Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արցախ.- Եօթերորդ Վիրաւոր Զինուորը Վերանորոգուած Բնակարան Ստացաւ «Թիւֆենքեան» Հիմնադրամէն

$
0
0


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 11-ին, Արցախեան պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուոր Կամօ Դաւթեան մուտք գործեց Մարտունիի իր նորակառոյց բնակարանէն ներս:
Պաշտօնական հանդիսութեամբ մը բանալիները յանձնուեցան Կամօ Դաւթեանին: Ներկայ էին «Թիւֆենքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ Մարտունիի վարչակազմի, «Թիւֆենքեան» հիմնադրամի, գիւղի համայնքի, Հ.Յ.Դ. «Մերուժան Մոսիյեան» կոմիտէի եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Կամօ Դարթեանը եօթերորդ զինուորն է, որ «Թիւֆենքեան» հիմնադրամին կողմէ կը ստանայ վերանորոգուած բնակարան: Ազատամարտի ընթացքին Կամոն միացած էր Նոր Շէնի ինքնապաշպանական խումբին եւ խիզախաբար կռուելով ծանր վնասուածք ստացած այդ մարտերու ընթացքին:
Այժմ Կամոն յիսուն տարեկան է: Իր ստացած վէրքին պատճառով, ան չէր կարենար ֆիզիքական աշխատանք կատարել: Նոր Շէնի մէջ, ան կ՛ապրի իր կնոջ եւ երկու զաւակներուն հետ: Հետեւելով իր հօր օրինակին, Կամոյի որդին կը ծառայէ Արցախի պաշտպանութեան բանակէն ներս:
Կամոյի ընտանիքն կ՛ապրէր իր հին գիւղական տան մէջ, որ երբեք օժտուած չէր արդի սարքաւորումներով:
«Երջանիկ եմ, որ վերջապէս այնպիսի տուն ունեմ, որտեղ մենք հպարտ կը լինենք ապրել: Միակ ցանկութիւնս է, որ պատերազմում կռուած բոլոր ընկերներս գլխի վերեւում տանիք ունենան եւ ապրեն իրենց սեփական տներում», յայտնեց գերզգացուած Կամօ Դաւթեան:
«Թիւֆենքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան իր կարգին խօսք առնելով եզրակացուց թէ.- «Իր կեանքը մեր հայրենիքի համար վտանգած իւրաքանչիւր զինուոր արժանի է ապրել արժանապատիւ կեանքով, որն անհնար է առանց բարեկարգ տան: Արցախի զինուորների համար տներ կառուցելով, վերանորոգելով կամ նոր տներ գնելով մենք ոչ միայն աջակցում եւ մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնում այս խիզախ անձանց եւ նրանց ընտանիքներին, այլ նաեւ օգնում ենք քայլ առ քայլ վերակառուցել Արցախը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles