Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Կիրակի
Շաբաթէ մը ի վեր դիմատետրի էջերը ողողուած են դպրոցական հանդէսներու նկարներով: Պատահաբար, այսօր, դէմս ելաւ նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտներուս նկարը: Պաքալորիայի քննութիւններու ծանր բեռը իրենց ուսերէն թօթափած, հպարտ կեցուածքով շարուած էին բոլորը: Մօտեցուցի նկարը ու մէկիկ մէկիկ զննեցի զիրենք: Որքա~ն մեծցած ու փոխուած էին: Տեսայ չարաճճի Կարօն ու անմիջապէս յիշեցի, թէ ինչպէս օր մը դասարան մտնելուս պէս` բարձրաձայնեց. «Օրիո՛րդ, այսօր մենք դաս չենք սորված». ու տակաւին պատճառը չհարցուցած, ի՛նք փութացուց նաեւ պատասխանը. «Երէկ, ելեկտրականութիւն ունէինք»:
«Հերոս»ի խօսքին արձագանգեցին նաեւ ուրիշներ:
Հասկնալի էր, որ ամիսներէ ի վեր ելեկտրականութենէ զրկուած աշակերտներս հազիւ կարողացեր էին համացանցի իրենց ծարաւը յագեցնել: Ո՞վ ժամանակ պիտի կորսնցնէր` սորվելու համար «պատճէն»ը է՞-ով կը գրուի, թէ` ե-ով, կամ «ութիւն» ածանցով գոյականները ինչպէ՞ս պէտք էր հոլովէին… մանաւանդ որ շնորհուած այս «բարիք»ը ընդամէնը մէկ կամ երկու ժամ պիտի տեւէր:
-Կը ներեմ, պայմանաւ որ սովորութիւն չդարձնէք,-կ’ըսեմ ու կ’անցնիմ դասի:
Զբօսանքին, ուսուցչարանը նոյնպէս ուրախալի մթնոլորտ կը տիրէ: Պատճառը կրկին ելեկտրականութիւնն է: Կարծես նոր գիւտ յայտնաբերած ըլլանք: Ուսուցչուհիներուն մազերը յարդարուած էին: Բոլորս ալ երջանիկ էինք, որ վերջապէս կարողացեր էինք լոգնալ, որովհետեւ հազուադէպ երեւոյթ էր, որ նոյն օրը ե՛ւ ջուր, ե՛ւ ելեկտրականութիւն ունենայինք:
Ահաւասիկ նկար մը, որ ակամայ յիշողութեան գիրկը տարաւ զիս…: Ո՞վ գիտէ դպրոցի աւարտին աշակերտներէս իւրաքանչիւրը ո՞ր ճամբան պիտի բռնէ: Անոնցմէ ո՞վ պիտի մնայ, ո՞վ պիտի հեռանայ:
Ամէն պարագայի, կը շնորհաւորեմ աշակերտներս` վկայականաց բաշխման առթիւ եւ կը մաղթեմ , որ ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, աւելի մեծ բարձրունքներ նուաճեն:
Երկուշաբթի
Սեփական տուն նստելով (աւելի ճիշդ՝ վարձելով) առիթը կ’ունենանք մեր տան դիմացի պարտէզին բարիքները վայելելու:
Ահա թութը հասունցեր է ու իր ծանրութենէն ծառին կուզիկի տեսք տուեր: Պէտք է թօթափել ծառը իր այդ բեռէն: Ուստի դրացիներով այսօր կազմակերպեցինք թթահաւաք: Մեծ տոպրակին չորս կողմը բռնեցինք ու սպասեցինք որ մեզմէ ամէնէն ճկունն ու թեթեւը ծառը բարձրանայ ու թափահարէ ճիւղերը: Ի՜նչ առատութիւն, Ի՜նչ հասուն բերք: Կարմիր թութ:
Մանչուկներս ամէն ինկող թութին հետ կը հրճուին ու ուրախութեան ճիչեր կ’արձակեն:
Անմիջապէս գործի կը լծուիմ եւ հայրենի հողի բնական բերքով առաջին «մուրապան» կը շինեմ:
Երեքշաբթի
- Կեռասը ինչո՞ւ այսքան սուղ է:
- Խիար վերցրէք, խիարը թանկ չի:
- Վարունգներն ալ լեղի են:
- Քուրիկ ջան, կարծում ես մեր կեանքը շատ քաղցր ա հա՛, որ խիարն էլ դառը չլինի: