Խմբագրական
Փետրուար 20, 2017
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, յատուկ մամլոյ ասուլիսով մը, ազդանշանը տրուեցաւ յառաջիկայ Ապրիլի սկիզբներուն կատարուելիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Նմանօրինակ հաւաք կամ մամլոյ ասուլիս, ոչ մէկ արտասովոր եւ անակնկալ եղելութիւններու եւ անցուդարձերու դուռ պիտի բանար, մանաւանդ որ անակնկալ եւ վերջին ժամուան լուր մըն ալ չէր, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը որոշած էր, առանց որեւէ դաշինք կնքելու, առանձին մասնակցիլ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Սակայն, կար այն եղելութիւնը թէ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար անկիւնադարձային էր այս անգամուայ ընտրութիւնը:
Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով:
Արդարեւ, հայրենիքէն ներս, կառավարման նախագահական համակարգը փոխարինուած է խորհրդարանականով, համակարգ մը որ դուռ կը բանայ ընկերային եւ տնտեսական պայմաններու բարելաւման եւ արդարութեան:…Բնագաւառներ, ուր աշխատանք կայ կատարելիք, բարեփոխումներու երկար գործընթաց մը:
Համակարգի փոփոխութեան եւ այդ գծով կատարուած հետեւողական աշխատանքին մօտէն հետեւողին եւ քայլ պահողին համար յստակ է թէ ի՞նչ խոր իմաստ ունի մօտէն հետեւողին: Այս պատճառով է որ, յառաջիկայ ընտրութիւններուն գործածուելիք կարգախօսը՝ «Նոր Սկիզբ, Արդար Հայաստան»:
Բառերը պեղելով եւ յաւելեալ պարզաբանելով, յիշատակելի է այս կարգախօսը:
Երկար տարիներ շարունակ պայքարելէ ետք, կարելի եղաւ ձեռք ձգել այս սահմանադրական բարեփոխումներն ու համակարգային փոփոխութիւնները:
Այս բոլորը անշուշտ սին եւ սնոտին «պլըֆիզմ» չէ, ոչ ալ «փչողական» անտեղի արձակուած նախադասութիւններ:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մանրամասնօրէն պատրաստած է ընտրական ծրագիր մը, հիմնուած յստակ ու հաստատ ընկերվարական սկզբունքներուն վրայ, ուր կարելի է պայքարիլ չարաշահութեան, փտտածութեան եւ զեղծարարութեան դէմ եւ ձերբազատել շահագործողը՝ շահագործուողէն, օգտագործուղը՝ օգտագործուողէն:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար կարեւորագոյն կէտը քաղաքական սկզբունքներով առաջնորդուիլն ու ըստ այնմ գործելը, երեւոյթ մը որ անտրամաբանական եւ անհասկնալի նկատուի քուէներու եւ պայքարի բնագաւառին մէջ: Բայց ի վերջոյ պէտք է շտկել ուղղին, արդար հիմքի վրայ կառուցել երկիրը, յատկապէս երբ խորհրդարանական համակարգի վաղորդայնն ենք:
Ճիշտ է որ, դժուար պիտի ըլլայ նմանօրինակ պայքարի գործընթացը, ուր գաղափարն ու հաւատքը կը գերադասեն քուէներու առուծախը, աժան շուկան եւ …սեւ շուկան:
Հուսկ, արդար Հայաստանի կերտման ազդանշանն է, արժէքներու վերահաստատման սկիզբը…նոր սկիզբը: