ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»).- Կիրակի, Ապրիլ 2-ի առաւօտեան ժամը 6-ին, խուլիկաններ բռնկած աղբաման մը զետեղած են Ալֆորվիլի Մանուշեանի խումբի փողոցին վրայ գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դռան առջեւ, որուն առդիւնք, կարճ ժամանակաշրջան մը ետք կրակ առած է նաեւ եկեղեցւոյ դուռը: Բոցերը սկսած են պատել եկեղեցւոյ շէնքին ճակատը, մինչ վերի յարկը կը քնանային պատուելի Ժիլպէր Լեւոնեան եւ իր կողակիցը:
Հրշէջներու արագ միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղած է բաւական արագ մարել հրդեհը եւ այդպէսով առնել առաջքը շատ աւելի ծանրակշիռ հետեւանքներու:
Շաբթուան մը ընթացքին, երկրորդ արարքն է, որ կ՛ուղղուի նոյն եկեղեցւոյ դէմ: Կիրակի, Մարտ 26-ի կէս գիշերուան մօտ ալ անծանօթներ եկեղեցւոյ ապակիները կոտրած էին եւ փրցուցած՝ եկեղեցւոյ խօսակցական կապով զանգակի համակարգը (interphone):
Հակառակ հրդեհին՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքը տեղի ունեցած է:
Կիրակի առաւօտ ժամը 10-ին երբ հաւատացեալները պաշտամունքի համար փութացած են եկեղեցի՝ խոր ցնցում ապրած են տեսնելով հրկիզուած դուռը եւ շէնքին սեւցած ճակատը: Սակայն, հակառակ հրդեհին՝ կատարուած է կրօնական արարողութիւնը: Պատուելի Լեւոնեան յայտնեց.- «Խորապէս ցնցուած եմ ի տես Ֆրանսայի մէջ, այսօր, եկեղեցիի մը դէմ ուղղուած վանդալական նման արարքներու։ Մտահոգ եմ ապագայով: Եկեղեցւոյ անդամները կը պահպանեն իրենց հաւատքը, սակայն ցնցուած ենք»:
↧
Ֆրանսա.- Հրկիզուած է Ալֆորվիլի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին
↧