Մակար ի Գաղիա, 8 օգոստոս 2017, Փոնթիվի
Արմենակ եւ Էլպիս մինչեւ Պրըթանեի Փոնթիվի քաղաքը եկան զրուցելու: Երկնուղէշ բարտիներու ծափ զարնող տերեւներու շուքին նստած խոզի ապուխտի տեսակներուն պատիւ ըրինք խնձորօղիի ընկերակցութեամբ: Հինգ հարիւր քիլոմեթր ճամբայ եկած էին եւ հարկ էր որ կազդուրուէին:Արմենակ միշտ ուշագրաւ պատմելիք կ’ունենայ:- Մեր դրացի Արմանին որդին՝ Օկիւսթ՝ Զանզիպար գացեր էր գործով: Հոն չես գիտեր ի՞նչ ընելու համար եւ ինչպէ՞ս, բարեկամացեր է հեռատեսիլի տնօրէն Պարակայի հետ: Պարական ուզեր է հաճոյք պատճառել Օկիւսթի, եւ փափաք յայտներ է իր երկրի հեռատեսիլէն խօսելու հայ մշակոյթի մասին: Օկիւսթ ըսեր է, որ մեծ բանաստեղծ մը ունինք, Եղիշէ Չարենց անունով եւ իր գիտցածը պատմեր է: Պարական ըսեր է, որ քանի մը էջ գրէ այդ մասին: Եւ այդ գրուածը հեղինակի պէս կարդացեր է հեռատեսիլէն: Զանզիպարի ժողովուրդը այդ առիթով լսեր է հայոց մասին եւ հիացեր է Պարակայի գիտութեան վրայ, թերթերն ալ գրեր են այդ մասին: Պարական ինք ալ զարմացեր է, որ չգիտցած բանին մասին խօսելով հռչակաւոր դարձած է եւ երկրի բանակի տասնապետ նախագահը զինք հրաւիրած է պալատ եւ յանձնած մշակոյթի նախարարութիւնը:- Թող հիմա Օկիւսթ գրէ Պարակայի եւ անոր ընտանիքի մասին: Հռչակները այդպէս կը ստեղծուին,- յուշելու պէս ըսի, գիտնալով որ Կեդրոնականցին հոն կանգ պիտի չ’առներ:- Մակա՛ր, եթէ Օկիւսթ այդ պիտի պատմէ Պարակայի մասին, ինչո՞ւ դուն ալ չես գրեր մեր ճառախօսներուն մասին, որոնք ուրիշներու գրածը բեմերէն կը կարդան, եւ իրենց խօսքը մամուլին կը ղրկեն: Իրենք հազիւ թէ երկու բառ բաժակաճառ կ’ըսեն, հասկցնելու համար որ կան եւ կարեւոր են:- Ինչե՜ր կ’ըսես, Արմենակ: Ո՞ր մէկուն մասին գրել: Ոմ անք ոչ միայն ուրիշի գրածը կը ծախեն որպէս իրենց սեփականը, կ’ըսեն նաեւ, որ աշխարհի մեծերն ալ ունին իրենց «նեկր»երը, հայերէն էջը գրել կու տան լատինատառ եւ բեմ կ’ելլեն: Կարեւորը ըսուածը չէ, այլ բեմի վրայ փքուիլը:- Զանզիպարցի Պարական եւ մեր բեմբասացներէն շատեր անպայման ազգականական-խնամիական կապեր ունենալու են: Օկիւսթին պիտի ըսեմ, որ պրպտէ…,- եզրակացուց չպատմուելիքի լրագրող Կեդրոնականցին: