Արմենակ «կեդրոնականցի» է եւ կ’ըսէ՝ «ծնողաց»: Գրաբարի քաղցրութիւնը չմոռնալու համար:
Գարնան այս առաջին արեւոտ օրերուն, աշխարհի հայկական մեծագոյն ոստան «հրեշտակներու քաղաք»էն Կեդրոնականցին նոր վերադարձած էր եւ Էլպիսին հետ այցի եկաւ: Իր պատմածներուն հետեւելով, մենք ալ ճամբորդած ըլլալու, աշխարհ եւ մարդիկ տեսած ըլլալու բաւարարութիւն կ’ունենանք: Պատմեց:
– Հրեշտակներու քաղաք հասած հայ երիտասարդ մայր մը, իր աւազանով բնակարանին որպէս զարդ ներկայացուց իր զաւակները եւ անոնց առանձին սենեակները ցոյց տուաւ: Անոնցմէ մէկուն համար, տասը տարու, ըսաւ, որ «ճինեըս» է: Երբ հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս այդ գիտէ, ըսաւ որ «քոմփիւթըր»ին առջեւէն չի հեռանար, դպրոց չ’ուզեր երթալ, անգլերէն կը խօսի եւ հայերէնը մոռցաւ:
– Իսկ «ճինեըս»ին մայրը անգլերէն գիտէ՞ր,- հարցուցի:
– Ի՞նչ պատասխանեմ: Տեսայ որ տնական հայերէնին մէջ կը յայտնուէին անգլերէն բառեր, եթէ այդպէս շարունակէ ինք ալ «ճինեըս» կ’ըլլայ: Նոր չէ որ մարդիկ հանճարը եւ բանջարը չեն զատեր իրարմէ, այդ ձեւով կը գտնեն «ճինեըս» ըլլալու կարճ ճամբան:
– Արմենակ, պիտի հասկնա՞ս, որ աւազանով բնակարան ունեցողը դասակարգ կը փոխէ եւ «ճինեըս» զաւակներ ունենալու իրաւունք ձեռք կը բերէ:
– Ուրիշ մը, ի վերուստ, կամ ի վարուստ, ինքնաշնորհուած ջոջական փառքով, բարքով եւ սարքով, իր զաւակը կը տեսնէ ազգի փրկիչի դերին մէջ, քանի որ ինք զայն դիտելով կը հրճուի: Իր շուրջ դարձող թիթեռնիկներէն մին, իմ ներկայութեանս յայտարարեց, որ ջոջին ժառանգին անունը, որպէս ազգի շողացող աստղ, պիտի յիշուի պատմութեան եւ գիրքերու մէջ: Յետոյ իմացայ, որ թաղին ջոջ «շէֆ»ը անոր պաշտօններ տուած է, ոչ միայն սիրայօժար աշխատանքի համար:
– Լաւ է, Արմենակ, ազգը վերականգնումի կարիք ունի, մանաւանդ սփիւռք կոչուած խառնարանին մէջ: Եւ «ճինեըս»ներ եւ պատմութիւն դրոշմող նորեր պէտք են:
– Միամիտ մի՛ ըլլար: Ասկէ առաջ ալ «ճինեըս»ներ եղած են, ոմանք «պատմութիւն դրոշմել»ու առաքելութեան կոչուած են, ծնած ըլլալով աւազանով բնակարանի մէջ կամ ծնողաց սնապարծութեան աղբիւսին վրայ: Բայց անոնց անունները չկան նոյնիսկ էջ յատակի ծանօթութիւններու մէջ:
Էլպիս լուռ հետեւած էր իրեն ծանօթ այս պատմութիւններուն: Տրտնջալով եզրակացուց.
– Անոնք են ինչ որ են: Բայց դուն ձեռքիդ մտրակը ճօճող Քրիստոս չես: Քիչ մը ուրիշ բան խօսիր: Չեկար որ մարդիկը անհանգստացնես: Ըսածներդ հոն ալ կան, հոս ալ կան:
Մակարուհին սուրճ բերաւ եւ հայաստանեան կոնեակ:
Աւազան չունինք, բայց կոնեակ ունինք:
Թէեւ կոնեակի բաժակները երբ բազմապատկուին, «ճինեըս»ներ կրնան յայտնուիլ: