Հայաստանի պատկերասփիւռի «Առաջին Լրատուական Ծառայութիւն» կայանի (իշխանութեան բանբերի հանգամանք ունի) «Օրակարգ» լրատուական յայտագիրի Երեքշաբթի, Յունիս 6-ի հաղորդումներուն շարքին էին երկու ուշագրաւ տեղեկութիւն.
Ա.- Մեծ արդիւնաբերութիւններուն պիտի պարտադրուի որոշ թափանցիկութիւն, որպէսզի շահատուրքերը հակակշիռի տակ բերուին։
Բ.- Որոշուած է փակել դրամագլուխներու «փախուստ»ի ճամբաները, այսինքն, կասեցնել այլուր փոխանցումը Հայաստանի մէջ շահուած այն գումարներուն, որոնք առանց շահատուրքի կը տեղափոխուին կիպրական, լիւքսեմպուրկեան, պահրէյնեան եւ այլ դրամատուներ։ Որոշումին նպատակն է Հայաստանի մէջ գործառնութիւն կատարողներուն եւ շահ ապահովողներուն պարտադրել, որ օրինական հարկերը վճարեն։
Երկրորդ որոշումին վրայ յաւելեալ լոյս սփռելու համար, պահ մը ետ երթանք, գոնէ 4-5 տարի ետ, եւ յիշենք, որ այդ օրերուն, Հայաստանի քաղաքական-ելեւեմտական բեմը պահ մը փոթորկեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ գործատէրեր, պետական բարձրաստիճան եւ նուազ ականաւոր անձնաւորութիւններ, մինչեւ անգամ կրօնաւորներ տարիներէ ի վեր ստեղծած են «օֆշորային հաշիւներ», այսինքն, իրենց ապահոված շահերը «կը փախցնեն» այլ երկիրներու դրամատուներ ու ելեւմտական գանձարաններ, խուսափելով օրինական հարկերը վճարելէ։ Հարցը ունէր նաեւ կաշառակերութեան «պոչիկներ»։ Փոթորիկը աւելի ուշ մեղմացաւ եւ յետոյ «մոռցուեցաւ»։ Իշխանութիւնները հաւաստիք տուին, որ կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ միջոցառումներ կþորդեգրուին («օֆշորային փոխանցումներ»ն ալ արձանագրուած էին այդ սիւնակին տակ)։ Եկուր տես, որ հարկերէ փախուստի այս դրութիւնը ի զօրու է (եղեր) մինչեւ այսօր եւ կառավարութիւնը ի վերջոյ «խելքի ընկած է» եւ որոշած՝ «մօտ ատենէն դադրեցնել օֆշորային փոխանցումներ»ը…
Նախ եւ առաջ, պէտք է գոհունակութեամբ ողջունել յիշեալ որոշումները, որոնք սկզբունքով կ’իյնան երկրի տնտեսական, ընկերային եւ յարակից վիճակները բարեփոխելու կառավարութեան յայտարարուած ուղիին մէջ, մանաւանդ, որ կը յաջորդէ խորհրդարանական Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն. չենք ուզեր հոս կրկնել բոլոր այն խոստումներն ու անոնց վրայ կառուցուող յոյսերը, ըստ որոնց՝ կառավարման նոր դրութիւնը բարիք պիտի բերէ մեր հայրենիքին։ Այսուամենայնիւ, կարելի չէ անխառն զգացումներով դիմաւորել այս քայլերը, որովհետեւ մատուած են «լեզուն այրողը պախ թանը փչելով կը խմէ»ի վիճակին. նոյնինքն «օֆշորային»ի պարագան կը թելադրէ վերապահութիւն եւ սպասողական վիճակ։ Արդեօք քանի մը տարի ետք դարձեա՞լ պիտի խօսուի նման գայթակղութիւններ արգիլող միջոցառումներու մասին։ Իսկ աւելի՛ կարեւորը՝ ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ այն «անմատչելիներէն», որոնք տարիներէ ի վեր, մինչեւ այսօ՛ր կþօգտագործեն գումարներու փախուստի ճամբաները։
Կարեւոր է բանալ ցարդ շարունակուող գայթակղալի ու վնասարար գործառնութեանց էջերը եւ երկիր վերադարձնել «օֆշորային» գումարները։ Կառավարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ «ոչ ոք պէտք է ինքզինք օրէնքին գերադաս համարէ», ահա այսպէ՛ս պիտի զարնուի փորձաքարի։
↧
«ՕՖՇՈՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱԴՐԵՑՈՒԻՆ»
↧