Ապրիլ 8-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երեւանի քաղաքային կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ վերլուծելով Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դ.-ի ձեռք բերած անսպասելիօրէն ցած արդիւնքները, խորհրդակցելով Երեւանի վարչական շրջաններու կոմիտէներուն հետ, Երեւանի քաղաքային կոմիտէն նպատակայարմար չի գտներ մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցիլը:
«Այս փուլին մեր առաջնահերթ հարցը կը նկատենք Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն մեր կառոյցին արձանագրած արդիւնքին պատճառներուն ուսումնասիրութիւնը եւ անհրաժեշտ եզրակացութիւններու յանգիլը: Յոյսով ենք, որ գիտակցուած քուէով Երեւանի աւագանի ձեւաւորելու պատրաստ մեր համաքաղաքացիները ըմբռնումով կ՛ընդունին այս որոշումը: Միաժամանակ կը պարտաւորուինք ուշադրութեամբ հետեւիլ Երեւանի բոլոր հիմնախնդիրներուն եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մասնակից դառնալ անոնց լուծման», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: