Յուլիս 31ի այս օրը, եօթանասուն տարի առաջ, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, 76 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, առյաւէտ փակուեցան աչքերը բժիշկ Համօ Օհանջանեանի (1873-1947)։
Հայ ժողովուրդը կորսնցուց միասնական իր յարգանքին եւ համաժողովրդային պաշտամունքին արժանացած մեծ առաքեալ մը, որուն շիրիմին վրայ գրուեցաւ՝ «Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»։
Հայրենի հողէն հեռու, տարագիր ու պանդուխտ, աչքը յառած Մասեաց խորհուրդին, այս աշխարհէն հեռացաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտիչներէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ վարչապետը։
Դաշնակցականի փառքով եւ համազգային երախտագիտութեամբ՝ օտարութեան ցուրտ հողին յանձնուեցաւ հայ յեղափոխական շարժման ճակատաբաց Ասպետը, որ ճշմարտապէս մարմնաւորեց ու շնչաւորեց Խրիմեան Հայրիկի բառերով օրհներգուած «Հայկական Նոր Ասպետութիւն»ը։
Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ մահուան առիթով, մեր ժողովուրդը Համօ Օհանջանեանին արժանացուց համազգային տարողութեամբ գնահատանքի ու մեծարանքի։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Համօ Օհանջանեան ամբողջ հայութեան կը պատկանէր։
Իր անձին օրինակով, գաղափարական համոզումներով եւ բարոյական սկզբունքներով՝ Համօ Օհանջանեան եղաւ դաշնակցական ա՛յն ղեկավար գործիչը, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն բարոյական հեղինակութեամբ բարձր պահեց արիւնոտ դրօշը հայ ժողովուրդի պայքարին՝ յանուն Արդարութեան եւ Իրաւունքի նուաճումին։
Ահա՛ կը լրանայ 70րդ տարելիցը գաղափարի մեծ Ասպետի վախճանումին։
Հայկական Ջաւախքի արժանաւոր զաւակն է Համազասպ Օհանջանեան. ծնած է 1873ին, Ախալքալաք, Խասպաղջայի հանդիպակաց «Օհանջանովենց» թաղը, բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ։
Կարնոյ եւ Բարձր Հայքի հայաշունչ դրոշմը, որ ընդհանրապէս տիրական էր 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի Ջաւախքի հայօճախներուն մէջ, յատկապէս զգալի եղած է Օհանջանեաններու մօտ։
Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, որ Համօ Օհանջանեանի բանաւոր յուշերու պատառիկներէն մէկուն համաձայն՝ «Խրիմեան Հայրիկի Ախալքալաք այցելութեան ժամանակ, Համոյի մեծ մայրը, ընտանիքին 70 անդամները իր շուրջ հաւաքած, կը դիմաւորէ Հայրիկը։ Խրիմեան Հայրիկի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը կառավարէ այդքա՜ն բազմութիւն, մեծ մայրը կը պատասխանէ.- «Զանոնք հաւասարապէս սիրելով»։
«Ահա՛ պապենական այն մթնոլորտը, ուր շնչեց եւ մեծցաւ Համոն»։
Թէեւ մանկութեան, ծննդավայրի հայկական դպրոցին մէջ, Համօ ընդհանրապէս անհանդարտ եւ դասերուն նկատմամբ անտարբեր աշակերտ մը եղած է, որուն դպրոցի տնօրէնը արժանի չէ գտած ուսումնառութեան եւ յանձնարարած է արհեստի հետեւիլ… Այսուհանդերձ՝ երբ ծնողքը Համոյին ուղարկած է Թիֆլիս, ռուսական գիշերօթիկ վարժարան, պատանիի վարքուբարքին մէջ հիմնական փոփոխութիւն առաջացած է։ Ան դասարանի բարձրագոյն նիշերով աւարտած է գիմնազիոնի ուսման շրջանը՝ արժանանալով ոսկեայ շքանշանի եւ բարձրագոյն ուսումը Մոսկուայի մէջ շարունակելու պարգեւի։
Մոսկուան իր հերթին, աշխարհայեացքի առումով, լրիւ հոգեփոխութեան ենթարկեց Համօ Օհանջանեանին։ Սկսաւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու ուսանողական շրջանակներու յեղափոխական խմորումներուն՝ միաժամանակ կանոնաւորաբար հետեւելով Մոսկուայի Բժշկութեան համալսարանի դասընթացքներուն։ Սերտ յարաբերութիւններ եւ մտերմութիւններ հաստատեց ռուս թէ հայ յեղափոխականներու հետ, որոնք Համոյէն ստացած իրենց ջերմ տպաւորութիւնները մինչեւ վերջ ալ պահպանեցին։ Բայց ուսանողական ըմբոստացումներուն իր գործօն մասնակցութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հեռացուի ոչ միայն համալսարանէն, այլեւ՝ Մոսկուայէն։
Համօ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր 1897ին իրեն միացաւ ուսանողական տարիներու իր ընկերուհին՝ ռուս յեղափոխական Օլկա Վաւիլեւնան. ամուսնացան եւ ունեցան երեք զաւակ՝ 2 մանչ (Մոնիկ եւ Արիկ) եւ դուստր մը (Գալիա)։
1899ին, ուսումը շարունակելու նպատակով, Համօ Օհանջանեան մեկնեցաւ Լօզան, Զուիցերիա։ Երեք տարի հետեւեցաւ բժշկութեան մասնագիտացման՝ միաժամանակ բոլոր ուժերով նուիրուելով ուսանողական շրջանակներու մէջ յեղափոխական քարոզչութեան եւ ցուցական գործունէութեան։
Թիֆլիսէն արդէն ծանօթացած էր Քրիստափորի հետ եւ իրենց միջեւ ստեղծուած գաղափարական կապն ու մտերմութիւնը աւելիով խորացան, Լօզանի մէջ Համօ Օհանջանեանի ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան ընթացքին։ Քրիստափոր մեծ համարում ունէր բժշկութեան ուսանողին գաղափարական ուղղամտութեան, յեղափոխական բարոյականին եւ հանդարտաբարոյ խառնուածքին, բայց միաժամանակ անզիջող սկզբունքայնութեան նկատմամբ։ Այդ մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը մեծապէս օգնեցին, որպէսզի Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ուղղակի մաս չկազմած Համօ Օհանջանեանը, 1902ին ուսումը աւարտելով եւ Թիֆլիս վերադառնալով, ամբողջութեամբ նուիրուի յեղափոխական գործունէութեան՝ հանրային եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով։
Իբրեւ այդպիսին, Համօ Օհանջանեան բախտորոշ դեր կատարեց 1900ականներու դաշնակցական երիտասարդութեան եւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր սերունդին միջեւ գաղափարական ու կազմակերպական կամրջումը ամրապնդելու կենսական գործին մէջ։
Որքա՜ն դիպուկ է Համօ Օհանջանեանի վերաբերեալ Սիմոն Վրացեանի այն բնութագրումը, թէ «Նա իր մէջ տարրեր ունէր ե՛ւ Քրիստափորից, ե՛ւ Զաւարեանից, ե՛ւ Ռոստոմից. ուրոյն անհատականութիւն էր — տիպար մտաւորական եւ տիպար դաշնակցական՝ օժտուած մտաւոր ու բարոյական բարձր առաքինութիւններով»։
Մարդկային յարաբերութեանց մէջ դիւրահաղորդ եւ բարեհամբոյր, անձնուիրման մէջ հետեւողական եւ լուռ, բոլորին հասնող եւ ամէնուն կողմէ վստահութեան արժանացող իր խառնուածքով՝ հազիւ երեսնամեայ բժիշկ Համօ Օհանջանեան դարձաւ Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Կովկասի հայութեան ազգային-հասարական եւ յեղափոխական կեանքի առաջատար ուժերէն մէկը։
— Հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903ի ցարական որոշումին դէմ համաժողովրդային բողոքին եւ պայքարին դրօշակիրներէն եղաւ։
— Յանուն Երկրի զինման եւ ազատագրական պայքարի ուժեղացման Դաշնակցութեան ձեռնարկած «Փոթորիկ»ի դրամահաւաքին իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստափորի կողքին։
— Յատկապէս Հ.Յ.Դ. գործունէութիւնը Կովկասի տարածքին եւս ծաւալելու շրջադարձին մէջ, Հ.Յ.Դ. Կովկասեան Նախագիծը մշակելու եւ հաստատելու գաղափարական պայքարի ընթացքին, ուղղակի վճռորոշ եղաւ Համօ Օհանջանեանի դերակատարութիւնը։
— Հ.Յ.Դ. Երրորդ եւ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովներուն իր մասնակցութեամբ, նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի իր անդամակցութեամբ, Համօ պատմական դեր կատարեց՝ Դաշնակցութիւնը փրկելով ներքին պառակտման փորձերէն, աննկուն հաստատակամութեամբ դիմագրաւելով եւ ձախողութեան դատապարտելով Դաշնակցութիւնն ու ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժումը աջի եւ ձախի, արեւմտահայու եւ արեւելահայու բաժնելու ցարական սադրանքները։
Պատասխանատուութեան այդ դիրքէն՝ Համօ Օհանջանեան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին թէ՛ ցարական կարգերը ժողովրդավարական արմատական բարեկարգման ենթարկելու պայքարին մասնակցելու, թէ՛ ցարիզմի հրահրած հայեւթաթարական ընդհարումները հակակշռելու առումներով։
Միեւնոյն շրջանին սկսաւ Համոյի գործակցութիւնը հայ յեղափոխական շարժման բոցաշունչ նուիրեալին՝ Ռուբինա Արէշեանի հետ (սուլթան Համիտի ահաբեկման ծրագրի կազմակերպման մէջ Քրիստափորի անմիջական գործակիցն ու հոգեզաւակը), որ հետագային՝ Համոյի Սիպիր աքսորման շրջանին ու այնուհետեւ մինչեւ մահ, պիտի դառնար նաեւ Համոյի կեանքի ընկերն ու կողակիցը։
Համօ Օհանջանեան արդէն դարձած էր աչքի փուշը ցարական իշխանութեանց, երբ 1908ին ցարիզմը իր տապարի հարուածը ուղղեց Դաշնակցութեան դէմ՝ աւելի քան երկու հարիւր դաշնակցական, ինչպէս եւ Դաշնակցութեան համակիր, բայց ոչ-կուսակցական ակնառու գործիչներ ձերբակալելով եւ Մետեխի բանտը նետելով։
Յատկապէս Համոյի նկատմամբ դաժան գտնուեցաւ ցարական իշխանութիւնը։ Մինչեւ 1912ի «Դաշնակցութեան Դատը», Համօ ահաւոր չարչարանքներու ենթարկուեցաւ մետեխի մէջ, որպէսզի խոստովանի Դաշնակցութեան «մեղքերը»։ Այդ չարչարանքներն ու անոնց դէմ անտեղիտալի դիմադրականութիւնը արդարօրէն Հայկական Յեղափոխութեան ճակատաբաց Ասպետի դափնեպսակին արժանացուցին Համօ Օհանջանեանին։ Դատավարութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթներն ու հայոց յեղափոխական շարժման կուռ պաշտպանողականը մեծապէս բարձրացուցին Համոյի վարկն ու հեղինակութիւնը յաչս ոչ միայն ազատատենչ հայութեան, այլեւ արդարամիտ ռուսներուն։
Թէեւ Համօ դատապարտուեցաւ չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի՝ կալանավայրերու մէջ — Խարքով եւ, ապա, հեռաւոր Սիպիր -, թէեւ հիւծեցաւ ֆիզիքապէս, բայց ուր որ գտնուեցաւ՝ յեղափոխական իր շունչը տարածեց բոլորին վրայ, հաստատեց մտերմութիւններ եւ գործակցութիւններ, որոնք ապահովեցին իր անուղղակի մասնակցութիւնը հայ ազատագրական շարժման ատենի խմորումներուն։ Կալանաւորի իր տարիներուն էր, որ Ռուբինա պահապան հրեշտակի պէս հետեւեցաւ գաղափարի իր ընկերոջ քայլերուն՝ անոր ազատ արձակումը ապահովելու հետեւողական ճիգ թափելով։
Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումէն ետք, երբ ռուս-թրքական պատերազմը թափ առաւ, ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ կատարեց եւ Հայ Կամաւորական Շարժման առաջացման նպատակով Դաշնակցութեան առջեւ ասպարէզ բացաւ։ Համօ Օհանջանեան ազատ արձակուեցաւ եւ սիպիրեան իր կալանավայրէն ուղղակի Թիֆլիս վերադարձաւ եւ, իբրեւ բժիշկ, իր պատասխանատու դերակատարութիւնը ստանձնեց ռազմաճակատներու վրայ Հայ Կամաւորական Գունդերու մղած կռիւներուն ընթացքին։ Յատկապէս հայ զինուորներու խնամատարութեան մէջ օրհնաբեր եղաւ Համոյի գործունէութիւնը։ Նոյնպէս կարեւոր մասնակցութիւն ունեցաւ Վանի մէջ, ուր թրքական լուծէն ժամանակաւորապէս ազատագրուած հայութեան կառավարիչ կարգուեցաւ Արամ Մանուկեան, իսկ Համօ դարձաւ անոր աջ բազուկը։
Հայաստանի անկախացման հերոսամարտներու օրերուն, Համօ իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որու ընթացքին զոհուեցաւ իր Մոնիկ որդին։
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, Համօ Օհանջանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ նորաստեղծ հանրապետութեան պետական կռուաններու ամրապնդումին։
1919ին անկախ երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, իր մեծ օժանդակութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին-դիւանագիտական կապերու ընդլայնումին եւ ամրապնդումին։ Եղաւ Հաշտութեան խորհրդաժողովներուն մասնակցող Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան փոխ-նախագահ։ Իսկ Մայիս 1920ին, երբ պոլշեւիկեան դաւադիր ըմբոստացումը տեղի ունեցաւ, գլխաւորեց Բիւրօ-կառավարութիւնը՝ անոր վարչապետութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելով։
Համօ Օհանջանեանի յեղափոխական կենսագրութեան երկրորդ ծանրակշիռ պահը ներկայացաւ 1920ի Դեկտեմբերին, երբ նորահաստատ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը դէպի թիֆլիս ճամբուն վրայ ձերբակալեց Համօ Օհանջանեանը եւ Երեւանի մէջ բանտարկեց։ Կենսագիրներու վկայութեամբ՝ պէտք էր տեսնել 1921ի Փետրուար 18ին Երեւանի բանտը մտած եւ դաշնակցական ղեկավար գործիչները ազատագրած մեր ժողովուրդին խանդավառ ցոյցերը.- Համօն իրենց ուսերուն բարձրացուցած՝ ժողովրդային բազմութիւնները թաղէ թաղ շրջեցան Երեւանը, բոլորին վստահեցնելու համար, որ աննկուն յեղափոխականը փրկուած էր Երեւանի բանտին մէջ անարգօրէն հայու արիւն թափող պոլշեւիկեան մոլուցքէն…
Արդարեւ, համառուսաստանեան յեղափոխական շարժման բովին մէջ թրծուած հաւատաւոր ընկերվարականը աչքի փուշ դարձած էր «սոցիալիզմ»էն ճառող, բայց աշխատանքի ազատագրութեան սուրբ դատին մէջ միայն սեփական իշխանատենչութիւնը գոհացնելու ասպարէզ փնտռող նորելուկ պոլշեւիկներուն։
Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան վախճանէն ետք Համօ Օհանջանեան իր հերթին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Թաւրիզ, ուրկէ 1923ին գնաց Գահիրէ եւ հոն ապրեցաւ մինչեւ մահ։
1928ին Համօ Օհանջանեան հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան կազմութեան աշխատանքներուն։ Ընտրուեցաւ նորակազմ միութեան նախագահը եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ մահ՝ իր կեանքի վերջին քսանամեակին կարեւոր ներդրում ունենալով Ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ուժեղացման աշխատանքներուն մէջ։
Տարագրութեան այդ ամբողջ շրջանին եւս Համօ Օհանջանեան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոներուն, Դաշնակցութեան ներքին միութիւնն ու գաղափարական հետեւողականութիւնը պահպանող հիմնական ուժերէն մէկը մնալով։
Ոգեկոչման այս էջը եզրափակելով՝ ընթերցողի յիշողութեան մէջ թարմացնենք բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանի արտասանած դամբանական խօսքին հետեւեալ վկայութիւնը՝ Համօ Օհանջանեանի մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկը կազմող անսահման, այլեւ մարտունակ բարութեան մասին.- «Նրա բարութիւնը ո՛չ բնազանցական սկզբունք էր, ո՛չ ճգնաւորի համակերպութիւն եւ ոչ ալ թուլամտութիւն ու անտարբեր մեղկութիւն, այլ շինիչ, կենարար եւ գիտակից մի ստեղծագործութիւն, որ անընդհատ պայքարում է՝ չարիքը խափանելով եւ վսեմն է կերտում՝ հինը տապալելով։ Բարիքը, նրա համար, հանրային կարծիքին տրուած տուրքը չէր, այլ սրտի ինքնաբուխ զեղում եւ իր մէջ հանրային անհատը լիացնող ներունակ պարտադրանք»։
Իրաւամբ Համօ Օհանջանեան մարմնաւորեց տիպարը Մեծ Դաշնակցականին, որ այնպէ՛ս «ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»։
*****************
Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969). Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը Ն.
Օգոստոս 1ը ծննդեան տարեդարձն է մեծարժէք հայ արձակագիր ու բանաստեղծ Գուրգէն Մահարիի։
Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ուրոյն պատուանդանը նուաճած գրողն է Մահարի։
Տաղանդաւոր երգիչն է հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին։ Բռնադատուած ձայնը խորհրդահայ առաջին սերունդին, որ ցնորական խանդավառութեամբ լորձնաշուրթն փառաբանեց «Այգաբաց»ը «Կարմիր Արեւ»ին՝ «Մուրճ ու Մանգաղ»ին, բայց որ ցմրուր ճաշակեց դառն ու ահաւոր բաժակը նոյնինքն խորհրդային «Չարիքի կայսրութեան» եւ այսպէս կոչուած «ստալինեան մաքրագործումներ»ուն…
Մահարի կրտսեր գործակիցը, գաղափարակիցը եւ հովանաւորեալ մտերիմն էր Չարենցի ու Բակունցի, որոնք իրենց արեամբ վճարեցին ծանրագոյն գինը իրենց գովերգած… խորհրդային «Այգաբաց»ին։
Մահարի իր կարգին հալածուեցաւ ու բռնադատուեցաւ, բայց Չեկայի բանտերուն մէջ ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի… Այդուհանդերձ՝ գոյատեւեց եւ վերադարձաւ հայ գրականութեան, որպէսզի կարենայ վկայել խորհրդային «դրախտ»ի էութեան՝ հոգեբարոյական արհաւիրքին մասին։
Ինչպէս որ հետագային Մահարի պիտի վկայէր Շահան Շահնուրի ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, աւելի քան 17 տարի Սիպիրեան աքսորավայրերը «ճաշակած» Մահարիին համար գաղտնիք չէր, թէ ո՛վ էր այդ՝ մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն պատասխանատուն.¬ «… մեծ ոճրագործ, դահիճ եւ սինլքոր վրացի Ստալինի գործերն էին, կատարողները՝ նրա դրածոները, Հայաստանի մէջ հայը, Ռուսաստանի մէջ ռուսը, Բելառուսիոյ մէջ բելառուսը…» («Շ. Շահնուրին», 28 Յունիսի 1962 թ.):
Մահարի հաւատացողն էր, որ «Ամէն մէկի կեանքում պէտք է մի փոքր անձրեւային եղանակ լինի, որպէսզի յետոյ լաւ փայլատակի արեւը»: Իր ամբողջ գրականութիւնը կիզակէտ ունեցաւ այդ հաւատքն ու սպասումը։ Բայց յատկապէս անձնական իր կեանքին ու իր պաշտած ժողովուրդին ու հայրենիքին չար բախտէն, Մահարի ապրեցաւ ու վայելեց միայն կարճատեւ արեւոտ եղանակ, որովհետեւ շարունակ անձրեւ ու մշուշ, արիւն եւ ցաւ «տեղաց» իր ճամբու ընթացքին…
Գուրգէն Գրիգորի Աճէմեան ծնած է 1903 թուականի Օգոստոս 1ին, Վան՝ Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող քաղաքին մէջ: Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան իր հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար։
Վանեցիի իր իւրայատուկ կազմաւորումով՝ Մահարի մշակեց թէ՛ իր ազգային¬քաղաքական մտածողութիւնը, թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը։ Պատահականօրէն չէր, որ Մահարիի արձակին մնայուն նուաճումները եղան իր «Մանկութիւն» (1929) եւ «Պատանեկութիւն» (1930), «Երիտասարդութեան սեմին» (1955), «Ծաղկած փշալարեր» (1950ականներու վերջը) ու «Այրուող Այգեստաններ» (1966) գործերը, որոնց տիրական գիծը մէկ կողմէ համով ու հոտով պատումն ու ստեղծագործական թարմ շունչը, իսկ միւս կողմէ դառն եւ թունաւոր տպաւորութիւններն ու համոզումներն էին՝ Մահարիական բուռն յուզաշխարհէն հանուած։
Թէեւ մինչեւ Առաջին Աշխարահամարտի բռնկումը, ինչպէս որ ինք կը վկայէ, Մահարի ապրեցաւ «քիչ թէ շատ անհոգ» մանկութիւն ու պատանեկութիւն, բայց այդ շրջանին իր ապրած թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային ողբերգական իրադարձութիւնները մինչեւ մահ ծանր մղձաւանջի մէջ պահեցին իր ողջ էութիւնը։ Մանաւանդ որ նախախորհրդային հայ իրականութեան ազգային¬քաղաքական խմորումներուն՝ յատկապէս Դաշնակցութեան սերմանած ազատագրական եւ յեղափոխական արժէքներուն ու աւանդներուն հանդէպ անհաշտ հակադրութիւն մը շարունակ կրծեց Մահարիի գաղափարական էութիւնը։ (Համոզուած էր եւ միշտ հակադաշնակցական կոյր մոլուցքով կը պատմէր, թէ սեփական մօրեղբօր ձեռքով հօրը սպաննել տուած էին, Վանի մէջ, Արամ Մանուկեանն ու Իշխանը)…
Նոյն այդ էապէս հակակուսակցական մոլուցքով՝ Մահարի անհիմն ու «ինքնասպանական» պաշտամունք մը զարգացուց այսպէս կոչուած «խորհրդային դրախտ»ին նկատմամբ, որուն համար ծանրագոյն գին վճարեց՝ երկար տարիներ հայրենի հողէն ու հայ գրականութենէն զրկուած, հեռաւոր աքսորավայրերու մէջ ապրելով։
Մահարի գրչանունով անմահացած Գուրգէն Աճէմեանի գաղափարական աշխարհին անյաղթահարելի վէրքը եղաւ ու մնաց ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ պատահեցաւ իր մանկութեան տարիներուն։ Արմենական կուսակցութեան պատկանող հայրը սպաննուեցաւ իր սեփական մօրեղբօր կողմէ, որ դաշնակցական էր։ Մահարի մինչեւ մահ չկրցաւ հաշտուիլ այդ ողբերգութեան հետ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անցած ուղին դիտեց ու արժեւորեց թունաւոր այդ հոգեվիճակով՝ միջ¬կուսակցական վէճերով ու սուր հակադրութիւններով արատաւորել փորձելով հայ ազգային գաղափարաբանութեան անկորնչելի հարստութիւնը։
Եւ չափազանցութիւն պիտի չըլլայ այն ընդհանրացումը, որ Գուրգէն Մահարի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ մինչեւ մեր օրերը հայրենաբնակ հայութեան որոշ շերտերուն մէջ «վերապրող» հակակուսակցական եւ յատկապէս հակադաշնակցական գաղափարական մաղձին։
Կենսագիրները իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիամանթոյով եւ Վարուժանով, Թէքէյեանով ու Մեծարենցով սնած ու գրականութեան փարած Մահարիի կեանքը հիմնովին գլխիվայր շրջուեցաւ, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը։ Պատանիի զարհուրած աչքերով ան հետեւեցաւ ու սեփական մորթին վրայ զգաց ահաւորութիւնը թրքական հայատեացութեան, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական կեղծիքին ու շահամոլութեան։ Տեսաւ մանաւանդ հերոսական խոյանքը սեփական ժողովուրդին, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով՝ արեւուն տակ յաղթահասակ կանգնելու մեր ազգային արժանաւորութիւնը նուաճեց, բայց որովհետեւ քաղաքական իր ապագան կապած էր Ռուսաստանի հետ՝ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ բիւրաւոր գաղթականներով անցաւ Արեւելահայաստան։
Գուրգէն Աճէմեան մեծ գաղթի ժամանակ կորսնցուց մայրն ու հարազատները. իր սերնդակիցներու մեծ մասին պէս պատսպարուեցաւ որբանոցներու մէջ։ Տարիներ ետք Մահարի վերագտաւ իր մօրը եւ հարազատներուն։ Իր մանկութեան այնքան պաշտելի «տատիկ»ը արդէն մահացած էր գաղթի ճամբուն վրայ։ Թէեւ Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ թէ Երեւան, որբանոցներու մէջ, նախնական կրթութեան ու կտոր մը հացի եւ պնակ մը կերակուրի հնարաւորութիւնը ունեցաւ, բայց որբի կեանքը շատ ծանր տարաւ Մահարի, խոր դառնութիւն եւ անսահման ցասում ապրեցաւ, որոնք երիտասարդութեան սեմին կանգնած հայ որբին մղեցին դէպի պոլշեւիկեան «արեւածագ»ին ինքնախաբ պաշտամունքը։
Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցին եւ ուղղակի իբրեւ ուսուցիչի կապուեցաւ անոր հետ։ 1922ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Արտամետեան Գիշերներ» խորագրով։ Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց՝ «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932ին, «Ձօն՝ Եղիշէ Չարենցին» ներածութեամբ։ Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները՝ «Ծովի Երգեր»ը, «Հնձաններ»ը, «Անդունդն Ի Վեր»ը, «Անանձնական»ն ու «Պոեմներ»ը:
Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները։
Մահարիի գրական¬գեղարուեստական եւ ազգային¬գաղափարական հետագայ ուղիի հունաւորման մէջ մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Ակսէլ Բակունցի։ Մահարի մեծ խանդավառութեամբ նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց իր «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ մեծ հռչակի արժանացուցին զինք: Բակունցի ներշնչումով՝ Մահարի իւրովի վերանայման ենթարկեց հայ ժողովուրդի մօտաւոր անցեալին վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ սկսաւ վերարժեւորել ազգային¬ազատագրական պայքարին գաղափարական աւանդները՝ համապատասխան թարմացման ենթարկելով իր ստեղծագործութիւնները։ Այդ հասունացումը բաւարար հիմք նկատուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց համար, որպէսզի նաեւ Մահարիին ենթարկեն 1936ի համատարած հալածանքին ու բռնադատութեանց։ Թէեւ մահապատիժ չստացաւ, բայց մինչեւ Ստալինի մահը աքսորի դատապարտուեցաւ նաեւ Մահարի։ Աքսորի մէջ ալ ամուսնացաւ լիթվացի Անտոնինայի հետ։
1953ին վերադարձաւ Երեւան՝ հիւծած ու քայքայուած առողջութեամբ։ Թափով վերսկսաւ ստեղծագործական աշխատանքի։ 1950ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ իր «Ծաղկած փշալարեր» վիպակը, որ աքսորի տարիներուն կը վերաբերի եւ իբրեւ «խորհրդային կուլակ»ի խորհրդանշած մարդկային ողբերգութեան ու գաղափարական արհաւիրքին նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն՝ իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ շուտով թարգմանուեցաւ ռուսերէնի, նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն՝ իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ արժանացաւ ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութեան։
Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ գրուած են քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները։
Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ Յունիս 17ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան։
Ուշագրաւ է, որ Մահարի՝ այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին։ Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կþընդգծէ.
«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր.¬ Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կþուզէիր ապրել։ Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու.¬ Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»։
Միայն 66 տարի ապրած եւ մէկ կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախիլ եղած՝ գաղթ ու աքսոր ճաշակած մեծատաղանդ հայ գրողի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը կþարժէ փակել Մահարիի պատգամով, որ տեղ գտած է մեծարժէք գրողի այրիին 1972ին լոյս ընծայած «Իմ Ոդիսականը» գործին մէջ.
Իր մահից քիչ առաջ Գուրգէնն ինձ ասաց.¬ «Յիշիր, Անտոնինա, իմ խօսքերը: Այս բռնութիւնը երկար չի տեւի, Խ.Ս.Հ.Մ.ը լի է բանտերով եւ ճամբարներով, այն դատապարտուած է կործանման: Չարութեան կայսրութիւնը վերջապէս կը քանդուի: Իշխանութիւնը, որը պահւում է դաւաճանների միջոցով, գոյութեան իրաւունք չունի: Կը գայ նոր դարաշրջան, եւ հայը նորից կը դառնայ իր երկրի տէրը: Ճշմարտութիւնը կը յաղթի, եւ ինձ վերջապէս կը հասկանան, բայց, ցաւօք, ես արդէն չեմ լինի»:
«Չարութեան կայսրութեան» այդ անխուսափելի կործանման Մահարիական խոր համոզումը կը բաբախէ «Թէ ունէի ես մեղքեր» խորագրով իր գողտրիկ քերթուածին մէջ.
Թէ ունէի ես մեղքեր, քաւե՜լ եմ վաղուց,
Թէ անմեղ եմ հալածուել, մի՛ նայիր խոժոռ,
Չէի՜ վերջին երգիչը Պառնասեան թաղում,
Բայց անունս աղօտուեց օրերի փոշում…
Ա՜խ, քո կրակը մնաց սրտում իմ անմար
Երկի՛ր, ես քո երգերը պահեցի անգիր…
Լոկ դու եղար պատուանդան մարմար առ մարմար,
Եղար հզօր յենասիւն յանգի ու կեանքի…
Հիմա քեզ մօտ եմ նորից, ի՛մ երգ, ի՛մ գարուն,
Վերադարձե՜լ եմ առոյգ, թէպէտ եւ փոշոտ…
Թէ ունէի ես մեղքեր, քաւե՜լ եմ վաղուց,
Թէ անմեղ եմ հալածուել, մի՛ նայիր խոժոռ…