Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Քառօրեայ Պատերազմէն Արարքներ Պիտի Քննուին Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Կողմէ

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան խումբ մը քաղաքացիներու եւ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ ներկայացուած բազմաթիւ գանգատներէն 23-ը ընդունուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ` առ ի քննութիւն:
Իրաւաբան-իրաւապաշտպաններու խումբը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած էր Ապրիլ 2-5, 2016-ին զինադադարի խախտման պատճառով սկսած մարտական գործողութիւններու ընթացքին, ատրպէյճանցի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական բնակչութեան եւ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ գանգատներու ծրար մը:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան (կողքին) նշած է, որ ծրարը մեծածաւալ աշխատանքի արդիւնք է, որ կատարուած է փաստաբաններու կողմէ:
Նշենք թէ Մելիքեան վերջերս այցելած էր Միացեալ Նահանգներ: Քաղաքական հանդիպումներուն կողքին, ան առիթը ունեցած է ելոյթ մը ունենալու «Ճոնզ Հոփքինզ» համալսարանի յառաջացեալ միջազգային ուսմանց բաժանմունքին մէջ` լուսարձակի տակ առնելով անցեալ տարուան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի ժողովուրդին եւ զինուորներուն դէմ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կատարած վայրագութիւնները:
Ներկայացումը կը վայելէր նոյն համալսարանի Անդրատլանտեան յարաբերութեանց կեդրոնին հովանաւորութիւնը: Ռուբէն Մելիքեան, առաջին հերթին բացատրութիւններ տուած էր 2008-ին հաստատուած` Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնի պատասխանատուութեանց եւ լիազօրութիւններուն մասին, յիշեցնելով, որ ինք «հայոց իրաւունքներու պաշտպան» չէ՛, այլ` «մարդկային իրաւանց պաշտպան»:
Ապա ան մանրամասնութիւն տուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն եւ անկէ ետք շարունակուող զինադադարի խախտումներուն ու շարունակական սպառնալիքներուն ունեցած հետեւանքներուն մասին: Մելիքեան խօսած էր ատրպէյճանցի պատերազմական գերիի մը հետ իր հանդիպումին մասին եւ` յիշեցուցած, թէ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ գերի բռնուած 28 զինուորներուն եւ երեք քաղաքայիններուն 90 տոկոսին մարդկային իրաւունքները տարբեր մակարդակի ոտնակոխումներու ենթարկուած են, իսկ անոնց մէկ մասը սպաննուած է գերութեան մէջ:
«Եւրոպական դատարանի փորձի ուսումնասիրութիւնը ցոյց է տալիս, որ եթէ գործը քննւում է սովորական կարգով, ապա այն կարող է տեւել մինչեւ 10-ը եւ աւելի տարիներ: Իսկ արագացուած կարգով ընդունելու դէպքում` ժամանակի առումով այն աւելի կարճ կը լինի, բայց ոչ, ասենք, մի քանի ամիս: Ընթացակարգը հետեւեալն է. նախ գործը ուղարկւում է պատասխանող կողմի կառավարութեանը, տուեալ դէպքում` Ազրպէյճանին, եւ տրւում է բաւական երկար ժամանակ, որպէսզի պատասխանատու կողմը ներկայացնի իր պատասխանը: Յետոյ ուղարկւում է դիմողներին` մեկնաբանելու պատասխանող կողմի պատասխանը եւ ներկայացնելու արդարացի փոխհատուցման վերաբերեալ իր պահանջները», նշեց Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Մելիքեան:
Նշենք թէ, Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան կը յայտնէ, որ կեդրոնը նամակներ յղած է իրաւապաշտպան «Միջազգային Ներում» (Amnesty International) եւ «Մարդկային Իրաւանց Դէտ» (Human Rights Watch) կազմակերպութիւններուն, որ իրենց տարեկան տեղեկագիրներուն մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ արձանագրեն ատրպէյճանական պատերազմական ոճիրներուն մասին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles