Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.-Ի 97-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

$
0
0

 

Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան 97-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յուլիս 21-էն մինչեւ Կիրակի, Յուլիս 23, 2017, Մարիոթ (Արլինկթըն – Վիրճինիա) պանդոկին մէջ, հիւրընկալութեամբ Ուաշինկթընի «Սաթենիկ» մասնաճիւղին։
Երեք օրերու վրայ երկարող այս ժողովին քննուեցան կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ տարեշրջանի համար կատարուեցան առաջարկներ:
Ժողովը վարեցին Անի Աթթար (Տիթրոյթ, անգլերէն) եւ Թալին Մկրտիչեան (Փրովիտենս, հայերէն), իսկ քարտուղարութեան պաշտօն ստանձնած էին Քնարիկ Գիլէճեան (Նիւ Ճըրզի, հայերէն). Անի Պարտագճեան (Տիթրոյթ, հայերէն), Նուէր Օրանճեան (Նիւ Եորք, անգլերէն) եւ Հելենա Պարտագճեան (Տիթրոյթ, անգլերէն):
97րդ պատգամաւորական ժողովի հիւրերն էին՝ Անժէլ Մանուկեան եւ Սեւան Քօլէճեան: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Քարոլին Շմաւոնեան, Հ.Յ.Դ. արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան եւ ,Համազգայինեի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Հելենա Պարտագճեան:
Հելենա Պարտագճեան մեներգեց քայլերգները, ապա ժողովին բացումը կատարեց Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Թալին Տաղլեանը։ Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց պատգամաւորներուն եւ բոլոր ներկաներուն։
«107-ամեայ միութեան շարքերէն ներս գործելը մեզի համար հպարտութիւն է: Այս գծով, կրցանք աշխատանք տանիլ զանազան մարզերէ ներս եւ հասնիլ յիշատակելի եւ նախանձելի արդիւնքներու»: Նշենք թէ, շրջանը կրցած է Արցախի «Սօսէ» մանկամսուրին համար 450 հազար տոլար հաւաքել, շնորհիւ յատուկ յանձնախումբի մը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Անժել Մանուկեան:
Այս ծրագրին համար յաւելեալ գումար կարելի եղաւ հաւաքել, շնորհիւ Նիւ Եորքի մէջ կատարուած Շատոյեան նորաձեւութեան ցուցադրութեան եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ մեծ յաջողութեամբ պսակուած գեղանկարիչ Փինաճեանի գործերու ցուցահանդէսին:
Տաղլեան նաեւ անդրադարձաւ տարեկան դրութեամբ կատարուած երիտասարդական հաւաքին մասին, որ այս տարի իր շուրջ հաւաքեց 160 երիտասարդ ուսանողներ:
Յառաջիկայ տարեշրջանին համար տասնեակ մը առաջարկներ կատարուեցան, զանազան բնագաւառներէ ներս:
Յառաջիկայ տարուան համար, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ, շրջանը իր գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերէ:
Ներկաները տեղեկացան դաստիարակչական յատուկ յայտագրի մը մասին, պատրաստուած ՃորՃի Ան Օշականի կողմէ:
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան աըտենապետ Քարոլին Շմաւոնեան:
«Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի գծով աշխատանքները կը շարունակուին, իսկ Սուրիոյ պարագային, գաղութը դժուար կացութեան մը առջեւ կը գտնուի», յայտնեց Շմաւոնեան, որ անգամ մը եւս շնորհաւորեց շրջանին կատարած դրամահաւաքը՝ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի առնչութեամբ:
Այս տարուան Ակնունի մրցանքը յանձնուեցաւ Բարեջան Առաջնորդ Օշական Չօլոյեանի, որ շնորհալութիւն յայտնեց եւ նշեց թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ, անաչարօրէն գործելով:
Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան կոչ ուղղեց յաւելեալ գործելու շրջանէն ներս: Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց թէ հայ տղամարդ զինուորին սուրն է որ կը դրամադրէ հայ կինը:
Երեկոյեան կատարուած պաշտօնական ընթրիքին, բարի գալուստ մաղթեց շրջանի հովիւ Սարգիս Ագթաւուքեանը: Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ Արցախի պետութեան անունով շնորհաւորեց Հ.Օ.Մ.-ը, ընկերային թէ կրթական բնագաւառներէն ներս, իր սատարած աշխատանքին պատճառով:
Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Շրջանի 97-րդ Պատգամաւորական Ժողովը իր աւարտին հասաւ Կիրակի օրուան օրակարգի ամբողջացումով։ Բոլոր ժողովականները, հիւրերը եւ պատգամաւորները իրենց խորին գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը փոխանցեցին Ուաշինկթընի հիւրընկալ մասնաճիւղին։ Պատգամաւորները բաժնուեցան իրենց մտքին մէջ յստակ պատկերացում ունենալով, թէ շատ աւելի աշխատանք կը սպասէ Հ.Օ.Մ.-ին յառաջիկայ տարիներուն։
Շրջանային Վարչութեան 2017-2018 տարեշրջանի կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն.-
Թալին Տաղլեան (ատենապետ – Նիւ Ճըրզի), Սանտրա Վարդանեան (փոխ- ատենապետ- Նիւ Եորք), Անի Աթթար (գանձապահ – Միշիկըն), Մէրի-Անն Պոնճուքլեան (քարտուղար – Նիւ Ճըրզի), Սոնիա Պզտիկեան (Խորհրդական – Նիւ Եորք), Սիլվա Սաղրեան (խորհրդական – Միշիկըն) եւ Ճոանա Չիլինկիրեան (խորհրդական – Մասաչուսէց):

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles