ Հայաստանի օրինապահ մարմիններէն՝ Հրաչ Մուրատեանի հարցով։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles