Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արցախի Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէ «Ժողովրդավարական Արժէքներու Կողմնակից Պիտի Մնանք» Կը Յայտսէ Նախագահ Բակօ Սահակեան

$
0
0

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին, հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մասնակցեցաւ իր ընտրական տեղամասին մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութեան: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ան ըսաւ. «Այսօր մեր ազգային- ազատագրական շարժման եւ պետականութեան վերակառուցման սկիզբն է: Ասիկա յառաջընթաց մըն է մեր պետականաշինութեան առումով: Վստահ եմ, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է ազգային-ազատագրական պայքարի տարիներուն, պատճառ դարձած է գերութենէն ազատելու եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին անձամբ տնօրինենք մեր ապագան եւ ճակատագիրը, եւ հաստատուն քայլերով ընթանանք մեր երազած ապագային ուղղութեամբ»:
Նախագահին համաձայն, անցնող տարիները լաւագոյն ապացոյցն են այն իրողութեան, որ Արցախը ճիշդ ճամբու վրայ է, իսկ սահմանադրական հանրաքուէով Արցախի քաղաքացիները իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն այն արժէքներուն, որոնցմով առաջնորդուած են այս տարիներուն ընթացքին:
Ան ըսաւ, որ այս նախաձեռնութեան նպատակը շատ պարզ է, եւ մեկնաբանողները ո՛չ միայն սխալ են, այլեւ ազնիւ չեն: «Այս քայլով մենք կը հետապնդենք մեր երկրի զարգացման եւ շէնացման համար լրացուցիչ կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակը: Սահմանադրական բարեփոխումները ոչ թէ մէկ անձի նպատակները երաշխաւորելու համար են, այլ կոչուած են իրաւական մշակոյթի պայմաններուն մէջ տուեալ երկրի կեանքը կառուցելուն», շեշտեց նախագահ Սահակեան, որ նաեւ դիտել տուաւ, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն միջազգային հանրութեան ներկայացուած հերթական յայտն է, որ Արցախը պիտի շարունակէ ժողովրդավարական արժէքներու կողմնակից մնալ: «Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքներուն մէջ հետեւողական ըլլալ: Կը կարծեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք նախապէս եւ այսօր կարելիութիւն ունեցած են դիտորդական առաքելութիւն կատարելու, վստահ են, որ մենք այդ սկզբունքներէն չենք հրաժարած: Մենք եղած ենք եւ պիտի շարունակենք մնալ ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ազատ երկիրներուն մէջ ապրելու կողմնակիցներ», ըսաւ Սահակեան:
Իր կարգին, Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Արցախը ժողովրդավարութեան առումով չի զիջիր որեւէ այլ պետութեան:
Վարչապետը նշեց նաեւ, որ քուէարկելու համար անձնագիրը ներկայացնելու ընթացքին ան յիշած է 1988 թուականը, երբ կ՛երազէին անիկա ունենալ: «Այսօր ո՛չ միայն անձնագիրը ունինք, այլ այդ անձնագիրով կը վկայենք, որ նաեւ ձեւաւորուած պետութիւն ունինք, եւ կարեւորագոյն կէտը այն է, որ երկիրը սահմանադրական բարեփոխումներու կը դիմէ այն նպատակով, որ ժողովրդավարական արժէքները աւելի խորանան», շեշտեց վարչապետ Ա. Յարութիւնեան:
«Հայաստանի եւ Արցախի սահմանադրութիւններուն միջեւ որոշ տարբերութիւններ կան: Հայաստանի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը վարչապետը պիտի ըլլայ, իսկ Արցախի մէջ` նախագահը: Իսկ խորհրդարանականութեան առումով Արցախի խորհրդարանին բաւական մեծ լիազօրութիւններ տրուած են», նշեց Արա Յարութիւնեան:
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը մասնաւորապէս նշեց. «Փետրուար 1988 թուականէն ի վեր գիտէինք, որ միջազգային հանրութեան առնչուած բարդ խնդիրներ պիտի ունենանք: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք այս սահմանադրական փոփոխութիւնները նախ եւ առաջ մեզի համար կ՛ընենք, որպէսզի կարենանք կառուցել այնպիսի երկիր, ուր ապրիլը հաճելի ըլլայ», եզրակացուց Արա Յարութիւնեան:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան լրագրողներուն ըսաւ, թէ ինչպէս 29 տարի առաջ, այնպէս ալ այսօր արցախցիները կը շարունակեն շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան միակ դրօշակակիրը հանդիսանալ: «Այսօր մեր երկրի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը միայն Ատրպէյճանի կողմէ վտանգուած են: Հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ Իլհամ Ալիեւ իր յայտարարութիւններուն ընթացքին այս մասին խորունկ մտածէ», յայտնեց Ղուլեան:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ պետական շինարարութիւնը կայուն եւ հետեւողականօրէն յառաջընթաց հոլովոյթ մըն է, որ պարբերաբար թարմանալու կարիք ունի: «Մենք այս տրամաբանութեամբ սկսանք սահմանադրական փոփոխութիւններու հոլովոյթին: Այս փոփոխութիւնները որոշակի կերպով կը վերաբերին երկրի բոլոր մարզերուն` անվտանգութեան ապահովման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ կառավարման համակարգերու կատարելագործումին: Այսօր, երբ հանրութեան մէջ մտայ, հասկցայ, որ 29 տարի առաջ արցախցիներու սերունդը առաջին անգամ ազատութեան դրօշը Խորհրդային Միութեան մէջ բարձրացուցած է, եւ մինչեւ այսօր այս շրջանի ժողովուրդը նոյն ժողովրդավարական եւ ազատութեան արժէքներուն դրօշակակիրը կը շարունակէ մնալ, ինչ որ պարտաւորեցնող առաքելութիւն է», եզրակացուց Ղուլեան:
Նշենք թէ Արցախի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս հաստատած էր թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը դէմ է այդ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կողմնակից են, որ անցում կատարուի կառավարման խորհրդարանական համակարգին: Ըստ Իշխանեանի, շատ կարեւոր են դիտորդական առաքելութեամբ Արցախի մէջ գտնուող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու տեսակէտները, որոնք հանրաքուէի արդիւնքներէն ետք պիտի ներկայացուին: «Նախքան այդ տեսակէտներուն հրապարակումը` արդէն իսկ անոնց ներկայութեան փաստը պիտի արձանագրենք, որ շատ կարեւոր է յատկապէս վերջին շաբաթներուն` Ալեքսանտր Լափշինի հետ տեղի ունեցած դէպքին առնչութեամբ», ըսաւ ան, ապա աւելցուց. «Դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչները անգամ մը եւս իրենց պատկերացումները, իրենց համոզումները պիտի յստակեցնեն անկախ Արցախի Հանրապետութեան ներկային, ինչու չէ` նաեւ ապագային մասին»:
Ան անհասկնալի նկատեց այն պնդումները, թէ քանի որ Արցախը կը գտնուի պատերազմական իրավիճակի մէջ, ապա պէտք է ունենայ կառավարման նախագահական համակարգ: «Սահմանադրական բարեփոխումներու ներկայացուած նախագիծը կը փորձեն կապել պատերազմող Արցախի հետ եւ անհրաժեշտութիւն կը նկատեն նախագահական կառավարման համակակարգը: Ասիկա տեսակ մը անհասկնալի է. արդե՞օք Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ նոյն պատերազմական իրավիճակին մէջ չէ, իսկ Հայաստանի մէջ ընդունուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգը: Արդէն իսկ ինչ որ տեղ անհասկնալի եւ չբացատրուող կէտեր կան», ըսաւ Իշխանեան, ապա աւելցուց. «Դաշնակցութեան տեսակէտը նոյնն է եւ նոյնն ալ կը մնայ: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ որքանո՛վ ճիշդ էր Հ.Յ.Դ.-ի որդեգրած գիծը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles