ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»).- Կիրակի, Յունիս 11-ի առաւօտ, Հալէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նշուեցաւ Ա. տարելիցը՝ Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի: Համախմբուած էին հանգուցեալին հարազատները, գաղափարակից ընկերները եւ բազմաթիւ հալէպահայեր։
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» սրահէն ներս հաւաքուած ժողովուրդին դիմաց խօսք առաւ Արժ. Տէր Քհնյ.Պէրթիզլեան, որ վեր առնելով նահատակութեան գաղափարը ըսաւ.- «Րաֆֆին նուիրուելով հալէպահայութեան ու Նոր Գիւղի ինքնապաշտպանութեան, քաջ գիտէր թէ իր ընտրած ուղին դժուար է, բայց վստահ էր, որ Հալէպ տագնապի մէջ յայտնուած ըլլալով հանդերձ յուսահատ չէր։ «Տուներ կը հրկիզուէին, շէնքեր փուլ կուգային, բայց Րաֆֆին յոյս կը ներշնչէր ու իր իւրաքանչիւր քայլափոխին մէջ հաւատարիմ էր իր գաղափարական ուղիին։ Անոր համար ծառայել չէր նշանակեր միայն ժամ մը, օր մը, այլ կեանք մը ամբողջ նուիրել իր ժողովուրդին։ Րաֆֆին ապրեցաւ Հալէպի մէջ, Հալէպն ալ ապրեցաւ իր մէջ։ Հայութիւնը զինք ճանչցաւ որպէս խիզախ ու քաջ հայորդի մը ու այսօր այս ներկայութեամբ կը հաստատէ իր հաւատքը Ռաֆֆիներու գաղափարին, անոնց ընտրած ուղիին»։
Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան խօսեցաւ Րաֆֆի Պչաքճեան մարդուն եւ դաշնակցական գործիչին մասին։ Ան ըսաւ. « Րաֆֆին երբ գործ մը ստանձնէր, լաւագոյն ձեւով կ՚աւարտէր եւ միութենական աշխատանքի մէջ որեւէ սխալ չէր թոյլատրեր, մեծ թէ փոքր, գործը գործ էր իրեն համար։ Րաֆֆին առատաձեռն էր նաեւ, ինչ որ ընէր, լաւ ձեւով կ՚ուզէր ընել, լաւագոյն հնարաւորութիւնները օգտագործել։ Իր նկարագիրով նուիրուող էր, ուրիշին բեռ դառնալ չէր ուզեր երբեք։ Պատերազմի օրերուն ամէն օր Հալէպի հայկական թաղամասերը կը շրջէր, կը հետեւէր ժողովուրդին։ Իրեն համար գաղափարի նուիրումը գործն էր ու ամէն ճիգ կը թափէր, որ այդ գործը ոչ թէ ձեւականօրէն, այլ կատարեալ ձեւով կատարուի։ Խօսիլ չէր սիրեր։ Գործի մարդ էր, համեստ, ցուցական արարքներէ հեռու։ Ան Հալէպէն հեռանալուն դէմ էր։ Որպէս ուխտեալ ընկեր, հաւատարիմ իր ուխտին, մահը իր աչքին առջեւ առած ծառայեց այս գաղութին, վարակեց իր աշխատակիցները եւ կտակեց շարունակել իր սուրբ գործը՝ ծառայել ու պաշտպանել այս գաղութը, յոյս եւ կորով ներշնչել անոր։ Ռաֆֆի Պչաքճեանը անմահացաւ, որովհետեւ իր ուղին կը շարունակեն այսօր նորահաս մեր երիտասարդները»։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հալէպի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հինգշաբթի, Յունիս 8-ին, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ներկայութեամբ Հալէպի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Հանդիպման ընթացքին, Մարգարեան անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմի եօթ տարիներուն սուրիահայութեան ծաւալած աշխատանքներուն, յայտնեց թէ շնորհիւ գաղութին ունեցած հաւատքին եւ հետեւողական աշխատանքին, կարելի եղաւ յոյս ներշնչել եւ կանգուն պահել գաղութը:
Ստորեւ, Մարգարեանի խօսքը.-
«Սուրիոյ մէջ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Վերականգնումի Մարմնի կազմութեան նախաձեռնեց: Անցնող եօթ տարիներուն, մեր կազմակերպութիւնը փորձեց իր բոլոր ուժերը լարել սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու համար: Բնական էր, որ դիմանալով պատերազմական ծանր դժուարութիւններուն եւ ամէնէն կարեւորը ստեղծուած իրավիճակէն պատիւով դուրս գալով, սուրիահայ համայնքը ինքն էր հիմնականօրէն հերոսութիւնը կատարողը եւ այս մէկը միայն իր պատիւը չէր, այլ ողջ հայութեան պատիւը: Հայ ժողուվուրդը Սուրիոյ մէջ յաջողեցաւ իր կեցուածքով, պահուածքով եւ վերաբերմունքով օրինակելի ու հայրենասէր սուրիացի քաղաքացիի տիպարը դրսեւորել: Սա ինքնին մեծ գործ էր:
Սուրիահայութեան խնդիրը միայն սուրիահայութեան չի վերաբերիր, այլ ողջ հայութեան խնդիրն է: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը քաջ գիտակցելով հանդերձ, որ բոլոր հայութիւնը իր գուրգուրանքի առարկան պէտք է դառնայ, այս պարագային, ամէնէն աւելի գուրգուրաց Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան: Այս իսկ պատճառով Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան օժանդակելը Դաշնակցութեան գլխաւոր գործը եղաւ:
Դաշնակցութիւնը օրին գիտակցած էր, որ այս պատերազմը մէկ-երկու օրուան հարց չէր, այս գիտակցութեամբ ճամբայ ելանք սուրիահայութեան օգտակար դառնալու համար: Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքին մէջ միայն կազմակերպութեան հնարաւորութիւնները ի սպաս չդրուեցան, այլ մեր ժողովուրդն էր որ օժանդակեց եւ կը շարունակէ օժանդակել: Մենք աշխատեցանք մեր այս գործերուն յարատեւութիւնը պահել եւ կը շարունակենք նոյն ուղիով:
Մենք միշտ փորձած ենք մեր կարելին ընել սուրիահայութեան օժանդակութեան համար եւ այսօր ալ պիտի շարունակենք այդ աշխատանքները ուղղորդել դէպի վերականգնում:
Այնքան մեծ է Հալէպի աւերուածութիւնը, որ գուցէ համաշխարհային ճիգերու կարողականութեամբ կարելի ըլլայ վերականգնել քաղաքը: Մենք այս աւերուածութեան մէջ մեզի համար իւրայատկութիւն չենք կրնար ստեղծել, սուրիահայ համայնքի վերականգնումը մէկ մասնիկը պիտի ըլլայ Սուրիոյ ընդհանուր վերականգնումի աշխատանքներուն: Այսուհանդերձ մենք պարտաւոր ենք ամէն հնարաւորութիւն ստեղծել՝ ժողովուրդին կենսունակութիւնը ապահովելու համար:
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Վերականգնումի Մարմնի աշխատանքներուն ընդմէջէն Սուրիոյ մէջ ստեղծուած միասնականութեան օրինակը համահայկական պէտք է դառնայ, որպէսզի բոլորիս ճիգերը համատեղելով օգնենք սուրիահայութեան:
Տարածաշրջանը դեռ բաւական բարդ իրավիճակ կը պարզէ, սակայն ինչպէս մէկ օրուան մէջ ամէն ինչ խառնուեցաւ եւ Սուրիոյ մէջ պատերազմ սկսաւ, հաւանական է որ այնպէս ալ մէկ օրուան մէջ ամէն բան խառնուելով խաղաղութիւն հաստատուի Սուրիոյ մէջ եւ վերջակէտ դրուի այս ժողովուրդի տառապանքին:
Վստահ եղէք, որ մենք ձեր կողքին ենք: Թէեւ թէ՛ տանջուողը, թէ՛ հիմնական գործ արարողը դուք էք եւ ղեկավարութեան ընելիքը հազար անգամ աւելի կարեւոր է, որովհետեւ պատասխանատու ղեկավարութեան իմաստը ճիշդ ասոր մէջ է, այն առաքելութեան մէջ, որ դժուար օրերուն կը կանգնի ժողովուրդին կողքին:
Գուցէ շատ առարկայական տուեալներ չկան խաղաղութեան վերահաստատման համար, սակայն հաւատացած եմ, որ եթէ համաշխարհային ընտանիքը ուզէ, կրնայ ամէն բան շատ շուտ աւարտին հասցնել:
Ուժ ու կորով կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն, ըլլաք միասնական եւ համագործակցող՝ համայնքի բարօրութեան համար, որովհետեւ միասնականութիւնը ամէնէն մեծ բարիքն է, զոր ժողովուրդը կ՛ակնկալէ մեզմէ:
Ինչպէս եօթ տարուան ընթացքին ծաւալած շտապի աշխատանքներուն ձեր կողքին եղանք, այնպէս ալ պիտի շարունակենք ձեր կողքին ըլլալ, թէեւ նախապատուութիւնը Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայութեան է, սակայն անտարբեր պիտի չըլլանք նաեւ գաղթական դարձած սուրիահայութեան նկատմամբ, որոնք դժուար պայմաններու բերումով հեռացան Սուրիայէն:
Մենք ձեր կողքին պիտի ըլլանք մինչեւ վերջ»:
Ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները բարձրօրէն գնահատեցին Հրանդ Մարգարեանի մօտեցումը, մանաւանդ պատերազմական ամէնէն ծանր օրերուն Հալէպի մէջ սուրիահայութեան կողքին գտնուիլը: Մարգարեանի խօսքէն ետք, հանդիպման մասնակիցները զրուցեցին քաղաքական ընդհանուր վիճակին, սուրիահայութեան օժանդակութեան եւ առնչակից հարցերու շուրջ: