Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՈՅԻ ՍԱԴԱՅԷԼԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔԸ

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունուար 23, 2017

Վերջին ամիսներուն, յստակ էր թէ Պելոռուսիա սկսած էր ի նպաստ Պաքուի
դիրքորոշումներ ունենալ: Սակայն լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան գծով, կատարուած իրադարձութիւնները մտահոգիչ եւ ահազանգային են:
Եղելութեան մասին տեղեկացողը ափ ի բերան անակնկալի կրնայ գալ, մանաւանդ այս օրերուն երբ հետզհետէ շատ աւելի կը խօսուի լրագրողներու ազատ արտայայտութեան եւ պաշտպանութեան մասին:
Յատկապէս հայորդիին համար, նորութիւն մը չէ որ Ալիեւի բռնատէր ղեկավարութիւնը տարիներէ ի վեր գործի լծած է «սեւ ցուցակ» մը, որուն մէջ ոչ թէ միայն հայորդիներու երկար ցանկ մը կայ, այլ նաեւ բազմաթիւ օտարներու անուններ, որոնք պարզապէս Արցախ այցելած ըլլալով, կը նկատուին անբաղձալի էակներ: Ասոնց կարգին են արուեստի, մշակոյթի, ընկերային եւ այլ բնագաւառներէ ներս գործող բազմաթիւ ծանօթ անձնաւորութիւններ: Ասոնց կարգին է նաեւ հանրածանօթ լրագրող-լուսանկարիչ եւ «Թրավըլ Պլոկ»ի համար գործող ու մեծ ժողովրդականութիւն վայելող, միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացի՝ Ալեքսանտր Լափշին:
Մինչեւ այսքան տեղեկութիւն, ոչ մէկ անակնկալ կը յայտնաբերուի արդէն իսկ նմանօրինակ հալածախտներէ վայելող Ալիեւի ղեկավարութեան մասին: Նոյնիսկ կարելի է, պարզապէս եզրակացնել թէ անուն մըն ալ աւելցած է այդ երկար «սեւ ցուցակ»ին վրայ:
Սակայն, այսչափով չէ աւարտած հարցը: Յստակօրէն գործի լծուած է Պելոռուսիոյ ներկայ ղեկավարութիւնը, յանձին այլ հալածախտէ տառապող բռնատէր՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի:
Արդարեւ, Լուքաշենքօ իր հլու կամակատար ոստիկանութեան հրահանգած է, այդ օրերուն Մինսք ժամանած Լափշինը ձերբակալել եւ յետագային յանձնել Ատրպէյճանի պետութեան:
Բազմիցս Արցախ այցելած Լափշին, նաեւ ուքրայինական անցագիր գործածելով, ժամանած է Ատրպէյճան:
Սերտ յարաբերութիւններ մշակող երկու երկիրներուն համար, Լափշինի այլ ազգի պատկանելիութիւնը երբեք խոչընդոտ չէ որպէսզի ան իր գործած «յանցանք»ին պատճառով ձերբակալուի եւ ուղղարկուի Պաքու:
Ըստ Պելոռուսիոյ դատախազին, երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, այնքան ատեն որ փաստեր կան քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու:
Դեռ անցեալ Ապրիլին էր, երբ Պելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը՝ քառօրեայ պատերազմի առաջին օրերուն, խեղաթիւրած էր դէպքերուն իրադարձութիւնները, եւ պաշտօնապէս քննադատած էր հայկական կողմը՝ իբրեւ նախայարձակ: Իսկ, աւելի ուշ անցեալ աշնան, Երեւանի մէջ կատարուած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան սեղմ կազմով խորհուրդի նիստին, Լուքաշէնքօ շարունակ խուսափած էր լրագրողներու հետ հանդիպումներ ու հարցազրոյցներ ունենալէ:
Վտանգաւոր է Պելոռուսիոյ ներկայ գործակցութիւնը, շատ աւելի վտանգաւոր քան փեթրոտոլարներով կլանուած Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որ 2012-ին, փոխան հսկայ գումարի մը ազատ արձակած էր 2004-ին՝ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած՝ Ռամիլ Սաֆարովը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles