Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՔՐԻԿԸՐ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

$
0
0


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շաբաթ, Յունիս 24-ին յիշատակելի օր մը եղաւ տեղւոյն «Համազգային»ի մասնաճիւղին համար, որ յատուկ այցելութիւն մը կազմակերպած էր տեղւոյն «Քրիկըր» թանգարանը:
Հանրածանօթ ճարտարագէտ Ֆիլիփ Ճոնսընի մտայղացումն էր այս ցեղեցիկ եւ իւրայատուկ կառոյցը, որ իր երդիքին տակ ընդունի մեծ հռչակ սփռած գործեր:
Այսպէս, արուեստ սիրահար «Համազգայնական»ները վայելեցին աւելի քան 250 գեղանկարներ եւ քանդակներ, որոնց կարգին գործեր՝ Քլօտ Մօնէէն, Օկիւսթ Ռընուարէն, Փապլօ Փիքասոյէն, Քամիլ Փիսարոյէն, Փիէթ Մոնտրանէն, Փօլ Սեզանէն եւ անշուշտ Արշիլ Կորքիէն:
Ըմբոշխնելէ եւ մօտէն ուսումնասիրելէ ետք այս արուեստասէր խումբը համախմբուեցաւ Հենրի Մուրի մէկ քանդակին առջեւ, ուր յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ: Ապա, այցելուները ուղղուեցան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղ ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ զրոյց:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles