Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱԹՈՌԸ ԵՒ ԱԹՈՌԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

Հայր Անտոն Ադամեան
Պելմոնթ – Մասաչուսէց

Աստուած իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն ստեղծեց մարդը: Զայն օժտեց
անմահ հոգիով,խորհող մտքով եւ վճռական կամքով: Հրամայեց անոր որ իշխէ եւ տիրէ աշխարհի վրայ, զայն շէնցնէ, գեղեցկացնէ եւ յառաջացնէ: Մարդն անսաց արարչին հրահանգին: Տքնաջան աշխատանքով,ճակտի քրտինքով եւ խելքի գործածութեամբ յառաջ տարաւ աշխարհը դարերու հոլովոյթին: Խորացաւ գիտութեան մէջ: Իր մտածելու, ծրագրելու կարողութեամբ, ճաշակով, բազուկի ճարտարութեամբ եւ ուժով հնարեց ու իրագործեց շատ բաներ: Շինեց այն ինչ որ պիտանի եւ օգտակար նկատեց իրեն՝շէնքեր, գործարաններ, ճամբաներ եւ պողոտաներ, ինքնաշարժներ, նաւեր եւ օդանաւներ, շոգեկառքներ եւ զանազան իրեր: Տեսաւ, վայելեց արդիւնքն ու հմայքը իր արտադրութիւններուն:
Ի մէջ այլոց՝հողի, քարի կամ խսիրի վրայ ծալապատիկ նստելու տեղ, մտածեց, ձեւեց ու շինեց աթոռը աւելի հանգիստ եւ մարդավայել կերպով վրան նստելու համար: Ժամանակի ընթացքին աւելի յառաջացաւ մարդը, նրբացաւ ճաշակը: Դահլիճներուն եւ գրասենեակներուն աւելի յարմար ու վայելուչ դատած թիկնաթոռը շինեց: Հուսկ, քաղաքական թէ կրօնական բարձրագոյն իշխանութիւնները մեծարելու նպատակով մէջտեղ բերաւ գահը: Աթոռ, թիկնաթոռ ու գահ հետագային եղան կեանքի երազ ու փորձանք…:
Օրերն ու տարիները անցան, մարդը սքանչացած իր ձեւած թիկնաթոռին ու գահին հմայքէն եւ քաշողականութենէն՝զոհ գնաց իր հիացմունքին եւ ապշանքին:Եւ զարմանալի մէկ րոպէին սայթաքեցաւ:Կոյր զգացումը իշխեց իր բանականութեան եւ արժանապատուութեան վրայ: Մոռցաւ, զանց առաւ իր մարդկային հանգամանքը: Խելացնոր որոշումով վճռեց վազ անցնիլ իր մեծութենէն: Տեղի տուաւ ի՛ր իսկ ձեռքով շինած աթոռին առջեւ եւ իբր պարտուած՝գլուխ ծռեց, լուռ ու մունջ գլխարկը վար առաւ: Խոնարհեցաւ ու ստորնացաւ: Ինքզինք աթոռէն աւելի աժան ու փոքր համարելով՝ եղաւ գետնի հաւասար: Լռելեայն ընդունեցաւ աթոռին գերակայութիւնը: Անոր առջեւ ծնրադիր՝հիւսեց անոր փառքը: Ի՜նչ գիտնար մարդ թէ իր ձեւած Աթոռը ուր պիտի հասցնէր զինք…:
Այսպէս, շատ մը հոգերէ զերծ մնացած մարդը, նոր հոգ մը ստեղծեց ինքնիրեն: Աթոռը ամուր,անխախտ եւ կանգուն պահելու հոգերու հոգը: Իր հանգիստն ու քունը կորսնցնելով սկսաւ գիշեր ցերեկ մտատանջուիլ որ յանկարծ ձեռքէն չխլուի եւ ուրիշ մը չգրաւէ զայն: Չ՛ականեն բարձրամեծար պարոն աթոռը: Որովհետեւ անոր խախտումով եւ ականումով, ինք՝ միակ տէր տիրականը կը տապալի եւ օդ ելլելով բզիկ բզիկ կ՛ըլլայ, կը չքանայ: Երբեմն ան այնքա՜ն կը կառչի աթոռին ՝ որ իր գոյութիւնն անգամ անոր կը կապէ:
Ահա թէ ինչու սիրտը կը դողայ սրբազան մասունք եւ խորհրդանիշ դարձած այդ նիւթեղէն առարկային վրայ: Եւ ինչեր կ՛ընէ ան աթոռին հասնելու համար: Տաժանելի ընտրապայքարներ կը մղէ:Դրամ կը թափէ: Քուէներ կը գնէ: Ցնորային խոստումներ կը կատարէ: Քաղաքական պոռոտախօսութիւններ, ազգային ճառեր, հին ու նոր լոզունգներ, մարդասիրական ցնցիչ յայտարարութիւններ կ՛արձակէ: Խորիմաստ է Սեւակին գրածը.-
Թշուառական ա՜յս չորքոտանին՝
Աթոռ ասուածը,
Սա այնտե՜ղ հասաւ,
Որ մեզ, ներեցէք, էշի տեղ դրեց:
Աթոռ կոչուածը, ինչպէս գիտէք դուք,
Նրա համար է, որ նստենք վրան:
Սակայն պարզուում է,
Որ սրա վրայ նստողի վրայ
Սա ինքն է նստում…
Սա որ ծառայ է
Եւ պարտաւոր է ծառայել միշտ,
Մեզ է դարձրել իր անարգ ծառան…
Ով որ աթոռին մէջ կը փնտռէ փառք, նիւթական շահ ՝ կը մոռնայ ինքզինք,իր ոչնչութիւնը:Կը մոռնայ որ հաւասար է ուրիշներուն մարդկութեան մէջ: Երէկուան խոնարհ, համեստ եւ առատաձեռն մարդը հազիւ աթոռին տիրանայ,կը դառնայ ժլատ, ինքնահաւան եւ ամբարտաւան:Իր հպատակներուն արգիլածը՝ իրեն արտօնուած կը նկատէ: Իր աչքերը կը խփէ որպէս զի չտեսնէ շուրջը տիրող տմարդի կացութիւնը: Ականջները կը գոցէ, չլսելու համար ընկճուածներուն բողոքն ու հեծեծանքը: Սիրտ կը կարծրացնէ որպէսզի չզգայ տկարներուն տառապանքը: Զարմանալին հոն է որ նման ղեկավարներ անամօթաբար ժողովուրդին անունով կ՛արտասանեն շռնդալից, ամբոխավար ճառեր:
Եկուր լսէ՛ու մի՛ զարմանար այս գաճաճներուն տխեղծութեան վրայ: Համամարդկային պատմութեան տիտանները մարդուն հանդէպ սէր, յարգանք տածող վեհերը՝ իրենց մեծութեան ու ղեկավարութեան մէջ միայն ծառայութիւն տեսած են: Քրիստոս աշխարհ եկաւ «ծառաելու,ոչ ծառայութիւն ընդունելու» եւ յորդորեց իրեն հետեւողներուն. «Ով որ ձեր մէջ կ՛ուզէ մեծ ըլլալ, թող ամենուդ ծառան ըլլայ»: Կանտի՝ մարմնով վտիտ, հոգիով հզօր այս հսկան՝պետական ժողովներուն խոյս կու տար իր աթոռէն, կը նստէր երկրորդական կարգերուն: Օրին մէկը նախարարներէն մին կը յանդգնի ըսել «Մահադմա(վարպետ) աթոռդ առաջին կարգի վրայ է,ինչո՞ւ հոս ու հոն կը նստիս»: Կանտի կը պատասխանէ դաս տալով բոլոր ժամանակներու ղեկավարներուն. «Ուր որ ես եմ,հոն է աթոռը եւ առաջին կարգը»: Մա՛րդն է որ արժէք կու տայ աթոռին եւ ո՛չ հակառակը: Ահա,մեծութեան ազնուական իմաստը:«Ով որ ականջ ունի լսելու,թող լսէ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles