Image may be NSFW.
Clik here to view.ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԷՃԵԱՆ
Երաժշտագէտ, Երեւանի Կոմիտասի Անուան Պետական Կոնսերվատորիայի Պատւոյ Փրոֆեսoր
19-րդ դարուն, շնորհիւ Եգիպտոս հաստատուած մեծ գործարար եւ քաղաքագէտ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի ունեցած անձնական բարեկամութեանը օրուան կառավարիչ՝ Մոհամմէտ Ալիի հետ ու ըլլալով անոր հաւատարիմ խորհրդականը, ինչպէս նաեւ մեծ միտք ու քաղաքագէտ Նուպար Փաշային եւ որդւոյն՝ Պօղոս Նուպար Փաշային երկրին զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար իրենց նուիրեալ գործունէութեանց, ինչպէս՝ Եգիպտոսի դատաստանական օրէնսդրութեան հեղինակում, երեք անգամ երկրի վարչապետի պաշտօնին վարում, երկաթուղագծերու կառուցում եւ յատկապէս գիւղական կեանքը տանելի ու արագօրէն ծաղկեցնելու համար միջոցներու եւ գործիքներու ստեղծում, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած էր արդիական գութանի հնարումը։
Շնորհիւ այսպիսի զարգացումներուն, Արաբ ժողովուրդը, ի մասնաւորի գիւղային «Ֆէլլահ»ը , իր շնորհակալութիւնն ու սէրը յայտնած էր Պօղոս Նուպար Փաշային, կոչելով զայն «Ապու՛լ Ֆէլլահ», այսինքն՝ գիւղացիին հայրը։
Այս պատճառաւ հայերուն մուտքը Եգիպտոս, յատկապէս Համիտեան ջարդերէն յետոյ, ինչպէս նաեւ 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք եղաւ գրկաբաց ընդունմամբ որպէս «Կամաա Նուպար», այսինքն՝ Նուպարի ժողովուրդ։
Այսպիսով Եգիպտոս ապաստանած ամէն դասակարգի հայ գաղթականացած ժողովուրդ։ Ու այս երեւոյթը շարունակուեցաւ նաե՛ւ ազատ ու անկախ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տապալումէն՝ 1920էն յետոյ, որուն պատճառաւ Եգիպտոսի մէջ բնակութիւն հաստատեցին հայրենի դաշնակցական իշխանութեան բազմաթիւ կառավարական, քաղաքական, մտաւորական, զինուորական եւ այլ մեծ դէմքեր։
Հետզհետէ հայ գաղութը կազմակերպուեցաւ անհրաժեշտ ազգային հիմնարկներով եւ լաւագոյն ձեւաւորումով։
Սակայն, ատեն մը վերջ, հայրենիքէն կտրուած ու օտար երկրի մէջ ապրելու իրողութիւնը սկսաւ մտահոգել հայու ապագայով նախանձախնդիր ազգայինները։
Ժամանակն էր մարդուժը հաւաքելու եւ գործի լծուելու, նոր սերունդը հայեցի կրթութեամբ կապելու համար հայ մշակոյթին։
Ափ մը մեծ տեսլականի տէր մարդիկ, ինչպէս Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Մ. Եսայեան եւայլն, Հայաստանի առաջին կառավարութեան հաստատման տասներորդ տարեդարձին՝ 1928, Մայիս 28ին, Գահիրէի մէջ հիմնեցին այս պանծալի Համազգային Միութիւնը, զոր տարիներու ընթացքին ձիւնագնդակի նման թաւալելով աճեցան, մեծցան ու այժմ Արեւմտահայ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ ունի իր գործօն մասնաճիւղերը։
Ու ահաւասիկ, այսօր, որպէս պերճախօս վկայ, Նիւ Եորքի մասնաճիւղը, Մայիսի սկիզբը, չորս օրերու վրայ տարածուող տարբեր բնոյթներու մշակութային հարուստ ձեռնարկներու շարանով մը, արժանաւորագոյնս նշեց այս օգուտափառ կազմակերպութեան յիսնամեայ յոբելեանը։
Տակաւին մտքիս պաստառին վրայ վառ կերպով մնացած է այս միութեան հիմնադրութեան առաջին հաւաքը, զոր տեղի ունեցաւ 1967, Մայիս 5ին, Նիւ Եորք համալսարանի սենեակներէն մէկուն մէջ։
Համազգային Միութեան լուսահոգի անդրանիկ հիմնադիրներու նոյն տեսլականով վառուած ու առաջնորդուած հիմը դրինք Նիւ Եորքի Համազգային Մշակութային Միութեան նախ՝ Հայ Մշակութային Միութիւն անուանումով, որուն կազմակերպութեան կամ ծնունդին առաջին խրախուսող բանախօսը համեստս էր եղած։
Նիւ Եորքի Համազգային Մշակութային Միութիւնը, որպէս կրողը մեր մեծերու գաղափարախօսութեան անձնուրաց կերպով նուիրուեցաւ Հայ Մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման սրբազան առաքելութեան։
Ահաւասիկ ան, յիսուն երկար տարիներու յարատեւ եւ ժրաջան գործունէութեամբ դաստիարակեց հայ հասարակութիւնը։
Ան, պահեց եւ զօրացուց ժողովուրդին կապը հայրենիքին ու իր մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն հետ։
Ան, համախմբեց գաղութին զաւակները իրենց ազգային արժէքներուն շուրջ։
Ան, գաղութի մշակութայինկեանքին որակ տուաւ։
Ան, գաղութի ազգային գիտակցութիւնն ու նկարագիրը վառ պահեց։
Ան, նոր սերունդին մատղաշ հոգիները բացաւ հայ մշակոյթի արժէքներուն։
Այսօր, յետադարձ ակնարկ մը նետելով այս օգտափառ ազգային կազմակերպութեան՝ Նիւ Եորքի Համազգայինի յիսնամեայ կամ կէս դարեայ գործունէութեան վրայ, մեր շուրթները միայն ու միայն շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացումներ ունին արտայայտելու անոր նուիրեալ անդամ¬անդամուհիներուն, յատկապէս տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Ժանէթ Մարգարեաններուն։
Յիսնամեայ այս յոբելեանին առթիւ Համազգայնականներուն սրտագինս կը մաղթեմ ոյժ եւ կորով տակաւ շարունակելու համար սրբազան, նուիրական ու ազգօգուտ երթը ի սէր եւ յօգուտ մեր պաշտելի մշակոյթին պահպանմանը, զարգացմանն ու յարատեւմանը։
Վարձքերնիդ կատար։
↧
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
↧