Ներկայ մը
Ա- ԶՈՒԼԱԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՔԱՓԵԼԼԱ ԵՐՐԵԱԿԸ ՎԵՑ ՀԱԶԱՐ ՕՏԱՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ
ՀԵՏ…
Դուք երբեւիցէ լսա՞ծ էք վե՜ց հազար օտար մանուկներ, որոնք միահամուռ հայկական տոհմիկ երգ երգեն եւ թամզարա պարեն…
Այդպիսի շաբաթ մըն էր 2017ի Մայիսի երկրորդ շաբաթը Նիւ Եորքի համբաւաւոր Քարնըկի Հօլի մէջ:
Նիւ Եորք Քաղաքի հանրային վարժարաններու կրթական մարմինը յայտարարած էր՝ որ նկատելով Նիւ Եորք քաղաքի բազմա-մշակութային բնոյթը,
նախակրթարանի ուսումնական ծրագրին մէջ պիտի ներառներ աշակերտներուն ծանօթացնել երեք տարբեր ազգութիւններու երգերուն եւ պարերուն: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կազմը իմանալով այս բարեպատեհ առիթը, անմիջապէս տեղեկացուցած էր Քարնըկի Հօլի պատկան մարմնին եւ միաժամանակ «Զուլալ» Աքափելլա Երրեակին որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն ծրագրին: Բազմաթիւ դիմողներու մէջէն, Քարնիկի Հօլի քննիչ մարմինը, հայկական երգն ու երաժշտութիւնը ընտրած էր որպէս երեք ազգային երգերէն մին:
«Զուլալ» Աքափելլա երրեակը հիմնուած է երեք ամերիկածին հայուհիներու կողմէ՝ Անայիս Թէքիրեան, Երազ Մարգարեան եւ Թէնի Աբէլեան 2002-ին Նիւ Եորքի մէջ:
Երրեակը իր առաջին իսկ ելոյթով եկաւ յայտարարելու որ՝ ՆՈՐԱՐԱՐ խումբ մըն էր: Ան եկած էր հայկական տոհմական երգերը ներկայացնելու ՆՈՐ մօտեցումով, ՆՈՐ մեկանաբանութեամբ եւ ՆՈՐ դաշնաւորումով: Այս նորարութիւնը գրկաբաց ընդունուեցաւ հայկական շրջանակներուն մէջ: «Հին» ժողովրդական, գեղջկական երգերը թոթափեցին իրենց վրայի տարիներու փոշին, կենդանացան,
նորոգուեցան եւ նոր շունչ առին: Ա.Մ.Ն.-ի երաժշտական շրջանակներու կողմէ գրկաբաց ընդունուեցան՝ նորարարութեան եւ յատկապէս կատարողական բացառիկ արտայայտչական ձեւաւորման համար: Երրեակը հրաւիրուեցաւ ելոյթներ ունենալու Ա.Մ.Ն.-ի երաժշտական ամենէն բարձր մակարդակի մարմիններուն կողմէ:
Եւ ահա Նիւ Եորքի Քարնիկի Հօլի ծրագիրը: Վեց ամիսներու ընթացքին, Նիւ Եորքի հանրային վարժարաններու մէջ, վեցէն

տասնըերկու տարեկան փոքրիկներուն «Զուլալ» սորվեցուց Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի հայկական եւ ավանդական սովորութիւններէն մաս մը, ինչպէս նաեւ հայկական պար ու Հայերէն երգեր: Ընդհանուր թիւը աշակերտներուն, վեց հազար հոգի։
Երեխաները «Զուլալ»ի ղեկավարութեամբ, երգեցին՝ «Տօննի, Տօննի, Տօննի, եար է» Վասպուրականէն, «Թամզարա» Բալուի շրջանէն, «Հա նիննա» Մուշէ:
Մէկ շաբաթ տեւող ծրագրով, վեց հազար մանուկներ սորվեցան եւ հայերէն երգեցին: Սրահը ելեկտրականացած էր. խանդավառ ծափերը կարծես անվերջ էին:
Այս ձեռնարկին, երեխաներուն ընկերակցեցան նշանաւոր ուտիստ, Արա Տինքճեան, եւ շուի եւ թմբուկ նուագող Մարթին Յարութիւնեան, մեծապէս
ճոխացնելով համերգը:
Անհուն հպարտութիւն առթող շաբաթ մըն էր։ Այս օտար ու կլանող ափերուն Վեց հազար Օտար Մանուկներու, հայերէն երգելն եւ թամզարա պարելը։ Կարծես կուզենք ըսել աշխարհին, մենք կանք ու կը մնանք։ Շնորհակալութիւն եւ պռավօ «Զուլալ» Երրեակին, Արա Տինքճեանին, Մարթին
Յարութիւնեանին եւ յատկապէս Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որու շնորհիւ եւ այս բոլորի գործակցութեամբ, ահաւասիկ վեց հազար Օտար երեխաներ, իրենց ծնողներն ու ազգականները, թերեւս առաջին էր կը լսէին հայ երգը:
Բ. ԶՈՒԼԱԼ ԵՐՐԵԱԿԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՖԻԼՀԱՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ
Նիւ Եորք քաղաքի համաշխարհային համբաւ վայելող ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ամէն տարի, Նիւ Եորքի Կեդրոնական Այգիի մէջ համերգ մը կը
կազմակերպէ հանրութեան համար: Այս տարուայ ելոյթը չեխ Անթոնին Տըվորեաքին էր նուիրուած, իր համբաւաւոր «Նոր Աշխարհ» համանուագը ներկայացնելով: Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը մրցոյթի հրաւիրած էր տեղական երաժշտական խումբերը, որ Տըվորեաքի երաժշտութեան թեմայով, իրենց նոր մեկնաբանութիւնը բերեն:
Բազմահարիւր մասնակցողներու մէջ էր «Զուլալ» Երրեակը:
Երաժշտական դատական յանձնախումբը, երկու խումբ ընտրած էր, որոնցմէ մէկը «Զուլալ» երրեակն էր:
Երրեակը իր քսան վայրկեան ծրագրով նախ նոր հօրինում մը ներկայացուց, որուն միացուց հայկական «տուն եմ շինէ» ապա տարբեր տոհմական ազգային երգեր: Քառասուն երեք հազար հանդիսատես ներկայ էին դաշտին վրայ: Յիշատակելի էր երբ «թամզարա»ն սկսաւ, մարգագետնի վրայի հանդիսատեսին մէջէն խումբ մը հայ երիտասարդներ ոտքի կեցան եւ «թամզարա»պարեցին: Բեմին վրայէն, «Զուլալ» երրեակը թելադրեց հանդիսատեսը որ կշռոյթային ծափերով մասնակցի այս երգին:
«Զուլալ» Երրեակը, այսօր Հայ երաժշտութեան «դեսպաններու» փաղանգին կը պատկանի: Պէտք է նշել, որ իրենց երգերու ընթացքին, երրեակը համառօտ տեղեկութիւններ կու տայ հայկական երգերու մասին, անոնց հետ նաեւ հայկական աւանդական հասկացողութիւններու մասին:
Կեցցէ՛ք, «Զուլալ»ի անդամներ։
Այս կլանող մթնոլորտին մէջ, ձեր յամառ հայկականութիւնը, բոլորիս յոյս կը ներշնչէ, որ Սփիւռք ծնած երկրորդ սերունդը, գիտակից է իր մշակութային հարստութեան եւ անոր պահապանն է:
Մեր ժողովուրդի պարզ բառերով՝ «վարձքերնիդ կատար»: