Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու Համահայկական 3-րդ Բանակում

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

«Պատանեկան միութիւնները տակաւին չեն աւարտած իրենց դերն ու առաքելութիւնը եւ որքան ալ պայմանները փոխուած ըլլան ու որքան ալ նոր սերունդը դաստիարակութեան աւելի լայն դաշտեր ունենայ, այսօր անոր ակումբները պէտք է մնան ազգային ապրումի ներշնչարաններ եւ մաքուր ու գաղափարական նկարագիրներու կերտիչներ»։
Մուշեղ Իշխանի վերոնշեալ պատգամով առլցուն, «Խանասորից Շուշի, Յաղթանակից Յաղթանակ» բնաբանով երկուշաբթի, Յուլիս 31-ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ Պատանեկան միութիւններու Համահայկական 3-րդ բանակումը։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ իրականացած այս բանակումը իր շուրջ համախմբեց 230 պարման-պարմանուհիներ, որոնք եկած էին Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Հայաստանի եւ Արցախի պատանեկան միութիւններէն։
Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԹՈՒՄՕ-ի այգիին մէջ, ուր բարի գալստեան խօսքէն ետք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի քարտուղար Անուշ Յովհաննէսեան բեմ հրաւիրեց Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Արմէնուհի Կիւրեղեան, որ լուսարձակի տակ առնելով Համահայկական բանակումներու անհրաժեշտութիւնը, մատնանշեց, որ նման միջոցառումներ հայրենաճանաչութեան, հայ մշակութային արժէքներու պահպանութեան կողքին մեծապէս կը նպաստեն Պատանեկան միութիւններու սերտացման եւ համագործակցութեան ոգիի բարձրացման` դառնալու հայ ժողովուրդի արժանընտիր զաւակները։ Ապա Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտիչեան` ողջունելով բանակողները, ըսաւ․ «Այսքան մեծ թիւով պատանիներու մէկտեղումը մեզի իրաւունք կու տայ յայտարարելու, որ համահայկական բանակումները իրենց նպատակին ծառայած են։ Հայաստանագնացութիւնը միայն տեսարժան վայրեր կամ պատմամշակութային կոթողներ այցելելը չէ, այլ հայրենի հողին եւ հայրենիքի ժողովուրդին հետ անմիջական շփման մէջ ըլլալն է։ Ութ օրերու ընթացքին դուք առիթը պիտի ունենաք ծանօթանալու հայրենիքի ձեր գաղափարական ընկերներուն, անոնց երազանքներուն եւ ապրումներուն։ Հայաստանագնացութեան երկրորդ եւ կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը գիտելիքներու ձեռքբերումն է դասախօսութիւններու եւ խմբային աշխատանքներու ընդմէջէն, զարգացնելով ձեր վերլուծական միտքը։ Յառաջիկայ օրերուն, ձեր ընտանիքներէն ու շրջապատէն հեռու, պիտի ունենաք ե՛ւ ուրախ ու բերկրալի պահեր, ե՛ւ դժուարութիւններ, սակայն մեր կարեւորագոյն նպատակը դաշնակցական պատանիի կամքը կոփելն է, հաւաքական կեանքով ապրելու փորձն է։ Արդ, ես կոչ կ՛ուղղեմ, որ բոլորդ առաւելագոյն կերպով օգտուիք ձեզի մատուցուած բոլոր հնարաւորութիւններէն, իրականացնէք մեր երազանքը ու դառնաք իտէալ պատանիներ եւ արժանավայել կերպով պանծացնէք բանակումի նշանաբանը»։Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ապա բոլոր պատանիները շրջեցան ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոնին մէջ եւ տեղւոյն դասախօսներէն մէկուն կողմէ տրուած հակիրճ տեղեկութիւններուն շնորհիւ առիթը ունեցան ծանօթանալու կեդրոնի ենթաբաժանումներուն եւ մատուցած ծառայութիւններուն։ Ապա ելոյթ ունեցաւ «Մասունք» երգի պարի համոյթը եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։

Անկէ ետք բանակողները ուղղուեցան Քանաքեռաւան շրջանի Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրը, ուր արդէն բանակումը իր իսկական կերպարանքը ստացաւ։
Նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 8։30-ին տեղի ունեցաւ նորակառոյց բանակավայրի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, բանակավայրի բարերարներ, ծնողներ եւ գաղափարական ընկերներ։
Մարիա Սարգիսեան իր բացման խօսքով շեշտեց, որ համահայկական այս բանակումները հայրենիք-սփիւռք մերձեցման հարազատ արտայայտիչներն են եւ անոնք իրենց անջնջելի դրոշմը կþուրուագծեն իւրաքանչիւր դաշնակցական պատանիի հոգեկերտուածքին մէջ` ձեւակերպելու իսկատիպ հայն ու ապագայի ղեկավարը։Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ապա խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Սագօ Արապօղլեան, որ ըսաւ. «Երազի մը իրականացումն է այս բանակավայրը, երազ մը, որուն հիմը դրուեցաւ Սերժ Գալուստեանի յիշատակը յաւերժացնելու։ Երազ մը, որ խանդավառեց աշխարհի չորս կողմերէն հայորդիներ, որոնք բանակավայրի բարգաւաճման համար տրամադրեցին իրենց ժամանակը, աշխատանքն ու լուման եւ երբեմն ալ մեծագումար նուիրատուութիւնը:
«Եւ այս բոլորը, որովհետեւ հաւատացի՛նք, որ մեր պատանի սերունդին իրաւո՛ւնքն է բանակում կատարել հայրենի հողին վրայ կառուցուած՝ սեփակա՛ն բանակավայրի մէջ, որ կ՛ամբողջացնէ դարուս պայմանները։

Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով կու գամ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեաններուն, որոնց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններով կարելի եղաւ իրականացնել բանակավայրի շինութիւնները։ Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ կատարել ներքին սարքաւորումները, յատկապէս՝ տէր եւ տիկին Վահան եւ Մանոն Բժշկեանին (Մ.Ն.), Համազգայինի Գանատայի «Գլաձոր» մասնաճիւղին, տիկին Սեդա Կուկունեանին, Թեհրանէն՝ Մանուկեան ընտանիքին, Սան Ֆրանսիսքոյէն` տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեանին, Հրաչ Ճապրոյեանին (Գանատա) եւ տէրեւ տիկին Հայկ եւ Էլիզա Թիթիզեաններուն (Անգլիա)»:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հրաչ Սիսեռեան

Ապա Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտիչեան շնորհակալական խօսք

 

արտասանեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին սոյն հոգեհարազատ բանակավայրի կառուցման ու յարդարման։
Բանակավայրի հիմնական բարերարներէն Հրաչ Սիսեռեան սրտի անհուն բերկրանքով իր ուրախութիւնը յայտնեց նշեալ իրագործման համար, որ առիթը պիտի ընծայէ իւրաքանչիւր պատանիի` վայելել բանակում կատարել հայրենի հողին վրայ, որմէ ինք եւ իր սերնդակիցները կամայ ակամայ զրկուած էին։
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի իր եզրափակիչ խօսքով նախ շնորհաւորեց նման մեծ իրագործումները եւ հաստատեց, որ այս բանակավայրի գոյութիւնը ինքնին զօրաւոր դաշոյն մըն է խրուած կողին բոլոր այն թշնամիներուն, որոնք ուզեցին ոչնչացնել հայ ժողովուրդը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հայրենի հողին վրայ համախմբուած 230 այս պատանիները լաւագոյն պատասխանն են յոռետես այն մունետիկներուն, որոնք մեր երիտասարդութեան ուծացման եւ հայրենիքի կորստեան ստապատիր մթնոլորտ կը ստեղծեն։ Ապա` խօսքը ուղղելով բանակող պատանիներուն, Բագրատունի ըսաւ. «Պատահական չէ, որ դուք հոս էք, այլ պատկանելիութեան ու հողին կանչն է, որ ձեզ համախմբած է հոս եւ ձեր մէջ պիտի ներարկէ նոր աւիշ` հաստատակամութեամբ շարունակելու ձեզի վստահուած առաքելութիւնը։ Ճիշդ է, որ դուք` պատանիներդ, կրնաք հաճելի պահեր անցընել այս բանակումին ընթացքին, սակայն ձեր միասնական ներկայութիւնը հոս արդիւնք է ձեր ցեղի ձայնին, արեան կանչին եւ Արարատի փէշերուն մեր թշնամիին դիմաց թումբ կանգնելու վճռականութեան»։

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Յակոբ Բագրատունի

Անդրադառնալով Հրաչ Սիսեռեանի նուիրատուութեան` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Հրաչը եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան անդամ, մեծ հաւատք ունեցած է պատանեկան շարժումին նկատմամբ, գնահատելի դերակատարութիւն ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական կառոյցին մէջ, նաեւ եղած է այն հազուագիւտ բարերարներէն, որ առանց իրեն կատարուած դիմումին, ինք նախաձեռնեց այս բանակավայրը իր այսօրուան տեսքով Դաշնակցութեան նուիրելու եւ Սերժի յիշատակը յաւերժացնելու քայլին։
Ապա, մեծարելով Սերժ Գալուստեանի երկարամեայ վաստակը, Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ, թէեւ դժբախտաբար ան չնահատակուեցաւ, այլ բնական մահով հեռացաւ մեզմէ, սակայն իր անունը կրող եւ յիշատակը յաւերժացնող այս բանակավայրն ու նման կառոյցներ կոչուած են իրենց երդիքին տակ կազմաւորելու այնպիսի սերունդներ, որոնք ապագային պիտի ըլլան անձնուրաց զինուորներ, անձնազոհներ եւ մահապարտներ` ի խնդիր Հայ Դատի արդար լուծման եւ մեր ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերատիրացման։ Ան եզրափակեց շեշտելով, որ ճիշդ է, թէ Սերժ Գալուստեան ֆիզիքական ներկայութիւն չէ մեր մէջ, սակայն անոր անունը առյաւէտ անմահ պիտի մնայ ազատ, անկախ հայրենիքի հողին վրայ` շնորհիւ այս ազգակերտ կառոյցին։Image may be NSFW.
Clik here to view.

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Գէորգ Հաճեան եւ Մարի Մուրատեանի անուան երգի պարի «Ակունք» համոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ կոմիտասագէտ, յօրինող Արթիւր Շահնազարեանի, որոնք յաւելեալ փայլք տուին օրուան հանդիսութեան եւ խանդավառեցին ներկաներն ու բանակողները իրենց ներկայացուցած ռազմահայրենասիրական երգերու ու պարերու ճոխ հաւաքածոյով։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles