Թղթակից
«Համազգային»ի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը իր տարեկան անդամական ժողովը գումարեց Երեքշաբթի, Յունիս 13-ին, Րիճֆիլտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, ներկայութեամբ 29 անդամներու։ Ժողովին նաեւ ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրայր Պարոնեան եւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ Յասմիկ Աբրահամեան եւ Թալին Մավլեան։
Ժողովին նախագահն էր Յակոբ Մելքոնեան, որ բացումը կատարեց եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Նշենք թէ վերջին երկու տարիներուն, շրջանէն 17 անդամներ միացած են «Համազգային»ի շարքերուն։
Անդրադառնալով յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն մասին, ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնց կարգին յատկանշական է յառաջիկայ Մայիսին՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի նշումը, որ նաեւ կը զուգադիպի «Համազգային»ի հիմնադրութեան 90-ամեակին եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի 50-ամեակին։ Նկատի առնուեցաւ որ մեծ տարողութեամբ տեղի ունենալիք այս ձեռնարկին, մասնակցին շրջանի մասնաճիւղերու պարախումբերը, ներկայացնելով թատերախաղ, երգ ու պար:
Ժողովը նաեւ որոշեց վերակենդանացնել մասնաճիւղի թատերական յանձնախումբը եւ պարախումբի ու երգչախումբի կողքին մնայուն դարձնել անոր գործունէութիւնը։ Թատերախումբը պիտի անուանուի թատերագիր «Լեւոն Շանթ» անունով։
Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը վերջին տարիներու իր բեղուն եւ աշխուժ գործունէութեամբ, կրցած է ներգրաւել նոր անդամներ ու յարատեւօրէն գործած է համախմբելու պատանիներն ու երիտասարդները, անոնց մէջ վառ պահելով հայ մշակոյթի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը։