Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՊՐԻԼ 2 …ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Ապրիլ 3, 2017

Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք չէ դիտել քաղաքական նեղմիտ ակնոցով, այսինքն այս կամ այն դաշինքն ու կուսակցութիւնը համաձայնութիւններ կնքած են եւ բեմահարթակ բարձրացած:
Ո՛չ…սովորական կերպով խորհրդարան մը ընտրելու համար չէր կազմակերպուած Կիրակի, Ապրիլ 2-ի ընտրութիւնը:
Այլ պատմական օր մըն էր այդ օրը, որովհետեւ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով որդեգրած էր ժողովրդավարական հիմքերու վրայ հիմնուած խորհրդարանական համակարգին, հակառակ անոր որ իր շրջապատը հակառակ մթնոլորտն է որ կը տիրէ: Յառաջիկայ շաբաթներուն, Թուրքիոյ մէջ պիտի կատարուին ճակատագրական ընտրութիւններ, որուն միտք բանին պարզ ու մեկին այն է թէ Էրտողան կը մտադրէ ամէն գնով ձեռք ձգել մոգական մենատիրութիւնը, իր երազած սուլթանութիւնը հիմնելու եւ կառավարելու: Անտեղի է անդրադառնալը Ատրպէյճանի մասին, ուր նախագահ Ալիեւի բառարանին եւ համայնագիտարանին (եթէ անշուշտ կը կարդայ…այդ մէկն ալ հարցական է) մէջ գոյութիւն չունին կամ հաւանաբար պատռուած ու փճացուած են ժողովրդավարութեան հետ կապ ունեցող որեւէ տեղեկութիւն:
Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններու նախօրեակին յստակ էր թէ դիւրին պիտի չըլլար մէկ օրէն եւ մէկ ընտրութիւնով բոլորովին բարեփոխել օրէնքները:
Ամէնէն աւելի լաւատեսն իսկ քաջատեղեակ էր թէ ընտրական այս նոր օրէնքն ու գործընթացը պիտի չկարենան (եւ հաւանաբար, ապագային ալ հարիւր առ հարիւր տոկոսով պիտի չկարենան) առաջքը առնել ընտրակաշառքին։
Դիտորդներն ալ կը հաստատեն թէ զեղծարարութիւններ կարելի չէ եղած կասեցնել, հակառակ արդի սարքաւորումներու հաստատման: Դժբախտաբար սովորութիւն մըն է համաձայնութիւնը կանխաւ կատարելու քուէ գնողի եւ վաճառողին միջեւ եւ այս մէկը դարմանելու համար կարիք կայ ժամանակի եւ յստակ թափանցիկ գործելաձեւի, որուն համար հետեւողական աշխատանք ունին կատարելիք այդ 101 խորհրդարանականները, մէկդի դրած իրենց անձնական հաշիւները:
Ի վերջոյ երբ որ նոր սահմանադրական օրէնքները որդեգրուին, դատական իշխանութիւնը գործադիրէն ամբողջութեամբ անկախ է եւ ինքնաբերաբար պիտի երաշխաւորէ պետական իշխանութեան դատական, գործադիր եւ օրէնսդիր բնագաւառներու փոխադարձ հաւասարակշռութիւնն ու հակակշիռը։
Այդ 101 խորհրդարանականներէն պիտի բխի երկրին իշխանութիւնը, եւ այսպէս պիտի ստեղծուի այնպիսի կառոյց մը, որուն որոշիչ գործօնը հաւաքական իշխանութիւնն է եւ ոչ թէ այս կամ այն անհատը:
Թիւերն ու թուականները զարմանալիօրէն կը զուգադիպին: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն ալ պատահած էր տարի մը առաջ՝ Ապրիլ 2, 2016-ին եւ ընտրուած խորհրդարանականներու չափ, հարիւրէ աւելի հերոսներ զոհուած էին:
Սլոյեան, Ուրֆանեան, Զոհրապեան, Շահպազեան, Հաճեան, Բալայեան, Գաբոյեան…շարքը երկար է, այդ դիւցազն տղոց որոնց թափած արեան աւիշն է դէպի արդարութիւն ուղղուող Հայաստանին: Իսկ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար, աւելի մանրամասնելով, այս թուականը ունի նաեւ այլ նշանակութիւն մը: Ապրիլ 2, 2013-ին է որ անարք ոճիրի զոհ գացած էր Պռօշեանի գիւղապետ եւ Արցախի ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեան:
Այս հերոսներուն կերտած վեհ կամքով կարելի պիտի ըլլայ հաշուետւութեան կանչել բոլոր հիմնական ու առաջնահերթ հարցերը:
Այժմ, յստակօրէն հասկնալի է թէ ի՜նչ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, շարունակ անձը հաւաքականէն աւելի բարձր գերադասող Հ.Հ. նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ իր Քոնկրէսական կուսակցութիւնը եղան այս ընտրութիւններուն իսկական պարտեալները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles